Ի՜նչ նոր սահմանադրութիւն, ի՜նչ ընտրութիւն…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Վերջին օրերուն, մասնաւորաբար Ուկրաինոյ շուրջ Արեւելք-Արեւմուտք սակարկութեանց նորագոյն պատկերին դիմաց, ստեղծւած է կացութիւն, որուն անհաշւելի ծալքերը, մէկը միւսը հակասող զարգացումները ի՛սկապէս որ ստեղծած են գլխապտոյտ պատճառող վիճակ: Շատ ուժեղ կը հնչեն մէկ կողմէ՝ Ուկրաինոյ նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կեցւածքի 180 աստիճանի շրջումը, միւս կողմէ՝ նոյն տագնապին դիմաց Վաշինգտոնի եւ եւրոպացի դաշնակիցներուն միջեւ տարակարծութիւնները (մէկը ձեռքերը կը լւայ Ուկրաինայէն ու մեղադրանքներ կարձակէ անոր հասցէին, միւսը ոգի ի բռին կուզէ շարունակել նախորդ երեք տարիներու ընթացքը եւ կը ստանայ… Վաշինգտոնի քաջալերանքը), այլ գիծերու վրայ՝ Թուրքիոյ եւ Չինաստանի նման ուժերու ախորժակը՝ պատրաստւող կարկանդակէն անմասն չմնալու իմաստով (անոնք կը յայտարարեն, որ լուծումին պէտք է մասնակից ըլլան ԲՈԼՈՐ ԿՈՂՄԵՐԸ, այսինքն՝ նաեւ իրենք, որովհետեւ յստակ է, որ յաջորդ փուլին, կայ Ուկրաինոյ բնական հարստութիւնները կողոպտելու ծրագիր), իսկ անդին, Ուկրաինան փաստօրէն լքւած է նստելու ցեխի մէջ, աղօթելու՝ որ յարալէզները վար իջնեն հեռաւոր երկինքներէն եւ դարման բերեն իր բազմատեսակ վէրքերուն:
Ստեղծւած յորձանուտին մէջ, հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն կը նետւի հրապարակ: Նոյն ախտով վարակւած է նաեւ Հայաստանի բեմը: Այս բոլորը կը կատարւին ի տես եւ ի լուր օր-աւուր հրապարակ եկող տեղեկութիւններուն, ստեղծելուվ այն տպաւորութիւնը, թէ ո՛ւր որ է, Վաշինգտոն եւ Մոսկւա, մէկդի դրած միւս բոլոր կողմերը՝ բարեկամ թէ հակառակորդ, վաղը-միւս օր պիտի հասնին լուծման տարազի մը եւ զայն պիտի հրեն բոլորին կոկորդէն վար: Երկարաշունչ քայլարշաւի մը եւ նոր անակնկալներու, շրջադարձութիւններու նախատեսութիւնները նւազ ծանր կը կշռեն…
***
Եթէ պահ մը մենք մեզ ձերբազատենք փոթորիկին անմիջական մթնոլորտէն, եւ մեր յիշողութեան տակառը պրպտենք նախընթաց՝ նման վիճակներու ուղղութեամբ, դժւարութիւն պիտի չունենաք տեսնելու, որ գլխապտոյտ պատճառող կամ շփոթ ստեղծող քիչ բան կայ (շփոթեցնող մասնիկներ մի՛շտ ալ եղած են): Խառնաշփոթէն խուսափելու համար, հարկ է դէպքերն ու զարգացումները դիտել կարելի ամենէն լայն դաշտերուն մէջ, հաշւի առնել մօտ ու հեռու բոլոր իրադարձութիւնները եւ անոր համագումարին հիմամբ կատարել ըստ կարելւոյն՝ ճշգրիտ գնահատականներ, ճշդել ամենէն հաւանական կարելիութիւնները: Նոյնքան կարեւոր է չսահմանափակւիլ անմիջական եւ առհասարակ մակերեսին վրայ ծփացող տեղեկութիւններով, այլ հարցումներ տալ ու պատասխաններ գտնել, թէ եղածներուն մէջ ինչպիսի՞ յետին նպատակներ ու հաշիւներ կան, չոր իրականութիւններ՝ որոնց մասին գրեթէ բան չըսւիր…:
Ի՛նչ շրջագիծի եւ մակարդակներու վրայ ալ դիտենք զարգացումները, կշիռի դնենք դրական ու անհաճոյ հաւանականութիւնները, կայ այլ յստակ բան մը. եթէ Ուկրաինան պիտի ըլլայ ցարդ երեւութական, քիչ մըն ալ շօշափելի բարեշրջումներէն գլխաւոր ազդւողը, ըսենք՝ զո՛հը, անիկա միայնակ չէ ու պիտի չմնայ իր ճակատագիրին հետ, այլ ստեղծւած նոր կացութիւնները իրենց մեղմ ու ամեհի ազդեցութիւնները պիտի ունենան աշխարհը յուզող բազմաթիւ տագնապներու վրայ, բարեկամներու եւ հակառակորդներու յարաբերութեա՛նց վրայ. այս ըսելով, պէտք է շեշտենք, որ Կովկասի մէջ կիզակէտ մը հանդիսացող մեր հայրենիքին նաւն ալ տատանումներու ենթակայ պիտի ըլլայ ստեղծւած հովերէն, որոնք անպայման այժմու ուղղութեամբ պիտի չշարունակեն փչել ընդմիշտ: Եւ բոլորովին անհիմն չեն այն տեսութիւնները, թէ ստեղծւած պատկերին մէջ կան իրական եւ խաբուսիկ, շուտով վերաշրջելի գիծեր: Եւ ասոր անունը… մեծապետական քաղաքականութիւն է, այսինքն՝ մեծերուն հաշիւներուն վերադասաւորումը, որուն մէջ փոքրերը կրնան նահատակ երթալ, եթէ անոնց մէջ պակսի շրջահայեացութիւնը, հեռատեսութիւնը եւ հաւասարակշիռ ուղղութիւն պահպանելու ունակութիւնը: Մենք միակ փոքրը չենք, կան դրացի եւ հեռաւոր բազմաթիւ փոքրեր, որոնք արդէն մեզմէ աւելի՛ յաջող կերպով կը մտնեն նոր խաղին մէջ:
***
Երեւան որքանո՞վ հաղորդ է այս յորձանուտին:
Քաղաքական շրջանակներ ըստ բաւականին իրազեկ են. կը կատարւին իմաստալից վերլուծումներ ու մասնագիտական մօտեցումով քննարկումներ, որոնց դիմաց, սակայն, իշխանական շրջանակը կարծէք թէ շատ ալ տրամադիր չէ հրաժարելու հին(ցած) յանկերգներէ եւ այլապէս՝ տեղական դաշտին մէջ խառնաշփոթ վիճակ ստեղծելու դիտաւորութիւններէն: Իւրաքանչիւր արեւածագի հետ ու օրւան տարբեր ժամերուն, ՔՊ-ական խմբակին պետն ու կողքին քալողները հին… նորութիւն մը կը նետեն հրապարակ, կրկին ու կրկին փաստելով, որ իրենց առաջին ու վերջին մտահոգութիւնն է ժողովուրդին – նաեւ Սփիւռքի հայութեան – ուշադրութիւնը շեղել իսկական հարցերէն ու մարտահրաւէրներէն, քողարկել իրենց կործանարար վարմունքը:
Եթէ անոնց յիշեցում կատարւի էական հարցերու մասին՝ անոնց հակազդեցութիւնը ունի հետեւեալ իմաստը. ի՜նչ Արցախ, Բաքւի մէջ ի՜նչ բանտարկեալներ ու պատանդներ, ի՜նչ սղութիւն ու ապրուստի պայմաններու դժւարացում, ի՜նչ Սիւնիքի եւ այլ սահմանային գօտիներու վտանգում, ի՜նչ Ցեղասպանութիւն, թուրք-ազերիին դէմ միջազգային ի՜նչ հետապնդում-պահանջատիրութիւն (ինչու-ներու շարքը կրնանք երկարել): Իրենց համար, կայ մէկ մտասեւեռում՝ ուղղակի կամ անուղղակի քայլերով պատրաստուիլ յառաջիկայ ընտրութիւններուն, այդ նպատակով ալ հող պատրաստել, սկսելով տեղական ընտրութիւններու կալւածին մէջ:
Իշխանականներուն համար, մինչեւ իսկ երկրորդական են այն իրական փաստարկումները, թէ՝ իրենք բանիւ եւ գործով դարձած են թուրք-ազերիական ծրագիրներու գործակատարը (դարձեալ յիշեցնենք, որ իշխանապետը օր մը յայտարարեց, թէ ինք չի նեղանար, եթէ զինք թուրք որակեն…): Եւ ահա, դարձեալ հրապարակ կու գայ «նոր սահմանադրութիւն պիտի մշակենք»-ի յանկերգով ու չնաշխարհի՜կ «տեսութիւններով», որոնց ազերիական թելադրանք ըլլալը փաստւած է կրկին ու կրկին: Այսօրւան օրակարգն է յաջորդ ընտրութիւններուն իրենց յարմար զգեստ մը ձեւաւորել-կարելու գործը: Եւ սա միակ «շեղող զբաղումը» չէ, որ կը նետւի ժողովուրդին գիրկը…
***
Իշխանաւորներուն դիտաւորութիւնները – սահմանադրութիւն «հնարելու» թէ այլ ճամբաներով – արեւու լոյսին չափ յստակ են: Յստակ չէ – եւ ահա հոն է մտահոգիչ գլխապտոյտը-, թէ ժողովուրդը ինչո՞ւ կը մերժէ տեսնել վնասարար ընթացքն ու զայն յամառօրէն շարունակելու, վերարտադրւելու իշխանաւորներուն ջլախտաւոր վազքը: Կուզեն վերարտադրւիլ՝ որպէսզի ի՞նչ. Արցախը նւիրեցին, սահմանամերձ հողամասեր նւիրեցին, ազերիներուն գրաւած (իրենց իսկ խոստովանութեամբ) տարածքներուն վերատիրանալու նպատակով որեւէ բան չընելու «վարպետի քաղաքականութիւնը» բաւարար չե՞ն, պէտք է անպայման ընդդիմադիրներուն զգուշացումները՝ Սիւնիքն ու այլ տարածքներ կորսնցնելու, աւելի, եւս կղզիանալու-կրճատւելու եւ ապրուստի պայմաններու նոր նահանջ իմաստով՝ իրականութի՞ւն դառնան, բանակէն մնացա՞ծն ալ «ասֆալթին փռւի», որպէսզի վաղն ալ օրօրէն այն քարոզչութեամբ, թէ այդ բոլորը նախկինները ըրած են, ա՛յն նախկինները՝ որոնց իշխանութեան ղեկէն հեռացումը շուտով եօթներորդ տարին պիտի բոլորէ…
Իշխանաւորներուն անատակութի՛ւնն ալ, թշնամիին լծակից ըլլա՛լն ալ յստակ է: Կան անյստակ այլ գիծեր: Այդ ինչպէ՞ս կըլլայ, որ ընդդիմադիրները, որոնց հայրենապաշտպանութեան յանձնառութիւնը վեր է ամէն կասկածէ, չեն կրնար մէկդի դնել քողարկեալ – եւ ո՛չ հրատապ – տարակարծութիւնները, համախմբւիլ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՕՐԱԿԱՐԳ-ի մը շուրջ, որպէսզի վերջ դնեն իրերայաջորդ անկումներու եւ կորուստներու շարանին: Ինչո՞ւ հրապարակ չի գար հայրենիքի փրկութեան լիարժէք ծրագիր մը, որ թօթափէ աշխարհը յուզող եւ գլխապտոյտ պատճառող ազդեցութիւնները, Հայաստանը վերադարձնէ մօտիկ եւ հեռաւոր գօտիներու մէջ ի յայտ եկող նորութիւններուն համընթաց նաւարկումի:
Կրկնենք. իշխանաւորները անատակ, չկամ եւ շատ ուրիշ բան են նման առաջադրանք իրականացնելու առումով, իրենք զիրեն հասցուցած են այնպիսի՛ կէտի մը, ուրկէ անկարող են ետդարձ ընելու, այնքա՛ն որ ամուր պատանդւած են դրսեցիներուն իրենց խոստացած յանձնառութիւններուն չուաններով: Հետեւաբար, դարձեալ կրկնենք. պատխասանատւութեան ծանրութիւնը կիյնայ ընդդիմադիր ճակատին ուսերուն:
Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի՝ կան մասնագէտներ, կարող ու ատակ մարդիկ, կազմակերպութիւններ ու հայրենիքի իրաւունքներուն հետամուտ ցանցեր, որոնց կարողականութեանց մէկտեղումը աւելի քան հրամայական է այսօր. փոխընտրանքը պիտի ըլլայ դուրս չգալ հանդիսատեսի կօշիկներէն, իսկ հետեւանքը պիտի ըլլայ այն, որ իշխանաւորները շարունակեն իրենց էշերը յառաջ քշել ա՛յն «ճամբու քարտէզ»-ին հիմամբ, որ իրենց ձեռքը տրւած է Հայաստանը վերջնական զոհասեղանին վրայ դնել փորձողներու կողմէ:
Հայաստան – եւ ամբողջ հայութիւնը – կոչւած են կասեցնելու կորստաբեր ընթացքը, ընդդիմադիրներուն առաքելութեան մաս կը կազմէ բանալ ցարդ կոյր մնալ ուխտածներուն աչքերը եւ իշխանաւորներուն գործնապէս պատասխանել. ի՜նչ նոր սահմանադրութիւն, ի՜նչ ընտրութիւն, թուրք-ազերիական բազմայարկ պահանջներու ի՜նչ գոհացում…: Այդ բոլորին դիմաց, այսօր կայ ՀԱՅՐԵՆՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ եւ ԲՈԼՈՐ ՎՆԱՍՆԵՐԷՆ ԵՏԴԱՐՁԻ անյետաձգելի հրամայականը: