Դաշնակցական Բեմ

Արդարատենչ (ջահ)երթը պիտի շարունակւի

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

«Չենք մոռնար, չենք ուրանար, պիտի մնանք պահանջատէր, եւ եթէ պէտք ըլլայ՝ պիտի զարնենք մեզ հալածողներուն, բոլո՛ր հալածողներուն», յայտարարեցին Ցեղասպանութեան զոհերու կտակին հաւատարիմ հայորդիները, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի չորս ծագերը:

Պահանջատիրութեան ամենէն աղաղակող արտայայտութիւնները եղան հրապարակային ցոյցերը՝ ջահերթ ու քայլարշաւ: Երեւանի կողքի բարձունքին կանգնած Ծիծեռնակաբերդի կանչին արձագանգեցին սփիւռքեան օճախներու հայորդիները: 23 ապրիլի գիշերը տեղի ունեցած ջահերթին միացան տասնեակ հազարաւոր հայեր, մեծ մասամբ երիտասարդներ: Հոն էին արցախցին ու սփիւռքահայը, որոնք նաեւ մասնակից եղան 24 Ապրիլին՝ ծաղիկներու խոնարհումի երթին:

Սփիւռքի տարածքին, հայութիւնը հեռակայ կարգով հաղորդակից եղաւ պահանջատիրական քայլերթներուն: Պատկերասփիւռի կայաններ ուղղակի սփռեցին երթերն ու թափօրները:

Ջահերթին սկզբնաւորութեան, Երեւանի հրապարակին վրայ թուրքական եւ ազերիական դրօշակներու հրկիզման արարքները այլանդակութեան նոր դրսեւորում մը ունեցան իշխանականներու շրջանակին մէջ, ցոյց տալով, որ Ծիծեռնակաբերդ անոնց այցելութիւնը հազիւ թէ ձեւականութիւններ պահպանելու կը ծառայէր: Այլապէս, անոնք անգամ մը եւս գրեթէ բառացիօրէն յայտարարեցին, որ կը մտածեն թուրք-ազերիի պէս, կը պաշտպանեն թշնամիին տեսակէտները: Անոնք գրգռութիւն եւ խաղաղութեան դէմ խափանարար արարք նկատեցին հրկիզումը, քննադատական արտայայտութիւններով մրցումի ելան թշնամիին հետ, ո՛չ իսկ դատապարտանք կամ բողոքի բառ մը արձակելով նոյն այն ազերիին դէմ, որ Արցախի բռնագրաւումէն եւ ցեղասպանական նորագոյն արարքներէն ետք, աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր ամէն օր կրակի կը բռնէ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերը, իսկ նոյն ՔՊ-ականները կարծէք թէ լծւած են այդ արարքները չքմեղելու արշաւներու:

Թուրքական ու ազերիական դրօշակներու հրկիզումը բողոքի արարք է, ունի իր երկար պատմութիւնը: Արդեօք ՔՊ-ապետն ու «թութակներ»-ը վաղը պիտի ըսե՞ն, որ ազերիները կը կրակեն, որովհետեւ հայ երիտասարդներ աւելի քան 50 տարիէ ի վեր նոյն ձեւով բողոք կարտայայտեն աշխարհի չորս ծագերուն…

Չարժէր թուրքական ուղեղներով պատւաստեալներուն մասին աւելին ըսել, որովհետեւ ՔՊ-ապետը բաց ճակատով շատո՜նց յայտարարած է, թէ չի նեղանար, եթէ զինք թուրք որակեն…

***

Երեւանի ջահերթն ու դէպի Ծիծեռնակաբերդ՝ ուխտի վերանորոգման թափօրները նորութիւն չեն մեր կեանքին մէջ: Ջահերթը, ինչպէս յիշեցուցին դաշնակցական գործիչներ, սկիզբ առած է աւելի քան 25 տարի առաջ, քանի մը հարիւր երիտասարդներով, ու տարւէ տարի ուռճացած է, ահաւասիկ հասնելով բազմատասնեակ հազարաւորներու: Այս տարւան քայլարշաւը հաւասարապէս բողոքի արտայայտութիւն էր թշնամիներուն եւ անոնց բանբերը դարձած, Ցեղասպանութիւնը առաջնահերթ օրակարգ չնկատող՝ Երեւանի իշխանաւորներուն դէմ:

Ճիշտ է, որ անիկա դաշնակցական երիտասարդներու նախաձեռնութիւնն է, սակայն երթն ու պահանջատիրութիւնը կը պատկանին բոլորին, ինչպէս որ մեր Դատը կը պատկանի բոլորին՝ ԱԶԳԱՅԻՆ կուսակցութիւններուն, Եկեղեցւոյ, քաղաքական ու մշակութային կազմակերպութեանց, բանակին եւ ուժային բոլոր կառոյցներուն, գիտութեան մարդուն ու արւեստագէտին: Այդպէս է աւելի քան 100 տարիէ ի վեր: Այդպէս էր՝ երբ հայուն արդարատենչ բազուկները կը պատժէին ցեղասպանութեան հեղինակներն ու գործադրողները: Աւելորդ չէ կրկնելը, որ Թեհլիրեաններու փաղանգը թէեւ գործեց Դաշնակցութեան որոշումով ու կազմնակերպած գործողութիւններով, սակայն այդ բազուկները լոկ Դաշնակցութեան Դատը չէին հետապնդեր, այլ հարազատ արձագանգն էին ողջ հայութեան արդարատենչութեան, հայկական բոլոր կուսակցութեանց ու յարանւանութեանց «ձեռքերն» էին այդ ճամբուն մէջ: Ու համայն հայութիւնը, առանց խտրութեան, երկիւղածութեամբ ու յագանքով կը նայի Երեւանի մէջ կանգնած «Նեմեսիս»-ի յուշակոթողին:

Այդ պահանջատիրութեան արձագանգները ալիք-ալիք կրկնւեցան անցեալ տասնամեակներուն, մերթ ոճրագործ Թուրքիոյ դրօշը ձեռքէ ձեռք փոխանցած ներկայացուցիչներու զգետնումով, ապա նաեւ Արցախեան Ազատամարտով, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ պանծալի էջեր արձանագրեց մինչեւ 2020, ցոյց տալով, որ Վանի, Ուրֆայի, Սասունի, Զէյթունի, Մուսա Լերան եւ այլ հերոսամարտերու սխրանքները միայն Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ դաշտին մէջ չեն, այլ այդ հերոսամարտե՛րն ալ մղւած են համայն հայութեան անունով, հայութեան դէմ պատմական ոճիրին ու անարդարութեան հատուցման պահանջով:

***

…Երբ կը դիտէինք ջահերթն ու ուխտաւորներու թափօրները, մեր յիշողութիւնը պտոյտի ելաւ դէպի մօտիկ անցեալ: Այդ պտոյտէն՝ արձանագրենք քանի մը յիշատակ:

24 Ապրիլ 1971: Հայութիւնը առաջին անգամ ըլլալով դուրս եկաւ հրապարակ եւ հսկայածաւալ ցոյցով աշխարհին յիշեցուց, որ ԱԶԳՈՎԻՆ տէր կը կանգնի իր արդար ու մոռացութեան մատնւող իրաւունքներուն: Ճիշտ է, որ անկէ քանի մը տարի առաջ, 1965-ին, Ցեղասպանութեան 50-ամեակը պատմական առաջին անկիւնադարձը արձանագրած էր մեր Դատին՝ դէպի քաղաքական դաշտ անցումի պատմութեան մէջ, Բէյրութի մարզաւանին մէջ տեղի ունեցած ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ համախմբումով, սակայն 1971-ի քայլարշաւը՝ 1965-ի մեկնակէտով սկսած երթը նոր յառաջխաղացքի կը տանէր: Լիբանանի մայրաքաղաքին՝ Բէյրութի հիւսիս-արեւելքը գտնւող Պիքֆայա աւանին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամարանոցին կողքին կանգնած՝ Նահատակաց յուշարձանը կանուխ առաւօտուն ժամադրավայրն էր բազմահազար հայորդիներու՝ բոլո՛ր տարիքի, բոլո՛ր յարանւանութեանց եւ քաղաքական բոլո՛ր հոսանքներու պատկանող հայորդիներու: Անկէ ճամբայ պիտի ելլէր պատմական առաջին քայլարշաւը՝ դէպի Անթիլիասի մայրավանք, Յուշարձանէ-Յուշարձան խորհրդանշական խորագիրով, առաջնորդութեամբ կրօնական, պետական եւ կուսակցական առաջնորդներու եւ ղեկավարներու:

Քայլարշաւին կազմակերպումը վստահւած էր ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան, սակայն ո՛չ Դաշնակցութիւնը, ո՛չ ալ ուսանողական միութիւնը այդ քայլին չէին դիմած՝ «տեսէք թէ մենք ինչ կընենք»ի տրամաբանութեամբ, այլ եղած էին շարժիչ ուժը, կամո՛ւրջը ողջ հայութեան, ճի՛շտ այնպէս՝ ինչպէս որ դաշնակցական երիտասարդներ Հայաստանի մէջ եղած են ու կը մնան ջահերթին շարժիչ ուժը, կամուրջը՝ բոլոր հայորդիներուն միացման:

1971-ին, Դաշնակցութեան ղեկավար մարմինները այս գործը վստահած էին ուսանողական միութեան, որովհետեւ գիտէին, թէ երիտասարդները պիտի ըլլային մեր Դատին ջահակիրները: Անոնք նման առաքելութիւններ կը վստահէին ուսանողական միութեան, երբ պէտք ըլլար Ամերիկեան համալսարանին մէջ թուրքերու կողմէ կազմակերպւած «թուրքական մշակոյթի շաբաթ» մը խափանել, ինչպէս նաեւ ուսանողներուն կողքին էին, երբ իրերայաջորդ Ապրիլ 24-երուն՝ քաղաքի պատերուն պիտի փակցւէին յուշարար պաստառներ, իսկ ոստիկանութիւնը հրահանգ ունէր արգելք ըլլալու բողոքի եւ արդարատենչութեան նման արտայայտութիւններու: Ամերիկեան համալսարանին մէջ թուրքական քարոզչութեան խափանումը կը յաջողէր, կամ ապրիլեան ուսանողական միացեալ ձեռնարկներ կիրականանային համալսարաններու մէջ, որովհետեւ այլ կուսակցութեանց ուսանողական միութիւններ իրենց ձեռքերը կը միացնէին «Զաւարեանական»-ներուն: Պէտք է նշել, որ այդ փուլին էր որ կազմաւորւեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւնը՝ ԼԵՄ-ը, որ իր բաժինը վերցուց պահանջատիրական պայքարին մէջ, քիչ ետք, անոր ծոցէն ծնունդ առին Լիզբոնի սխրալի գործողութեամբ գագաթնակէտ մը նւաճած ուժական պայքարի կերտիչները…: Իսկ պէտք կա՞յ արձանագրելու, որ իւրաքանչիւր ուսանողական միութեան կողքին էին ազգային կուսակցութիւններու ղեկավար մարմինները, նաեւ պետական հայ ներկայացուցիչներ, մէկ խօսքով՝ օրւան հայ քաղաքական կարողականութիւնը: Եւ պէտք կա՞յ արձանագրելու, որ ուսանողները յաջողութեամբ կը պսակէին իրենց վստահւած առաքելութիւնը, որ ամէն բանէ աւելի՝ հայութեան միասնութեան, Դատին պահանջատիրութեա՛ն մէջ հայութեան միակամութեան գործնական արտայայտութիւնն էր: Թուրք հզօ՜ր պետութիւնը իրերայաջորդ նահանջներ կարձանագրէր «տկար» հայութեան առջեւ, շնորհիւ այդ միասնականութեան, մեր ձեռքին եղող շահող խաղաքարտերու իմաստուն օգտագործումով: Այսօր տարբեր չէ:

70-ականները այլապէս նոր դարաշրջան մը բացին մեր քաղաքական պայքարի պատմութեան մէջ, երբ Հայ Դատի գրասենեակներն ու գործիչները գտան մինչ այդ մեզմէ հեռու պահւած բանալիներ եւ մեր Դատին թղթածրարները հասցուցին ՄԱԿ ու անհատ պետութիւններու դուռները: Սա նոր հրաւէր էր հայութեան բազուկներու միաւորման…

Իսկ հիմա, երբ Երեւանի մէջ տարւէտարի ջահերթներուն կազմակերպումը կը վստահւի դաշնակցական երիտասարդներու, բոլորս վկաներն ենք, որ 70-ականներուն հաստատւած քաղաքական աւանդութիւնը կը շարունակւի անշեղօրէն: Երէկի երիտասարդները հիմա կանգնած են ղեկավար դիրքերու վրայ, եւ ԳՈՐԾԻ առաքելութիւնը կը վստահին դաշնակցական երիտասարդներուն, որպէսզի, կրկնենք, հայութեան համախմբման՝ անցեալէն եկող աւանդութիւնը, կամուրջի դերակատարութիւնը շարունակւի՝ «մենք մեզ ո՛չ մէկից չենք գերադասում» կամքով:

***

Ու երթը պիտի շարունակւի նոյն թափով ու կամքով, ի՛նչ որ ալ ըլլան թշնամիին, անոր հովանաւորներուն ու գործակալներուն ստեղծած արգելակումները: Պայքարը պիտի շարունակւի բոլոր ճակատներուն վրայ, նա՛եւ մեր ժողովուրդի անտարբերները ներգրաւելու յանձնառութեամբ:

Պահանջատէր հայերու, Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբազան կտակին իրականացման ի խնդիր ձեռքերը միացնողներուն պայքարին հորիզոնը այսօր ցանկալի պարզութիւնը չունի, սակայն ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ հետամուտ ուխտաւորներուն վճռակամութիւնը չի կրնար կորաքամակ մնալ ընդմիշտ: Մեր սեփական պատմութիւնն իսկ կը վկայէ, որ իւրաքանչիւր մութ գիշերէ ետք, հպարտալի արեւածագ դիմաւորած ենք: Ամէնէն աղաղակող փաստը՝ Ցեղասպանութենէն յարութիւն առած ու վերականգնած մեր ազգն է, Թէքէեանի բառերով՝ ճղակոտոր ըլլալէ ետք, յարութեան շունչը համակած է մեզ: Արցախի ու հայկական միւս հողերու կորուտները չեն կրնար մեզ զրկել վերականգնումէ, Արդարութեան հասնելէ:

Երթը պիտի շարունակւի հայրենի հողերուն վրայ եւ Սփիւռքի տարածքին, ի հեճուկս բոլոր արգելակումներուն: Պիտի շարունակւի ո՛չ միայն Ապրիլ 24-է Ապրիլ 24, այլ տարւան բոլոր օրերուն, Հայ Դատի բոլոր զինւորագրեալներուն բազուկներով:

24 Ապրիլ 2025

Related Articles

Back to top button