Դաշնակցական Բեմ

Հրդեհները. ոգեշնչող եւ դառնացնող պատկերներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Աշխարհի լրատւական ցանցերու մէջ, քանի մը օրէ ի վեր առաջնակարգ տեղ գրաւող՝ Լոս Անջելէսի հրդեհները, ահաւոր ողբերգութեան տարբեր երեսները ցուցահանելու կողքին, ի յայտ բերին նաեւ ոգեշնչող ու դառնութիւն պատճառղ հակոտնեայ պատկերներ:

Նման տարողութեամբ աղէտին մէջ, ի՞նչ ոգեշնչող բան կայ, պիտի հարցնէ մտահոգ ընթերցողս: Արձանագրեմ մէկ քանին:

Աղէտահարները՝ բնակարան եւ ստացւածք կորսնցնող բնակիչները անմիջապէս զգացին, որ իրենց բաժին ինկած ողբերգութեան մէջ առանձին չեն: Բարեկամներ ու հարազատներ իրենց տուներուն դուռները լայն բացին աղէտեալներու առջեւ, նմանապէս՝ եկեղեցիներ, ակումբներ եւ համայնքային-քաղաքացիական-քաղաքային այլ կենտրոններ: Անոնց շարքին են հայկական ակումբներ, եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ այլ հաստատութիւններ: Պետական նպաստներու խոստումները շարան կազմած են, սակայն յայտնապէս գործնական բաժինը դանդաղում կապրի: Խօսքը չի վերաբերիր հրշէջներուն, ոստիկաններուն եւ նման «բազուկներու», որոնք կընեն կարելի լաւագոյնը, թէեւ անոնց գործին հեզասահ ընթացքը իր դիմաց ունի չըլլալիք «արգելակներ» (այդ մասին քիչ մը անդին):

Զուգահեռաբար, ի յայտ եկաւ ՄԱՐԴՈՑ մարդկայնութիւնը, իրարու օգնութեան հասնելու տենդը: Անդուլ գործի լծւած են յիշեալ կենտրոններու պատասխանատուներ, բազմաթիւ կամաւորներ ու զանոնք «գրկած» համայնքները, մէկ խօսքով՝ «Բարի սամարացիները»: Յուզիչ են այն պատկերները, ուր կերեւին պատկերասփիւռի պաստառներէն: Տարբեր շրջաններու մէջ ստեղծւած են նպաստի եւ օգնութեան հաւաքման կենտրոններ, մէկ մասը՝ բաց երկինքի տակ. պարզ թաղեցիներ եւ հաստատութիւններ կը փութան նւիրաբերելու: Սա բարենիշ մըն է այս ժողովուրդին: Անշուշտ ամերիկացի ժողովուրդը իւրայատուկ չէ, նման բնական աղէտներու ենթարկւող այլ երկիրներու մէջ ալ, օգնութեան փութալու ժողովուրդին՝ պարզ մարդոց ջանասիրութիւնը հասարակաց է: Մենք՝ հայերս լաւ գիտենք ասիկա…

***

Դառնութիւն պատճառող պատկերներն ու իրականութիւնները ձեւով մը կը հակակշռեն աղէտին համայնապատկերին մէջ երեւցող յիշեալ լուսատու գիծերը: Այս ցանկին վրայ, զոհերուն եւ ֆիզիկական վնաս կրողներուն թիւը այլապէս քիչ մը մխիթարական է, սակայն կան անընդունելի դէպքեր եւ ընթացքներ:

Արդէն աւելի բարձրաձայն կը խօսւի կողոպուտի արարքներուն մասին: Աւելի դառնացնողը՝ հրդեհը հակակշիռի տակ բերելու աշխատանքին մէջ տեսնւած, եւ վերոյիշեալ ճիգերէն անդին գացող բացթողումներն են, որոնք ծնունդ կու տան անհաշիւ հարցականներու, կասկածներու եւ արդար քննադատութիւններու: Ամենէն ուժեղ հնչող հարցումը այն է, որ աշխարհի ամենէն հարուստ եւ արհեստագիտական գետնի վրայ յառաջադէմ այս երկիրը ինչո՞ւ պէտք է որոշակի անճարակութիւն ցուցաբերէ նման աղէտներու դիմաց: Առարկելի չէ, որ բնական աղէտները ընդհանրապէս նախատեսելի չեն եւ մարդուն ուժը չի բաւեր զանոնք բաղձալի ձեւով դիմագրաւելու: Ասիկա ճիշդ է երկրաշարժներու եւ անկէ յառաջացող՝ ցունամիներու պէս աղէտներու, հանքերու մէջ անակնկալ արկածներու եւ նման՝ քիչ նախատեսելի աղէտներու պարագային, սակայն տեղ մը անբացատրելի ու անպատասխան կը մնան այլ հարցականներ: Թւենք մէկ քանին:

Բնական այս աղէտը պատճառ դարձած է քաղաքական բանավէճերու, այն պահուն՝ երբ աղէտեալը հազար տեսակի կարիք ունի. բանավէճ հրահրողները, որքան ալ, այսպէս ասած՝ հիմնաւորեալ պատճառ ունին, ընտրած են ամենէն անյարմար պահը: Այս կէտին վրայ չենք ուզեր աւելի երկար կանգ առնել, այլ միայն աւելցնել, որ քաղաքական մարդիկ նման պահերու ի յայտ կը բերեն իրենց իրական դէմքը (բացառութիւնները յարգելի են միշտ), այսինք՝ իրականութենէ եւ ժողովուրդի կեանքէն կտրւած ըլլալը:

Կալիֆորնիան, մասնաւորապէս անոր հարաւային գօտին, կարգ մը այլ նահանգներու պէս, ծանօթ է իբրեւ հրդեհներու գօտի: Վերջին աղէտէն հազիւ երկու շաբաթ առաջ, աւելի սահմանափակ տարածքով եւ աւելի մեղմ հետեւանքներով հրդեհներ պատուհասեցին Մալիպուն: Նախընթաց տարիներուն, նման հրդեհներ «սովորական» են: Այս բոլորը որոշ փորձառութիւն բերած են (պէտք է ըլլան) պետական իշխանութիւններուն եւ անոնց հովանիին տակ գործող սպասարկութիւններուն: Եւ ահա, կը տեղեկանանք, որ կարգ մը շրջաններու մէջ ջրմուղները չեն բանած սպասւածին պէս: Կը տրւին հազար ու մէկ պատճառաբանութիւն, սակայն անոնց շարքին չենք լսեր, թէ անհաճոյ անակնկալին դիմաց, ո՞վ եւ ինչպիսի՞ ԿՏՐՈՒԿ եւ արագ հակամիջոցներու դիմած է: Պատճառաբանութիւններէն մէկը այն է, որ էլեկտրականութեան հոսանքի խզումը պատճառ դարձած է դէպի բարձր բնակավայրեր ջուրի մղումին կասցման, սակայն չի բացատրւիր, թէ ինչո՞ւ այլընտրանքի նախատեսութիւն չէ եղած: Աղբիւր մը հաղորդեց, որ բարձրադիր ջրամբարներ կօգտագործւին… բնակարանէ զրկւած՝ անապաստաններու կողմէ (սա արդէն ողբերգական այլ հատոր մը կը կազմէ):

Հոս բանանաք լա՜յն փակագիծ մը եւ աչքի առջեւ բերենք յարակից տագնապ մը, որ անմիջականօրէն ի յայտ չեկաւ այս հրդեհներուն առիթով, այլ մշտական ՀԱՐՑ մըն է այս երկրամասին համար: Կալիֆորինան, ինչպէս ամերիկեան այլ նահանգներ, կը գտնւի աշխարհի ամենէն մեծ ովկիանոսին ափին, ունի երկա՜ր ծովափ: Ի հակադրութիւն նահանգի հիւսիսային գօտիին, հարաւային շրջանը ջուրի մեծ աղբիւներ չունի: Տասնամեակներ առաջ, հեռատես եւ ՄՏԱԾԵԼՈՒ ԿԱՐՈՂ մարդիկ դարմանումի միջոցներ փնտռած են եւ գտած. հեռաւոր լիճերէ եւ գետերէ, ջրատար խողովակներով եւ արհեստական ջրանցքներով՝ ջուր հասցուցած են Լոս Անջելէսի շրջանը: Մինչեւ իսկ ովկիանոսի ջուրը օգտագործելի դարձնող՝ աղազերծող «հնոցներ»  (desalination plants) կառուցւած են ծովափին: Ատեն մը ետք, նման ջրատարներ սկսած են աչքաթող ըլլալ, ջրազտումի կենտրոններ փակւած են, իսկ վերջին տարիներուն, նման ծրագիրներու իրականցման պահանջներ իրենց դէմ գտած են… բնապահպաններ: Հոս տեղը չէ մտնելու այն բանավէճին մէջ, թէ նման զտարաններ իսկապէս ի՞նչ վնաս կը պատճառեն, որքա՞ն ճիշտ են նման առարկութիւններ, այլ կը բաւականանանք շեշտելով, որ նման կացութիւններու դիմաց կանգնած այլ երկիրներ շատո՜նց լուծած են ջուրի, նա՛եւ ըմպելի ջուրի տագնապը: Կալիֆորնիոյ մէջ նման զտարաններու փակման եւ նորերու խափանման հետեւանքը ի՞նչ է եղած. ՋՈՒՐԻ ՏԱԳՆԱՊ: Միւս երեսն ալ, ներկայի ջրամատակարարման աղբիւրներուն չարաշահումն է մենաշնորհեալներուն կողմէ (եւ յայտնապէս հոն է թաղւած մեծ շան գլուխը, քանի՜-քանի շան գլուխներ…): Փակենք փակագիծը:

Դառնութիւն եւ զայրոյթ պատճառող այլ իրականութիւն մըն է ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՄԷՆԷՆ ՀԶՕՐ ԵՒ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՕԺՏՒԱԾ ԹԵՒԵՐՈՒՆ բացակայութիւնը՝ աղէտին դիմագրաւման եւ հետեւանքերուն դարմանումի ճիգերուն մէջ: «Ազգային պահակագունդ»-էն փաղանգներու աղէտի գօտի հասցնելը միայն կիսամիջոց է: Եւ հոս է որ կը շեշտւի պետութենէն սպասւող գործօն միջամտութեան առ նւազն դանդաղումը, պետութիւն մը՝ որ, ինչպէս նշեցինք՝ ունի ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐ, որոնք սակայն կը մսխւին այլապէս վնասարար նախաձեռնութիւններու մէջ, իսկ երբ երկրին ժողովուրդը ահաւասիկ անմիջական կարիքներ ունի՝ կը դրւի սպասողի նստարանին (յուսալով որ հրդեհ մըն ալ այդ նստարանը չփճացնէ): Եւ կիմանանք, որ պետութիւնը կը խոստանայ լիովին հատուցել աղէտեալներուն (շա՛տ բարի), սակայն պաշտօնապէս կը յայտարարէ, թէ անիկա պիտի ըլլայ մինչեւ երեք ամիս (դիւանակալութիւն, քաղաքական սակարկութիւններ եւ մասամբ նորին…): Ո՞վ կերաշխաւորէ, որ նման պայմանաժամ պիտի յարգւի: Անցեալ տարիներու աղէտեալներ կան, որոնք մնացած են անհատոյց (կրկնենք՝ այսքան հարստութեամբ օժտւած երկիր մը մէջ):

Եթէ շարունակենք այս ցանկը, կրնանք թւարկել այն լուրերը, թէ շուտով տուներու սակերն ու վարձքերը բարձրացում պիտի կրեն, անպահովագրութեան ընկերութիւններ ալ պիտի բարձրացնեն բաժանորդագիները (կարելի՞ է փախցնել նման իւղոտ պատառ մը…): Այս բոլորին դիմաց, պետութիւն կոչւած ցանցը ոչինչ կրնայ ընել, քանզի այս երկիրը որդեգրած է ազատ-շուկայականութիւն եւ… դրամատիրութեան ամենէն վատ կիրարկումները:

Մէկ խօսքով, հրդեհներուն սանձումը եթէ անմիջականօրէն ցանկալի է, յստակ է, որ անոր պիտի հետեւի տաժանելի երկարաշունչ փուլ մը:

Այս բոլորէն անմիջականօրէն կարելի է հետեւցնել քանի մը բան. նախ այն, որ աղէտեալները կրնան մատնւիլ «մինչեւ առուն ջուր գայ, գորտին աչքը դուրս կու գայ»ի վիճակին, նաեւ կրնան խաղալիք դառնալ ազատ-շուկայականներու այլազան «սադրանք»-ներուն: Իշխանափոխութիւնը՝ Բայդէնէն Թրամփ, այլապէս շատ բարիք չի խոստանար: Հետեւաբար, ձեռքով-ոտքով կապանքի մէջ դրւած զանգւածները – ո՛չ միայն ներկայի աղէտեալները – պարտին մտածել (եւ անոր համար ալ գիտակցութեան գալ), որ անհրաժեշտ է երկարաժամկէտ քայլարշաւով մը վերջ տալ իրողական չարաշահութեան եւ մենաշնորհեալներու անպարագիծ խաղքութիւններուն (նոյն սպասումը՝ այլ երկիրներու ժողովուրդներէն), երկիրն ու աշխարհը վերադարձնել ՄԱՐԴԿՕՐԷՆ տանելի ապրուստ եւ բարօրութիւն ապահովող միջավայրի վիճակին:

Related Articles

Back to top button