Դաշնակցական Բեմ

Իսրայէ՞լ… մարդկային օրէնքնե՞ր…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Իսրայէլի նախագահը՝ Իցհակ Հերցոկ, երկուշաբթի, 12 մայիսին Բեռլին այցելեց, նշելու համար երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման 60-րդ տարեդարձը:

Այցելութիւնը, ինքնին, ուշագրաւ էր, եւ ստեղծեց նոյնքան ուշագրաւ արձագանգներ, սկսելու համար՝ նոյնինքն Գերմանիոյ, ապա նաեւ նման հանդիպումներով շահագրգիռ երկիրներու մէջ:

Կարելի չէ նեղ սիւնակի մը մէջ խօսիլ բազմաթիւ արձագանգներու մասին, հետեւաբար պիտի կատարենք ընտրութիւն:

Ա. Հրեցոկ հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ իր պաշտօնակիցին՝ Ֆրանք-Վալթըր Սթայնմայըրի հետ, ու հակառակ երեւութապէս սիրալիր խօսակցութեան՝ հակաճառութիւնը յստակ էր: Գերմանիոյ նախագահը «քաղաքավար բառերով» քննադատեց գազացիներու հանդէպ Իսրայէլի պետութեան անմարդկային վարմունքին շարունակումը եւ շեշտեց, որ պաշարւած, սովի մատնւած եւ օր-աւուր նոր զոհեր տւող գազացիներուն համար պէտք է «անյապաղ» բանալ մարդասիրական օգնութիւններու ճամբաները: Եւ ի՞նչ պատասխանեց Հերցոկ՝ Նեթանիահուի ոճրակիցներէն մէկը. «Իսրայէլ կը հետեւի մարդկային օրէնքներու տրամադրութիւններուն…», եւ անշուշտ չմոռցաւ յայտարարելու, որ իր երկիրը աշխարհը կը պաշտպանէ «չար Իրանի» դէմ: Գերմանիոյ նախագահը, որ սիրալիր կերպով դիմաւորած էր Իսրայէլի նախագահն ու սեղմած՝ անոր արիւնոտ ձեռքը, շատ յառաջ չգնաց Իսրայէլի իր քննադատութիւններուն մէջ. ան յայտնապէս չէ մոռցած այն գայթակղալի դէպքը, որ պատահած էր 2022-ի օգոստոսին, երբ այդ օրերու իր վարչապետը՝ Օլաֆ Շոլց ուշացումով սրբագրած էր իր մէկ թերացումը: Կը յիշէ՞ք: Ան հանդիպում ունեցած էր Պաղեստինի նախագահ Մահմուդ Աբբասի հետ, որ չէր վարանած «ջարդարար» կոչելու Իսրայէլի պետական մարդիկը (Գազայի նորագոյն նախճիրները չէին սկսած), եւ լուռ մնալով՝ թօթւած էր Աբբասի ձեռքը: Եւ յանկարծ փոթորիկ փրթած էր, եւ Շոլց ստիպւած զգացած էր «նողկալի» որակելու Աբբասի յայտարարութիւնը: Հիմա, գերմանացիք աւելի «զգուշաւոր» են ու չեն վարանիր լիարժէքօրէն նեցուկ կանգնելու Նեթանիահուի եւ խմբակին ջարդարար քաղաքականութեան, սակայն «աչքի փոշի» նետելու համար մարդասիրական օժանդակութեանց արտօնման պահանջ կը դնեն:

Բ. Ուշագրաւ էր, որ հանդիպումը տեղի կունենար այն պահուն, երբ անդին, «Համաս» ազատ կարձակէր ամերիկացի զինւորական մը, որ պատանդ կը պահւէր աւելի քան մէկ ու կէս տարիէ ի վեր: Վաշինգտոն եւս «մարդասիրութիւն» կը խաղայ տեղ մը, պահանջելով, որ Նեթանիահու արտօնէ սովահարներուն օժանդակութիւններու բաշխումը, սակայն բանիւ եւ գործով կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ ոճրային արարքներու: Միջազգային լրատու աղբիւրներու համար, կարծէք թէ շա՜տ բնական բան է ամէն օր յայտարարելը, թէ իսրայէլեան ռմբակոծումները քանի մը տասնեակ զոհ խլած են, չքանդւած կառոյցներ փլատակ դարձած են, տնազուրկները իրենց ապաստանարաններէն կը հեռացւին դէպի հոն՝ ուր… տեղի պիտի ունենայ յաջորդ ոճրային յարձակումը:

Գ. Բեռլինի հանդիպումին պահուն, մէկէ աւելի բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան մայրաքաղաքին մէջ եւ այլուր: Գերմանացի ժողովուրդն ու մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններ յայտնապէս աւելի՛ նախանձախնդիր են իսկական մարդասիրութեամբ, եւ չեն հանդուրժեր իսրայէլացի պետական մարդոց սուտերը, թէ՝ կը գործեն «մարդկային օրէնքներու հիմամբ»: Ցուցարարներու պարզած պաստառները խարանող էին. «Գերմանիա եւ Իսրայէլ. ոճիրի մէջ գործակցութիւնը ընդունելի չէ», կամ՝ «Զէնք չտրամադրել Գազայի մէջ պատերազմական ոճիրներ գործողներուն»: Զանգւածային լրատու աղբիւրները կարծէք թէ հանրութեան խնայած են (ընդհանրապէս) նման ցոյցերու պատկերները…

Դ. Կարժէ պահ մը վեր առնել այլ կէտ մըն ալ. Բ. Աշխարհամարտէն հազիւ 20 տարի ետք, Հիթլերի ժառանգորդ Գերմանիան ո՛չ միայն ընդունած էր հրեաներու դէմ իր գործած ցեղասպանական ոճիրը, այլ նաեւ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ կատարած էր (մինչեւ հիմա ալ կը հատուցէ զանազան ձեւերով), քայլ մըն ալ անդին անցելով՝ դիւանագիտական կապեր հաստատած էր Իսրայէլի հետ (տարբեր պատմութիւն, թէ Իսրայէլ այլապէս որքա՜ն կը շահագործէ ոճրային «հոլոկոստ»-ը): Այլ ցեղասպաններ՝ Թուրքիա, Ադրբեջան, նոյնինքն այսօրւա՛ն իսրայէլեան պետութիւնը կը մնան անպատիժ, անսանձ: Ուշագրաւ էր, որ թրքական լրատու աղբիւրները կը կանգնէին գերմանացիներուն յիշեալ ցոյցերը տեղեկագրողներուն շարքին…

***

Պահ մը տարւինք Հերցոկի հաւաստիքով եւ ընդունինք, որ Իսրայէլ կը գործէ մարդկային օրէնքներով, մարդասիրական  սկզբունքներով: Ի՞նչ կը ստացւի: Կը ստացւի այն, որ՝

  • Աւելի քան 50 հազար պաղեստինցիներու ջարդը մարդկայնութիւն է, մարդասիրական արարք,
  • Քաղաքներու եւ գիւղերու, դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու, ապաստարաններու, մինչեւ իսկ վրանաբնակ դարձածներու տեղակայման վայրերու քանդումն ու հրկիզումը մարդասիրական արարք են,
  • Միլիոնաւոր մարդիկ մէկ շրջանէ ուրիշ շրջան բռնի գաղթի հանելը, յետոյ վերադարձնել, յետոյ դարձեալ ռումբերով հալածելը մարդասիրութիւն են,
  • Միլիոնաւոր քաղաքայիններ սովի մատնելը, մանուկները սովամահ ընելը մարդասիրութիւն են, զանոնք մինչեւ իսկ տարրական ջուրէ զրկելը մարդասիրութիւն է:

Չեն մոռնար նաեւ յայտարարել, թէ Իսրայէլ ժողովրդավար երկիր է, մարդու եւ մամլոյ իրաւունքները պաշտպանւած են, մինչդեռ վերջին պատերազմի տեւողութեան, աւելի քան 230 լրագրող սպանւած են:

***

Չկարծէ՜ք, որ մարդասիրական այս սկզբունքները միայն Իսրայէլի վերապահւած են: Քա՜ւ լիցի: Մարդասիրական նոյն սկզբունքները ի զօրու են Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու, եւրոպական, ամերիկեան, աֆրիկեան եւ ասիական այլ երկիրներու մէջ, թէեւ իւրաքանչիւրը ունի «մարդասիրութիւն» իրականացնելու ի՛ր դրոյթը: Տեղ մը ընդդիմադիր ղեկավար մը կը բանտարկւի եւ անոր ի նպաստ ցոյցի ելլողներ կը խոշտանգւին… մարդասիրաբար, ուրիշ տեղ ոստիկաններ ցեղային խտրականութիւն կիրականացնեն… մարդասիրաբար: Եւ «մարդասիրական» արարքներու տարեգրութիւնը կը հարստանայ բազմահատորներով:

«Մարդասիրութիւնը» վարակած է նաեւ մեր հայրենիքը՝ ՔՊ-ականներու օրով (նախապէս ալ կար, սակայն հիմա «զարգացած» է անհամեմատ չափերով): «Մարդասիրաբար» է որ վարչապետը ընդդիմադիրներուն կը սպառնայ Ազգային ժողովի ամբիոնէն, նոյն «մարդասիրութեամբ» է որ թաղապետ մը քանի մը գործակիցներով ծեծի կենթարկէ ընդդիմադիր մը, որ չարաշահումներ եւ փտածութիւն կը քողազերծէ, «մարդասիրական» նոյն ոգիով տոգորւած են ցուցարարներու վրայ յարձակող ոստիկանները եւ զանոնք պաշտպանող պետական մարդիկ ու արդարադատութեան ծառայողներ, մարդկային օրէնքներու հիմամբ է որ չարաշահութիւն բացայայտող լրագրող մը ոստիկանատուն կը տարւի…:

Եթէ կարկինը քիչ մը աւելի բանանք, դուք կը տեսնէք, թէ «մարդասիրական» ի՜նչ ոգիով ու բարի տրամադրութեամբ Արցախը նւիրեցին Ադրբեջանին (եւ սա՝ Արցախը Հայաստան է եւ վերջ բացագանչողն էր), Հայաստանէն ալ մասեր նւիրեցին ու պիտի շարունակեն նւիրել թշնամիներուն: Հապա մարդասիրութիւն չէ՞ ժողովուրդը պաշտօնական կողոպուտի ենթարկելը, քաղաքներն ու գիւղերը անձրեւի ու կարկուտի դէմ անպաշտպան ձգելը, վնասւողին օգնութեան հասնելու համար… մատը մատին չզարնելը: Անդին, նախկին վարչապետ մը վաղը կրնայ մարդասիրական նոյն ոգիով բանտ տարւիլ, որովհետեւ բացայայտեց, որ իշխանական դասը բազմատասնեակ միլիարդաւոր դրամի կողոպուտ ու չարաշահութիւն ըրած է (ան միակ բացայայտողը չէ):

…Այս բոլորը լսելով ու տեսնելով, ինչպէ՜ս չբացագանչել. ԿԵՑՑԷ՜ ՄԱՐԴԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ, ԿԵՑՑԷ՜ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ: Մինչդեռ հասարակ մահկանացուները կը մտածեն (Մայիս 8-9 օրերուն) անմար պահել հայրենքի եւ մարդկութեան պաշտպանութեան համար ինկած նահատակներուն յիշատակը:

12 Մայիս 2025

Related Articles

Back to top button