Դաշնակցական Բեմ

ՋԻՒԼԻԸՆ ԱՍԱՆԺ Ի ՎԵՐՋՈՅ ՅԱՂԹԱԿԱՆ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Երեքշաբթի՝ յունիսի 25-ին, միջազգային լրատւամիջոցներու էջերուն եւ պաստառներուն պայթեցաւ լուր մը, թէ՝ Ջիւլիըն Ասանժ համաձայնութիւն մը կնքած է ամերիկեան արդարադատութեան իշխանութիւններուն հետ ու ազատ պիտի արձակւի չորեքշաբթի՝ յունիսի 26-ին:

Սա կը նշանակէ, որ մօտաւորապէս 15 տարի տեւած անհաւասար հակամարտութիւն մը՝ «Վիքիլիքս»-ի հիմնադիր Ջիւլիըն Ասանժի եւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն միջեւ, վերջ կը գտնէ Ասանժի ազատ արձակումով. ասիկա համազօր է անվիճելի յաղթանակի՝ ընդդէմ աշխարհի հզօրագոյնը նկատւող պետութեան վրայ: Խորքին մէջ, Ասանժի անունը դարձած էր խորհրդանիշ՝ մամուլի ազատութեան եւ պետական ոճիրներու բացայայտման պայքարի, որուն տարբերակները յարաճուն տագնապներ կը ստեղծեն աշխարհով մէկ, եւ ո՛չ միայն իբրեւ բռնապետութիւն ճանչցւած երկիրներու մէջ:

Ի յայտ եկաւ, որ ամերիկեան իշխանութիւնները «համաձայնութեան եկած» են Ասանժի հետ, ետ քաշած են 18 ամբաստանագիրներէն 17-ը եւ կընդունին ազատ արձակել բազմաչարչար լրագրողը:

Համաձայնագիրը աղաղակող կերպով ձեւական է. Ասանժ ընդունած է մեղաւոր ճանչցւիլ գաղտնի տեղեկութիւններ հրապարակելուն համար: Եթէ բոլոր ամբաստանութիւնները հաստատւէին, ան կրնար 170 տարի բանտարկութեան դատապարտւիլ (խօսք կըլլար նաեւ մահապատիժի մասին): «Ընդունած յանցանք»-ին համար, անոր դէմ կարձակւի 5 տարի բանտարկութեան վճիռ, սակայն նկատի ունենալով, որ ան արդէն աւելի քան 5 տարիէ ի վեր բանտարկւած էր, ինքնաբերաբար ազատ կարձակւի:

Ի՞ՆՉ ԷՐ ՅԱՆՑԱՆՔԸ

Ո՞վ է Ջիւլիըն Ասանժ եւ ի՞նչ էր անոր յանցանքը, որուն համար ան իր կեանքի վերջին 62 ամիսները (աւելի քան 5 տարի) մաշեցուց Լոնդոնի հարաւը գտնուող Բելմարշ՝ խստագոյն հսկողութեան ենթակայ բանտին մէջ, օրական 23 ժամ պահւելով մեկուսի խուցի մը մէջ: Անկէ առաջ, մօտաւորապէս 6 տարի, իբրեւ քաղաքական ապաստանեալ, վայելեց Լոնդոնի մէջ Էքւադորի դեսպանատան հիւրընկալումը. յետոյ, ամերիկեան բացայայտ ճնշումներու ենթարկւելով՝ էքւադորցիք Ասանժը յանձնեցին բրիտանական իշխանութիւններուն: Օրին, ձերբակալութիւնը տեղի ունեցաւ փողով-թմբուկով, «սքանչելի՜» ցուցադրականութեամբ…

Առանց խոր մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, յիշեցնենք, որ Ասանժ յանցաւոր հռչակւեցաւ ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ, երբ «Վիքիլիքս»-ը 2010-էն սկսեալ  հրապարակեց լայնածաւալ գաղտնի տեղեկագիրներ, որոնք կը մերկացնէին ամերիկեան (եւ դաշնակից-գործակից) իշխանութիւններուն ոճիրները՝ Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ (կային նաեւ այլ բացայայտումներ, որոնք «ներքին» բնոյթ ունէին, օրինակ Սի. Այ. Էյ.-ի լրտեսութիւնները ընդդէմ կարգ մը իրաւաբաններու, եւ այլն): Սա այն օրերուն էր, երբ ամերիկեան ուժերը, իբրեւ թէ «Քայիդա»-ն ու նման «ահաբեկչական խմբակներ» հետապնդելու համար, ներխուժած էին յիշեալ երկիրները եւ բառին ամենէն պարզ իմաստով, աւելի շատ թաց ճիւղեր այրած էին, քան չորերը (սա նաեւ նախադուռն էր «Արաբական գարուն»-ին…):  Գաղտնազերծւած արխիւներէն ի յայտ եկած էին դաւադրի ծրագիրներ, բայց մանաւանդ անտեղի սպանութիւններ. ամենէն ցնցիչներէն մէկն էր այն ժապաւէնը, ուր բացայայտօրէն կերեւէր, որ ամերիկեան զինւորական ուղղաթիռէ մը կրակ կը բացւի նախապէս յարձակման ենթարկւած քաղաքայիններու օգնութեան փութացող քաղաքայիններ, լսելի էր հրահանգ տւողներուն ձայներուն արձանագրութիւնը: Մէկ խօսքով, Ասանժ եւ գործակիցները աշխարհին ցոյց տւած էին, թէ խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն տարածելու յոխորտանքով՝ Աֆղանիստան եւ Իրաք (եւ այլուր) ներխուժած ամերիկեան եւ դաշնակից բանակները (ցանաքային եւ օդային ուժեր) ինչպիսի՜ ահաւոր բաներ կատարած էին հոն: (Արդեօք Թէքէեան պիտի կրկնէ՞ր «Ահաւոր բան մը այնտեղ…»-ը):

ՅԱՆՑԱԿԻՑՆԵՐ

Ասանժ առանձին չէր գործած: Անոր նշանաւոր հրապարակումներուն («Վիքիլիքս»-ի ճամբով) առատ նիւթ հայթայթած էին ամերիկեան վարչամեքենային եւ բանակին մէջ գործողներ, որոնք ականտես եղած էին ոճիրներուն ու անհարկի սպանութիւններուն եւ մերժած՝ հանդուրժել ոճիրները: Անոնցմէ ամենէն նշանաւորը կը կոչւէր Բրէդլի Մենինկ, 20-21 տարեկան զինւոր մը, որ ձերբակալւեցաւ եւ իբրեւ դաւաճան՝ բանտարկւեցաւ (յետոյ ազատ արձակւեցաւ եւ… սեռափոխութեան ենթարկւելով՝ կեանքը կը շարունակէ Չելսի Մենինկ անունով):

Ամերիկեան իշխանութիւնները ահ ու դողի մատնւեցան քանի մը պատճառով: Այդ ինչպէ՞ս կըլլար, որ իրենց քթին տակէն գաղտնի փաստաթուղթեր դուրս կը սպրդեցւէին, յետոյ ալ իրենց ոճրային արարքները կը ցուցադրւէին աշխարհի աչքերուն առջեւ: Սա «լրտեսութիւն» էր, «դաւաճանութիւն»: (Ոճիրը ոճիր ըլլալէ կը դադրի՞, եթէ մարդիկ չիմանան…): Կարելի չէր լուռ անցնիլ, այլ պէտք էր լա՛ւ դաս մը տալ Ասանժներուն, որոնք մամուլի ազատութեան իրաւունքին յենելով եւ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԵԼՈՒ նախանձախնդրութեամբ կը գործէին: Ի՜նչ հոգ, որ բացայայտումները կրնային չարաշահւիլ, վառելանիւթ տրամադրել մէկ կողմէ՝ ամերիկեան ընտրապայքարներու եւ միւս կողմէ՝ միջազգային մրցակցութիւններու:

Աւելի քան տասնամեակ մը տեւած դատական հետապնդումներու քաշքշուքներուն զուգահեռ՝ գօտեպնդող վիճակ մը տարածւեցաւ երկրէ երկիր: Ասանժի պաշտպանութեան համար, գործի լծւեցան մամուլի, խօսքի ազատութեան եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններ, ականաւոր դէմքեր, առանց մոռնալու… Աւստրալիոյ կառավարութիւնը, որուն մէկ հպատակն է Ասանժ: Ցոյցեր, հաւաքներ եւ դատապաշտպանական լայնածաւալ շարժումներ իրարու յաջորդեցին (երբեմն ալ մարեցան): Ամենէն ուժեղ հնչող պահանջը հետեւեալն էր. «Մի՛ սպանէք պատգամաբեր-լրաբերը» (Don’t kill the messenger!):

Չմոռնանք, որ Ասանժը վարկաբեկելու ահաւոր արշաւներ ալ տարածւեցան: Ամէնէն աղմկոտը՝ Շւեդի իշխանութիւններուն կողմէ դատական հետապնդումի որոշում մըն էր, որովհետեւ Ասանժ «սեռային բռնութեան արարք» մը գործած էր հոն: Շւեդ կը պահանջէր որ Ասանժ իրեն յանձնւի, իսկ ինք ալ զայն պիտի յանձնէր Միացեալ Նահանգներուն: Երկար լարախաղացութիւններէ ետք (մեղադրեալին յանցանքը յստակօրէն չապացուցւեցաւ), շւեդացիք հրաժարեցան հետապնդումէն ու Ասանժ մնաց Լոնդոնի բանտախուցին մէջ:

Ասանժ եւ իր պաշտպանները, իրաւաբանները եւ հրապարակային ցոյցերու դիմողները աւելի քան տասնամեակ մը պայքարեցան անոր ազատ արձակման ի խնդիր. Ասանժ մերժեց յանձնւիլ շւեդական ու ամերիկեան իշխանութիւններուն, հաստատ մնաց իր իրաւունքներուն պաշտպանի կօշիկներուն մէջ, մերժեց բոլոր մեղադրանքները եւ չվախցաւ յայտարարելու, որ ինք իր լրագրողի գործը կատարած է իշխանաւորներու ոճիրները բացայայտելով: Անոր պաշտպաններէն մէկը առիթով մը իրաւամբ ըսած է. ամերիկեան կառավարութիւնը «լրտեսութեան դէմ օրէնք»-ին որդեգրումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով զայն կօգտագործէ լրագրութեան դէմ…

ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՐՏԸ

Կիրակի գիշեր աւարտած «սակարկութեան» հիմամբ, ինչպէս նշեցինք, Ասանժ կընդունի թէ յանցանք մը գործած է, եւ սա «յաղթող»-ի պատրանք մը կը բերէ ամերիկեան կողմին: Ամերիկեան կողմն ալ բաւ կը նկատէ անոր բանտարկութիւնը եւ կարտօնէ, որ ան դուրս գայ լոնդոնեան բանտէն, օդանաւ բարձրանայ եւ Բանքոքի վրայով, հասնի Խաղաղականի մէջ գտնւող Մարիանա արշիպեղագոսի ամենէն մեծ կղզին՝ Սայփէն, ուր պիտի ներկայանայ ամերիկացի դատաւորի մը առջեւ: Ու յանկարծ աշխարհը իմացաւ, որ Աւստրալիոյ հիւսիսը, Միացեալ Նահանգներէն հազարաւոր կիլոմետր  հեռու, կայ Մարիանա անունող կղզիախումբ մը, որ ամերիկեան հող է… 1980-էն ի վեր (յիշենք նաեւ, որ 1982-ին, Բրիտանիան ալ պատմական պատերազմ մը մղեց Արժանթինի դէմ, իր հողերէն հազարաւոր կիլոմետր հեռու գտնւող՝ Ֆոլքլէնդ կղզիներուն համար. սա հին գաղութատիրութեան նորաձեւ պահպանումն է): Ապա, ան ճամբորդութիւնը պիտի շարունակէ դէպի Աւստրալիա, վերամիանալու համար ընտանիքին: Աւստրալիոյ վարչապետը կրնայ հպարտանալ, որ իր միջամտութիւնը եւ Բայդէնը համոզելու ճիգերը արդիւնաւորւած են:

Խորքին մէջ, եթէ սա շուրջ 15 տարիներու այլանդակ բեմադրութեան մը վերջին արարն է, լայն իմաստով բեմադրութիւնը վերջ պիտի չգտնէ, որովհետեւ, ինչպէս այս գայթակղութեան պայթումին առաջին օրերուն եւ յաջորդական փուլերուն՝ հիմա ալ այլազան արձագանգներ պիտի տարածւին աշխարհով մէկ, լուսարձակներ պիտի բերուին պետական ոճիրներու, զանոնք բացայայտողներու եւ այս ոլորտին մէջ անվերջանալի մրցակցութեանց վրայ:

«ՄԵԶԻ Ի՜ՆՉ…»

Հայ ընթերցողը պահ մը կրնայ հարց տալ. «Մեզի ի՜նչ, թէ Ասանժ յանցաւո՞ր էր, թէ՞ անմեղ: Այս հարցը ի՞նչ աղերս ունի մեր կամ աշխարհի այլ տագնապներուն հետ»: Փաստօրէն, ինչպէս նշեցինք, լուրին պայթումը առաջնային տեղ գրաւեց մամուլի հրապարակներուն, ետին ձգելով Ուկրանիա՛ն ալ, Գազա՛ն ալ, ամերիկեան ու ֆրանսական ընտրական թղթածրարնե՛րն ալ, բնական աղէտնե՛րն ալ, եւ շատ ու շատ հարցեր:

Մեզի համար կան շահեկան մէկէ աւելի կէտեր:

Այս եղելոյթը անգամ մը եւս կը յուշէ, որ արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ Մարդու իրաւունքներու հետապնդման դրօշակիրները ահաւոր կերպով կամայական են եւ կողմնակալ, մինչեւ իսկ պատրաստ են իրենց… ոճիրները ծածկելու փորձ կատարելու:

Վերստին կը հաստատւի այն ճշմատրութիւնը, թէ յանցաւորները ընդմիշտ չեն կրնար քողարկւած մնալ, միշտ ալ պիտի ըլլան արդարամիտներ, որոնք տեղ մը պիտի պայթեցնեն սուտի ու կեղծիքի փուչիկը (անցեալին ալ նման բացայայտումներուն շարաններ կազմւած են, նշանաւորներէն մէկն էր տխրահռչակ Նիկսոնն ու «Վոթըրգէյթ»-ը):

Անգամ մը եւս կը փաստւի, յիշեցում կը կատարւի, որ «ահաբեկիչներու հետապնդում»-ը ինչպիսի՜ կամայականութիւններու եւ շահադիտական մօտեցումներու ենթակայ է: Աշխարհը կը յիշէ, պէ՛տք է յիշէ, որ այս կամ այն ահաբեկչական խմբակը հետապնդողը (յաճախ իր իսկ կողմէ կազմաւորւած ու հովանաւորւած), հիմա լուռ ու ձեռնածալ կը մնայ ահաբեկչական այլ արարքներու եւ խմբակներու, մինչեւ իսկ ոճրագործ պետութիւններո՛ւ դիմաց (Թուրքիա, Ադրբեջան, Իսրայէլ եւ ուրիշներ): Ասանժը արդարօրէն պաշտպանողները ինչո՞ւ կը նախընտրեն կոյրի եւ մունջի դեր խաղալ՝ ի տես շարունակւող պետակա՛ն ոճիրներուն:

Գալով մեր «փոքր ածու»-ին: Մենք ալ ունինք քաղաքական բանտարկեալներ, Հայաստանի եւ Բաքւի մէջ. Երեւանի իշխանութիւններուն յանցաւոր եւ կրաւորական ընթացքին մասին չարժէր երկար խօսիլ, այլ սա կարձանագրենք յիշեցման կարգով: Աւստրալիոյ վարչապետը կըսէ, թէ աշխատանք տարած է Ասանժը ազատ տեսնելու համար, իսկ Փաշինեան ո՛չ միայն անտարբեր է Բաքւի մէջ դատւողներուն հանդէպ (կը մնայ սնամէջ խօսքի սահմաններուն մէջ), այլ նորանոր ձեւեր կը հնարէ… Հայաստան ապաստանած արցախցիները եւ պետական ներկայացուցիչներ հետապնդելու համար (նահատակներու ծնողներուն դէմ բռնարարքները մոռացութեան մատնելու ճի՞գ մը՝ արդեօք): Եւ ասոնք փաստացի են, ո՛չ թէ յերիւրանք ու զրպարտութիւն…

Կարժէ արձանագրել, որ մեր հայրենիքը՝ Հայաստան եւս կարիքը ունի Ասանժներու, որովհետեւ Երեւանի իշխանութիւններն ալ գաղտնի ու բացայայտ օրինազանցութիւններ կընեն, հրապարակային ձերբակալութիւններ եւ ցուցարարներու խոշտանգում կը բեմադրեն, մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին համար շա՜տ աւելի վնասարար ընթացքի մէջ են, քան Ասանժի ու գործակիցներուն բացայայտածները (անոնք մարդկութեան դէմ ոճիրներ ցոյց տւին, մինչդեռ Հայաստանի մէջ թշնամիին հողեր կը յանձնւին ամէն տեսակի խայտառակ «չքմեղանք»-ով):

Ասանժի հարցին բարւոք փակումը յուշարար է, թէ անարդար եւ կամայական տնօրինումներ դատապարտւած են անվաղորդայն մնալու, ճշմարտութիւնը ի վերջոյ յաղթական դուրս կու գայ:

25 յունիսի 2024

Related Articles

Back to top button