Արամ Ա կաթողիկոս. «Երբ հայրենիքը վտանգի մէջ է, եկեղեցին իր ժողովուրդի կողքին է»
«ԱԼԻՔ» – Ստորեւ ներկայացնում ենք մայիսի 8-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ ի զօրակցութիւն Բագրատ Սրբազանի եւ «Տաւուշը յանուն Հայաստանի» շարժմանը կազմակերպւած «Միասնական ո՛չ հողային զիջումներու» խորագրով հաւաքին ուղղւած Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի պատգամը:
Սիրելի՛ հայորդիներ,
Հաւաքւած էք ձեր հաւաքական մտահոգութիւնները, սպասումները եւ տեսակէտները արտայայտելու՝ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը եւ մասնաւորաբար Հայաստանը յուզող խնդիրներուն, մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն նկատմամբ: Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կողջունենք ձեզ: Բարձր կը գնահատենք Լիբանանի հայութեան մարտունակ ու հայրենանւէր կեցւածքը:
Ծանօթ է բոլորին, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ եղած է ժողովուրդին ու հայրենիքին կողքին՝ ոչ սոսկ խօսքով, այլ՝ գործով, ամբողջական նւիրումով ու գիտակից յանձնառութեամբ: Մեր Սուրբ Աթոռը մեր ազգին ու հայրենիքին արժէքները ու իդէալները ամէն բանէ վեր նկատելու նախանձախնդրութենէն մղւած, ինչպէս գիտէք, մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը դիմագրաւող խնդիրներուն ու տագնապներուն նկատմամբ իր տեսակէտները ու առաջարկութիւնները համապարփակ, յստակ ու հետեւողական կերպով պարզած է: Եւ, աւելի՛ն, բազմիցս առիթներով, պետական, միջեկեղեցական ու միջկրօնական հանդիպումներու ընթացքին Մենք փոխանցած ենք մեր մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ, անհրաժեշտութեան պարագային, իրենց աջակցութեան դիմած:
Փաստացի իրողութիւն է, որ Հայաստանը կապրի ճակատագրական օրեր: Հայաստանը շրջապատւած է ահաւոր տագնապներով: Հայրենիքէն ներս ներքին բեւեռացումներ սկսած են աւելի սրիլ, եւ ճեղքերը՝ աւելի խորանալ: Այս կացութեան դիմաց, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը, դժբախտաբար, կը շարունակէ քալել յառաջ՝ ճշտւած օրակարգի մը համաձայն, առանց ականջալուր ու ականատես ըլլալու իր նկատմամբ կազմաւորւած զօրեղ ընդդիմութեան՝ թէ՛ հայրենիքէն, եւ թէ՛ սփիւռքէն ներս:
Հայրենիքը դիմագրաւող տագնապներուն նկատմամբ մեր եկեղեցին պատմութեան ընթացքին լուռ չէ մնացած: Այսօր եւս պէտք չէ լուռ մնայ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր Վեհափառ Հայրապետով, միաբանութեամբ, Ազգային Կենտրոնական վարչութեամբ, իր թեմերով ու ժողովուրդով հաւաքական ու հետեւողական նոյն կեցւածքը որդեգրած է ու պիտի շարունակէ նոյն ոգիով:
Արդարեւ, մենք չենք կրնար լուռ մնալ, երբ մէկ կողմէն Թուրքիան իր նախագահին ճամբով կը յայտարարէ, թէ ինք Հայաստանի հետ հարց չունի, խնդիրը սփիւռքին հետ է. եւ միւս կողմէ՝ Ադրբեջանի նախագահը իր կարգին կը յայտարարէ, թէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան գծով բանակցութիւնները կընթանան Ադրբեջանի կողմէ ճշտւած ծրագրին համաձայն: Սա ի՞նչ կը նշանակէ… Կը խորհինք, թէ այս երեւոյթը մեկնաբանութեան չի կարօտիր. փաստօրէն Հայաստանը զիջողի ընթացքի մէջ է: Սակայն, մինչեւ ե՞րբ եւ մինչեւ ո՞ւր…
Պատմութիւնը կը վկայէ, որ իշխանութիւնները գնայուն են, մնայունը հայրենիքն է: Հայ եկեղեցին հայրենիքին հետ է, անոր գերագոյն ու ընդհանրական շահերուն հետ է: Հետեւաբար, երբ հայրենիքը վտանգի մէջ է, եկեղեցին իր ժողովուրդին հետ պէտք է ըլլայ: Ա՛յս կը յուշէ մեզի մեր դարաւոր պատմութիւնը: Այ՛ս կը թելադրէ Հայ եկեղեցւոյ կոչումը:
Որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս՝ բոլոր պայմաններուն մէջ Մենք եղած ենք ժողովուրդի կողքին, միշտ նախանձախնդիր ու խստապահանջ՝ հայրենիքին առնչւած խնդիրներուն նկատմամբ: Անցնող տարիներուն Երեւանի մէջ Մենք դատապարտած ենք արտագաղթը եւ փտածութիւնն ու բարոյական արժէքներու անկումը: Անհրաժեշտութեան պարագային, նո՛յնը պիտի ընենք, երբ ականատես ըլլանք յոռի երեւոյթներո՛ւ:
Այսօր Հայաստանը անդունդի եզրին է: Այս վտանգալից կացութենէն մեկնած, ապրիլ 24-ին առիթով կոչ ուղղեցինք մեր ժողովուրդին՝ ըսելով. «Արթո՛ւն եղիր, ժողովո՛ւրդ հայոց: Կովկասէն ներս համաթուրանական նոր դաշնակցութեան մը կազմաւորումով Թուրքիա եւ Ադրբեջան կը փորձեն իրենց օղակին մէջ խեղդել Հայաստանը: Հայաստանի ցեղասպան դրացիները խաղաղութեան հաստատման համար նախապայմաններ դնելով՝ փաստօրէն կը սպառնան Հայաստանի ամբողջականութեան ու անվտանգութեան, նո՛յնիսկ՝ գոյութեան»…
Հայաստանի իշխանութեան ուղղելով Մեր խօսքը՝ ըսինք. «Մենք կը մերժե՛նք տարածաշրջանէն ներս համապարփակ խաղաղութեան հաստատման համար բանակցութիւններ վարել՝ վտանգելով Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը:
«Մենք կը մերժե՛նք ուրիշներուն ենթակայ դառնալ՝ միակողմանի զիջումներ կատարելով եւ անոնց դիմաց ոչինչ ստանալով:
«Մենք կը մերժե՛նք պարտադրւած կացութիւններ ընդունելու վտանգալից մօտեցումը ու կը շեշտենք աշխարհաքաղաքական նոր իրականութիւններու դիմաց նոր ռազմավարութիւն ճշտելու հրամայականը:
«Մենք կը մերժենք համակերպիլ այնպիսի կացութիւններու, երբ դատելին կը դառնայ դատաւոր, ամբաստանեալը՝ պահանջատէր, ու ցեղասպանը՝ իրաւատէր»:
Եւ ապա միջազգային համայնքին ուղղելով Մեր խօսքը՝ ըսինք. «Կը պահանջե՛նք Արցախի ժողովուրդին վերադարձը Արցախ, եւ անոր իրաւունքներուն վերականգնումը՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ:
«Կը պահանջե՛նք Ադրբեջանի կողմէ ձերբակալւած բոլոր գերիներուն առանց պայմանի շուտափոյթ ազատ արձակումը»:
Աննախատեսելի վտանգներով յղի, մեր հայրենիքին համար աշխարհաքաղաքական ոչ նպաստաւոր ներկայ պայմաններուն մէջ հարկ է ըլլալ զգօն եւ իրապաշտ: Զգացական պոռթկումները, անիրատես քայլերը, միակողմանի որոշումները եւ խաղաղութեան ու անվտանգութեան դիմաց միայն զիջում կատարելու քաղաքականութիւնը կրնան հարցականի տակ դնել Հայաստանի գոյութիւնն իսկ:
Դժբախտաբար բարեկամ չունինք, վստահելի միջնորդ ալ չունինք: Այս ծանր պայմաններուն մէջ մեր ներքին ուժերու համախմբումը կը նկատենք անյետաձգելի: Այո՛, համախմբում՝ ընդդէմ զիջումի քաղաքականութեան: Հետեւաբար կը խորհինք, թէ ներկայ հանգրւանին Հայաստանը անել ու ճակատագրական կացութենէն դուրս բերելու ամէնէն ապահով միջոցը անցումի համազգային կառավարութեան մը կազմութիւնն է:
Կաղօթենք առ Բարձրեալն Աստւած, որ ամուր պահէ մեր հայրենիքը եւ անսասան՝ մեր արի ժողովուրդը: