Ո՞ւր կը գտնւի այժմ իջեցւած նշաձողը
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
27 սեպտեմբերի 2020-ին սկիզբ առաւ Ադրբեջանի յարձակումը Արցախի Հանրապետութեան դէմ: Պատերազմը տեւեց քառասունչորս օր եւ աւարտեցաւ 9 նոյեմբերի ուշ գիշերին՝ հայկական կողմի պարտութեամբ: 9 նոյեմբերի գիշերը Հայաստան, Ադրբեջան եւ Ռուսական Դաշնութիւն ստորագրեցին զինադուլի արձանագրութիւն մը, որ իր պարտւողական եւ յարձակողական նկարագիրով կը նախանշէր հետագայ աղէտալի դէպքերը: Պատմութիւնը կրկնելու կարիք չկայ. չորս տարիէ ի վեր անդադար կը խօսւի մօտաւոր անցեալի դէպքերուն մասին, այն անցեալին, որ տակաւին կերկարաձգւի ներկային մէջ:
15 յունիսի 2022-ին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 2021 թւականի պետական բիւջէի կատարման տարեկան հաշւետւութեան քննարկումը եզրափակեց երկարաշունչ ելոյթով մը: 2021-ի բիւջէին մասին քանի մը տողանոց նշումէն ետք, Նիկոլ Փաշինեան անցաւ «արմատական» ընդդիմութեան քննադատութեան: Ըստ իրեն, ընդդիմութիւնը կը մեղադրէ կառավարութիւնը, որ «միայնակ է թողել Արցախը» եւ երկրորդ՝ կը պահանջէ որդեգրել «Արցախը երբեք չի լինելու Ադրբեջանի կազմում» բանաձեւը: Առաջին մեղադրանքը Նիկոլ Փաշինեան հերքեց՝ յիշատակելով Արցախի Հանրապետութեան բիւջէական յատկացումներուն յարաճուն աճով, մոռնալով քաղաքական երեսը: Երկրորդի պարագային, Նիկոլ Փաշինեան երկար մեկնաբանութիւններ կատարեց՝ ի վերջոյ հասնելու համար խաղաղութեան օրակարգ որդեգրելու անհրաժեշտութեան:
Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթի գրաւոր արձանագրութեան տասներկու էջերէն տասը յատկացւած են փաստերու, որ՝ «Բանակցային գործընթացի ողջ պատմութեան ընթացքում թէ՛ Ռոբերտ Քոչարեանը, եւ թէ՛ Սերժ Սարգսեանը, այսպիսով նաեւ նրանց քաղաքական արբանեակ «Դաշնակցութիւնը» Արցախը ճանաչել են իբրեւ Ադրբեջանի մաս, եւ կամ չեն առաջնորդւել «Արցախը երբեք չի լինելու Ադրբեջանի կազմում» սկզբունքով»: Ինքնարդարացման նպատակով կատարւած այս երկար փաստարկումը կարելի է ամփոփել շատ կարճ տարազով մը. եթէ կը բանակցին Ադրբեջանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ, կը նշանակէ, որ կընդունին Արցախի մաս կազմելը Ադրբեջանի հողային ամբողջականութեան: Ամէն անգամ որ Եւրոխորհուրդի Մինսկի խումբի եռանդամ նախագահութիւնը, կամ անոր անդամներէն մէկը առաջարկ մը կը ներկայացնէ, առաջարկը ընդունիլ իբրեւ հիմք բանակցային ընթացակարգին՝ կը նշանակէ ընդունիլ Լեռնային Ղարաբաղը Ադրբեջանի կազմին մէջ: «Ընդհանուր պետութեան» առաջարկ, հողերու՛ փոխանակման առաջարկ, Մադրիդեան սկզբունքներ, Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) ստեղծում, Հայաստանի մարզային բաժանումներ եւ այլն, եւ այլն, բոլորն ալ կը փաստեն, որ Հայաստանի նախկին իշխանութիւնները մնայուն կերպով Լեռնային Ղարաբաղը համարած են մաս Ադրբեջանի: Այս բոլորը տրամաբանութիւնը խոցող սոփեստութեան նմուշներ են, որոնց նպատակը նախապատրաստութիւնն է Ադրբեջանի հողային ամբողջականութեան, ներառեալ՝ Արցախը, ճանաչումին:
Այս բոլոր փաստարկումները կը կատարւին, որովհետեւ՝ «Հայաստանի կառավարութիւնը եղել է, կայ եւ կը լինի Արցախի կողքին, ինչքան էլ տարբեր շրջանակներ չնկատեն դա, կամ փորձեն Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ հակասութիւններ սերմանել»: Լա՛ւ իմացէք, Հայաստանի իշխանութիւնները … Արցախի կողքին են: Միայն զօրակցութեան ձեւն է փոխւած. նախապէս՝ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման հայկական հայեցակարգի հիմքում դնում էինք Ղարաբաղի կարգավիճակը՝ դրանից բխեցնելով անվտանգութեան երաշխիքներն ու իրաւունքները, այժմ հիմքում դնում ենք անվտանգութեան երաշխիքներն ու իրաւունքները՝ դրանից բխեցնելով կարգավիճակը»: Հիմա դատեցէք. արցախահայերուն անվտանգութեան երաշխիքներն ու իրաւունքները փայլուն կերպով «ապահովւած են»՝ շնորհիւ Հայաստանի իշխանութիւններու կրաւորականութեան Արցախի պաշարման, ապա բռնի տեղահանութեան ժամանակ, իսկ կարգավիճակը… կարգավիճակ չմնաց: Ահա այսպէս՝ Հայաստանը «եղել է, կայ ու կը լինի Արցախի կողքին»:
Ազգային ժողովին այս ծրագրային ելոյթի ընթացքին, գրաւոր շարադրանքէն դուրս, Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ միջազգային համայնքը (հասկնալ՝ հաւաքական Արեւմուտքը) կը թելադրէ իջեցնել նշաձողը, այսինքն՝ հրաժարիլ Արցախի անկախութեան պահանջէն. Հայաստանի կարծեցեալ բարեկամները կը խոստանան «կոնսոլիտացւել» (այսինքն՝ զօրավիգ կանգնիլ) Հայաստանի շուրջ: Պրագայի մէջ Նիկոլ Փաշինեան ենթարկւեցաւ այս խորհուրդ-պահանջին՝ ընդունելով, որ Արցախը մաս կը կազմէ Ադրբեջանի հողային ամբողջականութեան, սակայն «կոնսոլիտացման» խոստումը չկատարւեցաւ: Նշաձողը հաւասարեցւեցաւ գետնին, բարեկամները լուռ մնացին, իսկ Նիկոլ Փաշինեան այսքանով ալ չգոհանալով՝ նշաձողը կուզէ թաղել գետնին տակ, ուրանալ Արցախը, որպէսզի ի վերջոյ Հայաստանի քաղաքական կարգավիճակը եւս բխի հայութեան «անվտանգութեան երաշխիքներէն եւ իրաւունքներէն»:
Նիկոլ Փաշինեան գիտակից էր, որ ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել, որ իր վարած «խաղաղութեան օրակարգը» յաջողութիւն կունենայ: Կործանարար արդիւնքով դրսեւորւած քաղաքական այս ընթացքը կը շարունակւի անխափան՝ վտանգելով այնքան փայփայւած Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնն ու իրաւունքները:
Քառասունչորս օրերու պատերազմի մղձաւանջի վերյուշի այս օրերուն հայութիւնը պէտք է համախմբւի հայրենիք, պետութիւն, հայրենասիրութիւն, անկախութիւն աճուրդի հանած իշխանութեան դէմ, որպէսզի հայ ազգը օժտւի իր առհաւական արժէքներուն հաւատարիմ իշխանութեամբ: