Դաշնակցական Բեմ

Այո՛, ա՛յս ենք մենք

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

 

Կիրակի երեկոյ է, Մոնրէալ վերադարձի ճամբուն վրայ ենք։ Աշնանային արեւոտ ու տաքուկ երեք գեղեցիկ օրեր էին։ Այստեղ այս եղանակը «հնդկական ամառ» կը կոչւի։ Անկէ ետք զգալիօրէն անկում կունենայ ջերմաստիճանը, իսկ ձմեռը կը յիշեցնէ, թէ հեռու չէ…

Շրջանային ժողովի գացեր էինք Տորոնտօ։ Քանի մը ինքնաշարժներով։ Պէտք է խոստովանիմ, որ շատ ընդդիմութիւն կար այս ժողովին մասնակցութեանս առնչութեամբ։ Կինս, աղջիկս մտահոգ էին, որ շատ պիտի յոգնիմ, այս տարիքիս այլեւս նման յոգնութեան պէտք չէ ենթարկեմ ես զիս։ «Գոնէ գնացքը առնէիր, կամ օդանաւով երթայիր», կըսէին։

Ուրիշներ յիմարութիւն կը նկատէին այս բացառիկ օդէն չօգտւիլ ու տեղ մը հանգիստի չերթալ, չվայելել աշնան գունագեղ տեսարանները. «Թող ուրիշներ երթան ժողովի», «թող երիտասարդները երթան այլեւս», «քո՞ւ գործդ ինչ է, չի՞ բաւեր որքան ժողովի գացեր ես կեանքիդ մէջ…»,- ու այսպիսի իմաստո՜ւն յանդիմանութիւններ եւ խրատներ կը լսէի։

Արդարեւ, տասը տարեկանէս ի վեր, Պատանեկանէն սկսեալ, անհամար ժողովներու մասնակից եմ եղեր։ «Ժողովախտը» երակներուս մէջն է կարծես։ Մեղաւորը ես չեմ։ Ծնողքէս սորվեր եմ։ Եւ ինչպէս չմտաբերեմ այն երեխան, որ ես չէի, որ օր մը երբ հարցուցեր են, թէ հայրը ի՞նչ գործ կընէ, «ժողով» պատասխաներ է։ Եւ շատ տարօրինակ է նաեւ լսել, ժողովէ մը վերադարձիս, թէ «գոհ մնացի՞ր»։ Ինչո՞ւ նման հարցում. ժողովի կերթանք անձնական գոհացո՞ւմ ստանալու, թէ՞ մեր պարտականութիւնը կատարելու՝ հաւաքակա՛ն գոհացում ձեռք ձգելու համար։

Ճամբան երկար է, մեր հանգստաւէտ ինքնաշարժին մէջ մենք չորս ընկերներ ենք։ Այնպէս դասաւորւեցաւ, որ երկուքս բանաձեւի յանձնախումբի անդամ էինք այս ժողովին, երրորդն ալ մեր օգնականը՝ համակարգչային յարմարեցումներուն գծով։ Փակագիծի մէջ ըսեմ, կարծես ճակատիս վրայ գրւած է «բանաձեւի յանձնախումբի թեկնածու»։ Յաճախ կը մերժեմ, այս անգամ սակայն չհամարձակեցայ չընդունիլ։ Անշուշտ ուրիշ առաւելութիւն մըն ալ ունի այդ պաշտօնը. դիւանին կից սեղանի մը առջեւ կը նստինք ու շատ աւելի համապարփակ ընկալում մը կունենանք ժողովականներու ըսածներէն։

Խօսելիք շատ բան կայ, բայց եւ այնպէս մեր զրոյցը կը շեղի այլ ուղղութիւններով՝ քաղաքին անհամաչափ ընդլայնման, հետզհետէ բազմացող ու մեծցող ճանապարհներուն աւելի ու աւելի խճողման, ապագայ քաղաքներու նախագծման, ապագայ ընկերութիւններու կազմաւորման, ապագայ աշխարհի գոյառման մասին եւ այլն, որոնք, վերջին հաշւով, առնչւած են մե՛ր ալ ժողովին, որուն ամբողջ առանցքը ապագան է՝ ապագայ Հայաստանը, ապագայ Սփիւռքը, ապագայ հայութիւնը։ Մեր հայեացքը միշտ դէպի առջեւ ուղղւած պիտի ըլլայ։ Այլապէս ի՞նչ իմաստ ունին այս ժողովները, այս զոհողութիւնները։ Այդ վերջին բառը պէտք է չակերտէի – «զոհողութիւններ»…։ Ի՞նչ զոհողութիւն։ Ժողովի երթալը զոհողութի՞ւն։ Զոհողութիւնը անո՛նցն էր, ֆեդայիներո՛ւնը, որոնք հաւատացին, որ «մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է»։ Եւ մեր սահմաններուն վրայ նահատակւած զինւորներուն։ Մենք կը դաւանինք ֆեդայիներուն ժառանգորդները ըլլալ, գուցէ անարժա՛ն ժառանգորդները…

Խօսակցութիւնն ալ կերկարի։ Միայն անո՞նց ժառանգորդներն ենք։ Ամենեւին ոչ։ Մենք ժամանակակից սերունդն ենք Արտաշէս արքայի, Արշակ թագաւորի, Վռամշապուհի, Սահակ կաթողիկոսի ու Մեսրող Մաշտոցի, Մամիկոնեան Վարդանի ու Վահանի, եւ դեռ Աշոտ Երկաթի, Դաւիթ Բէկի ու Մխիթար Սեբաստացիի, Խրիմեան Հայրիկի եւ Դաշնակցութեան հերոսատիպ բոլոր խոնարհներուն, եւ Արամին ու Ռուբէնին ու միւսներուն։ Այդ պատմական դէմքերուն կուսակցութիւնները ի՞նչ կը կոչւէին, կամ անոնք կուսակցութիւն ունէի՞ն արդեօք, – չե՛մ գիտեր, կարեւոր ալ չէ, բայց անոնց ազգային նպատակներու հետապնդումը մեզի է հասեր, եւ ա՛յդ գիտակցութեամբ է, որ պէտք է ապրինք։

Կանցնինք ճամբուն եզերքը այս ուղեւորներուն ընծայւած հանգստավայրերէն, կանգ կառնենք պարբերաբար։ Մեզմէ մէկը դիտել կու տայ, թէ ափսո՛ս, Հայաստանի մէջ նման կայքեր ստեղծելու գաղափարը միայն նոր է, որ մտածւեր է։ Լա՛ւ է, որ մտածւեր է։

Համաձայն կը գտնւինք բոլորս ալ, որ ժողովը շատ դրական մթնոլորտի մէջ ընթացաւ։ Ոմանք կը կարծեն, թէ դաշնակցական ժողովները այդքան կիրթ ըլլալու չեն, աւանդաբար կիրքերը արագ կը բորբոքին։ Բայց հիմա զգալի է, որ մեր հայրենիքի իրավիճակը ու անկէ բխած տրամադրութիւնները մեզ ա՛լ աւելի լուրջ ու սեւեռուն դարձուցած են, եւ մեր ուշադրութիւնը շատ աւելի կենտրոնացած պիտի ըլլայ մեր կազմակերպութեան հզօրացման վրայ՝ ի ծառայութիւն Հայրենիքի ու Սփիւռքի։

Ուրիշ ի՞նչ բան մեզ շատ տպաւորեց,- հարց կու տանք մենք մեզի։ Ինծի համար, որ մատի վրայ համրւող ներկաներէն մէկն էի՝ տարիներով ամենէն հարուստ, չափազանց ուրախալի էր, տեսնել քանի մը տարեկիցներ, – որոնց հետ քանի՜-քանի՜ անգամներ ենք մասնակցած նման ժողովներու, վիճած, հակաճառած, ապա համաձայնած,- ողջագուրւիլ անոնց հետ ու հաստատել, թէ տակաւի՛ն պատնէշի վրայ են՝ հիմա արդէն ամբողջովին սպիտակահեր, թէկուզ ոչ առաջւան թափով ու եռանդով, եւ ա՛լ աւելի ուրախալի՝ անդրադառնալ, որ անոնց՝ մե՛ր տեղը եկած ու գրաւած են արդէն մեր զաւակներու եւ թոռներու սերունդները։ Դրօշարշաւը կը շարունակւի, եւ դրօշը ստանձնածները հո՛ն են։

Ահա կանցնինք հսկայ կարմիր խնձորին քովէն, որ խորհրդանշանն է խնձորի շատ համեղ բլիթ արտադրող այդ հաստատութեան, բայց կանգ չենք առներ։ Ժամանակը արդէն յառաջացած է, ու դեռ ճամբայ կայ մինչեւ Մոնրէալ…

«Դրօշակ» թիւ 11 2024 թ.

Related Articles

Back to top button