Յակոբ Բագրատունի. «Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքը պահելու վերջին առիթն է»
«ԱԼԻՔ» – Ստորեւ ներկայացնում ենք մայիսի 8-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ ի զօրակցութիւն Բագրատ Սրբազանի եւ «Տաւուշը յանուն Հայաստանի» շարժմանը կազմակերպւած «Միասնական ո՛չ հողային զիջումներու» խորագրով հաւաքի ժամանակ ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամաւոր Յակոբ Բագրատունիի խօսքը:
Համայն հայութիւնը կապրի իր պատմութեան վերջին տասնամեակներու ամէնէն դաժան պահերը:
Թաւշեայ կոչւող յեղափոխութենէն ետք միայն 6 տարին բաւարար էր ընդունելու, որ այս շարժումին գործիքը յաջողած է կատարել իրեն վստահւած պարտականութիւնը՝ քանդել ամէն ինչ:
Գարուն խոստացող յեղափոխութիւն, որ միայն արիւն եւ մահ բերաւ մեր ժողովուրդին:
Դերասանութիւն, սուտ, աժան ամբոխավարութիւն, ժողովրդահաճոյ կեցւածքներ, կեղծիք, խոստումներու դրժում, անձնատւութիւն եւ սեփական կեանքի վաճառք… ասոնք եղան խորագիրները անցնող տարիներուն:
Եւ հասանք հոս, այսօր, որ Շուշիի ազատագրութեան տարեդարձին, փոխանակ տօնախմբութիւն կատարելու, հաւաքւինք, որպէսզի դադրեցնենք անձնատւութիւնը, կասեցնենք հողային զիջումները եւ Հայաստանի թուրքացման գործընթացը:
Միասնաբար յիշենք անցնող 6 տարիները ու տեսնենք աւերը, միասնաբար մտածենք, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ հոս հասանք:
Նախկինները փտած էին, ճիշտ, փտածութիւնը ամենուրեք բոյն դրած էր եւ արմատացած, խորհրդային օրերէն մինչեւ 2018: Եւ եկաւ խոստացւած մեսիան: Փտածները մեկնեցան, փտածութիւնը մնաց, անուն փոխեց: Մաֆիաները վերածւեցան գործարար մարդոց, կաշառքին անունը դարձաւ պարգեւավճար կամ կենսաթոշակի յաւելում:
Ահաւոր էր փտածութիւնը մինչեւ 2018, նախկինները փտած էին, երկիրը տնտեսական տագնապի մէջ էր: Նախկինները մեկնեցան, նորերը եկան, վիճակագրութիւններ, թիւեր, լրատւական մեծխօսիկութիւններ աւետեցին փրկութիւնը: Տագնապը խորացաւ, տագնապը կը շարունակւի:
Նախկիններու օրով Արցախը ազատագրւեցաւ եւ անկախութիւն հռչակեց:
Նախկինները հայ-թուրքական արձանագրութիւնները չկրցան գործադրել: Եկաւ փրկիչը, յանձնեց Արցախը՝ յոյս տալով, միակ յոյսը, որ արցախցին, Արցախի պաշտպանութեան եւ անկախութեան համար իր կեանքը զոհած արցախցին, գէթ կրնայ իր տան մէջ ապրիլ հանգիստ, թէկուզ՝ ադրբեջանական իշխանութեան ենթակայ:
Ըսաւ, ստեց, ըսաւ՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»: Ու վերջը եկաւ:
Ապա նոյնը, նոյն մարդը, «Արցախը ադրբեջանական հող է» յայտարարեց:
Ապա ոչինչ ըրաւ շրջափակւած Արցախը փրկելու: Ու առանց բառերը ծամծմելու՝ յանձնեց Արցախը սառնասրտօրէն եւ գնաց Եռաբլուր՝ յարգելու իր յանձնած Արցախի նահատակները:
Իսկ խոստացած հանրաքւէ՞ն: Եղա՞ւ, թէ՞ կլիմայական աննպաստ պայմաններու պատճառով կարելի չեղաւ հանրաքւէ «անցկացնել»:
Սուտ «Յաղթելու ենք»-ը վերածեց իրական «Յանձնելու ենք»-ի:
Յոխորտանքով 120.000 գաղթական արցախցիի նիւթական յատկացումներ կատարեց, ու չենք գիտեր, թէ ե՛րբ կը դադրեցնէ այդ յատկացումները: Վերջին հաշւով, գլխացաւ է Արցախը, իսկ արցախցիներու կենցաղային օժանդակութիւնը պետական գանձին սուղ կրնայ արժել, այնքան մը, որ արցախցիները մղւին արտագաղթելու Հայաստանէն:
Նախկինները սեւ էին: Եկաւ սպիտակը, եկան սպիտակները: Տոնքիշոթեան վտանգներ յօրինւեցան: Հայ Եկեղեցին՝ Էջմիածինը, Գարեգին Բ Վեհափառը, վաղը՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, կրօնական դասը դարձան վտանգաւոր անձեր Հայաստանի մէջ: Իսկ ինք եւ սպիտակները՝ Աստուծոյ կողմէ հայ ժողովուրդին փրկութեան համար ղրկւած առաքեալներ, որոնք իրենց ամբողջ գիտութիւնը ամբարած են աստւածաբանական դպրոցներու մէջ եւ իրենք ու միայն իրենք Հայ Եկեղեցւոյ պաշտպաններն են, Աստուծոյ նւիրեալներ, եկեղեցւոյ ծառաներ:
Նախկինները բռնատէր էին: Բանակը, անվտանգութեան ծառայութիւնները, ոստիկանները, պետական պաշտօնէութիւնը կը ծառայեցնէին իրենց նպատակներուն: Փակած էին լրատւամիջոցները, խեղդած՝ ազատ կարծիքը, մարտ 1-ի մուրը իրենց ճակտին էր: Եկան թաւիշի հաւատացեալ յեղափոխականները: Ու բացւեցան քսակները, առատօրէն, լեզուները բացւեցան, վարձւեցան ընկերային ցանցերու կենտրոնները, եւ ազատութիւն տարածւեցաւ: Սուտ ու կեղծ հասցէներով հանրային կարծիք ձեւաւորւեցաւ: Յանուն ժողովուրդի եւ ժողովրդավարութեան տարածւեցան՝ սուտը, կեղծիքը, հայհոյանքը, ասֆալթին քսելու յոխորտանքը, եռագոյնը բարձրացնող երիտասարդին ձերբակալութիւնը, իր նահատակներուն ցաւը Եռաբլուրի մէջ ողբացող հայ մօր խոշտանգումը, պետական այրերու պաշտպանական ինքնաշարժներու շարասիւները: Քսակները բացւեցան:
Նախկինները վատ էին շա՜տ, եկան՝ նորերը, երիտասարդները, մասնագէտները, բանակի ծառայութենէն խուսափողները, եկան լաւերը, օտար լեզուներու, օտար մշակոյթներու, օտար աւանդութիւններու քաջածանօթ, խնկարկող եւ հաւատացող լաւերը: Տարածւեցան այլանդակութիւնները, նորութեան հետ, արդիականութեան հետ քայլ պահելու թելադրանքը վերածւեցաւ հայկակա՛նը, ազգա՛յինը, մե՛րը քանդելու, Հայաստա՛նը օտարացնելու քրտինք պահանջող, սպառիչ ճիգի:
«Ինչո՞ւ պէտք է մեռնինք հայրենիքի համար» հարցումը յանուն գիտական եւ առարկայական բանավէճի քննարկումի վերածւեցաւ: Չէ որ մարդ ենք, եւ իբրեւ մարդ պէտք է հանգիստ ապրինք, բարօր կեանք ունենանք, խաղաղութիւն վայելենք, եւ որպէսզի բարօր կեանք ապրինք իբրեւ մարդ, պէտք է զիջինք մեր սկզբունքներէն, հայը հայ պահելու հաւատքէն, մեր եկեղեցիէն, Արարատէն, զինանշանէն, Անկախութեան հռչակագիրէն, հայոց պատմութենէն, հայոց լեզուէն, հայ եկեղեցւոյ պատմութենէն: Իսկ եթէ չզիջինք, ապա Ալիեւի եւ Էրդողանի խոստացած փայլուն ապագան ինչպէ՛ս պիտի իրականանայ, այսպէս ասած «ժողովուրդին կողմէ ընտրւած վարչապետին» որոշումո՞վ:
Պէտք չունինք Արցախին, պէտք չունինք Արարատին, պէտք չունինք զինանշանի առիւծին, առիւծ չէ մնացած արդէն Հայաստանի մէջ, պէտք չունինք Տաւուշին, Սիւնիքին, Գեղարքունիքին, Զանգեզուրին, պատմութիւնը կարեւոր չէ, նահատակութիւնը իմաստ չունի, պէտք ունինք բարօր կեանքի, ժպտերես քաղաքացիի, օտար զբօսաշրջիկներու: Նոյնիսկ վաղը յուշարձանները կամ թանգարաններու մէջ տեղաւորւած փաստերը եւ Աադրբեջանն ու Թուրքիան անհանգստացնող պատկերներն ու իրեղէնները անհրաժեշտ պիտի չըլլան ցուցադրւելու, պիտի վերցւին, որովհետեւ անոնք պատճառ կը դառնան, որ թուրք զբօսաշրջիկներուն զգացումները վիրաւորւին:
Վատագոյներն էին նախկինները, զգո՛ւշ՝ չվերադառնան: Վստահաբար պիտի չվերադառնան իրենք: Մենք՝ նորերս, պէտք է նոր Հայաստան կերտենք: Եւ եթէ նոր Հայաստան կերտելու թշնամիի պահանջը խոչընդոտի կը հանդիպի, պէտք է քանդել այդ խոչընդոտը եւս: Ականջ տւէք Ալիեւի եւ Էրդողանի փորձառու մարդու խրատներուն: Սփիւռքը կը խանգարէ մեր գործը: Փաշինեանը արդէն հասկցած է: Բայց դեռ ուրիշներ չեն հասկցած: Հետեւաբար հարւածենք սփիւռքը: Դեռ քանի մը օր առաջ Դոհայի մէջ գումարւած տնտեսական խորհրդաժողովի մը ընթացքին Աադրբեջանի արտաքին գործոց նախարարը իր արաբ գործընկերոջ փոխանցած է, որ Տաւուշը պիտի յանձնւի, իսկ սփիւռքն է դէմ կեցողը, սակայն Հայաստան խնդիր չունի:
Հետեւաբար, հարւածել պէտք է սփիւռքը, պառակտել զայն, որոմ սերմանել մէկ դար եւ աւելի սփիւռքը Հայաստանի համար հայ պահելու ձգտող ուժերուն միջեւ, հայ դատականները, անցեալի նարինջ ուտողները, այլեւս պէտք չեն նոր Հայաստանի համար, թուրքը, աադրբեջանցին, աչքի փոշի թափող արեւմտեան կարգ մը ուժեր անհրաժեշտը կը կատարեն արդէն, պիտի կատարեն, որպէսզի Հայաստանը դադրի ամբողջ հայութեան հայրենիքը ըլլալէ եւ վերածւի բազմազգեան բնակչութեամբ հողատարածքի, ուր օր մը՝ ոչ շատ ուշ, հայերը պիտի դառնան ազգային փոքրամասնութիւն…:
Իսկ Ցեղասպանութի՞ւնը, Ցեղասպանութեան ճանաչո՞ւմը: Ինչո՞ւ վերադառնալ պատմական ցաւոտ խնդիրներու: Նախ պէտք է արձանագրել նահատակներուն անունները: Իսկ եթէ պատահի, որ կարենանք միայն 1 միլիոն 488 հազար անուն ունենալ, ապա կը ստեղծւի անվստահելիութիւն՝ 1,5 միլիոն կըսէիք, ճշգրտութեան եւ գիտական հիմունքներու խախտում, պատմաբաններու միջամտութեան կարիք: Իսկ ետքը՝ կեանքը կը շարունակւի բնական կերպով: Business as usual: Ցեղասպանութեան իրականութիւնն ալ կրնանք մոռնալ՝ ի խնդիր բարօր կեանքի ու խաղաղութեան:
Սահմանադրութի՞ւն, դատական համակա՞րգ, Սահմանադրական խորհո՞ւրդ, ընդդիմութի՞ւն: Ոչինչ են: Կարեւորը այո՛ ըսելն է ամէն ինչի: Բողոքի նւազագոյն ձայնն անգամ կանհանգստացնէ ու համազարկը կը բանի, բանիւ եւ գործով, արժեզրկելու ամէն խօսք, ամէն աքթ, ամէն ցասում, ամէն ցոյց, ամէն ջահերթ, ամէն քայլարշաւ, ամէն նշում: Եւ այս բոլորին պատասխանը՝ դաւադիր ուժերու կողմէ պետական հարւած կազմակերպելու երեւակայածին ծրագիր: Ու փողոցը կողողւի հայրենիքի պաշտպանութեան համար արիւն թափած բանակային եւ ապահովական ուժերու զինւորներով, իր եւ իր վարչակարգին պաշտպանութիւնը ժողովուրդին եւ Հայաստանի պաշտպանութեան գերազանցող ԱԱԾ-ներու խմբակին կողմէ: Բողոքողը, հրահանգին չենթարկւողը, դժգոհը կը վերածւի ժողովուրդի թշնամիի: Զինւորական խունթայի մտածողութիւն, որ ժողովրդավարօրէն ընտրւած ղեկավարը կը վերածէ միայն ուրիշին ծրագիրները գործադրելու համար աթոռը պահող բռնատէրի:
Եւ դեռ չմօտենանք ընտանիքին: Իր եւ իւրայիններունը նամուսի պաշտպան ընտանիքներ են, միւսները, սեւերը, ընդդիմադիրները, եկեղեցականները, Արցախի ազատագրութեան հերոսները, Հայաստանի սահմանապահները, նահատակներու ընտանիքները, ազատ մտածողները, տակաւին ազատ մնացած մտաւորականները, դասախօսները, ազգային մտածողութեան տէր որեւէ անհատ, անոնց ընտանիքները սեւ են, եւ ենթակայ ամէն սեղմումի, սուտի, բամբասանքի, անւանարկումի թէ վարկաբեկումի:
Միայն մնամ իշխանութեան վրայ:
Գործս, ինծի վստահւած պարտականութիւնը գլուխ հանեմ եւ շնորհաւորանք ստանամ իմ վարպետներէս:
Եւ ինձմէ ետք՝ ջրհեղեղ:
Որովհետեւ չի մտածեր, որ երբ գործը աւարտէ, նոյն տէրերը պիտի լքեն զինք, Պիղատոսի նման իրենց ձեռքերը լւալէ ետք:
Տաւուշէն սկսած համաժողովրդային երթը վաղը երեկոյեան կը հասնի Երեւան: Անունները կարեւոր չեն: Ղեկավարները՝ նոյնպէս: Հիմնականը համաժողովրդային ցասումն է եւ այդ ժողովուրդին մէկութիւնը:
Բարբանջանքները պիտի բազմանան, բազմացած են արդէն, խժդժութիւնները պիտի կրկնապատկւին, սեւացրէք վարքագիծը պիտի ուռճանայ, թիւերու եւ սոցցանցերու լեզուն պիտի երկարի:
Եւ դեռ, ահա թուրքը կու գայ, զգո՛ւշ: Պիտի լսենք, շատ պիտի լսենք՝ զիջինք, որ ապրինք, զիջինք, որ պատերազմ չյայտարարւի մեզի դէմ, պատրաստ չենք պատերազմի: Թէ ինչո՞ւ պատրաստ չենք պատերազմի, այդ ալ՝ այլ հարց:
Տանք գիւղերը, կատարենք սահմանագծումը, երաշխաւորւած է մնացեալը:
Բայց չէ՞ որ երաշխաւորած էր Արցախը:
Չէ՞ որ Արցախը Հայաստան էր եւ վերջ: Իսկ Հայաստանը Հայաստա՞ն է եւ վերջ:
Չէ՞ որ իւրաքանչիւր քաղաքացի վարչապետ էր:
Չէ՞ որ գաղտնի համաձայնութիւններ չկային:
Սիրելինե՛ր,
Օրհասական է պահը: Շատ օրհասական:
Յաղթանակը կը կերտւի հաւատքով:
Պարտութիւնը կու գայ սուտով:
Մեր պատիւը, հայու արժանապատւութիւնը, ոտնակոխ չի կրնար ըլլալ:
Հաւաքական զարթօնքի պահն է:
Ազգային իդէալին հաւատացող բոլոր ուժերուն համախմբումի պահն է:
Միակամ ՈՉ-ի պահն է:
Եռագոյնը բարձր պահելու պահն է:
Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքը պահելու վերջին առիթն է:
Հողային զիջումները դադրեցնելու պահն է:
Արցախէն ետք Տաւուշի յանձնումը դարպասն է դէպի Երեւան:
Կարելի չէ արտօնել, որ օր մը Եռագոյնին վրայ սեւ երիզ աւելցւի:
Հայաստանն ու հայութիւնը պիտի մնա՛ն:
Իսկ Արցախն ու Հայաստանը յանձնող հողատու վոհմակը առանց ետեւ նայելու պիտի մեկնի Հայաստանէն:
Ողջո՜յն Հայաստանի իրաւ յեղափոխականներուն:
Փա՛ռք ազգային իտէալին համար մեռնող իւրաքանչիւր հայուն:
Ողջո՜յն անոնց, որոնք Արցախը հայո՛ւն է, իսկ Աւարայրը մե՛րն է կըսեն:
Ողջո՜յն Տաւուշէն ու Հայաստանի բոլոր շրջաններէն եւ սփիւռքէն Երեւան հասնող, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հայութեան ու Հայաստանի կապիտուլացիան մերժող զանգւածներուն:
Յաղթանակը մե՛րն է:
Հայաստանի ու հայութեան յաղթանակը:
Մնացեալը սուտ է: