«Հորիզոն»-ի խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման եւ զօրաշարժի հրամայականը

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջին գործարկումը եւ անոր վրայ համաժողովի չորս կլոր սեղաններու համառօտագրութիւններու հրապարակումը պատեհ շարժառիթ մըն է՝ ոչ միայն վերադառնալու հոն հնչած մտքերուն, այլ նաեւ սկսելու աւելի լայն, խոր եւ շարունակական քննարկում մը Սփիւռքի քաղաքական, հաստատութենական եւ ռազմավարական ապագայ դերակատարութեան մասին։
Խորհրդաժողովը այս իմաստով ժամանակին եւ արժէքաւոր նախաձեռնութիւն մըն էր։ Ան մէկ հարթակի վրայ բերաւ տարբեր փորձառութիւններ, մասնագիտութիւններ եւ աշխարհայեացքներ՝ հարցերու շուրջ, որոնք յաճախ քննւած են առանձին, մասնակի կամ պատահական կերպով։ Սփիւռքի վերակազմակերպումը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, ինքնութեան առնչւող խնդիրները, քաղաքական պատասխանատւութիւնն ու երկարաժամկէտ ազգային ռազմավարութիւնը այստեղ դիտւեցան որպէս փոխկապակցւած խնդիրներ։ Ասիկա ինքնին կարեւոր ձեռքբերում է։ Սակայն նման նախաձեռնութեան իսկական արժէքը պիտի չափւի ոչ միայն քննարկումներու մակարդակով, այլեւ անկէ փխած շարունակութեամբ։
Սփիւռքի գլխաւոր խնդիրը այսօր միջոցներու, տաղանդի կամ ներուժի պակասը չէ։ Անոր հիմնական մարտահրաւէրը ցրւած ներուժը հաւաքան հետեւողական ուժի վերածելու բաւարար մեքենականութիւններու բացակայութիւնն է։ Դպրոցները, եկեղեցիները, մշակութային հաստատութիւնները, քաղաքական ու իրաւական գործունէութիւնը, մասնագիտական ցանցերը, տնտեսական կարողութիւններն ու երիտասարդական ներգրաւումը առանձին ոլորտներ չեն։ Անոնք միասին կը կազմեն հայկական հաւաքական ուժի ենթակառոյցը։
Այս շրջագիծին մէջ առանցքային է Սփիւռքի ինքնուրոյնութեան հարցը։ Ինքնուրոյն Սփիւռքը Հայաստանէն անջատւած կամ Հայաստանի պետութեան հանդէպ անտարբեր Սփիւռք չի նշանակեր։ Ընդհակառակը՝ սեփական դիրքորոշումներ ձեւաւորելու, առաջնահերթութիւններ ճշտելու եւ ինքնուրոյն կերպով գործելու կարող Սփիւռքը կրնայ Հայաստանի մեծագոյն ռազմավարական հարստութիւններէն մէկը ըլլալ։ Հաւատարմութիւնը հայկական պետականութեան չի նշանակեր ենթարկւիլ օրւան իշխանութեան, ոչ ալ սեփական դիրքորոշումները պայմանաւորել Հայաստանի ներքաղաքական վերիվայրումներով։ Կառավարութիւնները կը փոխւին. ազգային շահերը, պատմական պատասխանատւութիւններն ու երկարաժամկէտ հարցերը՝ յաճախ ոչ։
Արցախը այս տարբերութեան ամենացայտուն փորձաքարերէն է։ Վերադարձի իրաւունքը, հայ գերիներու կարգավիճակը, մշակութային ժառանգութիւնը, սեփականութեան իրաւունքներն ու միջազգային պատասխանատւութիւնը չեն կրնար անհետանալ համազգային օրակարգէն միայն այն պատճառով, որ օր մը նւազ ներկայ ըլլան Հայաստանի պաշտօնական դիւանագիտութեան մէջ։
Նոյնքան ռազմավարական է ինքնութեան պահպանումը։ Լեզուն, կրթութիւնը, պատմական յիշողութիւնը, մշակոյթն ու հաստատութենական կեանքը ազգային անվտանգութեան հարցեր են։ Այս առումով Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը շարունակէ մնալ Սփիւռքի ինքնութեան եւ կազմակերպ համայնքային կեանքի առանցքային սիւներէն մէկը։
Բայց ինքնուրոյնութիւնը պէտք չէ շփոթել մասնատւածութեան հետ։ Սփիւռքի ուժը կը կայանայ միաժամանակ ինքնավար, փոխկապակցւած եւ համատեղ գործելու ընդունակ ըլլալուն մէջ։ Հոս է նաեւ քաղաքական ներկայացուցչութեան չլուծւած հարցը. ո՞վ կը խօսի Սփիւռքի անունով, ի՞նչ օրինականութեամբ եւ ի՞նչ խորհրդակցական կամ ներկայացուցչական նոր կառոյցներու կարիք կայ։
Հետեւաբար, խնդիրը հին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնը վերականգնելը չէ, այլ 21-րդ դարու նոր գործընկերութիւն մը ստեղծելը՝ փոխադարձ յարգանքի, մասնակցութեան, ինքնուրոյնութեան եւ ընդհանուր պատասխանատւութեան հիման վրայ։ Իսկ այդ գործընկերութիւնը հնարաւոր է միայն ուժեղ եւ ազգային արժէքներով առաջնորդւող կողմերու միջեւ։ Անկախ մտածողութիւն չունեցող Սփիւռքը գործընկեր չէ. օժանդակ կառոյց է։
Հայութիւնը համաժողովներու, յայտարարութիւններու եւ ախտորոշումներու պակաս երբեք չէ ունեցած։ Այժմ հարցը պարզ է՝ ի՞նչ կու գայ քննարկումէն ետք։ Միջազգային իրաւական եւ դիւանագիտական ցանցերը, կրթական նոր նախաձեռնութիւնները, կայուն ֆինանսաւորման միջոցները, մասնագիտական զօրաշարժը եւ ներկայացուցչական կառոյցները արժանի են լուրջ քննութեան, որովհետեւ կը փորձեն պատասխանել ճիշտ այդ հարցին։
Եւ վերջապէս, իւրաքանչիւր ռազմավարութեան չափանիշը նոր սերունդն է։ Եթէ երիտասարդը լեզու, գիտելիք, պատասխանատւութիւն, առաջնորդելու առիթ եւ քաղաքական մասնակցութեան իրական դաշտ չունի, մնացեալ բոլոր ծրագիրները ժամանակաւոր են։
Նոր հրապարակւած ամփոփումները, հետեւաբար, պէտք չէ դիտել որպէս խորհրդաժողովի եզրափակիչ հանգրւան։ Ընդհակառակը՝ անոնք պէտք է ծառայեն որպէս սկիզբը աւելի պահանջկոտ ու էական փուլի մը, ուր քննարկումները կը վերածւին հետեւողական մտածումի, գաղափարները՝ կազմակերպւած նախաձեռնութիւններու, իսկ նախաձեռնութիւնները՝ երկարաժամկէտ գործողութեան եւ համազգային ուժի ու կարողականութեան ամրապնդման։
Հոն բարձրացւած հարցերը, առաջարկներն ու գաղափարները արժանի են առանձին եւ աւելի խոր քննութեան։ Անոնց պիտի վերադառնանք նաեւ հետագայ մեկնաբանութիւններով ու վերլուծութիւններով։ Որովհետեւ Սփիւռքի ապագային վերաբերող այս հարցերը չափազանց հիմնարար են՝ մէկ խորհրդաժողովով, մէկ զեկուցումով կամ մէկ խմբագրականով սպառելու համար։



