Հայկական Դիւանագիտութիւնը Եւ Սեւրի Պատմական Նշանակութիւնը
Հայերը պատմութեան ընթացքին մաս կազմած են բազմաթիւ ճակատագրական դաշնագիրներու: Մեր թագաւորութիւններու օրերէն` հասնելով Արցախի 44-օրեայ պատերազմի նոյեմբեր 9-ի համաձայնագիրին: Դժբախտաբար բոլորը չեն եղած` ի նպաստ հայ ազգի շահերուն, այլ կաշկանդած են հայերը եւ զրկած` իրենց իրաւունքներէն: Կնքած ենք շարք մը կարեւոր դաշնագիրներ, որոնցմէ մէկն է Սեւրի դաշնագիրը` ունենալով անկիւնադարձային ազդեցութիւն, արթնցնելով խորհրդանշական յոյս մը հայերուն մէջ, որուն համար մինչեւ այսօր պայքարը կը շարունակուի:
Առաջին հերթին պատմական ակնարկով մը պիտի անդրադառնանք Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք տեղի ունեցած զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի իրավիճակին: Ապա ընդլայնելէ ետք Սեւրի դաշնագրի բովանդակութիւնը, մանաւանդ` հայերու ճակատագիրին վերաբերող, պիտի խօսինք թուրքերու հակազդեցութիւններուն եւ պատասխաններուն մասին` դաշնագրին շուրջ:
Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտէն ետք Օսմանեան կայսրութիւնը տկարացած էր իր դաշնակիցներու կողքին պարտութիւն կրելէ ետք: Ան պատերազմի ընթացքին կորսնցուց ընդարձակ տարածքներու վրայ իր վայելած իշխանութիւնը, որ արդիւնք էր ոչ միայն կայսրութեան պարտութեան, այլ նաեւ` զանազան ժողովուրդներուն բանեցուցած ճնշումներուն եւ ազգային շարժումներուն, որոնց շարքին էին քիւրտերու եւ հայերու տրամադրութիւնները:
Երկիրը կառավարելու կարողութիւնը նւազած էր: Հակառակորդ դաշնակիցները` Ֆրանսան եւ Մեծն Բրիտանիան, կ՛որոշեն վերջ դնել Օսմանեան կայսրութեան` իրենց ազդեցութիւնը ամրացնելու այդ շրջաններէն ներս: 30 հոկտեմբեր 1918-ին դաշնակիցներուն եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ կը կնքւի Մուտրոսի զինադադարը` յայտարարելով Պոլիսի պարտութիւնը: 1915 թւականի ջարդերէն ետք հայերուն մէջ կը ծնի վրէժխնդրութեան ոգին` իբրեւ հետեւանք 1,5 միլիոն ջարդւածներուն եւ միլիոնաւոր տեղահանուածներուն: Երկու տարի անկախ պետութիւն ունենալով` հայ ժողովուրդը կը փնտռէ առիթ մը, որպէսզի իր արդար իրաւունքը պաշտպանէր համաշխարհային գետնի վրայ եւ վերատիրանար Արեւմտահայաստանի տարածքային իր իրաւունքներուն:
Դաշնակիցներուն ու հայերուն նպատակները կը համընկնէին իրարու, եւ բոլոր կողմերը կը սպասէին օսմանցիներուն տկարացումը: Հայերը մաս կազմեցին Վերսայի եւ Սեւրի դաշնագիրներուն` ունենալով կարեւոր ազդեցութիւն Օսմանեան կայսրութեան պարտութեան, նախագահ Ուիլսընի եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Լոյտ Ճորճի կողմէ «Փոքր դաշնակիցի» կոչումը ստանալով: Հայերուն աշխատանքը դիւանագիտական իմաստով նկատի առնւեցաւ դաշնակից ուժերուն կողմէ: Բայց ինչպէ՞ս հայերը օգտակար դարձան անոնց: Նախ հայերը, գլխաւորութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, միշտ ճնշած են թուրքերը: Երբ Ռուսիա պատերազմէն դուրս կու գայ, հայերը թուրքերուն դէմ պայքարը առանձին կը շարունակեն, յատկապէս` Բաքւի մէջ, ուր նաւթի հանքեր կային: Հայերը կը յաջողին խոչընդոտել նաւթի փոխադրութիւնը Բաքւէն Գերմանիա` պատճառ դառնալով Արեւելեան ճակատին վրայ Բերլինի պարտութեան, որուն մասին վկայած է նաեւ գերմանացի հրամանատար Էրիք վան Լուտընտորֆ:
Սեւրի դաշնագիրը ստորագրւեցաւ 10 օգոստոս 1920-ին, բաւական յետաձգուելէ ետք: Այդ ժամանակաշրջանին քեմալական ծայրայեղական շարժումը, քաջալերւած Խորհրդային Միութեան կողմէ, կը հզօրանայ: Սեւրի դաշնագիրին Հայաստան կը ներկայանայ իբրեւ հանրապետութիւն: Գլխաւոր պատգամաւորը կ՛ըլլայ Աւետիս Ահարոնեան, որ կը ստորագրէ հայ ազգի ամենակարեւոր համաձայնագիրնէրէն մէկը` այդ յուսահատ ազգին մէջ արթնցնելով պայքարի ոգին:
Դաշնագիրի կնքումը պարգեւատրում կը հանդիսանայ հայերուն` դաշնակիցներուն կողմէն, անոնց օգտակար դառնալու համար Համաշխարհային Ա. պատերազմին: Դաշնագիրին 4-րդ մասի 88 եւ 89 յօդւածները ուղղակիօրէն կը վերաբերէին Հայաստանին, որոնց ընդմէջէն Թուրքիան եւ մնացեալ մասնակցող պետութիւնները կը ճանչնան Հայաստանը` իբրեւ ազատ ու անկախ պետութիւն: Կը քննարկւին նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանները: Թէեւ Միացեալ Նահանգները մաս չկազմեցին դաշնագրի կնքումին, սակայն Ուաշինկթըն ունեցաւ դիւանագիտական ազդեցիկ մասնակցութիւն` ճշտելով Հայաստանի սահմանները: Հայաստանին պիտի տրւէին Էրզրումի, Վանի, Պիթլիսի եւ Տրապիզոնի վիլայէթները` նահանգները: Ուիլսընեան Հայաստանի դրական յատկութիւններէն էին` ունենալ ելք Սեւ ծովու վրայ, որ տնտեսական առաւելութիւն կրնար տալ Հայաստանի: Ուիլսընեան Հայաստանի ընդհանուր տարածութիւնն էր 160.000 քառ. քիլոմեթր:
Դժբախտաբար այս մէկը չիրագործւիր, ահա թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ: Սեպտեմբեր 1920-ին կը սկսի քեմալական Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ պատերազմը, որ կը տեւէ մինչեւ 3 դեկտեմբեր, երբ Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը կը կնքւի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ: Թշնամին հասած էր Ալեքսանդրապոլ, այսօրւան Գիւմրի, միեւնոյն ժամանակ պոլշեւիկները արեւելեան կողմէն կը ճնշէին Հայաստանի վրայ, որ կը ստիպւի խորհրդայնանալ: 13 հոկտեմբեր 1921-ին կը կնքւի Կարսի համաձայնագիրը: Անվաւեր այս պայմանագրերով Հայաստան կը կորսնցնէ Կարսի, Նախիջեւանի եւ Արտահանի նահանգները: 24 յուլիս 1923-ին կը կնքւի Լոզանի դաշնագիրը, որուն միջոցով Դաշնակիցներուն եւ Թուրքիոյ միջեւ հարցերը վերջ կը գտնեն: Եւ ահա Սեւրի դաշնագիրը անվաւեր կերպով չեղեալ կը համարուի եւրոպական երկիրներու կողմէ:
Հայերը 6 դար կը պայքարին ազատ, անկախ պետութիւն կերտելու, եւ Սեւրի դաշնագիրը կ՛ըլլայ այն փաստաթուղթը, որ հայերուն կու տայ այդ իրաւունքը: Սեւրը ընդունեց եւ ճանչցաւ հայերուն ներդրումը Դաշնակիցներուն յաղթանակին: Ճանչցաւ նաեւ Հայաստանի անկախ պետութիւնը: Հայ ազգը տւած էր աւելի քան 1,5 միլիոն զոհ, անմարդկային եւ անարդար վերաբերմունք պիտի ըլլար անտեսել հայ ազգը:
Այո՛, դաշնագիրը կը մնայ միմիայն թուղթի վրայ` այն տպաւորութիւնը ստեղծելով, որ անոր վերակենդանացումը անհնար է: Սակայն անոր գոյութիւնը փաստ է, որ Հայոց ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, եւ Հայկական հարցը հեքիաթ մը չէ: Հայերը վստահելով օտար երկիրներու` զէնքերը վար առին եւ զիջումներ ներկայացուցին, մինչ քանի մը տարի ետք թուրքը արդէն իսկ լծւեցաւ Հայկական հարցի վերացման:
Այդ հսկայ Ուիլսընեան Հայաստանէն կը մնայ միմիայն քառակոյտ մը, փոքրիկ երկիր մը, որ կը խորհրդայնանայ: Սեւրի դաշնագիրը անհրաժեշտ միջոցներէն մէկը եղաւ Հայկական հարցի ճանաչման համաշխարհային գետնի վրայ ու կը շարունակէ մնալ Հայաստանի իսկական եւ արժանի սահմաններուն իրականացման ու հայերու արդար իրաւունքներուն պաշտպանման համար լաւագոյն փաստաթուղթը:
ՃՈՐՃ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ
Ազդակ