Դաշնակցական ԲեմՀՅԴ Մամուլ

Այսօր 28 Մայիս 1918 է, Սարդարապատ է

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

 

1918 մայիս 28-ին Սարդարապատով, Բաշ Ապարանով եւ Ղարաքիլիսայով հայ մարդը ազատագրւեցաւ ստրկութեան հոգեբանութենէն եւ յայտարարւեցաւ անկախ Հայաստան:

2024 մայիսի 28-ին անկախ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 106-րդ տարեդարձին, ոչ միայն յանձնւած է ազատագրւած Արցախը, այլ սահմանագծումի պատրւակին տակ կը յանձնւին Հայաստանի տարածքէն շրջաններ` ի խնդիր խաղաղ ու բարօր ապագայի:

Անկախ Հայաստանի հիմնադրութենէն 106 տարի ետք, ստերով ու կեղծիքով, դարձեալ դէպի ստրկամտութիւն կառաջնորդուի մեր ժողովուրդը:

Հայրենիքը հող է, պատմութիւն, մշակոյթ, աւանդութիւն եւ ազգային արժեհամակարգ:

Հայրենիքը հող է, ժողովուրդ, եկեղեցի եւ պետականութիւն:

Հայրենիքը բանակ է եւ զինեալ ուժեր, որոնց պարտականութիւնն է հողային ամբողջականութեան եւ անկախութեան ու գերիշխանութեան պահպանումը:

Այս բոլորը կը շփոթուին` ամբոխահաճոյ կեցւածքներու, փայլուն ապագայի խոստումներու, փոփոխութեան սուտերու, օտար արժէքներու գերադասութեան, աւանդութիւններու քանդումով արդիականութեան ջատագովումի, տնտեսական բարելաւումի, պարգեւավճարներու կամ գործարար խմբակներու կեանքի փարթամութեան հետ, եւ մեր ժողովուրդը կառաջնորդւի ստրկամտութեան:

Արցախը կը յանձնւի, անհեռանկար զիջումներ կը կատարւին, հայաստանեան հողատարածքներ ադրբեջանական կամ վաղը թուրքական կը նկատւին, ազգային խորհրդանիշներ ժամանակավրէպ եւ երեւակայական կը յայտարարւին, Անկախութեան հռչակագիրը կոտնակոխւի, եւ սահմանադրութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը կը բռնաբարւին, ապա շատ բնական կը դառնայ, որ ժողովուրդը վերածւի ստրկամիտ ամբոխի, որուն միակ մտահոգութիւնը կը դառնան` օրապահիկը, հացը, ջուրը, ամանորեան զարդարանքները, աղբահանումը եւ օտարամուտ այլանդակութեանց ծափահարումը:

Մնացեալը` ոչինչ:

Արժէք չունի հազարամեակներու մեր պատմութիւնը: Սխալ սորւած ենք, վարձու պատմաբանները կը սրբագրեն զայն:

Քարտէզներն ու աշխարհագրութիւնը, շփոթի իբրեւ հետեւանք, անճշտութիւններ կը պարունակեն: «Մասնագիտական» խմբակներ մատիտով (որպէսզի կարելի ըլլայ ռետինով ջնջել) նոր գծագրութիւններ կը կատարեն:

Անհաճոյ է Հայաստանի քայլերգը, գեղագիտական չէ հանրապետութեան զինանշանը, կարմիրը չի սազեր Հայաստանի դրօշին (տեսողութիւնը կը գայթակղեցնէ), կը կազմենք յատուկ, «արուեստաբաններու խմբակ» եւ կը սրբագրենք այս «տգեղութիւնները» եւս:

Կարեւորը` հանգիստ շնորհենք մեր դրացիներուն, Հայաստանի վաղւան տէրերուն:

Տասնամեակներու պայքարը անտեղի էր: Սխալ էր:

Նահատակները ինկան սխալմամբ: Վաղը կրնանք զիրենք ալ ամբաստանել հայրենիքի կործանման համար:

Կարեւորը իմ հանգիստս է եւ թշնամիին հաճոյակատար երեւնալը:

Այսպէս, օրէ օր թոյնը կը սրսկւի, ժողովուրդը կը վերածւի ամբոխի, անկախութիւնն ու ազատութիւնը կը վերածւին գլխացաւի, կը կորսւի Հայաստանը:

Արամ Մանուկեանով կերտւած Հայաստանի անկախութեան 106-րդ տարեդարձի ճգնաժամային այս պահուն հայրենիքի փրկութեան համազգային շարժումը միակ ելքն է անկախութեան պահպանման:

Պատահական անցորդներու սայթաքումներուն դէմ յանդիման` հայ ժողովուրդը չի կրնար ներող մնալ եւ կորսնցնել հազարամեակներու հայրենիքը, ազատ, անկախ ապրելու իր իրաւունքը:

Ժամանակաւոր խոստումները ծովու ալիքներու փրփուրի նման կը ցնդին, խոստում կատարողներն ալ «սխալեցայ» ըսելով` հանգիստ պայմաններով, եւրոպական փարթամ առանձնատան մը մէջ կրնան իրենց կեանքը շարունակել:

Գինը, իսկական գինը, գոյութենական գինը իրենց կեանքերով կը վճարեն` քաղաքացին, հայ գիւղացին, բանուորը, ուսուցիչն ու դասախօսը, արւեստագէտն ու պատմաբանը:

Հայաստանի անկախութեան 106-րդ տարեդարձին «Ո՛չ» պէտք է ըսել` ստրկամտութիւնը տարածողներուն, ազատ մարդու բնական իրաւունքը խլողներուն, հայրենիքը յանձնողներուն:

Այսօր անկախութեան ազատութեան, գերիշխանութեան վերահաստատման օրն է:

Այսօր հայրենիքի փրկութեան, հայ մարդու փրկութեան օրն է:

Այսօր` 28 մայիս 2024, 28 մայիս 1918 է:

Սարդարապատ է:

«Խենթերը» կը գտնեն հնար:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button