Դաշնակցական Բեմ

«Պէտք չունիք բախտագուշակի դիմելու…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Երէկ, արեւամուտէն ետք տուն վերադարձի ճամբուս վրայ, նորոգութեան աշխատանք կար, երթեւեկի ուղին փոխեր էին. տեղադրւած ցուցատախտակներուն հետեւելով՝ հարկադրւեցայ քանի մը թաղ անդիէն «շրջապտոյտ» մը ընել՝ տուն հասնելու համար: Խոստովանիմ, որ այդ «երկրորդական» թաղերէն երբեք չէի անցած:

Երկրորդ անկիւնադարձին, բնակարանի մը յառաջամասի պարտիզակին մէջէն, ուժեղ լուսարձակներով թագադրւած եւ գունաւոր լոյսերով կազմւած գրութեամբ ցուցատախտակ մը կարթեց ուշադրութիւնս: Արտասովոր բան չէր. երբեմն մարդիկ իրենց բնակարանէն կաշխատին, հետեւաբար, նման ցուցանակներ կը դնեն՝ յաճախորդ գրաւելու համար: Ամէնէն տարածուն «արհեստը»… բախտագուշակութիւնն է. հեռւէն նշմարեցի, որ շողշողուն ցուցատախտակն ալ ա՛յդ կը ծանուցէր: Կարմիր լոյսերով կազմւած գիրերը կըսէին. «Ափ կարդացող» (Palm reading), կողքին ալ՝ բիւրեղապակեայ գունդի մը շողշողուն պատկերը:

Նման «որսորդներու» հաւատացողը չեմ եւ մի՛շտ ալ ծիծաղով հակազդած եմ ծանօթներու՝ որոնք կըսեն, թէ սա կամ նա բախտագուշակը գալիքը նախատեսելու շնորհք, բացառիկ կարողութիւն ունի: «Ազատ էք հաւատալու», մտածած եմ թաքուն քմծիծաղով:

Երբ ցուցանակին առջեւը հասայ, ուշադրութիւնս գրաւեց մանրամասնութիւն մը: Անգլերէն արձանագրութեան կողքին, կար հայերէն բառ մը. ԲԱԽՏԱԳՈՒՇԱԿ: Վա՜յ, մտածեցի, ուրեմն հայեր ալ «նւաճած» են այս ոլորտը (ու անմիջապէս յիշեցի, որ Հայաստանի պատկեասփիւռէն ալ նման շնորհալիներ կերեւին, իսկ մանկութեանս օրերուն, մեր թաղին մէջ կար «ջուր կարդացող» կին մը, որ համբաւ եւ հեղինակութիւն կը վայելէր):

«Արհեստաւոր»-ին հայ ըլլա՞լը, թէ՞ քիչ մը թեթեւնալու, զւարճանալու ներքին մղում մը ակնթարթային հրահանգ մը արձակեցին ոտքիս. ինքնաշարժս արգելակելով՝ կանգնեցուցի բնակարանին դիմացը: Նկատեր էի, որ ցուցատախտակին տակը կար աւելի փոքր տախտակ մը, որ կըսէր. «Բաց ենք» (We are open): Բախեցի դուռը: Բացողը քիչ մը լեցուն եւ միջահասակ կին մըն էր. աներեւակայելի կերպով շպարւած էր, նոյնքան գունագեղ ու մագիլանման եղունգներ ունէր, մատները ծանրաբեռնւած՝ փունջ մը մատանիներով, դաստակին ու վզին՝ պտաւորիչ զարդեղէններ. գունագեղ ու ծոպաւոր պարեգօտի մը մէջ պարուրած էր իր ամբողջութիւնը. պէտք է բախտագուշակ ըլլայի, կռահելու համար տարիքը:

Լայն ժպիտով մը ներս հրամցուց ու զարմացաւ, երբ «Բարի իրիկուն» ըսի: «Օ՜, հա՞յ էք», հարցուց մեքենաբար: Անմիջական մտածումս այն էր, որ բախտագուշակ մը պէտք է կարողութիւնը ունենայ գիտնալու, թէ դուռը թակողը ինչացո՞ւ է…

***

Առաջնորդւեցայ ներքին սենեակ մը, որուն մեղմ լուսաւութիւնը պարուրած էր «աստղաբաշխական» երաժշտութիւն մը, պատերուն՝ անջրպետային տարատեսակ պատկերներ, որոնք յաւելեալ շպարն էին խորհրդաւորութիւն թելադրող ընդհանուր մթնոլորտին: Քանի մը բառով լուսաբանեց, թէ նիւթական ի՞նչ պարտաւորութեան տակ կը մտնեմ իր գուշակութիւններէն օգտւելու համար: Համաձայնեցայ ու տեղ գրաւեցի կենտրոնը դրւած սեղանին. ուշադրութիւնս գրաւեց ծածկոցը, որ նմանապէս գունագեղ էր ու կը կրէր փայլուն՝ աստղաձեւ եւ երկնային այլ մարմիններ ցուցահանող պատկերներ: Չզարմացայ, երբ տեսայ որ սեղանին կենտրոնը գրաւած էր բիւրեղապակեայ գունդ մը. անոր յատակէն՝ լռիկ գոյներ կերթեւեկէին (արդի արհեստագիտութիւնը հրաշալիքներ կը ստեղծէ՝ մտածեցի): Բնակարանին ներսիդիէն՝ հեռաւոր խօսակցութեան ձայներ կը հասնէին: Ուրեմն, բանակարանին այս սենեակը բախտագուշակիս աշխատանոցն էր:

Երաժշտութեան ձայնը քիչ մը ուժեղացաւ: Պահանջեց, որ երկու ափերս բանամ եւ տեղադրեմ գունդին երկու կողմերուն, նաեւ պայման դրաւ, որ ըսելիքներուն պէտք է հաւատամ: Չեմ ուզեր երկար-բարակ պատմել, թէ ափերուս մէջ անձիս ինչպիսի՜ արժանիքները տեսաւ (կը խօսէր խորհրդաւորութիւն բուրող ձայնով մը, քիչ մը եղանակաւորելով բառերը), յետոյ դրւագներ պատմեց անցեալէս (քիչ թէ շատ՝ որեւէ մէկուն կեանքին մէջ պատահող բաներ), յետոյ հասաւ ապագայիս: Այդ բոլորը անձնական բաներ նկատելով, չեմ ուզեր խլել ընթերցողիս ժամանակը:

***

Յանկարծ… «սատանան մտաւ փորս», ու քիչ առաջւան զւարճանալու մղումս դուրս ցատկեց շնչափողէս:

  • Հարցումներ կրնա՞մ ընել,- հարցուցի ամենայն լրջութեամբ:
  • Հրամմէ՛, ինչո՞ւ չէ,- պատասխանեց բարեհաճ ձայնով մը, ու աւելցուց.- Այն զգացումը ունիմ, որ բոլոր ըսածներուս չես հաւատար, սակայն պէ՛տք է հաւատաս…

Փորձեցի չքմեղանալ: Քանի մը անձնական ու անմիջական շրջանակիս վերաբերող հարցումներուս՝ տւաւ քիչ առաջւան նման՝ ընդհարական պատասխաններ: Ներքին «սատանաս» ուրիշ տեղ կուզէր տանիլ զիս, մանաւանդ, որ խօսակիցս հայ էր: Մտքէս անցած հարցումներս պիտի չկարենայի հարցնել օտարի մը:

  • Կրնա՞նք մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին մասին խօսիլ,- հարցուցի անմեղ ձայնով մը: Պատասխանը քիչ մը զարմացուց:
  • Առաջինը չես, որ նման հարցում կընես: Քանի մը հայ յաճախորդ ունեցած եմ, անոնք ալ հետաքրքրւած են այս հարցերով: Հարցո՛ւր, եւ պիտի տեսնես, թէ ըսածներս որքա՛ն ճիշդ են:
  • Քեզի ի՞նչ հարցուցած են որ… Ո՞ր ըսածներդ ճիշտ ելած են,- հարցուցի տարակուսանքով:
  • Նախ հարցումներդ տուր, պատասխանելու ատեն կը բացատրեմ,- ըսաւ այնպիսի՜ ինքնավստահութեամբ, որ պահ մը ներքին սատանաս մէկդի հրեցի եւ տրամադրւեցայ հաւատալու…
  • Սա՝ մեր Հայաստանի վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ,- հարցուցի լուրջ ոճով:
  • Ո՞ր երեսին մասին է հարցումդ,- հարցուց (պէտք չէ՞ գուշակած ըլլար…):
  • Սկսինք սա վերջին բաներէն: Հայաստանի իշխանութիւնը կը հասկցնէ, որ ռուսական ուժերը պիտի հեռացնէ Իրանի եւ Թուրքիոյ սահմանային գօտիներէն: Օդակայանէն եւ այլ շրջաններէ հեռացուցին, կըսեն, որ ասոնք մեր գերիշխանութեան հաստատման նպաստող քայլեր են:

Ուշի-ուշով դիտեց ապակեայ գունդը եւ քիչ մը աւելի՛ խորհրդաւոր դարձնելով ձայնը՝ բացատրեց.

  • Ինքնիշխանութիւն եւ գերիշխանութիւն հաստատելը լաւ բաներ են, սակայն անցեալ տարիներու եւ ներկայի դէպքերը աչքի առջեւ ունենալով, ես հոս (գունդին մէջ կը նայէր) լաւ բան չեմ տեսներ:
  • Այսի՞նքն…
  • Ռուսեր սիրենք կամ չսիրենք, մեր եւ իրենց համար կան հաշիւներ եւ շահեր, որոնք իրարու մօտ են: Եթէ հեռացնենք, մեր սահմանները աւելի՛ անպաշտպան պիտի մնան, քան հիմա:
  • Բայց… իշխանութիւնները կըսեն, որ ռուսերուն փոխարէն, արեւմտեան ուժեր կրնան բերել եւ պաշտպանել սահմանները:
  • Այս գունդիս մէջ երկու հարցում կը տեսնեմ: Առաջին. եթէ արեւմտեան ուժեր բերեն, ատիկա ինքնիշխանութի՞ւն եւ գերիշխանութի՞ւն պիտի նշանակէ: Ռուսերուն տեղը ուրիշ ուժ բերելո՞վ… Երկրորդ, հոս կը տեսնեմ, որ արեւմտեան ուժերը շատ հաւանաբար պիտի ըլլան թրքական ուժեր: Մի՛ մոռնար, որ Թուրքիա ՆԱՏՕ-ի անդամ է, արեւմուքցիները բառացիօրէն հասկցուցած են, որ Կովկասի մէջ Թուրքիան է ՆԱՏՕ-ի ձեռքերը, իսկ Թուրքիան ալ Ադրբեջանի հետ զինակցութիւն ունի… (արդէն սկսած էի հաւատալ կնոջ խօսքերուն): Ասիկա շատ յստակ կերեւի այս գունդիս մէջ:
  • Բայց… մեր մարդիկը ձեռքով-ոտքով Արեւմուտքի հետ գործակցութիւն կուզեն, Եւրոպական միութեան անդամ դառնալ կուզեն… Գէ՞շ է…
  • Արեւմուտքի հետ գործակցութիւնը բարելաւելը շատ լաւ է, բայց այստեղ (գունդը ցոյց տալով) կերեւի, որ հիմակւան պայմաններով, այդ գործակցութենէն մեծ վնասներ ալ կրնան ծագիլ, որովհետեւ այնպէս կերեւի, որ Հայաստանի հիմակւան կարգ մը գործակիցները շատ ալ հաշտ աչքով չեն դիտեր եղածը: Մէկուն հետ բարեկամութիւնը լաւացնելը պէտք չէ ըլլայ ուրիշներու հետ յարաբերութիւնները տկարացնելու կամ խզելու գնով…
  • Ի՜նչ կըսես. Արեւմուտքը ընդարձակ շուկայ է, մեր մշակութային նկարագիրն ալ դարերէ ի վեր Եւրոպայի հետ քալած է…
  • Դուն մինչեւ հիմա յայտարարւած ծրագիրները եւ ախորժակները գործնապէս հաստատող բան տեսա՞ծ ես: Իմ այս գունդիս մէջ ատանկ բան չերեւիր: Արեւմուտքցիներուն անմիջական նպատակը՝ Հայաստանի՛ ճամբով ալ Կովկասի մէջ կէտեր շահիլն է, մասնաւորաբար Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ: Յետոյ (մի՛շտ նայելով գունդին մէջի լոյսերու շարժումներուն), անոնք հասկցուցած են, որ Հայաստան, ինչպէս ուրիշ դիմողներ, ահագին նախապայմաններ պէտք է ամբողջացնեն, որպէսզի ի՞նչ… թեկնածո՜ւ նկատւին: Թեկնածուի վիճակէն ալ մինչեւ անդամութիւն ուրիշ երկար ճամբայ է, ուզենք կամ չուզենք: Շատ երկիրներ տարիներէ՜ ի վեր կարգի կեցած են եւ չեն մտած այդ «դրախտը»: Հոս յստակ կերեւի, որ ներսը եղողներն ալ իրարու միս-ոսկոր կը կրծեն՝ մէկը միւսին շահու բանալիները կուզէ խլել, ուրիշին ոտքին տակը օճառ քսել…
  • Շատ համաձայն չեմ ըսածներուդ: Տե՞ս, ահա քանի՜ տարի է որ եւրոպացի դէտեր եկած են Հայաստան եւ լաւ գործ կը տեսնեն սահմաններու ապահովութեան տեսակէտէն:
  • Ես այս գունդիս մէջ ուրիշ բաներ կը տեսնեմ: Այդ դէտերուն գործն ալ կը նմանի ուրիշ տեսակի անգործնական օգնութիւններու: Երանի թէ մեր սպասածները իրական ըլլային:
  • Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես…
  • Ցանկը երկար է: Այդ մարդիկը տեսակ մը թուրիսթ են: Իրենց գալէն առա՛ջ ալ, վե՛րջն ալ, Հայաստանի եւ Ադրբեջանի սահմանին վրայ Հայաստանի ի վնաս բաներ եղան, հող կորսնցուցինք, եւ անոնք մատը-մատին չզարկին…
  • …Բայց անոնք ի՞նչ կապ ունին ապահովութեան կամ հողերու կորուստին հետ:
  • Այո՛, կապ չունին: Ուրեմն ինչո՞ւ եկած են, եթէ ձեւով մը գործ պիտի չտեսնեն ի նպաստ Հայաստանի, ի նպաստ հաւասարակշռութեան ստեղծման: Տե՛ս, բարեկամս (օ՜, բարեկամն ալ եղանք), արեւմուտքի հետ գործակցութիւնն ու Ռուսիոյ հետ պաղիլը պէտք է կարենաս տեսնել շա՜տ ընդարձակ օղակի մը մէջ: Այդ օղակին շրջանակը կազմւած է քանի-քանի կտորէ: Կայ զինւորականը, կան ռազմավարականը, առեւտրականը, ուժանիւթի հարցեր, դուրսերը աշխատողներու եւ անոնց Հայաստան ղրկած նիւթականի երեսները: Եւ երեւակայէ, որ հիմա Ամերիկայի նախագահը որոշեր է ապօրինի օտարները հեռացնել, ցանկի վրայ են նաեւ հայեր: Իսկ ասիկա ամբողջ օղակին միայն մէկ պզտիկ կտորն է:
  • Այսի՞նքն…
  • Այս գունդիս մէջ յստակ կերեւի, որ Հայաստան պէտք չէ իր ունեցած կապերը, գործակցութիւնը քանդէ, երբ միւս թռչունները տակաւին ծառին վրայ իսկ չեն: Այստեղ կը տեսնեմ, որ եթէ Երեւանի մարդիկդ այս ձեւով շարունակեն, ամենէն աւելի շահաւորը պիտի ըլլան Ադրբեջանն ու Թուրքիան, այդ սիրելի Արեւմուտքդ ալ պիտի քաջալերէ անոնց առնելիք քայլերը. Արցախը մեր ձեռքէն գնաց, ու անոնք միայն խօսեցան, մինչեւ հիմա ալ կը խօսին: Ուրիշ վնասներ ալ ունեցանք: Դեռ չեմ խօսիր տնտեսական եւ այլ բաներու մասին: Ես այս մասին գուշակութիւն ըրած էի անցեալ տարիներուն՝ երբ հայ յաճախորդներ ինծի կը հարցնէին: Անոնք շատ ալ չէին հաւատար ըսածներուս, բայց ըսածներէս շատերը իրականացան: Գունդիս մէջ կը տեսնեմ, որ Սիւնիքի շրջանը վտանգի տակ է, կը տեսնեմ, որ սահմանին մօտերը՝ ուրիշ շրջաններ ալ վտանգի տակ են: Եթէ քիչ մը հեռու նայինք՝ ամբողջ Հայաստանն ալ վտանգի տակ է:
  • Լա՛ւ, ըսենք թէ ըսածներդ կրնան իրականանալ: Ի՞նչ պէտք է ընենք:
  • Սխալ մի՛ հասկնար ըսելիքս: Կացութիւնը փրկելու համար, բախտագուշակի դիմելը օգուտ չունի: Այս գունդիս մէջ քանի՜ անգամ տեսած եմ, որ պէտք է բոլոր միջոցները եւ կարողութիւնները միացնենք, ամբողջական ծրագիր մը կազմենք եւ մասնագէտներու վստահինք մեր հայրենիքին գործերը, Սփիւռքն ալ իր բաժինը վերցնէ եւ ընէ այն՝ ինչ որ հիմա արգելքներու կը հանդիպի:

***

Սենեակին լոյսերը զօրացան, սա նշան մը ըլլալու էր, որ վճարած գումարիս չափ ժամանակ տրամադրած էր ինծի, իսկ ես բազմաթիւ հարցումներ ունէի:

Բախտագուշակին նկատմամբ թերահաւատութիւնս նահանջած էր: Բարի գիշեր մաղթեցի եւ ինքնաշարժս նստելով՝ տուն ուղղւեցայ: Մոռցայ խօսակիցիս հարցնելու, թէ  ճամբայ նորոգողները ո՞վ դէմս հաներ էր այդ երեկոյ…:

Related Articles

Back to top button