Կը զօրակցինք Հայաստանի սահմանակից շրջաններու պաշտպաններուն
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Կենտրոնական կոմիտէի
Արդէն երկու շաբաթներէ ի վեր, Հայաստանի սահմանակից Տաւուշ շրջանի մեր քոյրերը եւ եղբայրները խուճապի մատնւած են, սահմանային չորս գիւղեր Ադրբեջանին յանձնելու՝ Հայաստանի կառավարութեան կամայական որոշումին պատճառով, որ տրւած է Ադրբեջանի հետ սահմանազատման նախաձեռնութեան ծիրին մէջ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Տաւուշի բնակիչները փոխանցած են համոզիչ մտահոգութիւններ, թէ Երեւանի որոշումը զիրենք եւ շրջանի քաղաքացիական կառոյցները ադրբեջանցի զինւորներուն թիրախ պիտի դարձնեն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշած է ոչ միայն սահմանազատման, այլ նաեւ սահմանագծման գործընթացը սկսիլ:
Ներկայիս, Տաւուշի եւ սահմանային այլ շրջաններու բնակիչները իրենց բողոքը կարտայայտեն ցոյցերով եւ ճամբաներ փակելով՝ կանխարգիլելու համար իրենց տարածքներուն բռնագրաւումը:
Յատկանշական է, որ սահմանազատման որոշումը տւած Հայաստան-Ադրբեջան յանձնաժողովի հանդիպման ընթացքին, Բաքու Հայաստանէն գրաւած իր տարածքները վերադարձնելու պատրաստակամութիւն չյայտնեց եւ չյայտարարւեցաւ, թէ ինչ պիտի ըլլան յանձնաժողովին յաջորդ քայլերը:
Ընդհակառակը, նշեալ որոշումին յայտարարութենէն միայն քանի մը օր ետք, Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանէն պահանջեց «վերադարձնել» Գեղարքունիէն, Սիւնիքէն եւ Վայոց Ձորէն այլ տարածքներ:
Գիւղեր յանձնելու՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն այս միակողմանի քայլը վտանգաւոր նախադէպ մը կը ստեղծէ եւ կը սպառնայ Հայաստանի տարածքային եւ ազգային ապահովութեան: Հայաստանի ոչ մէկ ղեկավար իրաւունք ունի ինքնակամ կերպով հողեր յանձնելու: Այսպիսի որոշումներու մէջ իրենց ըսելիքը պէտք է ունենան նաեւ երկրին օրէնսդիր եւ արդարադատական մարմինները, յատկապէս՝ Սահմանադրական ատեանը:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական կոմիտէն իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի սահմանակից շրջաններու մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն՝ իրենց հողերը եւ կեանքերը, նաեւ մեր հայրենիքը պաշտպանելու՝ անոնց արդար պայքարին: Նաեւ կը շեշտենք, թէ ոչ մէկ մատնաչափ հող պէտք է յանձնուի՝ առանց նկատի ունենալու Հայաստանի օրինական ընթացակարգը եւ միջազգային օրէնքներն ու սկզբունքները:
Կոչ կընենք Հայաստանի իշխանութիւններուն, որ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքներու անձեռնմխելիութիւնը չվտանգեն, որովհետեւ մեր թշնամիները միշտ պատրաստ են շահագործելու որեւէ սայթաքում եւ իրենց կարելին պիտի ընեն Հայաստանէն յաւելեալ հողեր խլելու, այսպէս կոչւած «միջանցք»ով Ադրբեջանը Նախիջեւանին կապելու նպատակով:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ