Թակարդը որմէ պէտք է անպայման խուսափիլ
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Այս կէտին վրայ, վարչապետ Փաշինեանի եւ իր արտաքին հովանաւորներու աւագ առաջնահերթութիւնն է ամէն գնով փրկել Փաշինեանի իշխանութիւնը եւ ապահովել անոր անարգել գոյատեւումը Հայաստանի եւ Կովկասի բեմին վրայ։ Չկասկածի՛լ, որ իշխանութիւնն ու Արեւմուտքը ամէն ճիգ պիտի ընեն, որ Փաշինեան կարողանայ յաղթահարել Բագրատ Սրբազանի գլխաւորած շարժման մեծ մարտահրաւէրը։ Նոյն առաջնահերթութիւնը ունին Թուրքիան եւ Ադրբեջանը։ Բագրատ Սրբազան կրցաւ իր քայլերթը շռընդալից թափով մտցնել Երեւան եւ զայն վերածել քաշողութեան բեւեռի։ Այս իսկ պատճառով, ան պէտք է ցուցաբերէ զգաստ գրագիտութիւն իշխանութեան հետ առճակատման այս փորձանաւոր փուլին մէջ հասնելու համար շօշափելի արդիւնքի։
Պէտք չէ մոռնալ, որ Փաշինեանի իշխանութեան մշտնջենաւորումը կենսական արժէք է Կովկասի բեմին վրայ գործող մեծապետական եւ շրջանային ուժերուն համար (բացի հաւանաբար Իրանէն)։ Փաշինեանական համակարգը արդէն վաղուց նւաճած է «անփոխարինելիութեան» շեմը տարածաշրջանին մէջ։ Փաշինեան գիտէ, թէ ինք կրնայ պահել այդ մենաշնորհեալ դիրքը այնքան ատեն, որ ինք կը յաջողի երկրի քաղաքացիական դաշտը գոհացնել ամէն տեսակի «երկրային սնունդ»-ներով եւ զայն յաջողապէս դուրս մղել երկրի եւ տարածաշրջանի քաղաքական դաշտէն։
Պէտք է ընդունիլ, որ Փաշինեան կրցած է փաստել իր պիտանիութիւնը այս մարզին մէջ։ Գերտէրութիւններու կողմէ ան այսօր կը դիտւի որպէս յաղթող, որուն կարելի է գործ վստահիլ։ Խորհրդային հին բառապաշարով՝ ան կրցած է «նորմաները գերակատարել»… Եւ հետեւաբար՝ ապահովա՛ծ է թշնամիին եւ արտաքին ուժերու անվերապահ զօրակցութիւնը։
Եւ այս խորապատկերին վրայ է, որ յանկարծ կը յայտնւի Բագրատ Սրբազանի գլխաւորած բողոքի շարժումը։
Եւ յանկարծ խաղաքարտերը սկսած են վերադասաւորւիլ։ Շարժումը նոր յատկանիշեր կը բերէ համաժողովրդական բողոքին եւ բոլորովին նոր իրականութեան առջեւ կը դնէ շահագրգռւած կողմերը Կովկասի այս խաղասեղանին շուրջ։ Հրապարակի վրայ յայտնւած է մեծ ժողովրդականութիւն վայելող կորովի հոգեւորական մը յանձին Բագրատ Սրբազանի, որ իր ետին ունի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մեծ հեղինակութիւնը իր երկու Վեհափառ Հայրապետներու եւ թեմակալ առաջնորդներու անձնական զօրակցութեամբ։ Բնական ղեկավա՛ր մը, դիւրահաղորդ եւ սրտամօտ ՝ որ իր խօսքով կրնայ ժայթքեցնել անիրաււած մարդոց ներաշխարհի արթէզեան ջրհորները եւ վերստին ուժ ներշնչել անոնց։ Յանկարծ լայնցած կը թւի ըլլալ մարդոց շնչառութիւնը։ Յանկարծ անոնք կը զգան, որ իրենք են տէրը իրենց ճակատագրին։ Եւ մանաւանդ կը զգան, որ փաշինեանական անհարազատ համակարգը կազմաքանդելու բանալին այժմ դրուած է իրենց իսկ ձեռքերուն մէջ։ Բարոյական լիազօրման հսկայ գործօ՛ն մը՝ զոր իրենք կը պարտին Սրբազան Հօր խրախուսանքին։ Բագրատ Սրբազանի հաւատաւորներու զանգւածը կը բաղկանայ երկրի ամենօրեայ մարդոցմէ։ Անոնք կու գան հասարակութեան ծայրամասէն եւ քաջութիւնը ունին հաւատալու, որ այս ուշ ժամուն իրենք կրնան շրջել ծուռ դարձած անիւը եւ հոյակերտել նոր յաղթանակը երկրին։ Փաշինեանական համակարգը իրաւամբ ինկած է մեծ խուճապի մէջ։
Հաշւի առնելով վերոյիշեալը, իշխանութեան առաջին խնդիրը պիտի ըլլայ ամէն գնով անկարելի դարձնել ժողովրդական հսկայածաւալ զօրաշարժի մը շարունակականութիւնը Երեւանի մէջ։ Ամէն գնով զրկե՛լ Բագրատ Սրբազանի բողոքի շարժումը երկրի որոշիչ զանգւածէն (critical mass)։ Զայն կոտորակել, փոքրացնել, բարոյալքել եւ ի վերջոյ հեղինակազրկել Սրբազան Հայրը իր իսկ հետեւորդ զանգւածի աչքին։ Այսինքն ընել այն ինչ, որ Փաշինեան յաջողեցաւ ընել նախապէս՝ Ընդդիմութեան շղթայազերծած գործողութիւններու բովին մէջ։
Փաշինեանական այս ռազմավարութեան յաջողելու կարելիութիւնները լայնօրէն կախւած են այն բանէն, թէ որքան բարձրորակ ռազմավարութեամբ կը գործէ շարժումը յաջորդող օրերուն։ Ընդունի՛նք, որ Երեւանի հանրահաւաքի առաջին օրը լուրջ թերիներ ունէր։ Զանոնք պէտք է վերագրել առաջին օրւան ընթացիկ հարցերուն։ Այս իսկ պատճառով անհրաժեշտ է ունենալ համապատասխան կազմակերպական մեքենայ եւ գործողութիւններու յստակ ծրագիր։ Շարժման ոսկեայ օրէնքը պէտք է ըլլայ ամէն գնով պահպանել շարժման յարաճուն ուժականութիւնը եւ նւաճել յաղթանակի շեմը շատ կարճ ժամանակի մը (իմա՛ օրերու) ընթացքին։ Հակառակը պիտի գործէ ի նպաստ Փաշինեանի ռազմավարութեան։
Անպայման նկատի ունենալ, որ Փաշինեանի հովանաւորները մօտէն պիտի հետեւին յաջորդող օրերու զարգացումներուն միաժամանակ իրենց լուսարձակին տակ առնելով Բագրատ Սրբազանն ու շարժման միւս ղեկավարները։ Իրենց աչքին, այժմ փորձաքննութեան տակ են մէկ կողմէ՝ փաշինեանական համակարգը եւ միւս կողմէ՝ Բագրատ Սրբազանն ու իր թիմը։ Այս իմաստով, Փաշինեան մտած է իր քաղաքական կեանքի քաոսային նոր փուլը։ Եւ այս փուլին մէջն է, որ պիտի ճշտւի, թէ ո՞վ յաղթական դուրս պիտի գայ այս առճակատումէն։ Ժողովո՞ւրդը՝ իր իսկ ընտրած նոր իշխանութեամբ, թէ Փաշինեանը՝ ի՛նք (կամ նոր Փաշինեան մը) հայ անկախ պետականութիւնը պահելով իր ներկայ փակուղիին մէջ։
Այս կնճռոտ կացութեան մէջ, անհաւանական չէ, որ իշխանական հանճարը ծնունդ տայ լուծման հետեւեալ «մոգական» տարբերակին։ Փաշինեան կրնայ անակնկալի բերել քաղաքական բեմը եւ «միանալ» շարժման… հաւաստիք տալով, որ ինք պատրաստ է սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացները անորոշ ժամանակով կասեցնելու…Ժողովուրդը խօսեցաւ – պիտի ըսէ ան — եւ ինք լսեց ժողովուրդին յստակ պատգամը…Այժմ կը սկսի նոր շրջան մը – պիտի ըսէ ան — այս հարցերու հանգուցալուծման համար եւ ինք սրտանց կողջունէ այս նոր շրջանը։ Փաշինեան կրնայ նոյնիսկ խոստանալ, որ այսուհետեւ ինք պատրաստ է այս նոր շարժման ղեկավարութեան հետ օրակարգ քննարկելու շարք մը ոլորտներու մէջ… Զգո՛յշ այս կախարդող քոպրաներէն։
Եթէ նմանօրինակ «սերտակցութիւն» մը շարժման հետ սկսի հող գտնել, Փաշինեան կրնայ որոշ ճիգով համոզել նոյնիսկ Ադրբեջանն ու Թուրքիան սահմանազատման եւ սահմանագծման բանակցութիւնները առկախելու։ Ալիեւի եւ Էրդողանի համար փաշինեանական համակարգի ամրապնդումը շատ աւելի մեծ առաջնահերթութիւն մըն է քան սահմանազատման հարցը։ Այս վերջինը կրնայ սպասել յաջորդ հանգրւանին։
Նման շրջադարձ մը, առաջին հերթին, «յաղթանակ»-ի մը պատրանքը կը բերէ շարժման փորձելով ապակողմնորոշել զայն միաժամանակ շարժման ներքին կեանքը նետելով երկուութիւններու քաոսին մէջ։ Եթէ նման նախաձեռնութիւն մը յաջողի, Արեւմուտքի ղեկավարութեան աչքին Փաշինեանի հեղինակութիւնն ու արժէքը կը բազմապատկւի։ Արեւմուտքը երբեք պիտի չուզէ հակադրութեան մէջ գտնւիլ Հայց. Եկեղեցւոյ հետ։ Փաշինեան արագօրէն ապահոված կըլլայ այս ճակատը Արեւմուտքին համար։ Իսկ ամենէն կարեւո՛րը՝ Փաշինեան յաջողապէս հեռացուցած կըլլայ իր իշխանութեան կեանքին սպառնացող մեծ վտանգը։ Կը վերադառնանք այն կացութեան, որ շարժումը աստիճանաբար կը պարպւի իր ուժականութենէն հիասթափութեան մատնելով իր հետեւորդները։ Փաշինեան յաջողած կըլլայ շարժման հերոսը՝ Բագրատ Սրբազանը ոգեպէս բաժնելու շարժումէն եւ քաղաքականապէս ոչնչացնելու։ Եւ շարժումը դարձնելու կառավարելի։ Եւ երկիրը ընել անկարող ինքնիր ճակատագրին տիրութիւն ընելու։
Պէտք է անպայման խուսափիլ այս թակարդէն։ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը այլընտրանք չունի։ Մենք իրաւունք չունինք ներկայ պահը մսխելու։ Ի տարբերութիւն Ընդդիմութեան նախորդ ալիքներուն, իր ինքնուրոյն ձեւերով եւ բովանդակութեամբ, այս շարժումը – քաղաքական դաշտի իսկ տարերոյթով (dynamics) – օժտւած կը թւի ըլլալ նշանակալի լծակային կարողականութիւններով։ Պէտք է գուրգուրալ այդ կարողականութեանց վրայ եւ զանոնք չվատնել։ Զանոնք չնուիրաբերե՛լ հաւաքական թշնամիին։ Այս կէտին վրայ, շարժման տրամադրութեան տակ կան բուռ մը ոսկեղէն «փամփուշտ»-ներ, որոնք կրնան հրաշքներ գործել յաջորդող օրերուն, եթէ գործածւին մեծ գիտութեամբ եւ զգաստութեամբ։ Եւ վճռակամութեա՛մբ։
Կը կրկնե՛մ։ Շարժման ղեկավարութիւնը պէտք է դիմէ արագ եւ համարձակ քայլերու բոլոր նախանձախնդիր ազգային քաղաքական ուժերը ի մի բերելու ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԽՏԻ մը սկզբունքներուն շուրջ։ Հանրահաւաքի բեմը պէտք է շուտով որոտայ այս միասնականութեամբ։ Որքան իրական է ազգային քաղաքական ուժերու միասնականութիւնը, այնքան արագօրէն Փաշինեան կը զրկւի իր հովանաւորներու անվերապահ զօրակցութենէն։ Շարժման թիրախը պիտի ըլլայ ոչ միայն Փաշինեանը որպէս յանցագործ, այլ նաեւ այն քաղաքական զինարանը, որուն կապաւինի ան ապահովելով իր կարծեցեալ անպարտելիութիւնը։ Փաշինեանական համակարգը պէտք է իսպառ զրկել իր քաղաքական սննդամիջոցներէն, որպէսզի կարելի ըլլայ միանգամընդմիշտ վտարել զայն մեր երկրէն եւ վերահաստատել երկրին արժանավայել կենսագործունէութիւնը։
Մայիսի 9, 2024