Դաշնակցական Բեմ

Հայրենիքի փրկութիւնը կը հրամայէ ուժերու մէկտեղում եւ վերականգնումի գործադրելի ծրագիր

2026-ի սեմին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

«Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի…»

Դ. ՎԱՐՈՒԺԱՆ

 

2026-ի սեմին, մենք ալ՝ հայերս, աշխարհի ժողովուրդներուն պէս, կլանւած ենք մարդկութիւնը յուզող ու տագնապեցնող բազմաթիւ ողբերգութիւններու մէջ: Այդ ողբերգութիւնները ունին բազմաթիւ ընդհանուր խորագիրներ, ինչպէս՝ մահասփիւռ ու քանդիչ պատերազմներ, քաղաքական տհաս ղեկավարներու ձախաւերութիւններ, բնական աղէտներ, խաղաղութեան հետամտութեան փոխարէն՝ նոր պատերազմներու հնոցներու սարքում եւ այլն: Ամենէն ցաւալի ողբերգութիւններէն մէկն ալ այն է, որ մարդիկ, իյնալով այս կամ այն ստախօս քարոզիչին կամ խեղաթիւրող քարոզչական մեքենային ազդեցութեան տակ, յայտնապէս կորսնցուցած են ՃԻՇՏՆ ու ՍԽԱԼԸ իրարմէ զանազանելու կարողութիւնը, այն ալ աշխարհի մը մէջ՝ ուր ուսումն ու գիտութիւն-գիտելիքը հիմա շա՜տ աւելի հասանելի են, համատարած՝ քան տասնամեակներ, հարիւրաւոր տարիներ առաջ:

Նոր տարւան սեմին, բնական է, որ մարդիկ աւանդաբար պահ մը առանձնանան իրենց խորհրդածութիւններու սենեակին մէջ, փորձեն պատասխաններ գտնել սապիսի հարցումներու. աշխարհը հիմա ո՞ւր է, ուրկէ՞ հասաւ հոս, անցեալ մէկ կամ քանի մը տարիները դրական ու աւերիչ ի՞նչ «ներդրումներ» ունեցան մեր շոգեկառքին հոս հասնելուն մէջ, սակայն աւելի կարեւորը՝ ասկէ անդին ո՞ւր կերթանք… Փաստօրէն, անցեալը եղած-աւարտած է, անփոփոխելի է, որքան ալ որ մէկը – ո՛վ որ ալ ըլլայ ան – փորձէ պատմութիւն ու աշխարհագրութիւն վերախմբագրել, խեղաթիւրել եւ չեղածը իբրեւ եղած ներկայացնել, եւ՝ հակառակը:

Այս ու նման հարցումներու պատասխաններէն շատերը ծանօթ են, մեծ մասը՝ ակներեւ կերպով: Մեր այս սիւնակին նպատակը չէ մօտակայ եւ հեռաւոր գօտիներու մէջ պատահածներուն ծաղկաքաղը ընել, այլ այդ բոլորը իբրեւ խորապատկեր ընդունելով՝ կենտրոնանալ մեզ անմիջականօրէն մտահոգող, շահագրգռող վիճակներուն վրայ, որոնք կապ ունին մեր մայր հայրենիքին, անոր լինելութեան կապւած զարգացումներու – կամ նահանջներու – հետ:

Եւ քանի որ Հայաստան կը գտնւի Ազգային ժողովի ընտրութեան տարւան սեմին (անկախ անկէ, որ երկիրը շատո՜նց պէտք էր ձերբազատած ըլլար այս վնասաբեր իշխանաւորներէն), եւ իշխանութիւն թէ ընդդիմադիրներ մտած են ընտրական մրցավազքին մէջ, պէտք է լայնածիր ու արագ ակնարկով մը դիտենք իրականութիւնները եւ տեսնենք, թէ Դ. Վարուժանի «Պայքա՛ր, պայքա՛ր, պայքա՛ր երգեցի…» խօսքը որքա՞ն եւ ինչո՞ւ այժմէական է:

 

Քանի մը ընդհանուր նշում

Մեր՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի, մէկ խօսքով՝ համայն հայութեան դիմաց կանգնող մարտահրաւէրներուն դաշտը մտնելէ առաջ, պահ մը կանգ առնենք քանի մը ընդհանրական իրականութեան առջեւ, իսկ ընդհանրական ըսելով՝ ի մտի ունինք նա՛եւ Հայաստանի սահմաններէն անդին, շա՜տ անդին տարածւող տարածքներ, որոնց բեմերուն դիպաշարերը ուղղակի կամ անուղղակի աղերս ունին մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին հետ: Այդ դէպքերը չեն սահմանափակւած Ուկրաինայով կամ Միջին Արեւելքի սա կամ նա տագնապով, այլ, կրկնենք՝ կլանած են ամբողջ մարդկութիւնը:

Արձանագրենք մէկ քանի կէտ (անկարելի է սպառիչ ըլլալ), որոնց «ճառագայթումները» այլապէս տեսանելի են, պէ՛տք է տեսանելի ըլլան մեր աչքերուն եւ ուղեղներուն:

Ա. Աշխարհի տարածքին, երկիրներ ու ժողովուրդներ պատանդ բռնւած են, կամայ թէ ակամայ, մեծապետական հաշիւներու, այսինքն՝ «մեր գլուխներէն շա՜տ վերերը» սարքւող առեւտուրերու ոլորապտոյտին մէջ, որ կը հարկադրէ օժտւիլ իւրաքանչիւր երկրի, ցամաքամասի սահմաններէն անդին պատահարները տեսնելու եւ ճիշտ կշռադատելու ակնոցներով, կողնացոյցով: Անմիջապէս ըսենք, որ «մեծապետական» հասկացութիւնը ապրած է ի՛ր յեղափոխութիւնը, անպայման ՄԵԾ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ խաղերուն չի վերաբերիր, այլ անոնցմէ՛ ալ վեր կանգնող ուժերու: Եթէ տեսնենք այդ տարածքը, այսինքն՝ մեծ պետութիւններու «ամպերէն վեր» գտնւող տարածքները, կրնանք դիւրութեամբ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ որոշ պատերազմներ կը դառնան անվերջանալի (չեն նմանիր միջնադարուն տեղի ունեցած 30, 100 կամ այլ երկար տեւողութեամբ պատերազմներուն), ինչո՞ւ երէկի դաշնակիցներ դարձած են հակառակորդներ, մինչեւ իսկ ամէնէն ոխերիմ թշնամիներ հռչակւած երկիրներ բացայայտ կամ թաքուն գործակցութիւններ ունին, իբրեւ խորագիր ունենալով… ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՇԱՀԸ:

Հայաստանի դիտանկիւնէն, տեսողութեան դաշտի ընդարձակման հրամայականը (հորիզոնական եւ ուղղահայեաց գիծերու վրայ) շա՛տ աւելի շեշտւած է, որովհետեւ մենք կը գտնւինք հող ու հայրենիք կորսնցնելու վտանգին տակ, իսկ մեր սահմաններէն հեռու եռեւեփող «կաթսաներուն» խոհարարները (ինչպէս որ էր Խրիմեան Հայրիկի օրերուն), երբեք ալ շահագրգռւած չեն մեր պահանջներով, եթէ մենք չգտնենք յարմարագոյն շերեփները եւ զանոնք ի գործ դնելու ձեւերը:

Բ. Դրսեցին՝ դրսեցի: Եթէ մեր աչքերը կենտրոնացնենք «ներքին» կոչւած բեմին վրայ, բացայայտ է, որ այս իշխանութիւնը ԱՄԷՆ ՄԻՋՈՑԻ կը դիմէ եւ պիտի դիմէ, ապահովելու համար երկրի ղեկին իր տիրութիւնը: Սուտը, փաստացի եղելութիւններու խեղաթիւրումը,  տնտեսական-ընկերային ու այլ հարցերու ամբոխահաճ շահագործումը միայն մէկ մասնիկն են իր «գործիքներուն», որոնց կողքին կան իշխանութեան գրեթէ անսահման եւ անհակակշռելի միջոցները: ՔՊ-ապետը պատրաստ է զոհելու իր ամէնէն վստահելի գործակիցները, կրնայ սունկի պէս նոր կուսակցութիւններ ստեղծել կամ զինք գովաբանողներուն առջեւ ճամբայ բանալ, սակայն նման աճպարարութիւններ պէտք չէ գլխապտոյտ պատճառեն, որովհետեւ ան յաճախ դիմած է այս ձեւին: Իր կորստաբեր ընթացքին մէջ, ունի բազմաթիւ աջակիցներ. Եւրոպայէն վերջերս՝ դեկտեմբերի առաջին օրերուն հասած խոստում մը՝ ընտրութիւններուն ի նպաստ դրամական օգնութեան մասին (այսինքն՝ ազդելու «ներքին» ընտապայքարին վրայ), միայն մէկ մանր ապացոյցն է այս իրականութեան: Նո՛յնքան բացայայտ է, որ իշխանութեան համար, Հայաստանի-Արցախի ու մեր ժողովուրդին շահերը, պահանջները ոչինչ են, պատրաստ է շարունակելու իր այն առաքելութիւնը, որուն համար բերւած է ղեկին, կը պահւի հոն: Խմբապետին ու գործակիցներուն շահերը, պաշտօններու ըստ կամս բաշխումը-բաժնեկցութիւնը, շահակցութիւնը՝ գաղտնիք չէ շատո՜նց: «Խնամի-ծանօթ-բարեկամ» դրութիւնը՝ պաշտօնի շահագործումն ու մանաւանդ չարաշահութիւնները բարձրացած են աննախընթաց բարձունքի…: Գոնէ 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած աւելի քան հինգ տարիները բազմաթիւ փաստեր կուտակած են, հիմնաւորելու համար այս հաստատումները: Ու եթէ կար ժամանակ մը, երբ այս կորստաբերներուն ընթացքին համար չքմեղանքներ յառաջ կը քշւէին, թէ՝ «խեղճերը ի՜նչ ընեն, անփո՜րձ են», «ճամբայ ելած են լաւ նպատակով» (մինչեւ իսկ նախընթաց իրագործումները ջրելն ու «զեռօ կէտէն պիտի սկսիմ»ը պահ մը ընկալւեցաւ տհաս լաւատեսութեամբ), հիմա արդէն յստակ է, Արցախի յանձնումէն, Մինսկի խմբակին լուծարքէն ու Հայաստանէն ալ հողերու նւիրումէն ետք բացայայտ է, որ այս իշխանութիւնը կամովին գործիք ու գործակից է երկրին կորուստին, անմնացորդ լծակիցը՝ Հայաստանի ու հայութեան թշնամիներուն: Չմտնենք ծանօթ մանրամասնութիւններու մէջ:

Գ. Պէտք է մաշած-սպառած նկատել շարք մը «վարկածներ», ինչպէս՝ հիներ-նորեր, սեւեր-ճերմակներ, հին-նոր Հայաստան, Արցախը Ադրբեջանի պատկանած է, Արարատին հետ կապ չունինք, պահանջատիրութիւնը Հայաստանի բնակիչներուն հետ կապ չունի, իսկ ամէնէն ծիծաղելին՝ խաղաղութեան դարաշրջան մտած ենք (կ’ըսեն՝ մի՜ լսէք, մի՜ հաւատաք, թէ Թուրքիա եւ Ադրբեջան ինչպիսի՜ պահանջներ, նախապայմաններ եւ հայաստանաջինջ ծրագիրներ կը հետապնդեն բանիւ եւ գործով): Նման մաշած, բայց շահաւէտ, պահեստի դրամագլուխի ցանկին վրայ են Եկեղեցւոյ դէմ արշաւները, երկրի ուժային կառոյցներուն տկարացումը, տնտեսութեան, մշակութային  նահանջները (Արցախի մէջ փոշիացումները՝ այլ ողբերգութիւն), իսկ այն հարցումը, թէ ասոնցմէ ո՞րն է աւելի՛ մտահոգիչը՝  ունի մէկ պատասխան. բոլորն ալ հաւասա՛րապէս մտահոգիչ են, տարբեր մարզերու մէջ մեր կորուստներուն պատճառած ցաւերը մրցումի մէջ են իրարու հետ: Այս ընդհանուր պատկերին մէջ, պէտք է յստակօրէն տեսնել, թէ «այսինչը կը հաւնիմ, այնինչը չեմ հաւնիր, պէտք է քաղաքական դաշտէն հեռու մնայ» ու նման «նորոգւած գիւտեր» ինչպիսի՜ նոր պատուհասներու, բաժանումներու եւ անիմաստ մրցակցութիւններու կը տանին փրկարար ձեռքերը, կը ջլատեն, կը բթացնեն հայրենապաշտպաններու կարողութիւնները: Իսկ իշխանախումբին պետը չի ծածկեր, թէ պիտի աշխատի ի՛նք տնօրինել յաջորդ խորհրդարանի կազմը, եւ բնականաբար պիտի աշխատի (երկար ատենէ ի վեր կաշխատի) խորհրդարան մտցնել իրեն համախոհ կազմակերպութիւններ (անգլերէնով կայ Yes man հասկացութիւնը…), հեռացնել իր ձախաւերութիւնները քննադատողները, իր վնասաբեր քայլերուն ՈՉ ըսողները:

Դ. «Պայքա՛ր, պայքա՛ր…»ին անսացողները պէտք է իրազեկ ըլլան (շատեր գիտեն), որ մեր հայրենիքն ու ազգը ունին միայն մէկ ուղղակի թշնամի՝ Թուրքիա-Ադրբեջան զինակցութիւնը, համաթուրանականութեան երազը հետապնդողները: Հայաստանի մէջ անոր լծակիցները, իսկ «հզօրներու աշխարհ»ին մէջ նման ծրագիրներու համախոհները, քիչ թէ շատ կրաւորական դիրք բռնողները՝ այլ տարածքներ կը կազմեն, թւաբանական հաւասարութիւններու դիտանկիւնէն՝ փոփոխելի-փոփոխական են: Ուրեմն, պէտք է մարտավարութիւնն ալ մշակւի այս գիտակցութեամբ, այս շրջահայեացութեամբ: Երէկի բարեկամներ ու զօրակիցներ հիմա ձեռնածալ են (ձրի պատրւակ շահած են) նա՛եւ այն պատճառով, որ նոյնինքն Հայաստանի իշխանութիւնը, յիշեալ պատճառներով, կը խափանէ օգնութեան ձեռք երկարողներուն գործը (եւ ճիշտ չէ այն, որ նախորդ փուլերուն, հայ քաղաքական միտքն ու ձեռքը միայն հով քաղած է): «Չլացողին կաթ չեն տար»ը մասնակիօրէն, միայն մասա՛մբ ճիշտ է այս պայմաններուն մէջ:

Ե. Ահա թէ ինչո՛ւ կը կրկնւի ու պիտի կրկնւի այն ճշմարտութիւնը – հոս կրկին արձանագրենք զայն – որ մեր, այսինքն՝ հայրենիքի հողն ու շահերը, ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանողներուն ԲՈԼՈՐ ՁԵՌՔԵՐՈՒՆ միացումը անյետաձգելի պահանջ է, զիրար դրժելու, զիրար նսեմացնելու կամ հրապարակէն դուրս հրելու, ընդդիմադիրներու դաշտէն քւէ «գողնալու» փորձերը՝ մերժելի եւ ու վնասարար, ջուր կը լեցնեն, ուղղակի թէ անուղղակի կերպով, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար՝ իշխանական խումբին ջաղացքին: Տակաւին կայ այն վտանգը – զոր պէտք է դիմագրաւել ու յաղթահարել նոյնպէս միացեալ ճիգով -, թէ մեր լաւագոյնը մէկտեղելով իսկ, մենք մեզ պիտի գտնենք գերիվեր հակադարձութիւններու դիմաց, ինչ որ յաճախ կը տարազւի «անկարելի առաքելութիւն» եզրերով: Հոս ալ ի զօրու կը դառնայ Դ. Վարուժանի ճակատագրակից պայքարողի մը՝ Սիամանթոյի մէկ արտայայտութիւնը. «Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»: Այս տողերը չենք յիշեր զգացական տրամադրութիւններով, այլ մեր ու ճակատագրակից այլ ժողովուրդներու ապրւա՛ծ փորձառութիւններուն հիմամբ:

Զ. Կարեւոր մանրամասնութիւն մըն ալ. լիովին չտարւիլ ու չհրապուրւիլ այս կամ այն օտար պետական կամ կրօնական առաջնորդին «նպաստաւոր» դատւած յայտարարութենէն, ո՛չ ալ՝ հակառակը: Նման յայտարարութիւններ կրնան յետին հաշիւներ պահել իրենց ծալքերուն մէջ: Օրինակներ թւելը պիտի երկարէ այս բաժինը: Կարեւորը՝ մնայուն զօրակցութիւն ապահովելն է, մէկուն ըրած նպաստաւոր յայտարարութեան «յետեւէն վազել»ն ու զայն հաշւետւութեան կաչելն է՝ երբ նկատւի որ ան ետքայլ կընէ կամ կը դառնայ կրաւորական դիտող: Այդ ընելու համար կան բազմաբնոյթ շերեփներ…:

Թւումը չերկարենք: Մէկ խօսքով, մեր դիմաց կան լեռնակուտակ մարտահրաւէր, անխուսափելի հրամայականներ: Մեկնա՞րկը: Միացնել բոլոր ձեռքերը, լուսանցքի վրայ նետել մինչեւ իսկ ամէնէն սուր տարակարծութիւններն ու հակադրութիւնները, ի մի բերել բոլորին կարողականութիւնները, մասնագէտներու ՍԵՐՈՒՑՔԸ, մարմնաւորել բազմաճիւղ ու բազմայարկ աշխատանքի ծրագիր մը, որուն իրականացումը հետապնդելով՝ կարենանք յաղթահարել մեր հայրենիքին նօսրացման եւ բնաջնջման միտող բոլոր դաւերը, չէզոքացնել գործադրողները: Այս մտածումը կարելի է պատկերացնել իբրեւ «համախոհ հակառակորդներու միջեւ կառավարական դաշնակցութիւն կազմել» բանաձեւով: Սա սոսկական բաղձանք կամ երազ չէ, ունինք պատմական վկայութիւններ:

 

Համախմբող ծրագիր     

Ազգային ժողովի ընտրութիւնները նախատեսւած են տարւան կիսուն, երբ շատո՜նց մեր ետին թողած պիտի ըլլանք արցախեան աղէտալի պատերազմները (2020 եւ 2023), երբ պատմական հայրենիքի անբաժան մէկ մասը կորսնցուցինք (չենք մոռնար Նախիջեւանը, Արեւմտեան Հայաստանը, Կիլիկիան եւ այլ հայապատկան հողեր). կայ հարիւր-հազարաւոր բռնագաղթւածներու տագնապը «մարսել» փորձող Հայաստանը (տասնեակ հազարաւոր արցախցիներ լքած են Հայաստանը…), որ այլապէս հողային կորուստներ ունի եւ նորեր ալ կրնան հասնիլ շուտով, միաժամանակ՝ կը դիմագրաւէ տնտեսական նահանջի, ընկերային, մշակութային յաւելեալ կորուստներու վտանգները:

Ընտրապայքարի դաշտը բացած են ՔՊ-ական իշխանութիւնները, կուզեն, կրկնենք՝ պահել աթոռները՝ իրենց անվիճելի կորուստներն ու պատուհասները «մարսողականներով» եւ ստապատիր յօրինւածքներով հրամցնելով ժողովուրդին, կը փորձեն քողարկել թշնամիին սիրայօժար գործակատարի իրենց դերակատարութիւնը: Ընդդիմադիր ճակատը լաւ գիտէ, թէ այս իշխանութիւնը պիտի փորձէ իր առաջադրանքը իրականանցել առաւելաբար ապօրինի միջոցներով, ինչպէս ըրած է համապետական եւ շրջանային նախընթաց ընտրութիւններուն. տեղ-տեղ ձախողած է, ուրեմն դիմած է բռնամիջոցներու՝ ընտրեալներու բանտարկութիւն, սպանութիւն, անհիմն հալածանքներ, յերիւրածոյ մեղադրանքներ եւ այլն: Այս կործանարար ընթացքը՝ դաժան իրականութիւնները զանգւածին ցոյց տալու ճիգերը չհասան սպասւած արդիւնքին:

Ընդդիմադիր ճակատ ըսելով՝ ի մտի չունինք միայն խորհրդարանական ընդդիմութիւնը, այլ բոլոր անոնք, ներառեալ՝ Եկեղեցին, որոնք կը տեսնեն եւ կողբան կորուստները: Իշխանութիւնը բացած է իր խաղաքարտերուն մէկ մասը: Չմանրամասնենք: Ընդդիմադիրները կործանարար ճշմարտութիւնը իբրեւ ահազանգ կը հնչեցնեն տարիներէ ի վեր, ամէ՛ն օր: Եւ թող ո՛չ ոք մտածէ, թէ շարւած մտավախութիւնը անհիմն է: Փաստը այն է, որ ընդդիմադիրներուն ԲՈԼՈՐ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ մէկ առ մէկ ու փուլ առ փուլ իրականութիւն դարձած են, նմանապէս՝ թուրքին ու ազերիին նախապայաններուն, պահանջներուն իրականացումը. վիճելի չէ, որ զանոնք մոռացութեան մատնելու իշխանաւորներու «մարտավարութիւնը» սնանկ է: Ընտրող զանգւածը կը կանգնի կորուստներուն ծանրութիւնը խորաչափելու եւ ըստ այնմ՝ քւէատուփ երթալու հրամայականին դիմաց: Ասիկա ինքնաբերաբար չըլլար, այլ բացայայտ է, որ ընդդիմադիրները հոսանքն ի վեր թիավարելու Հերակլէսեան (Հերքիւլեան) աշխատանք ունին:

Այս ոլորտներուն մէջ չենք նախընտրեր երկար դեգերիլ, որովհետեւ այս ուղղութեամբ, ինչպէս նշեցինք, հետեւողական եւ ժամը-ժամուն աշխատանք կը տարւի: Հետեւաբար, փորձենք անցնիլ իսկապէս էական հարցերու դաշտ, տեսնելու՝ թէ ի՞նչ նախադրեալներ պէտք է ամբողջանան ՔՊ-ականներու հեռացման համար (ըսել չենք ուզեր թէ չկան, մեր խօսքը համալրումի մասին է):

 

Համախմբող ծրագիր եւ կառավարութիւն

Կենսական է, որ յաջորդ իշխանութիւնը ձեւաւորւի ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ եւ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ, ապա նաեւ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ համապարփակ ծրագիրի մը հիմամբ, որուն մէջ, անհատներէ աւելի՝ առնւելիք քայլերուն մանրամասնութիւնները նկատի առնւին եւ մշակւին մասնագիտական մակարդակի վրայ: Ծրագիր մը ՀԵՌԱՀԱՍ է, անհատները անմահ եւ մնայուն չեն, որքան ալ որ երախտաւոր եւ բամիմաց-մասնագէտ ըլլան: Կենսական է, որ ընտրողը տեսնէ, թէ առաջադրւելիք ՄԻԱՑԵԱԼ ԾՐԱԳԻՐԸ պիտի չմնայ սոսկական խոստում, ո՛չ ալ անոր տէրերը պիտի ընեն խոստումներուն հակառակը, այլ գիտակից զանգւածին հետ ձեռք-ձեռքի՝ պիտի անցնին գործադրութեան:

Կուզնեք մասնաւորել կարեւոր կէտ մը. Հայաստանի (նաեւ բազմաթիւ այլ երկիրներու) քաղաքական դաշտին մէջ, սովորութիւն դարձած է ԱՆՀԱՏՆԵՐ դրւատելու կամ վատաբանելու ընթացքը: Սա ուշագրաւ կը դառնայ, եթէ հարցին մօտենանք հետեւեալ անկիւնէն: Ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ Փաշինեան մը (կամ Թրամփ մը, Մաքրոն մը կամ այլք) մէկ օրէն միւսը չքանայ հրապարակէն (չենք ցանկար որ մեռնին, սակայն կեանքի մէջ ամէն բան հաւանական է, չէ՞): Է՞, լա՞ւ, անոնց հեռնալով, ամէն բան կը փոխւի՞: Նոյնինքն Հայաստանի իրականութիւնները կու տան փաստացի պատասխանը. անձերու շուրջ եւ անհատներով պայմանաւորւած որոշ «երթեր» մնացած են անվաղորդայն, իբրեւ կուսակցութիւն ճանչցւածներ՝ նսեմացած ու նօսրացած: Եւ ահա հոս է որ ի յայտ կու գայ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ծրագիրի մը պահանջը, հրամայակա՛նը, առանց անտեսելու անհատներու դերն ու արժէքը: Հաւաքական ներդրումով կազմւած ծրագիրը ո՛չ միայն աւելի՛ մնայուն կըլլայ, այլ զայն իրականացնողն ալ սոսկական անհատ մը չըլլար, այլ՝ նոյնինքն զայն ի մի բերողները, հոգ չէ թէ անոնք այլապէս ունենան մեծ ու փոքր հակադրութիւններ: Այս դիտանկիւնէն ալ, «տեսէք թէ ես անցեալին ինչե՜ր ըրած եմ» մտածելակերպը պէտք է փոխարինւի՝ «տեսէ՛ք թէ մեր կարողութիւնները միացնելով ինչե՛ր կրնանք ընել, հայրենիքը ինչպէ՛ս պիտի փորձենք փրկել»ով: Աւելի յստակ՝ պէտք է տեսնել, որ ընդդիմադիր ճակատին մէջ «ներքին նետարձակումներու» սովորութիւնը պէտք է մեկդի դնել, այս պայմաններուն մէջ, նման «ժողովրդավարութեան խաղեր» պերճանք ալ չեն…

Կառավարութեան յաջորդ կազմը, հետեւաբար նաեւ զայն յառաջացնելու պարտականութիւնը ունեցող խորհրդարանը պէտք է մարմին ստանան ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԷ, ըլլան քաղաքական, դիւանագիտական, պաշտպանական (բանակ, ոստիկանական, սահմանապահ ուժեր), տնտեսական, մշակութային, ընկերային եւ այլ հարցերու հմուտ գործիչներ, եւ ո՛չ թէ պարզապէս այս կամ այն կուսակցութեան կամ դաշինքին վկայականը ունեցողներ, ինչպէս որ են ՔՊ-ական երեսփոխաններն ու նախարարները, կառավարական համակարգին մէջ բերւածներուն կարեւոր մէկ մասը: (Անցեալին, նման գործելաձեւ ա՛յսքան աղէտալի հետեւանքներ չէ ունեցած):

Յաջորդ իշխանութիւնը, ԱՆՊԱՅՄԱՆ ձերբազատած՝ ՔՊ-ականներէ եւ անոնց՝ թշնամիին հաճոյանալու քաղաքականութեան հաւատարիմ կիրարկողներէ՝ իր դիմաց պիտի ունենայ անկարելի թւացող առաքելութիւններ, սակայն պէտք է օժտւած ըլլայ անկարելին կարելի դարձնելու կամքով, այսինքն՝ «պայքա՛ր, պայքա՛ր…»ի կամքով:

 

Մարտահրաւէրներ՝ ի՞նչ դաշտերու մէջ

Կարժէ, որ արագ թւում մը կատարենք «անկարելի առաքելութեան» կոչւողներուն ճիտին իյնալիք գործերուն, մարտահրաւէրներո՛ւն, որոնք համահաւասար չափով առաջնահերթ են: Այս մասին յախաճ խօսւած է, քննարկումներ եղած են մաս առ մաս, փորձենք ըստ կարելւոյն ի մի բերել առաջադրանքները:

ՀՈՂԵՐՈՒ ՎԵՐԱՏԻՐԱՑՈՒՄ. Մեր ապրած մեծագոյն ողբերգութիւնը, բազմահազար կեանքերու անվերադարձ կորուստին կողքին, հողային կորուստներն են, որոնք վերականգնելի են: Հոն կան քանի մը խորագիրները. կայ Արցախը (հարցին բոլոր երեսներով), կան Հայաստանէն խլւած հողամասեր (պաշտօնապէս՝ 240 քառ. քլմ, իսկ իրականութեան մէջ՝ շատ աւելի լայն տարածքներ, մանաւանդ ռազմավարական կարեւորութեամբ բարձունքներ), որոնք իրողապէս ինկած են ազերներու վերահսկողութեան տակ, կան իբրեւ թէ «փոխանակելի» հողամասեր՝ «կղզեակներ»ը, կան «Արեւմտեան Ադրբեջան» եւ «Զանգեզուրի միջանցք» ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ տակ գտնւող հողեր, որոնք ՔՊ-ականներու իշխանութեան շարունակման պարագային, պիտի անցնին կորուստներու ցանկին՝ «սահմանազտում» խաբկանքին ճամբով, մինչեւ Հայաստանի… սպառումը: Եթէ յիշեալները ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ վերականգնելիներու ցանկին վրայ են, կարելի չէ անտեսել մեր ԲՈԼՈՐ ՀՈՂԵՐՈՒՆ տիրութեան, պահանջատիրութեա՛ն իրաւունքը: Ըսել կուզենք, լիարժէք ծրագիրը պէտք է ունենայ անմիջական եւ աւելի հեռու ապագային իրականացւելիք  բաժիններ:

ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՁԵՌՔԵՐ. Նոր իշխանութեան առաջնային պարտաւորութիւններէն մէկը՝ երկրի պաշտպանական ձեռքերուն վերստին հզօրացումն ու հայրենիքին ծառայութեան լծումն է, զանոնք հեռու պահելով իշխանաւորներու, մասնաւորապէս անոր պետին պահպանման ճղճիմ գործէն, սեփական ժողովուրդին դէմ յարձակումներու դաշտերէն: Պաշտպանական դաշտին մէջ, բանակին, ոստիկանական ուժերու, սահմանապահներու, անվտանգութեան ծառայութիւններու գործունէութեան ու առաքելութեան ամբողջ մտածողութիւնը պէտք է վերատեսութեան ենթարկւի: Բանիմաց զինւորականներու զինւորագրումը, պաշտօնի կոչումը անյետաձգելի են: Այս ծիրին մէջ, բանգէտ նախարարի մը եւ կարող սպայակոյտի մը պահանջը ակներեւ է: Ինչպէս այլ բնագաւառներու, նոյնպէս ալ հոս, Հայաստան զուրկ չէ կարող եւ փորձառու զինւորականներէ, փաղանգներէ:

ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՋՆՋՈՒՄ. ՔՊ-ականները իշխանութեան եկան աներեւակայելի «տեսլականով» մը. աւելի քան 7.5 տարւան փորձառութենէ ետք, տեսանք, թէ անիկա իրականացաւ ժողովուրդին մէջ բաժանւածութիւն, փոխադարձ ատելութեան մթնոլորտ սերմանելով: Պէտք է ցոյց տալ, որ չկան նախկիններ ու նորեր, որոնք պէտք է ատելութեամբ վերաբերին իրարու հետ: Տեսակէտներու տարբերութիւնը, այլակարծութիւնը որեւէ մարդու, ժողովուրդի բնական իրաւունքն է, մինչեւ իսկ եթէ կայ ԲՌՆԱՏԻՐԱԿԱՆ դրութիւն: Եթէ որոշ «դասակարգ մը» (կրնար կնքւիլ այս կամ այն պիտակով) սխալներ ըրած է, վնաս բերած, պէտք է արդար եւ օրինական միջոցներով հաշւետւութեան բերւի, եւ ո՛չ թէ տիրապետող դառնայ այն գործելաձեւը, որ օտար (անգլերէն) խօսքով մը լաւագոյնս կը բացատրւի. «Եթէ կուզես շուն մը սպանել, վատ անուն մը տուր անոր» (If you want to kill a dog, give him a bad name): Ատելութեան ալիքներէն պէտք է զերծ պահել նա՛եւ Սփիւռքը, զայն լծակից պահել հայրենիքին, ինչպէս որ էր այս իշխանաւորներու «դարաշրջանէն» առաջ, միաժամանակ լծակից ըլլալ անոր հարցերուն, դիմագրաւած դժւարութեանց դարմանումին:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՇՏ. Սա ընդարձակ եւ խորքին մէջ՝ անպարագիծ կալւած մըն է, բաւականանաք քանի մը հիմնական կէտերով: Առաջին հերթին՝ Սահմանադրութեան ու անոր կենսական կէտերուն պահպանումը: Որեւէ երկրի մէջ, Սահմանադրութիւնը չի նկատւիր անհպելի, անփոփոխելի գիր. ըստ պատմական եւ այլ նորութիւններու, սահմանադրութիւններ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԹԵԱՆ կենթարկւին, կը վերամշակւին, սակայն հիմնական սկզբունքներ կը պահպանւին, կը դասւին անհպելիներու ցանկին: (Թող Ֆրանսիայի հինգ հանրապերութիւններու սահմանադրութիւնները ուսումնասիրողները մեզի ըսեն, թէ հոն ի՞նչն է փոխւած-փոփոխական, եւ ինչե՞ր՝ անհպելի, նոյնը՝ ժողովրդավարութիւն կիրարկող այլ երկիրներու մէջ): Հայաստանի Սահմանադրութիւնն ալ ենթակայ եղած է ու կրնայ ըլլայ բարեփոխութիւններու, սակայն կարելի չէ զայն ՎԵՐԱԽՄԲԱԳՐԵԼ, աւելի՛ն, եղածը ծովը նետել ու նոր սահմանադրութեան մը հետամուտ ըլլալ, եթէ նորին ճամբով մոռացութեան պիտի տրւին ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ, ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ նախադրեալները, Արցախի իրաւունքները (Մինսկի խումբին չեղարկումը պէտք է… չեղարկել): Աւելի կարեւորը՝ որեւէ փոփոխութիւն չի կրնար կատարւիլ՝ թշնամիէն թելադրւած պայմաններու ընթացք տալով: Պէտք չէ մոռնանք, որ նոյնինքն Ադրբեջան պահանջ դրած է որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկւի եւ անկէ հանւին այնպիսի բաժիններ, որոնց վրայ հիմնւած են անկախութիւնն ու իրաւատիրութիւնը (մէկ ալ պահանջ է Եկեղեցւոյ ջլատումը): ՔՊ-ականները, որքան ալ փորձեն չընդունիլ այս իրականութիւնը, բանիւ եւ գործով լծւած են այդ «առաքելութեան», կը խոստանան, իշխանութեան վրայ մնալու պարագային, հանրաքւէով մը իրականացնել ազերիական այդ նախապայմանը եւս:

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ. Անկախ անկէ, որ այս դաշտին մէջ ալ պէտք է ՀԱՍԿՑՈՂՆԵՐ, փորձառու մասնագէտներ բերւին ճիշտ տեղերուն մէջ, այս պարագային՝ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ յարակից համակարգին մէջ (ծանօթ խօսք է՝ «ճիշտ մարդը ճիշտ գործին համար»ը, եւ սա՝ աշխատանքի բոլոր մարզերուն մէջ), պէտք չունինք կրկնելու, թէ դեսպաններու, մինչեւ իսկ արտաքին գործոց նախարարներու նշանակումը կը կարօտին մտածողութեան եւ վերադասաւորման համապատասխան մօտեցումի, մի՛շտ հաշւի առնելով Հայաստանի ու մեր ժողովուրդի շահերը, իրաւունքները: Առաջնակարգ եւ երկրորդական պաշտօններու վրայ լաւագոյն բանիմացներու նշանակման զուգահեռ, այս համակարգը վիթխարի առաքելութիւն մը ունի. նախ՝ վերականգնել դիւանագիտական քայքայւած համակարգը, վերակառուցել յարաբերութիւններու կամուրջները՝ բարեկամներու եւ նւազ բարեկամներու, բայց նաեւ (եւ սա շատ կարեւոր կէտ է) չէզոք մնացողներու հետ: Մինչեւ իսկ թշնամիներուն հետ յարաբերութիւններու դաշտը պէտք է վերամշակել՝ զայն տարածելով Հայաստանի շահերուն եւ իրաւունքներուն պաշտպանութեան տեսլականով: Դեսպաններ եւ դիւանագիտական այլ մակարդակի ներկայացուցիչներ պէտք է զգան, որ իրենք զբօսաշրջութեան համար չեն ղրկւիր տարբեր երկիրներ, այլ պետութեան մը, ժողովուրդի մը շահերուն ներկայացուցիչներն են: Դիւանագիտութեան դաշտին մէջ, կայ «ներքին» մարզ մը, որ ընդհանրապէս անտեսւած, մոռցւած է, թէեւ ընդդիմադիրներ երբեմն յստակ քայլեր կառնեն: Սա՝ օտար դեսպաններու հետ յարաբերելու եւ գործակցելու մարզն է: Հայաստան եկած դեսպանները եւ այլ ներկայացուցիչներ պէտք է դառնան թիրախ՝ երբ անոնց պաշտօնավարութեան մէջ անբաւարարութիւն կը տեսնւի: Նախարարութեան եւ դիւանագիտական անձնակազմի պարտականութիւններէն մէկն ալ՝ Հայաստանի պահանջներն ու իրաւունքները, Հայաստանի՛ ու հայութեան, նա՛եւ արցախցիներուն դէմ անարդարութեանց՝ օտար դեսպաններուն յիշեցումն է ու հաշիւ պահանջելը, հաշիւ՝ իրենց ներկայացուցած երկիրներէն, որոնցմէ ոմանք մոռցած են, որ դասւած են Հայաստանի բարեկամ-պաշտպանի ցանկին մէջ: Օտար դիւանագէտներու իւրաքանչիւր շարժումը պէտք է պահւի հսկողութեան տակ, շեղողը սաստի ենթարկւի, յոռեգոյն պարագային, հռչակւի անբաղձալի անձ եւ վտարւի երկրէն: Անցեալ տարիներուն, այս պահանջը քանի՜-քանի՜ անգամ զգալի դարձած է, սակայն իշխանութիւնները վարւած են այնպէս, թէ իրե՛նք են օտարներուն կամակատարը, հաշիւ տւողը: Ի դէպ, նախորդ իշխանութիւններու օրով ալ, այս ընտրանքը լուսանցքի վրայ մնացած է:

Դիւանագիտական ասպարէզի տարածքին մէջ, եկէ՛ք, պահ մը կանգ առնենք յարակից դաշտի մը առջեւ, որ կը կոչւի ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: Հայաստանի կառավարութիւնը, մասնաւորաբար արտաքին գործոց նախարարութիւնը (չխօսինք այլասերած-կամակատար՝ Սփիւռքի յանձնակատարին մասին) բոլորովին անտես թողած է հսկայական ուժականութիւն, մինչդեռ, տարբեր միաւորներու, մասնաւորաբար Հայ Դատի գրասենեակներուն հետ գործակցութեան խորացումով, կազմակերպումով՝ կրնայ մեր պահանջներուն հետապնդումը տարբեր տարածքներու հասցնել (հիմա եղածն ալ կը ջլատւի, ականատես եղանք մինչեւ իսկ արտաքին գործոց նախարարին՝ հազւադէպ ճիշտ կեցւածքները փոշիացնող վարչապետին ու այլ ՔՊ-ականներու «խրոխտ» կեցւածքներուն): Հոս կայ պատասխանատւութեան բաժին մը, որ կանցնի կառավարութեան ու նախարարութեան շրջագիծէն անդին: Այդ՝ նոյնինքն Սփիւռքի, աշխուժութիւնն է, կացութեան համապատասխան՝ ուժեղ քայլերու, նախաձեռնութիւններու դիմելու ունակութիւնը, կարողութիւնը. ընդունինք, որ Սփիւռքը կարծէք թէ որոշ թուլացում եւ նահանջ արձանագրած է այս առաքելութեան ճամբուն վրայ: Եթէ միայն յիշենք, որ Սփիւռքը ինչպիսի՛ ուժգնութեամբ եւ ազդեցութեամբ հակազդեց «ֆուտբոլային քաղաքականութեան» ու փրոթոքոլներուն, արդէն յստակ դարձուցած կըլլանք մեր մտահոգութիւնը: Ճիշտ է, որ արցախեան ծանրակշիռ օրերուն, շօշափելի եւ ազդու շարժումներ արձանագրւեցան, սակայն, բացի որոշ «լճակներէ»՝ Սփիւռքի ովկիանոսը կարծէք թէ միացած է դիտող-հանդիսատեսի փաղանգներուն (կան, անշուշտ, «ազգընտիր»ին վնասարար քայլերը հաշտ աչքով դիտող… կոյրեր): Այս դաշտին մէջ, յատուկ կարեւորութիւն ունի Հայաստանի (իշխանութիւն եւ ժողովուրդ) ու Սփիւռքի միջեւ կամուրջներու, լծակցութեան, գործակցութեան վերականգնումը: Եթէ Սփիւռքի յատուկ նախարարութիւն մը դժւար է վերականգնել, կարելի է մտածել այլ ընտրանքներու մասին, այս բաժանմունքը աւելի գործօն եւ նպասակասլաց դարձնելու համար (Լիբանանի մէջ նախարարութիւն մը կը կոչւի ԱՐՏԱՔԻՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔՑԻՆԵՐՈՒ նախարարութիւն):

***

Մեր այս քննարկումն ու մօտիկ ապագայի պատկերացումները կրնանք շարունակել երկար, սակայն կը բաւականանանք յաջորդ իշխանութենէն այլ մարզերու մէջ սպասւածներուն արագ թւարկումով:

Այդ կալւածներուն խորագիրներն են ԱՐԴԱՏԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆԸ, ՄՇԱԿՈՅԹԸ, ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ, ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐԸ (որուն մէկ երեսին անդրադարձանք քիչ առաջ), մէկ խօսքով՝ բոլոր այն կալւածները, որոնք կերաշխաւորեն ԵՐԿԻՐ հասկացութեան գոյատեւումը, բարգաւաճումը, հողային եւ այլ իրաւունքներու կենսագործումը: Արդարադատութեան մարզը՝ դատարաններէն ու իրաւաբանական համակարգէն սկսելով, կը կարօտին հիմնական վերականգնումի (նոյնը ըսինք դիւանագիտական եւ պաշտպանական դաշտին մասին): Պէտք կա՞յ յիշեցնելու, որ Արդարադատութիւնը իշխանութեան երեք հիմնական թեւերէն մէկն է, անկախ, եւ չի կրնար հետեւիլ «Հայաստանի մէջ չկայ դատաւոր մը, որ իմ (Փաշինեանի) կամքին հակառակ շարժի» ան-տրամաբանութեան: Մշակոյթի կալւածը բազմադաշտ է. կան ուսումնական ծրագիրներու դաշտը (պատմութիւն, լեզու, գրականութիւն, աշխարհագրութիւն…), իսկ դպրոցի պատերէն անդին՝ մշակութային միաւորներու եւ հայատիպ պատկերի վերականգնումի պահանջը: Այս ծիրին մէջ առանձնացնենք ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ պարագան, եւ բաւականանանք աւելցնելով, որ Եկեղեցւոյ դէմ արշաւներն ալ պէտք է դիտւին անհատներու շրջագիծէն անդին, որովհետեւ ականատես ենք, որ անհատ կրօնաւորներու ուղղւած հարւածները, սպառնալիքները՝ հարւած են նաեւ մեր ամբողջ ժողովուրդին, պետութեա՛ն, ներառեալ Հայաստան-Սփիւռք կամուրջներուն: Իսկ երբ կը խօսինք Եկեղեցւոյ դիրքին լիարժէք վերականգնումին մասին, չենք կրնար աչքաթող ընել (մշակութային պարունակէն անդին՝ քաղաքական տարածքին մէջ) հայկական յարանւանութիւններո՛ւն դերակատարութիւնը: Հոն ալ զգալի է կրաւորականութիւն մը, «մեր հարցը չէ, մեր գործը չէ»ի տպաւորութիւն մը: Հայրենիքի փրկութիւնը ԲՈԼՈՐԻՆ դիմաց կանգնող մարտահրաւէր է: Նոյն մօտեցումով ալ, մեր ժողովուրդը արդար սպասում ունի ՄՇԱԿՈՅԹ հասկացութեան հետ աղերս ունեցող բոլոր ասպարէզներու ծառայողներէն, անոնք ըլլան գրող, երաժիշտ, քանդակագործ-նկարիչ, գիտնական, դասախօս, բժիշկ կամ այլ: Պէտք է յիշենք, որ Արցախեան Շարժումի մեկնարկին մէջ, տարբեր կալւածներու մէջ հեղինակութիւն վայելող անձնաւորութիւններ ինչպիսի՛ դեր ունեցան, դարձան Շարժումը առաջնորդող յառաջապահներ: ՄՇԱԿՈՅԹի յիշեալ եւ այլ կալւածներու գործիչները, «ներքին»ին կողքին, ունին նաեւ «արտաքին» գործ, դիւանագիտականին զուգահեռ՝ կապեր ստեղծել այլ երկիրներու համապատասխան կալւածներուն մէջ գործողներուն հետ, ամրացնելով պետութեան – եւ ոչ միայն հայրենապաշտպան անհատներու – հիմերը: Այսօր մոռցւած է, թէ խորհրդային տարիներուն, հայ գրողներ, արւեստագէտներ ու գիտնականներ, մինչեւ իսկ մարզիկներ ինչպիսի՜ գործօն դեր խաղացած են ի շահ Հայաստանին: Փաստագրւած է, որ անոնք գտած էին կարմիր Մոսկւայի ճշտած «սահմաններէն» անդին երթալու ձեւերը…:

 

Եզրակացութեան փոխարէն

Այս սիւնակին մէջ մեր արձանագրած նշումներն ու ակնկալութիւնները մեծ մասամբ նորութիւն չեն: Այս կէտերը ներկայացնելով (չարձանագրւածներուն մասին հետեւութիւնները կը թողունք ընթերցողին), փորձեցինք ներկայացնել կարգ մը դաժան իրականութիւններ, որոնց յաղթահարումն ու դարմանումը կը կարօտին ԲՈԼՈՐ ՈՒ ԲՈԼՈՐԻՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ       մէկտեղող ծրագիրի մը, յաջորդ կառավարութեան համար մշակւելիք «ճամբու քարտէզ»ի մը, որուն կենսագործումը ճիտին պարտքն է բոլորին, ներառեալ, կրկնենք՝ Սփիւռքին:

«Պայքա՛ր, պայքար, պայքա՛ր»ը պիտի տարւի քանի մը գիծի վրայ. ներքին գետիններու վրայ՝ ընդդէմ թշնամիին ստրուկը դարձած եւ ազգն ալ ստրկացման տանող իշխանաւորներուն, գիտնալով որ անոնք ունին չափազանց լայն միջոցներ եւ դուրսերէն օժանդակողներ: Կան ասոնց քարոզչութեան ստրուկները: «Ներքին»ին ծիրին մէջ կը դիտենք Սփիւռք(ներ)ը…: Իսկ արտաքին գետիններու վրայ, ինչպէս նշեցինք արդէն, կան Թուրքիա-Ադրբեջան զինակցութիւնը, անոնց ծրագիրներէն շահեր ապահովողներն ու ցանկացողները (Ադրբեջան վերջերս կը փորձէր եւրոպացիները ներգրաւել «Թրամփի ճամբու» ծրագիրներուն մէջ), եւ որքա՜ն կարեւոր է բարեկամ-թշնամիներուն, նոյնքան ալ՝ թշնամի բարեկամներուն ճիշտ գնահատումը:

Հիմա, երբ ընտրապայքարի դաշտը կը բացւի այս կամ այն ձեւով, մասնաւորաբար իշխանախումբին սուտ քարոզչութիւններով եւ ընտրողները ուղղակի եւ անուղղակի ձեւերով կաշառելու ճիգերով, աւելի քան հրամայական է ընդդիմադիր խմբաւորումներուն՝ իրենց ուժերուն ճիշտ գնահատումը եւ զանոնք ԱՐԴԻՒՆԱՒՈՐ մէկտեղումը: Ընտրապայքարը պէտք է հունաւորւի այնպէս՝ որ հայրենապաշտպաններու քւէները չչէզոքանան, չփոշիացնեն մէկզմէկու քւէն, այլ ի սկզբանէ ճամբայ ելլէ ՈՒԺԱԿԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ (քոալիսիոն) մը երաշխաւորելու մօտեցումով(*): Պէտք է ընդունինք, որ բազմաթիւ կուսակցութիւններու գոյութիւնը ձեւով մը քաղաքական աշխուժութիւն ցոյց կու տայ, մաս կը կազմէ ժողովրդավարութեան խաղին, սակայն նոյնքան ալ պէտք է ընդունինք, որ նոյն նպատակին ձգտող միաւորները պէտք է ճիշտ պահուն որոշեն իրենց ձայները տալ այն ուժերուն, որոնք աւելի մեծ հաւանականութիւն ունին մրցավազքէն յաղթական դուրս գալու եւ կազմելու ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ԱՏԱԿ վարչակազմ մը: Պէտք չէ մոռնալ, որ հայրենիքի փրկութեան եւ վերականգնումի պայքարի դաշտը շատ ընդարձակ է. վարչապետի, նախարարներու եւ նման պատասխանատուներու կողքին, Հայաստան պէտք ունի անհամար թիւով գործակիցներու, տարբեր աստիճանի զինւորներու: Ընդդիմադիր խմբաւորումներուն առաջնահերթ պարտաւորութիւններէն մէկն է ի սկզբանէ յստակ դարձնել յաջորդ գործադիրին եւ օրէնսդիրին դիմագիծը, ընելիքն ու զայն իրականացնողներու ուրւագիծը: Կարեւոր է նաեւ հեռացնել այն մտածումը, թէ անկարելիին նժարը շատ ծանր է, մեր լաւագոյնն իսկ պիտի չբաւարարէ կորուստներուն եւ վնասներուն վերականգնումը: Պէտք ունի՞նք յիշեցնելու, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչները, ապա նաեւ նոյնինքն Արցախեան Շարժումի առաջնորդները կը գտնւէին շատ աւելի ահաւոր վիճակի մէջ, սակայն գործեցին «նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար» կամքով: Վերջապէս, իրաւունք չունինք մտահան ընելու՝ որ Հայաստան կը գտնւի գոյութենական սպառնալիքի տակ, չունի այլ երկիրներու նման «քաղաքականութիւն-քաղաքականութիւն խաղալու» պերճանքը (ծանօթ է որ Ֆրանսա աւելի քան տարիէ մը ի վեր կօրօրւի կառավարական տագնապի ալիքներու վրայ), էական բաներ չկորսնցնելու հաւանականութիւնը, այլ՝ ընդհակառակը:

(*) Ծանօթ է, որ Հայաստանի մէջ կան բազմատասնեակ կուսակցութիւններ, եւ այս իրականութիւնը յաճախ դժգոհութեամբ կը դիտւի հանրութեան ու մասնագէտներու կողմէ (մաս մը՝ փոքրաթիւ անդամներով, ուրիշներ՝ կուսակցութեան մը համար գաղափարական նախադրեալի բացակայութեան պատճառով կամ ԱՆՀԱՏԻ մը շուրջ բոլորւածներու իրականութեամբ…): Եթէ նման պատկեր ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ եւ ազատութեան ցուցանիշ է, բացայայտ է նաեւ, որ ընտրական փուլերուն, անիկա կրնայ դառնալ վնասաբեր ազդակ: Այս սիւնակը չուզեցինք ծանրաբեռնել այլ երկիրներու մէջ փոքրաթիւ կամ մեծաթիւ կուսակցութիւններու ցուցափեղկերուն մանրամասնութիւններով (կանդրադառնանք այլ առիթով), սակայն եթէ ընթերցողը հետաքրքրւած է, կարժէ, որ համացանցի ճամբով պրպտէ Եւրոպական երկիրներու, Միացեալ Նահանգներու, մինչեւ իսկ Չինաստանի մէջ բազմակուսակցականութեան հասկացութիւնները, տեսնել, որ նման վիճակ երբեմն պատճառ կը դառնայ կառավարական հանգոյցներու, իսկ այդ երկիրները չեն դիմագրաւեր Հայաստանի ու հայութեան դիմաց լեռնացող վտանգները:

Related Articles

Back to top button