ՀՕՄ-ի Կենտրոնական վարչութեան յայտարարութիւնը
ՀՕՄ-ը «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» կողքին
Օրհասական եւ ճակատագրական պահեր կապրի մեր հայրենիքը: Իշխանութիւնները լծւած են սահմանազատման եւ սահմանագծման այնպիսի աշխատանքի մը, ուր ամբողջապէս կանտեսուի հայկական ինքնիշխան տարածքներու վերադարձի ապահովումը եւ ճիգ կը թափւի ստեղծւած իրավիճակը ներկայացնել իբրեւ խաղաղութեան առաջնորդող կացութիւն մը, ուր բնականաբար միակ տուժողը հայկական կողմն է, իսկ շահեր արձանագրողը՝ Ադրբեջանը:
Ի մտի ունենալով ընդհանուր իրավիճակէն առաջնորդւած դէպքերու եւ զարգացումներու հոլովոյթը, որուն բնական մէկ արտայայտութիւնն է «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» շարժումը՝ գլխաւորութեամբ Բագրատ Սրբազան Գալստանեանին, Հայ Օգնութեան միութիւնը, իր աշխարհասփիւռ կառոյցով կու գայ խոր ընդվզում յայտնելու հայրենի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան կապակցաբար, շեշտը դնելով սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներուն ապահովութեան, բարեկեցութեան եւ բարօր կեանքի մը իրաւունքին երաշխաւորման վրայ, որպէսզի հայրենիքին սահմաններուն հսկող մեր գիւղերը վերածւին ամրակուռ դարպասներու եւ ոչ թէ դառնան անմարդաբնակ շրջաններ:
Առաջնորդւելով Հայաստանը հայուն հայրենիքը պահելու համազգային առաջադրանքէն, Հայ Օգնութեան միութիւնը, իբրեւ հայութեան կողքին կանգնող մեծ կազմակերպութիւն մը, իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» շարժումին եւ հայ մօր գուրգուրանքին կը միացնէ իր զաւակը ռազմաճակատ առաջնորդող հայուհիին վճռակամութեամբ ուժեղացած կամքը, իբրեւ առաջնորդող առաջադրանք, թէ մեր հայրենիքը ոչ մէկ պարագայի կրնայ վերածւիլ քաղաքական մութ հաշիւներու սակարկութեան նիւթի: Բոլորս սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն կողքին ըլլալու ազգային պարտաւորութեան տակ կը գտնւինք եւ կենսական է, որ այս պարտաւորութեամբ եւ ազգային գիտակցութեամբ գործենք՝ ի շահ Հայաստան աշխարհին:
Հայ Օգնութեան Միութիւն