Դաշնակցական ԲեմՀՅԴ Մամուլ

Սպասելով նորերու յայտնութեան

Հայաստանի Ա Հանրապետութեան հիմնադրութեան 106-րդ տարեդարձը նշւեցաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բազմաթիւ գաղութներուն մէջ հանդիսաւոր տօնակատարութիւններով: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները բնականաբար ատաղձ հայթայթեցին տօնական մթնոլորտը մասամբ շղարշելու ու հանդիսութիւններու ընթացքին բանախօսութիւնները այժմէականացնելու համար:

Մամուլը եւս հետեւեցաւ նոյն օրինաչափութեան: Ուշադրութեան արժանի է «Ազդակ» օրաթերթի Մայիս 28-ի համարը, իր բացառիկ բովանդակութեամբ: Համարը բաղկացած է 20 մեծադիր էջերէ: Բացի ընթացիկ տօնական բովանդակութենէն, որ կը բաղկանայ տասներեք գրութիւններէ` խմբագրական, հաղորդագրութիւններ ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի եւ «Համազգային»-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, եւ տասը յօդւածներ, բացառիկ համարը կարեւորւած է երիտասարդական եւ պատանեկան բազմաթիւ գրութիւններով: Արդարեւ, էջեր ունին ՀՅԴ «Զաւարեան» Ուսանողական միութիւնը, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ մարմինը:

«Զաւարեանական էջ»-ը կը բացւի միութեան կողմէ «Մեր խօսքը» սիւնակով, կը հետեւին երեք ծաւալուն յօդւածներ: «Երիտասարդականի էջ»-ը եւս ունի խմբագրական մը` «ԼԵՄ-ի խօսքը»: Երիտասարդական միութեան հինգ անդամներ աշխատակցած են էջին: Վերջապէս, «Պատանեկան էջ»-ի խմբագրականը խորագրւած է «Սրբազան պայքարի ջահակիրները», կընկերանան եօթը փոքրածաւալ շարադրութիւններ: Համագումարը` տասնհինգ, խմբագրականները եւս աւելցնելով` տասնութ ստորագրութիւն:

«Ազդակ» տարիներէ ի վեր «Ապագայ լրագրողներու ծրագիր» մը կիրագործէ: Հայկական երկրորդական վարժարաններէ աշակերտներ կը ծանօթանան գրաւոր եւ բանաւոր մամուլի առանձնայատկութիւններուն: Անոնք ծրագիրի աւարտին քննութիւն կը յանձնեն, խմբագրելով փոքր գրութիւններ, որոնք կը տպագրւին «Ազդակ»-ի յատուկ համարի մը մէջ: Առաջին անգամն է, որ նորաբոյս այս լրագրողները, յատուկ համարէն անկախ, հանդէս կու գան ինքնագիր յօդւածներով: Տարիներով կատարւած աշխատանքին արգասաւորման առաջին նշաններն են, որոնք պէտք է քաջալերւին, օժանդակութիւն ստանան, որպէսզի կարելի ըլլայ ծերացած ու ծերացող լրագրական հանրութիւնը վերանորոգել ու երիտասարդական աւիւնով թարմացնել:

Երկրորդ երեւոյթը երիտասարդական-պատանեկան միութիւններու կողմէ հրապարակւած հաղորդագրութիւն մըն է, որ կը հաւաստէ, որ «ընթացք առաւ մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրը»: Ծրագիրը կը գործադրւի «Հայկազեան» համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կենտրոն»-ին հետ գործակցաբար:

Լիբանանէն արտագաղթը, յատկապէս ուսեալ ու պատրաստւած երիտասարդներու արտահոսքը ծանր հետեւանքներ ունի մեր կառոյցներու, կազմակերպութիւններու եւ դպրոցներու ղեկավարման տեսակէտէն: Տնտեսական երկարատեւ տագնապը, համաճարակը, ապա նաւահանգիստի պայթումը ստեղծեցին այնպիսի վիճակ, որ մեր կառոյցներու անձնակազմերու բնականոն վերանորոգումը խափանուեցաւ: Վերանորոգման համար երիտասարդացումը անհրաժեշտ է, սակայն միայն երիտասարդ ըլլալու հանգամանքը բաւարար չէ իսկական նորարարութիւն ապահովելու համար: Երիտասարդական աւիւնին հետ անհրաժեշտ է նաեւ ծանօթութիւն, գիտութիւն, կարողութիւն եւ ձեռնհասութիւն: Իրարայաջորդ երեք շաբաթներու ընթացքին 34 երիտասարդ մասնակիցները գիտելիքներ ու տեղեկութիւններ պիտի ամբարեն ու կատարեն վարժողական աշխատանքներ, կըսէ հաղորդագրութիւնը: Անոնք յատկապէս պիտի համոզւին, որ զարգացումը շարունակական երեւոյթ է, որ ժամանակի պահանջներուն, գիտութեան եւ արհեստագիտութեան նորարարութեան հետեւիլը` սորվիլը, կընկերանայ գործող մարդուն ամբողջ կեանքին:

Լիբանանի համայնքային կեանքին ատեն մը մարած աշխուժութիւնը վերադարձի նշաններ ցոյց կու տայ: Այդ աշխուժութիւնը պէտք չէ ձեւական ըլլայ ու սահմանափակուի միջակութիւններով: Պէտք չէ ձեռնարկ կազմակերպել, հրապարակին վրայ ներկայութիւն հաստատելու համար: Ձեռնարկները որակ պէտք է ունենան, մասնագիտօրէն պատրաստւին: Հարկ է զարկ տալ ստեղծագործական ոլորտին, որ ամենէն բնորոշ բացականերէն մէկն է գաղութէն: Նոր ստեղծագործութիւնն է, որ հանրային կեանքին իրաւ աշխուժութիւն կը ներարկէ:

Գնահատենք նորերու երեւումը մեր հանրային կեանքին մէջ: Գուրգուրանք այս երիտասարդներուն ներկայացուցած յայտին, ուղղորդենք եւ յաջողութիւն մաղթենք իրենց:

Ապագան երիտասարդներուն կը պատկանի:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button