Դաշնակցական անմահ նահատակը՝ Սարգիս Զէյթլեան
(Առեւանգման քառասունամեակին առիթով)

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
28 մարտի 1985-ի առաւօտուն, «Համազգային»-ի Նշան Փալանճեան ճեմարանի մօտակայքը, ճեմարանի մէջ հաստատւած դէպի «Համազգային»-ի տպարան ճամբուն վրայ, անծանօթներու կողմէ առեւանգւեցաւ (իր ընկերակցին՝ Կարօ Գոլանճեանին հետ) ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ «Ազդակ-շաբաթօրեակ- Դրօշակ» շաբաթաթերթի խմբագիր Սարգիս Զէյթլեան։
Ո՞վ էր Սարգիս Զէյթլեան։
Ծնած էր 1930-ին, Մուսա լեռան Խտրպէկ գիւղը։ Մուսա լեռցիներու երկրորդ գաղթականութեան՝ 1939-ին ծնողներուն հետ փոխադրւած է Լիբանանի Պէքաա դաշտավայրի Այնճար կոչւած շրջանը, որ ճախճախոտ, անբնակ տափաստան մըն էր։ Սկիզբը վրանաքաղաք, ապա մէկ սենեականոց բնակարաններով Այնճարի մէջ երբ 1943-ին կը բացւի «Յառաջ» վարժարանը, Սարգիս Զէյթլեան կաշակերտէ անօր մինչեւ 1946։ 1946-ին իբրեւ սան կընդունւի Երուսաղէմի «Ժառանգաւորաց» վարժարանը, ուր կը մնայ մինչեւ 1950-ի յունիս ամիսը։ Նոյն տարւան հոկտեմբերին կընդունւի «Համազգային»-ի Հայ ճեմարանը (հետագային՝ Նշան Փալանճեան ճեմարան, այժմ՝ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան)։ Ճեմարանը, որուն տնօրէնը՝ Լեւոն Շանթ մահացած է 1951-ին եւ փոխարինւած Սիմոն Վրացեանով, Սարգիս Զէյթլեան կաւարտէ 1953-ի յունիսին։ 1951-էն սկսել ճեմարանի մէջ հաստատւած Հայագիտական դասընթացքին երկու տարի (1952-1954) հետեւելէ ետք (դասախօսներէն մէկը Կոստան Զարեանն է), Սիմոն Վրացեանի յանձնարարութեամբ կը մեկնի Կահիրէ (Եգիպտոս), իբրեւ ուսուցիչ Գալուստեան ազգային վարժարանին։ Ազգային կը կոչւին Հայ Եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը վայելող դպրոցները, ընդհանրապէս տարրական (մինչեւ 6-րդ դասարան)։
Սարգիս Զէյթլեան 1954-էն 1958 չորս կրթական տարէշրջան Հայոց պատմութիւն կը դասաւանդէ Գալուստեան վարժարանին մէջ։ Կապի մէջ է ՀՅԴ Եգիպտոսի օրգան «Յուսաբեր» օրաթերթի խմբագրութեան հետ, որուն կանդամակցի 1955-ի հոկտեմբերէն սկսեալ։ Խմբագիր Վահան Նաւասարդեանի մահէն ետք (24 յունիս 1956), 1958-ին կը դառնայ խմբագիր «Յուսաբեր»-ի։ Այս պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 1963, երբ կը վերադառնայ Այնճար (Լիբանան)։
Իր ուսուցչական եւ խմբագրական աշխատանքներուն առընթէր Սարգիս Զէյթլեան կծաւալէ հասարակական բուռն գործունէութիւն, իբրեւ անդամ եւ ներկայացուցիչ Կահիրէի ՀՅԴ կոմիտէին։
Այնճարի մէջ 1963-էն 1965, երկու տարեշրջան տնօրէնն է «Յառաջ» վարժարանին, որուն մակարդակը կը յաջողի բարձրացնել երկրորդականի (աւագ դպրոց)։ Միաժամանակ ներկայացուցիչն է ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին։
Երբ 1 յունիս 1965-ին «Ազդակ» օրաթերթը, որ սեփականութիւնն էր Հայկ Պալեանի եւ 1927-էն ի վեր կը ճանչցւէր իբրեւ կիսապաշտօնական օրկանը Հ. Յ. Դաշնակցութեան, կը դառնայ ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէութեան պաշտօնաթերթը, Սարգիս Զէյթլեան կը հրաւիրւի իբրեւ խմբագիրնէրէն մեկը «Ազդակ»-ի։ 1966-ի ամռան աւարտին կը նշանակւի «Համազգային» ընկերութեան վարիչ-քարտուղար։ Միաժամանակ կը դասաւանդէ ճեմարանի մէջ։
Սարգիս Զէյթլեան ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի անդամ կը դառնայ 1968 մայիսին, Կենտրոնական կոմիտէի անդամակցութիւնը կը շարունակւի մինչեւ 1972 (Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ 1969-ի դեկտեմբերէն սկսեալ)։
Սարգիս Զէյթլեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ կընտրւի 1972 դեկտեմբերին, 20-րդ Ընդհանուր ժողովին։ Կը վերընտրւի 1978-ի 21-րդ եւ 1981-ի 22-րդ Ընդհանուր ժողովներուն։ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի եւ Բիւրոյի անդամակցութեան տասնեօթ տարիները բեղուն գօրծունէութեան շրջան մը հանդիսացան Մամլոյ դիւանի ստեղծումէն մինչեւ «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւն, այդ տարիները լիքն են հասարակական, ազգային եւ կուսակցական գործունէութեամբ։ 1975-ին սկսւած Լիբանանի քաղաքացիական տարօրինակ պատերազմը (ուրիշներու պատերազմը Լիբանանի հողին վրայ) խլած է իր ճիգերուն մեծագոյն մասը եւ անակնկալօրէն աւարտած 1985-ի մարտին։
Գոյութիւն ունի դաշնակցական գործիչներու վաստակը գնահատելու դաշնակցական աւանդութիւն մը, երբ ողջ են եւ գիտակից ըլլալով իրենց կատարածին ոչ ընթացիկ, ոչ սովորական նկարագրին, կը խորշինք գովաբանելէ, նոյնիսկ գնահատելէ։ Մենք աւելի կը քննադատենք, քան կը գնահատենք։ Հ. Յ. Դաշնակցութեան բարոյական շքեղ կառոյցին պարտադրանքն է ասիկա։ Դաշնակցականը կամաւոր զինւոր է ու իր հանդիսաւոր երդումով յանձն առած է «բոլոր միջոցներով» ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին։ Երբ դաշնակցականը իր հնարաւորութիւններուն առաւելագոյնը կը նւիրաբերէ որոշապէս հաւատարիմ եղած կըլլայ իր երդումին։
Մարդկային տկարութիւնները, կողմնակցական պայքարները, մէկը շատ սիրելու եւ զայն չափազանցւած կերպով գնահատելու, ուրիշ մը չհաւնելու մարդկային մղումները կրնան պատճառ դառնալ, որ արժանաւորը արդարօրէն չգնահատւի, իսկ նւազ արժանաւորը՝ անտեղիօրէն փառաբանւի։ Կը խուսափինք խոտելի այս երեւոյթէն ու մարդոց վաստակը չենք գնահատեր իրենց ողջութեան։ Մահը կը վերցնէ արգելքը։ Իր ծառայութեան ընթացքը աւարտող հանգուցեալը կը ստանայ արժանի գնահատանք, իր արժանիքները վեր կառնւին, կարժեւորւի իր վաստակը։
Սարգիս Զէյթլեանի պարագան այս տեսակէտէն եզակի եղաւ սակայն։ Առեւանգւելով 28 մարտ 1985-ին անծանօթներու կողմէ, ան վերածւեցաւ հետազօտման պարագայի մը, որուն մասին վախցան վկայելու նոյնիսկ ականատեսները։ Հաւանական գիտակները պահւտեցան սուտ տեղեկութիւններու ետին, կազմակերպողներն ու գործադրողները գաղտնիութեան չքմեղանքով պաշտպանութիւն գտան։
Մօտ մէկ ու կէս տարւան հակասական տեղեկութիւններէ, վերիվայրումներէ, հաղորդագրութիւններէ, «հարցաքննութիւններու» հրապարակումէն եւ անւանարկումի տգեղ փորձերէն ետք՝ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն-Յեղափոխական շարժում անգոյ կազմակերպութեան անունով կարճ հաղորդագրութիւն մը, 23 հոկտեմբեր 1986-ին հանրութեան կը հաղորդէր, որ Սարգիս Զէյթլեան ենթարկւած է «մահապատիժի»։ Ոչ մէկ խօսք իրէն ընկերացող եւ իր հետ առեւանգւած Կարօ Գոլանճեանի մասին, որուն հետքը անհետ կորած է։
Այնուհետեւ լռութիւն տիրեց։ Տեղեկութիւնը ստուգելու ու ի հարկին դիակները գտնելու փորձերը ձախողութեան դատապարտւեցան։ Ստացւած հազւագիւտ տեղեկութիւններու հրապարակումը, պաշտօնական ամբաստանութիւնները զանց առնւեցան, չվնասելու համար ճշմարիտ արդիւնքի մը հնարաւորութեան։
Սակայն ապարդիւն։
Չենք կրնար փակւած համարել հարցը. Սարգիս Զէյթլեան երկար տարիներ սպասեց իր արժանապատիւ յուղարկաւորութեան, որ տեղի չունեցաւ. սպասեց իր վիթխարի վաստակին գնահատման ու արժեւորման։ Անիմաստ է ոստիկանական ու դատական հետաքննութիւններու ոճով փաստարկութիւններ կատարել։ Սակայն փաստը կը մնայ փաստ։ Լիբանանի խռովւած կեանքը հանդարտեցաւ, առեւանգեալներ վերադարձան տուն, սպանւածներու աճիւններ յանձնւեցան ընտանիքներուն, սակայն տասնեակներով ուրիշներու ճակատագրին մասին ստոյգ, շօշափելի, իրական փաստեր չփոխանցւեցան ու անոնք տարաբախտաբար կը պակսին մինչեւ այսօր։
Լիբանանի Քաղաքացիական պատերազմը աւարտեցաւ պատերազմի իշխաններու համաձայնութեամբ, ոչ յաղթական ոչ պարտեալ սկզբունքի հիման վրայ. սկզբունք մը, որ եթէ վէրքերը արագօրէն դարմանելու հնարաւորութիւն կընձեռէր, սակայն, միւս կողմէ բացայայտ ոճիրներ ծածկելու հնարաւորութիւն կը ստեղծէր նաեւ։ Չի խօսւիր հարիւրաւոր ու հազարաւոր ոճիրներու մասին, ընդհանուր ներման օրէնքը կը ծածկէ բոլորը լռութեան շղարշի մը տակ։ Չի խօսւիր նաեւ մեր ընկերներու առեւանգման ու սպանութեան մասին։ Լիբանանի պետութիւնը ինքզինք զրկած է ոճրագործները յայտնաբերելու ու պատժելու իրաւական հիմքէն։
Ո՞վ գործեց ոճիրը։ Ո՞վ ծրագրե՛ց զայն։ Լիբանանի մէջ վխտացող գաղտնի սպասարկութիւննե՞րը, թուրքակա՞ն սպասարկութիւնները, խորհրդային սպասարկութիւննե՞րը, ուրիշնե՞ր։ Ի՞նչ դեր խաղացին եղածին մէջ լիբանանեան կողմեր, որոնք իրենց մարդկային հնարաւորութիւնները ի սպաս դրին արտաքին ուժերու եւ, իրենց հայրենիքի քանդումին զուգահեռ, յաճախ մութ ու անխոստովանելի արարքներու անձնատուր եղան։
Որքա՞ն հիմնական եղաւ դերը «Գաղտնի Բանակ» կոչւած համախմբումին, իբրեւ թէ Հայաստանի ազատագրութեան նւիրւած, հայանուն մարդոց կողմէ ստեղծւած, սակայն Հայաստանի ազատագրութեան եւ հայութեան նպատակներու ծառայութենէն հեռու, այլ տարբեր եւ խորթ նպատակներու ծառայութեան լծւած այդ խմբակին, որ խռովեց մեր կեանքը եւ իր ներքին գալարումներով մեծամեծ վնասներ հասցուց այն նպատակին, որուն ենթադրաբար կը ծառայէր։
Այն մութ ուժերը, որոնք իրագործեցին թէ՛ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգումն ու ահաբեկումը, թէ մեր այլ ընկերներու առեւանգումներն ու ահաբեկումները, տակաւին չեն յայտնաբերւած ու չեն վճարած իրենց ոճիրներուն գինը։ Պիտի գա՞յ օրը, երբ ամբողջական լոյս պիտի սփռւի կատարւածին վրայ եւ պիտի բացւին մութ ծալքերը։ Այն ատեն պէտք է նաեւ հնչէ արդար հատուցման ժամը։
Նահատակութիւնը դաշնակցականին ճակատագրին մաս կը կազմէ, եւ նահատակներու արիւնն է, որ իրական կը դարձնէ դաշնակցական երդումին իմաստը, «իսկ եթէ հարկ ըլլայ՝ նաեւ կեանքիս գնով»ը։ Կը վկայենք, որ Զէյթլեան ծառայեց Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին իր բոլոր միջոցներով, մինչեւ իսկ՝ իր կեանքին գնով։ Սարգիս Զէյթլեանի հետաքրքրութեան ողջ աշխարհը եղած են Հայաստանն ու հայութիւնը, հայ գրականութիւնն ու Հայոց պատմութիւնը, հայ մշակոյթն ու Հայ Դատը։ Զանազան փոփոխութիւններով հանդերձ, իր աշխատանքային ասպարէզը միշտ կը մնայ դպրոց-մամուլ-կուսակցութիւն եռանկիւնին մէջ։ Մտաւորականը եւ հրապարակախօսը մասամբ կը վարագուրեն կազմակերպական ազդու եւ ներգործօն աշխատանք տանող այս ընկերոջ անցեալը։ Հաստատենք, սակայն, որ իր ներկայութիւնը տիրական եղաւ թէ՛ լիբանանեան, եւ թէ՛ համակուսակցական բեմին վրայ, ամբողջ քսանամեակ մը։ Երկու հիմնական ուղղութիւն Սարգիս Զէյթլեանի կազմակերպական կեանքին մէջ կարժէ առանձնացնել իբրեւ տիրական իրագործում այդ քսանամեակի ընթացքին։
Լիբանանի մէջ, ուր մեր ժողովուրդը համախումբ կապրէր հայահոծ շրջաններու մէջ, ներքին տագնապներ ունէինք այն ժամանակ։ Մեր կեանքը կը խռովէին վնասակար տարրեր, ցեցեր։ Սարգիս Զէյթլեանը այդ ցեցերէն եւ այդ վնասակար տարրերէն մեր իրականութիւնը մաքրելու գծով վճռական եւ շնորհաշատ աշխատանք տարաւ։ Հայ մարդու արժանապատւութիւնը խոցող, ժողովուրդը շահագործող տարրերու մաքրագործումին ընկերացաւ Դաշնակցութեան շարքերու բիւրեղացման կարեւոր ճիգ մը։ Հազիւ Կենտրոնական Կոմիտէի անդամ դարձած, Սարգիս Զէյթլեան իր ընկերներուն հետ միասին լծւեցաւ շարքերու բիւրեղացման գործին։ Սարգիս Զէյթլեանի կազմակերպական կեանքին մէջ ամէնէն նշանակալի իրողութիւններէն մէկը Լիբանանի Երիտասարդական միութեան կազմակերպումն է։ Չունէինք Երիտասարդական միութիւն Լիբանանի մէջ։ Երիտասարդական միութիւններ կային քանի մը գաղութներու մէջ, Ամերիկաներու մէջ, երիտասարդական միութիւն եղած էր նաեւ Եգիպտոսի մէջ։
1972 թւականէն սկսեալ, երբ բազմաթիւ առիթներով Լիբանանի պատանեկան միութիւնները վերակազմակերպելու, զանոնք բարելաւելու գծով աշխատանք կը տանէինք, մինչեւ այսօր՝ ականջիս մէջն է իր պատգամը, 1973-ին Երիտասարդական միութիւն ստեղծելու մասին։ Լիբանանի ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւնը ստեղծւեցաւ ա՛յն պատկերացումով, ա՛յն գաղափարով, որ ի՛նք կը թելադրէր։ Լիբանանի երիտասարդական միութեան օրինակը շուտով դարձաւ համատարած, աշխարհի չորս ծագերուն, եւ այսօր մենք երիտասարդական համահայկական շարժում ունինք, ծրագրւած ու կանոնակարգւած գործունէութեամբ, որուն մտայղացումը կը պարտինք Սարգիս Զէյթլեանին։
Սարգիս Զէյթլեանի կուսակցական գործունէութեան սկզբնաւորումը մասամբ զուգադիպեցաւ Լիբանանի համար շատ պայծառ մէկ ժամանակաշրջանին։ 70-ական թւականներու սկիզբը, մինչեւ 1975, երբ տակաւին քաղաքացիական պատերազմը չէր սկսած, Լիբանանի հայկական կեանքը այնքա՛ն եռուն էր, որ մենք մեզ փոքրիկ Հայաստանի մէջ կը զգայինք։ Եկաւ պատերազմը, եւ այդ պատերազմի ժամանակ մեր ակումբները, մեր կազմակերպութիւնները, մեր միութիւնները, մեր մշակութային աւանդները, ինչ որ կրցեր էինք տարիներու ընթացքին կուտակել, յառաջացաւ պահպանելու, այդ բոլորը Հայաստանի՛ն համար պահպանելու պարտաւորութիւնը։ Օրւան պահանջին համապատասխանող քաղաքականութիւն պէտք է մշակւէր ու այստեղ եւս «Դրական չէզոքութիւն» անւան տակ մշակւած քաղաքականութեան պահպանման մէջ մեծ եղաւ Սարգիս Զէյթլեանի ներդրումը։ Դրական չէզոքութիւնը չէր նշանակէր, որ հայութիւնը անտէր պիտի մնար։ Ու ամէն անգամ, որ հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան հարց ծագեցաւ, ամէն անգամ որ առհասարակ հայ մարդոց ինքնապաշտպանութեան ապահովութեան եւ անվտանգութեան խնդիր դրւեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առջեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տեւողութեան, Սարգիս Զէյթլեանը գտանք պատնէշի վրայ, անխոնջ ներկայութեամբ, ակումբներէն ներս մնայուն կերպով հսկող՝ երիտասարդներու գործին։ Տագնապի ծանր պահերուն ան յանձնառու ղեկավարն էր, որ իր տունը նստած հրահանգներ չէր ղրկեր, այլ անձնապէս կառաջնորդէր գործը։
Այդ տարիներուն կը զուգադիպի նաեւ գաղափարական բիւրեղացման աշխատանքը։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր ծրագիրը շատո՜նց, շատոնց չէր վերանայած, իսկ շատ գաղափարաբանութիւններ վերարժեւորւած էին։ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պաղեստինեան դիմադրութիւնը ներգործօն ազդեցութիւն ունէր մեր երիտասարդութեան վրայ, ձախակողմեան գաղափարներ անդադար կը տարածւէին մեր գաղութներուն մէջ։ Խորհրդային Միութեան ազդեցութիւնը կը զօրանար Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր պաղեստինեան դիմադրութեան զօրավիգ կանգնելու քօղին տակ, ան թափանցած էր այդ երկիրները ու կը հալածէր մեզ։ Այս բոլորը պատճառ կը դառնային, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մտածէր իր ազգային գաղափարաբանութիւնը վերանորոգելու մասին։ Շատ դիւրին էր օրւան տրամադրութիւններուն տուրք տալ եւ բոլորովին ձախ թեքումով ծրագիր մը մշակել։ Սակայն Դաշնակցութիւնը որդեգրեց չափաւոր ու հաւասարակշռւած գաղափարական ուղղութիւն։ Սարգիս Զէյթլեան հոս եւս ունեցաւ կարեւոր ներդրում։
Ըսւեցաւ, որ Սարգիս Զէյթլեան, մէկնելով իր հրապարակային ելոյթներէն, միայն ազգային մտածողութեան ջատագով էր, ոմանք նոյնիսկ ազգայնական որակեցին զինք։ Ասիկա բազմաթիւ թիւրիմացութիւններու դուռ բացաւ. կարծւեցաւ, որ Սարգիս Զէյթլեան տարբեր կը մտածէր իր ընկերներէն, թէ ինքը ուղղութիւն մը կը ներկայացնէր Դաշնակցութեան մէջ, մինչդեռ ուրիշներ՝ տարբեր թեւ կը ներկայացնէին։ Կը մոռցւի, որ Դաշնակցութիւնը միշտ այդպէս եղած է. այս կուսակցութիւնը եղած է դաշնակցութիւնը այլազան մտածողութիւններու, այլազան գաղափարներու։
Ազատ մտածողութեան եւ ազատ գաղափարներու համադրութեան վայրն է Դաշնակցութիւնը, այն քուրան է, որուն մէջ կուգան մտնելու տեսակաւոր միտքեր, գաղափարներ, մտածումներ։ Այդ միտքերն ու գաղափարները կը համադրւին ու անոնցմէ կը ծնի մտածողութիւն մը, ըմբռնողութիւն մը, որ կը դառնայ դաշնակցական գաղափարաբանութիւն, դաշնակցականութիւն։ Իրենց ժողովներուն մէջ դաշնակցականները ինչ ալ ըսեն իրարու, ինչ տեսակէտ ալ պաշտպանեն ոչ մէկ նշանակութիւն ունի. իրենց ըսածը, իրենց պաշտպանածը վաղը կեանքի մէջ մէ՛կ խօսք է, մէ՛կ ձայն է, այն խօսքն է, այն մտածումն է, այն գաղափարն է, որ ժողովը որոշած է, որ Ընդհանուր ժողովը որոշած է, որ շրջանային ժողովը որոշած է, որ համապատասխան մարմինը որոշած է։ Սարգիս Զէյթլեան այս ընդհանուր կանոնէն, այս ընդհանուր օրինաչափութենէն դուրս չի գար, չի զատորոշւիր։ Իր անունին կը կապեն, մեկնելով իր խմբագրականներէն, հայկական արեւելում յորջորջւած ուղղութիւն մը, մոռանալով որ այդ խմբագրականները Դաշնակցութեա՛ն խօսքն են. «Ազդակ-շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի իւրաքանչիւր խմբագրական կը ներկայացնէ Բիւրոյի տեսակէտը, կը ներկայացնէ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի տեսակէտը։
Ի՞նչ է հայկական արեւելումը։ Դաշնակցութիւնը 70-ական թւականներուն կու գար անդրադառնալու, որ եթէ Արեւելքէն մենք ոչ մէկ յոյս կրնայինք ունենալ, որովհետեւ մեր հայրենիքին մէջ տիրող համայնավար վարչաձեւը կաշկանդւած էր ու ազգային մտածողութեան չէր հաւատար, ազգային մտածողութիւնը կը դրժէր, կուսակցութիւն մըն էր այնտեղ իշխողը, որ կուզէր համաշխարհային պրոլետարիայի հարցերը լուծել։ Արեւմուտքը եւս տրամադիր չէր մեր հարցերու նկատմամբ բարեացակամ վերաբերմունք ունենալու, որովհետեւ Արեւմուտքն անդադար դարպասելով Թուրքիան՝ Արեւելքի դէմ իր պայքարին մէջ, նաեւ կը վնասէր մեր Դատին, թոյլ չէր տար, որ Հայկական Հարցը, Ցեղասպանութեան խնդիրը, հայկական պահանջատիրութիւնը, ամբողջական Հայաստան ստեղծելու գաղափարը, հայ ժողովուրդի տարագիր զանգւածներուն իրենց մայր հայրենիքին մէջ, ամբողջական հայրենիքին մէջ համախմբւելու, բնական, արդար իրաւունքը կենսագործւի։ Կը նշանակէր, որ հայ ժողովուրդը ո՛չ կրնար Արեւելքէ՛ն բան մը ակնկալել ի նպաստ իրեն, ոչ ալ՝ Արեւմուտքէն։ Ուրեմն կը մնար, որ իր քաղաքականութիւնը անկախ ըլլար, եւ հիմնւէր միայն ու միմիայն հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն վրայ։ Ա՛յս է հայկական արեւելումը։ Հայկական արեւելումի ըմբռնողութեան մէջ Հայ Դատի հետապնդումը իր բոլոր դրսեւորումներով, իր այլազան երեսներով՝ քաղաքականով, քարոզչականով եւ նաեւ գործնական այլ դրսեւորումներով, կը դառնար առաջնահերթ, կը դառնար հիմնական։ Այսինքն՝ Դաշնակցութիւնը կսէր՝ «Հայ Դատը, Հայաստանը, մեր իրաւունքները ամէն բանէ վեր»։ Ահաւասիկ այս մտածողութիւնն էր, եւ այս մտածողութեան կիրարկումն էր, որ Սարգիս Զէյթլեանի գաղափարկան ամբողջ աշխատանքին եւ վաստակին ողնայարը կազմեցին։ Հայ ազատագրական պայքարի գաղափարախօսութիւնը ոսկի թելի պէս կանցնի իր ամբողջ հրապարակագրութեան մէջէն։
Անկախութեան գաղափարը, անկախութեան անհրաժեշտութիւնը, համոզումը, որ առանց անկախութեան անկարելի է ազգ պահպանել, որ առանց անկախութեան անկարելի է ազգի իրաւունքներուն տիրանալ, առանց անկախութեան անկարելի է իսկական մշակոյթ ունենալ կրկնեց ու կրկնեց եւ անդադար պնդեց, որ պահանջատիրութիւնը հիմքն է Դաշնակցութեան ընելիքին։ Միաժամանակ, երբ աջէն ու ձախէն Դաշնակցութեան ստեղծած աւանդը կասկածի կենթարկէին, Սարգիս Զէյթլեան պաշտպանեց այդ աւանդը ընդդէմ համայնավարութեան, բայց նաեւ պաշտպանեց ընդդէմ նորելուկ խմբաւորումներուն, որոնք սփիւռքականութեան գիւտը ըրած էին եւ Հայ Դատը մոռանալու, Հայաստանը մոռանալու, Սփիւռքը մնայուն հայրենիք դարձնելու անհեթեթ գաղափարներ առաջ կը նետէին։
Սարգիս Զէյթլեանի հրապարակագրութեան մէջ Հայաստանը մշտական ներկայութիւն էր։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը 1972-ի Ընդհանուր ժողովէն սկսեալ որոշած էր, որ իր անկախ քաղաքականութեան, առանց արեւելումի քաղաքականութեան ծիրին մէջ, Խորհրդային Միութեան միջազգային քաղաքականութեան նկատմամբ հրապարակային քննադատութիւններ պիտի չընէ։ Այսինքն՝ եթէ Խորհրդային Միութիւնը Ամերիկայի հետ այս կամ այն տարակարծութիւնը դրսեւորէր, անիկա մեզի վերաբերող խնդիր պիտի չհամարէինք մենք։ Սակայն Խորհրդային Միութիւնը պիտի քննադատէինք ամէն անգամ որ Հայաստանի իրաւունքը, ամէն անգամ որ Հայ Դատը, ամէն անգամ որ հայութեան իրաւունքները խնդրոյ առարկայ կը դառնային։ Այս գիծը Սարգիս Զէյթլեան պահպանեց մինչեւ ծայր, մնայուն կերպով, անդադար գրելով Հայաստանի մէջ տիրող յոռի երեւոյթներուն մասին, անդադար քննադատելով Խորհրդային Միութեան հակահայ քաղաքականութիւնը, Հայ Դատը ժխտող քաղաքականութիւնը։ Երբ Հայաստանէն արտագաղթ սկսաւ, Սարգիս Զէյթլեանի ձայնը բարձրացաւ, որովհետեւ կը վտանգւէր հինգ-վեց դարէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի եւ Հայաստանի անմիջական շրջակայքին մէջ հինգէն վեց միլիոն հայութեան համախմբումը։ Խորհրդային Հայաստանը երեքուկէս միլիոն հայութիւն իր մէջ կը պարփակէր, ու այդ հայութեան թիւին վրայ գուրգուրալը, այդ հայութիւնը այնտեղ պահպանելը, շատ հիմնական, ռազմավարական նշանակութիւն ունէր։ Ի՞նչ պիտի ըսէր այսօր Սարգիս Զէյթլեանը, եթէ ողջ ըլլար, աւելի քան մէկ միլիոնի հասնող հայութեան Հայաստանը լքելուն առիթով։ Ինչպէ՞ս պիտի հակազդէր այս ողբերգութեան, երբ իրեն համար 15 հազարին, 50 հազարին դուրս գալը արդէն տագնապ կը ստեղծէր։ Սարգիս Զէյթլեանի համար տագնապ էր նաեւ, երբ խորհրդային ընդհանրական հանրութիւն ստեղծելու գաղափարներով, ռուսերէնը անարգել կը տարածւէր Հայաստանի մէջ եւ տարւէ տարի ռուսական դպրոցները կաւելնային, երբ Հայաստանի հայ աշակերտութեան առնւազն մէկ երրորդը ռուսական դպրոց կը յաճախէր։ Ռուսերէնը սկսեր էր հիմնական համարւիլ, որովհետեւ առանց անոր պաշտօնի չէին ընդուներ Հայաստանի մէջ։
Հակառակ անոր, որ Խորհրդային Հայաստանի Սահմանադրութիւնը կը նշէր, որ Հայաստանի պետական լեզուն հայերէնն է, բայց եւ այնպէս ի՜նչ ծնողներ, գրողներ, մտաւորականներ իրենց զաւակները կառաջնորդէին ռուսական դպրոցներ։ Ահաւասիկ մէկ նիւթ, որուն առիթով Սարգիս Զէյթլեան գրեց բազմաթիւ անգամներ, մայրենի լեզւի գերիշխանութեան հրամայականը անդադար շեփորելով։
Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու երեւոյթը եւս իր ուշադրութենէն բնաւ չվրիպեցաւ. Հայաստանը հիմնական էր, սակայն Սփիւռքը եւս պէտք էր զօրացնել։ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերն էին, յարաբերութիւններն էին, փոխադարձ այցելութիւններն էին, որոնք ոգեկան հայրենիք պէտք է յառաջացնէին։ Բայց Սարգիս Զէյթլեան մասնաւորաբար լուսարձակի տակ առաւ Խորհրդային Սփիւռքի կացութիւնը, այդ կորսւած բազմութիւնները։ Արտասահմանի մէջ մենք ճիգ կը թափէինք եկեղեցի կառուցելու, դպրոց ստեղծելու, միութիւններ ստեղծելու, իսկ ո՞վ կը զբաղէր ինչ կընէին այն հայութեան համար, որ Ռուսաստանի մէջ Խորհրդային Միութեան անծայրածիր տարածքին սփռւած էր գրեթէ ամէն տեղ։ Այդ բազմութիւնները զրկւած էին ազգային ապրումի ամէն միջոցէ՝ թերթէ, եկեղեցիէ, մշակոյթէ։
Սարգիս Զէյթլեան ըսաւ, որ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը եթէ իրապէ՛ս հայ ժողովուրդի ճակատագրով մտահոգւած է, իրաւունք չունի անտեսելու ներքին կոչւած Սփիւռքը։ Խորհրդային Միութեան կառուցւածքը այնպէս էր, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ոչինչ կրնային ընել Հայաստանի սահմաններէն դուրս սփռւած այս հայութեան համար։
Սարգիս Զէյթլեան նոյնիսկ յօդւածներ ու խմբագրական գրեց Երեւան քաղաքի օդի մաքրութեան մասին։ Հայաստանը ներկայ էր դաշնակցական մարդու ամենօրեայ կեանքին մէջ, իր հոգեխառնութեան մէջ։ Դուրսը ապրող մարդ, ինքզինք տարագիր զգացող մարդ՝ ան Հայաստանով կապրեր, Հայաստանն կը համարէր հայ մարդուն մշտական եւ հիմնական արժէքը։ Հայաստանի մէջ որեւէ երեւոյթ, ազգային որեւէ աղէտ, որեւէ թշւառութիւն կը տխրեցնէր զինք, որեւէ հաղթանակ՝ կոգեւորէր։
Մենք մեր նպատակներու իրագործման համար, դժբախտաբար, Հայաստանի իշխանութիւններէն, Հայաստանի մտաւորականութենէն մեծ սպասումներ չէինք կրնար ունենալ. այդպէս էր կեանքի ճշմարտութիւնը։ Ուրեմն Սփիւռքը պիտի ստանձնէր Հայ Դատի հետապնդման եւ նաեւ Հայաստանի անկախացման գործընթացի հիմնական դերակատարութիւնը։ Եւ որպէսզի ատիկա կարողանար ընել, Սփիւռքը պէտք էր կազմակերպել, ներքին ճակատը պէտք է հզօրանար, հայկական դրամագլուխը պէտք է համախմբւէր հայ մարդու ձեռքը եւ ի սպաս դրւէր Հայ Դատի հետապնդման։ Տնտեսական հզօր հիմք պէտք է մենք կարողանայինք ստեղծել, մեր պայքարին հաւաքական բնոյթը պէտք է կարողանայինք շեշտել, մէկ կողմ դնելով բոլոր երկրորդական խնդիրները, բոլոր լուսանցքային պայքարները։
Համայնավարութիւնը եւ մեր թշնամիները լուսանցքային պայքարներ ստեղծելով մեզ կը շեղէին մեր հիմնական նպատակէն, կը շեղէին Հայ Դատի հետապնդման գլխաւոր գործէն։ Նոր մտաւորականութիւն պէտք էր ստեղծել, որովհետեւ մտաւորական առաջին սերունդը անհետանալու վրայ էր։ Գործող մարդոց պակաս կար, մտաւորականութեան պակաս կար, գործիչի պակաս կար․ երիտասարդութիւնը պէտք էր կազմակերպել, հայեցի՛ կրթութեան պէտք էր մղում տալ։ Ու նաեւ պէտք էր պայքար մղել, որպէսզի զանազան գաղութներու մէջ ապրող մեր երիտասարդները, մեր բազմութիւնները չտարւէին տեղական մտածողութեամբ, տեղական ապրումներով, մանրուքներով, երկրորդական խնդիրներով։ Համայնական գաղափարներու տէր դառնային, մտածէին Հայաստանի մասին, մտածէին Հայ Դատի մասին, մտածէին հայ ժողովուրդի ապագային մասին։ Պէտք էր զօրացնել Սփիւռքը, եւ Սարգիս Զէյթլեան Սփիւռքի զօրացման, ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի զօրացման պահանջով, «Բազմանդամ ընտանիք՝ զօրաւոր հայրենիք» խորագրով խմբագրական կը գրէր։ Սփիւռքը պիտի զօրանար Հայ Դատի պայքարին համար։ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան համար նոր պայքարը, որ նաեւ գործնական դրսեւորումներ ունէր, արդէն սկսէր էր անհանգիստ դարձնել մեր գլխաւոր թշնամին՝ թուրքը, որ կը հարւածէր արդէն, իսկ Սարգիս Զէյթլեան «Եղէգները պիտի չխոնարհին» կը պատգամէր։ Այո՛ եղէգ է հայութիւնը, այո՛, ան ազազուն կրնայ ըլլալ, բայց ճակատը բա՛յց իր պայքարը պիտի շարունակէ, պիտի չխոնարհի եւ պիտի երթայ մինչեւ ծայր, մինչեւ ամբողջական յաղթանակ։ Եւ այսպէս է, որ ան ծառացաւ թրքական հակահայ արշաւին դէմ, Հայաստանի անկախութեան պահանջը շեփորելով, խօսեցաւ հողերու ամբողջականութեան՝ Սեւրի դաշնագրին արժեւորման մասին, Հայ Դատով ըմբռնւող, հասկցւող բոլոր տեսակի երեւոյթներու մասին։
Սարգիս Զէյթլեանի մտածողութեան մէջ ընկերվարութեան հարցը հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան ապագայ հանգրւանի հարց էր։ Բացատրելով աջի ու ձախի, ընկերվարականի եւ ոչ ընկերվարականի, ազատականի եւ ոչ ազատականի խնդիրները հայ մամուլի էջերուն մէջ, Սարգիս Զէյթլեան անդադար կրկնեց, որ հայ մարդը ամբողջական ազատագրութեան չի կրնար հասնիլ, նոյնիսկ եթէ վաղը քաղաքական ազատութիւն ունենայ, նոյնիսկ եթէ վաղը համախմբւի իր ամբողջական հայրենիքին մէջ, եթէ իբրեւ ընկերային էակ նաեւ ազատ չըլլայ։ Էապէս եւ խորապէս ընկերվարական մարդ էր Սարգիս Զէյթլեան եւ այդ ընկերվարական պայքարի ժամանակաւոր ստորադասումը ազգային պահանջատիրութեան մարտավարական գործնական մտահոգութիւններու արդիւնք էր։
Սարգիս Զէյթլեան իր յարաբերութիւններու մէջ խստաբարոյ մարդու համբաւ ունէր։ Կը կարծւէր, որ դժւար կը զիջի իր մտածումներէն եւ իր գաղափարներէն։ Յաճախ մտածւած է, թէ իր տեսակէտը անպայման պարտադրել կուզէ քաղաքական կեանքի մէջ, եւ նաեւ՝ կուսակցական ընթացիկ կեանքին մէջ։ Այս տպաւորութիւնը չէր համապատասխանէր իրականութեան։ Ժողովներուն ընթացքին Սարգիս Զէյթլեան ընկերական, զիջող եւ համադրել գիտցող մարդ էր։ Երբ որոշումը կայացած էր, անոր գործադրութեան ատեն անզիջող էր, աներեր վճռականութիւն կը ցուցաբերէր։ Իրեն համար հիմնականը այն էր, որ Դաշնակցութիւնը հասնէր իր նպատակներուն։
Իր քաղաքական հաւատամքը հիմնւած էր մարտավարական գործնապաշտութեան վրայ։ Սարգիս Զէյթլեան 1973-ին կը գրէր. «Մնաց, որ Դաշնակցութիւնը սկզբունքօէն եւ այլապէս, երբեք դէմ չէ եղած եւ դէմ չէ նաեւ ներկայիս, ձա՛խ կուսակցութեանց կամ պետութեանց հետ գործակցութեան։ Եւ եթէ ցարդ հնարաւոր չէ եղած նման գործակցութեան մը հաստատումը, գլխաւոր պատճառը համայնավարութիւնն է, անոր գործ դրած ազդեցութիւնն ու ճնշումներն են առաւելաբար, եւ ոչ թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, այսպէս կոչւած, յետադիմական նկարագիրը։ Ճշմարտութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար ա՛յն է, որ Դաշնակցութեան գոյութեան ու գործունէութեան առանցքը հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն հետապնդումն է։ Եւ այդ հիման վրայ միայն կարելի է ըմբռնել ու բացատրել անոր գործելակերպն ու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ անոր պայքարները։
Ահաւասիկ Սարգիս Զէյթլեան մարդը, Սարգիս Զէյթլեան դաշնակցականը, Սարգիս Զէյթլեան գաղափարի մարտիկը եւ պայքարողը, ա՛յն, որ իր կարճատեւ կեանքին ընթացքին ոչինչ խնայեց իր ժողովուրդին համար, այն որ իր գործած բոլոր վայրերուն մէջ բոլորանւէր ծառայութեան օրինակ եղաւ Դաշնակցութեան նպատակներուն ի սպաս, Հայ Դատին ի սպաս, հայութեան համար, Հայաստանի՛ համար։ Սեւ օր մը, մութ ուժեր, թերեւս հայանուն, գտան, որ ա՛յս տեսակ ուժ մը վտանգ է։ Այո՛ վտանգ էր իրենց նպատակներուն համար, վտա՛նգ էր Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն հակադրւած ուժերուն համար։ Վերջ տւին Սարգիս Զէյթլեանի կեանքին, կասեցուցին անոր գործունէութիւնը, կարծելով որ այդ միջոցով կրնան կոտրել Հ. Յ. Դաշնակցութեան կորովը, ընկրկում յառաջացնել անոր ընթացքին մէջ։ Մոռցան սակայն, որ նահատակները առաջնորդ կը դառնան յետնորդներուն եւ նահատակութեամբ անմահութեան պսակը կը վաստկին։
Հ. Յ. Դաշնակցութեան 25-րդ Ընդհանոր ժողովին բանաձեւումով՝ «Սարգիս Զէյթլեանը է՛ր եւ կը մնայ մեր արժանաւոր ընկերը, որ նահատակւած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան վարած պայքարի պատնէշին վրայ՝ հակադաշնակցական մութ ուժերու ձեռքով (իր ընկերակից Կարօ Գոլանճեանի հետ միասին) առեւանգւելով եւ տմարդի կերպով ահաբեկման ենթարկւելով։ Պայքարողի խրոխտ կեցւածքով, դաշնակցականի գաղափարական սքանչելի տիպարով, եւ դաշնակցական մտքի դրօշակրի փայլուն դիմագծով, ինչպէս նաեւ իր գործով եւ օրինակով, Սարգիս Զէյթլեան այլեւս մաս կը կազմէ դաշնակցական անմահ նահատակներու փաղանգին։
«Դրօշակ» թիւ 6, 2025 թ.