Դաշնակցական Բեմ

Օրը նոր, ապազգային գաղափարը նոր

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Նախորդ շաբաթավերջին Հանքաւանի մէջ տեղի ունեցած է Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան քաղաքական ժողովը: Այս կուսակցութեան պարբերական ժողովները առիթ կը հանդիսանան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համար յստակացնելու օրակարգային հարցերը եւ կուսակիցներուն փոխանցելու զանոնք: Սրբազան շարժման մասին Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուցած է, որ վտանգը շրջանցւած է ու անխափան կարելի է շարունակել Հայաստանին ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն խոստացող քաղաքական գիծը: Պարզ է. ցոյցը ցրւելու համար ոստիկանութեան գործադրած բիրտ միջոցները ոչ միայն բնական ու ճիշտ համարւեցան իշխանութիւններուն կողմէ, այլեւ լռութեամբ ողջունւեցան եւրոպական պետութիւններու եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ: Վաշինգտոնը նոյնիսկ հարցականի տակ առաւ արցախցիներու բռնի տեղահանութիւնը, յայտարարելով, որ կը քննուի կամաւոր թէ պարտադրւած տեղափոխութիւնը…

Վերադառնանք Հանքաւանի ժողովին: Զանազան նիւթերու մէջէն ընտրութիւն կատարելով, կուզենք անդրադառնալ անոնցմէ երկուքին:

Առաջինը կը վերաբերի սփիւռքին, աւելի ճիշտ` սփիւռքահայութեան: Սփիւռքահայերու մասնակցութիւնը Հայաստանի հասարակական կեանքին Նիկոլ Փաշինեանի համար օտար քաղաքացիութիւն ունեցողներու միջամտութիւն է անկախ ու ինքնիշխան այլ պետութեան մը գործերուն: Ուրեմն սփիւռքահայերը իրաւունք չունին զբաղւելու հայաստանեան քաղաքական կեանքով: Փոխադարձաբար, Հայաստանն ալ չի կրնար տեսակէտ ունենալ սփիւռքի գաղութներու ներքին կեանքին վերաբերեալ, որովհետեւ ատիկա պիտի նշանակէր Հայաստանի սահմաններէն դուրս գտնւող հարցերու անդրադառնալ, ինչ որ թոյլատրելի չէ: Այսպէս ուրեմն, սփիւռքահայերս կը վերադառնանք խորհրդային տարիներու զբօսաշրջիկի կարգավիճակին: Հայրենիք, պետութիւն, Հայաստան հասկացողութիւնները կը վերաբերին միմիայն 29800 քառ. Կմ. տարածքին եւ այդ տարածքին վրայ ապրող շուրջ երեք միլիոն (թերեւս ալ` նուազ) քաղաքացիներուն:

Յաջորդ նիւթը կը վերաբերի Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած նոյն քաղաքացիներու ձգտումներուն: Նիկոլ Փաշինեան համոզւած է, որ Հայաստանի քաղաքացիներու ստւար մեծամասնութիւնը իշխանութեան կը յանձնարարէ վարելու խաղաղութեան քաղաքականութիւնը: Թէ ինչպէ՞ս գիտէ այս իրողութիւնը Հայաստանի վարչապետը, անորոշ է: Իր իսկ կողմէ բանաձեււած եւ արեւմտեան պետութիւններու կողմէ յանձնարարւած քաղաքական այս վարդապետութիւնը Փաշինեան կը ներկայացնէ իբրեւ յանձնարարութիւն ժողովուրդին կողմէ: Ժողովուրդը կուզէ ազատ, բարեկեցիկ ու խաղաղ ապրիլ այն հողակտորին վրայ, որ պատմութենէն մեզի ժառանգւած է իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն: Արցախը Ադրբեջան է, իսկ Արեւմտեան Հայաստանը…. Արեւելեան Թուրքիա: Ցեղասպանութեան ճանաչում, Հայ դատ, կորսւած հայրենիքի երազանք եղած են խանգարիչ գաղափարներ, որոնք արգելք հանդիսացած են կենտրոնանալու իրական Հայաստանի վրայ եւ այնտեղ կառուցելու անվտանգ ու երջանիկ դրախտային Հայաստանը:

Գետնի վրայ իրողութիւնները տարբեր են: Հայաստանի քաղաքացիները, առնւազն կարեւոր թիւ մը այդ քաղաքացիներէն, այլեւս չեն հաւատար սուտի եւ կեղծիքի վրայ հիմնւած քաղաքականութեան: Նախկիններուն նկատմամբ վերապահութիւնները կը յամենան տակաւին, սակայն նւազած տարողութիւն ունին: Այդ կեղծ տարբերակումը, որ հիմնւած էր որոշ չափով իրական տւեալներու վրայ, պառակտեց քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ տկարացուց Հայաստանը: Այժմ, պառակտումի նոր պատճառ կայ: Արդարացի պատճառներէ յառաջ եկած հակառուսական տրամադրութիւնները այժմ ամէն բանի համար գործիքի վերածւած են: Ընդդիմադիր ամէն դրսեւորում, նոյնիսկ Սրբազան շարժումը, կը վերագրւի ռուսական միջամտութեան: Փաստեր ներկայացնելու կարիք ալ չկայ, նոյնիսկ Ռուսիոյ հետ զգուշաւոր յարաբերութիւն պահելու առաջադրանքը կը թարգմանւի ռուսասիրութեամբ, Ռուսիոյ հպատակելու տրամադրութեամբ: Գտնւած է ապահովութեան եւ տնտեսական զարգացման առաջնորդող նոր ուղի մը, որ համարկումն է քաղաքակիրթ Եւրոպային, անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան: Գաղափարը խոստմնալից է, սակայն Եւրոպական Միութենէն որեւէ քաջալերանքի չի հանդիպիր:

Եւրոպական Միութիւնը 27 երկիրներու բարդ կառոյց է, որուն խորհրդարանական վերջին ընտրութիւնները ցոյց տուին ծայրայեղ աջի նշանակալի յառաջդիմութեան: Եւրոպական Միութիւնը ներքին տագնապի գօտիի վերածւելու նշաններ ցոյց կու տայ: Հայաստան անդամութեան թեկնածու դառնալու համար երկար ճամբայ ունի կտրելիք, եթէ երբեք հասնի անոր: Իսկ անդամութեան մասին խօսիլն իսկ անիմաստ է, ափսոս, հազար ափսոս:

Արտախորհրդարանական չորս կուսակցութիւններ ներկայացուցած են առաջարկ շուտափոյթ կազմակերպելու հանրաքւէ մը Եւրոպական Միութեան անդամակցելու նպատակով: Չորս կուսակցութիւններն ալ իշխանութիւններու կողմնակից փոքր խմբաւորումներ են. իրենց այս քայլը հաւանաբար իշխանութիւններուն թելադրանքով կը կատարեն եւ կը քաջալերւին իշխանութիւններուն կողմէ: Նպատակը յայտնի է եւ փորձուած: Ամէն անգամ որ իշխանութիւնները հանրութեան կողմէ դժւար մարսւող երեւոյթի մը առջեւ կը գտնւին, կը դիմեն ուշադրութիւնը շեղող հնարքի մը: Սուտի եւ կեղծիքի դէմ, հանրային հաշտութեան եւ ազգային նպատակներու շուրջ համախմբումի առաջնորդող Սրբազան շարժումին թումբ կանգնելու նպատակով, Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ցանկալի, բայց անիրականանալի նպատակի մը շուրջ հանրային քննարկում եւ… հանրաքւէ:

Տակաւին շատ հեռու ենք իսկապէս ժողովրդավար քաղաքացիական հասարակութիւն ստեղծելու առաջադրանքէն:

Ազդակ

Related Articles

Back to top button