Դաշնակցական Բեմ

Աֆրիկէցիք չեն ուզեր լուռ մնալ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Ուկրաինան, Գազան, Իրանը, մեզի համար՝ Արցախ-Հայաստանը վերջին տարիներուն կը կազմեն տագնապի կիզակէտեր, որոնք իրենց վրայ կենտրոնացուցած են աշխարհի ուշադրութիւնը: Կան, անշուշտ, այլ հարցեր, ինչպէս՝ կենսոլորտի, գաղթականներու եւ այլ տագնապները, որոնք նոյնքան ուշագրաւ են աշխարհի համար, սակայն առաջին շարքը ուրիշ հարցերէ կը տարբերի՝ իր մահացու եւ քանդիչ յատկանիշներուն հետեւանքով:

Վերոյիշեալ՝ տիրապետող ու կարծէք թէ մնայուն դարձած տագնապներուն քովն ի վեր, մերթ ընդ մերթ կը փայլատկեն այլ հարցեր, ինչպէս՝ Կորէայի թերակղզիին, Հնդկաստան-Պակիստան Հակամարտութեան, Թայւանի եւ աֆրիկեան այս կամ այն երկրին հարցերը, անոնց շարքին՝ արիւնալիներ (Սուտան, Եթովպիա…), որոնք սակայն շուտով լուսանցքի վրայ կը հրւին տիրապետողներուն «տաք»ութեան պատճառով: Սա բնական է, մանաւանդ որ միջազգային մամուլն ալ, շահադիտական որոշ նկատառումներով, լուսարձակները կը պահէ «տաք»երուն վրայ:

Եթէ պահ մը մեր աչքերը սեւեռենք յիշեալ՝ առատօրէն ծանուցւող տագնապներէն ու վերիվայրումներէն քիչ մը անդին, մանաւանդ եթէ որոնենք հանրածանօթ եւ տիրապետող լրատու մեքենաներէ մեկուսի ինկած որոշ աղբիւրներ, մեր աչքին դիմաց կը պարզւին հեռու ինկած հորիզոններ, ուր տեղի կունենան «ընկալեալ»ներէն անդին մնացող զարգացումներ ու վերիվայրումներ: Օրինակները բազմաթիւ են, այս սիւնակին մէջ պիտի փորձենք հակիրճ կերպով կանգ առնել երկրի մը եւ անոր ղեկավարին վրայ, որ մեծ աղմուկ բարձրացուց ու կը բարձրացնէ, եւ սակայն Արեւմտեան Աշխարհի հանրութեան մտածողութիւնը ձեւաւորող լրատու-քարոզչական մեքենաներու մէջ լայն տեղ չի գրաւեր, կարգ մը աղբիւրներու մէջ մինչեւ իսկ հազիւ թէ հպանցիկ յիշատակումներ կը գտնէք անոնց մասին:

ԲՈՒՐՔԻՆԱ ՖԱՍՈՅԻ ԳՆԴԱՊԵՏ ԹՐԱՈՐԷՆ

Երկիրը կը կոչւի Բուրքինա Ֆասօ (նախապէս կը կոչւէր Վերին Վոլթա), իսկ նախագահը՝ գնդապետ Իպրահիմ Թրաորէ: Ստեղծած շարժումին մասին լայն տեղեկութիւն կարելի է քաղել «Իւ-թիւբ»եան կայքերէ, քան աւելի տարածուն եւ պատմութիւն կերտած լրատու աղբիւրներէ: Մեր այս սիւնակին հում նիւթերն ալ մեծ մասամբ քաղած ենք այդ աղբիւրէն: Մէկ քանին կրնաք գտնել վարը (*):

Նախ քանի մը բառով խօսինք «տարօրինակ» նախագահին մասին, որ արեւմտեան քարոզչամեքենաներուն կողմէ կը հռչակւի իբրեւ զինւորական բռնատէր, անոր վարչախումբը՝ իբրեւ խունթա, մինչդեռ աֆրիկեան կարգ մը երկիրներ ու մանաւանդ զանգւածներ անոր մէջ կը տեսնեն Աֆրիկէի ինքնորոշման եւ իսկական անկախացումի ձայնը, օտարներու ուղղակի եւ անուղղակի տիրակալութենէն ու շահագործումներէն ձերբազատելու համար բարձրացած դրօշ մը: Ինք առանց բառերը ծամծմելու ինքզինք կը կոչէ յեղափոխական մը՝ առանց այս կամ այն որակումի կամ գոյնի:

Իբրահիմ Թրաորէ իշխանութեան հասաւ մօտաւորապէս 3 տարի առաջ, սեպտեմբեր 2022-ին, զինւորական պետական հարւածի մը ճամբով: Ան անմիջապէս բարձրացուց «Աֆրիկէն՝ աֆրիկէցիներուն», «ո՛չ՝ մեր հանքերուն օտարներու կողմէ շահագործման» եւ նման նշանախօսքեր (ու պէտք չէ զարմանալ, որ նոր-գաղթատիրութիւն ծաւալող Արեւմուտքին համար ան անցանկալի մէկն է), ճամբայ հանեց ոսկիի եւ այլ հանքերու ազգայնացման ծրագիրներ (շա՜տ տարբեր՝ Հայաստանի մէջ ելեկտրաբաշխումի ցանցը իշխանաւորներուն հակակշիռին տակ առնող քայլերէն): Ան նաեւ սուր քննադատ մըն է արեւմտեան խեղաթիւրեալ ժողովրդավարութեան, մանաւանդ զայն Աֆրիկէ «ներածելու» ընտրանքին, զայն կը նկատէ աֆրիկեան երկիրները պատուհասող աղէտ մը, աղքատութեան գլխաւոր մէկ պատճառը, ընկերային տագնապներու թխսարանը: (Իսկ Հայաստանի մէջ Արեւմուտքի քարոզածը մոտա է: Չենք անտեսեր իսկական ժողովրդավարութեան բարիքները):

Անոր իշխանութեան գալը զուգադիպեցաւ դրացի երկիրներու՝ Մալիի եւ Նիջերի մէջ ֆրանսական ուժերու հեռացումը պահանջող շարժումի մը, որուն նորագոյն օղակը եղաւ Սենեկալը՝ քանի մը օր առաջ (քարտէզին վրայ յստակօրէն կերեւի, թէ այդ երկիրները Աֆրիկէի կենտրոնական-արեւմտեան գօտիին մէջ լայն շերտ մը կը կազմեն, կրնան տարածւիլ դէպի արեւելք), իրե՛նց տագնապները ապրող-ապրած Լիբիոյ, Ալջերիոյ – եւ Մաւրիտանիոյ – անմիջական դրացնութեան մէջ: Այս երկիրները, ինչպէս բազմաթիւ դրացիներ, կը յատկանշւին նաեւ «ներքին խլրտումներով» եւ մանաւանդ «իսլամական» ոճրային խմբաւորումներու յաճախադէպ սպանդներով (իսկ այսօր շատ աւելի յստակ է, թէ ո՞վ, որո՞նք կը կանգնին այդ ոճրախումբերուն ետին, կը հովանաւորեն ու կը զինեն զանոնք. անոնց շարքին… Թուրքիան, որուն «նւաճումներուն» ականատես եղանք մեր Արցախին մէջ):

Թրաորէի յայտարարւած նպատակներուն շարքին եղան աֆրիկեան սեղմ խմբաւորումի մը կազմաւորումը՝ Նիջերի եւ Մալիի հետ, մի՛շտ կանգնելու համար օտարներու շահագործումներուն դէմ: Այս խմբաւորումին մէջ դէտեր կը տեսնեն մերձեցում՝ Ռուսիոյ հետ: Հոս արդէն ձեւաւորւած է ուշագրաւ պատմութիւն, որուն վրայ չենք ուզեր երկար կանգ առնել, այլ եկէ՛ք, կենտրոնանանք Սեւամորթ Աֆրիկէի ինքնորոշման ձայնը եղող այս երիտասարդին վրայ (37 տարեկան է. պարզ զուգադիպութեամբ մը ծնած է այն օրերուն՝ մարտ 1988-ին, երբ մեր Արցախեան շարժումը նոր սկսած էր):

Վերջին ամիսներուն, նաեւ վերջին քանի մը օրերուն, Թրաորէ բաւական աղմուկ – եւ զայրոյթ – բարձացուց միջազգային «աւանդական» բեմերու վրայ եւ ղեկավարներու շրջանակներուն մէջ: Անոր թիրախները եւ հակաճառումի առանցքները միայն քաղաքական մարդիկ չեն, այլ նաեւ ակադեմականներ, մինչեւ իսկ նոր Պապը, որուն հետ ունեցած զրոյցը ցնցում յառաջացուց քիչ մը ամէն տեղ, ու Պապը ընդունած է, որ ան արդար յուշարար մըն է քրիստոնէական սկզբունքներուն ու յեղափոխական Քրիստոսին (վարի աղբիւրներէն վերջինը): Այդ ժապաւէնը դիտողը պիտի տեսնէ, որ իսլամ աֆրիկէցի մը Քրիստոսի մասին լուսաբանութիւն կու տայ Պապին, հակադրութեան կամ հալածանքի փորձ չ’ըներ, այլ կը թօթօւէ իրեն երկարած՝ գործակցութեան եւ համերաշխութեան ձեռքը…:

Այլ աղմկայարոյց դէպք մը: Ամիս մը առաջ, ան բառացիօրէն ցեխի մէջ կոխեց Օքսֆորտի յարգւա՜ծ պատմաբաններէն մէկը, երբ Աֆրիկէի բարգաւաճման յատկացւած համագումարի մը, փաստերով հակաճառեց դասախօսին այն յայտարարութեան, թէ՝ Աֆրիկէն մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ ո՛չ մէկ ներդում ունեցած է, ու պապանձումի մատնեց զայն (https://www.tiktok.com/@giantswithoutgraves/video/7510328925462220078):

Սակայն անոր հակայարձակումները նոր գագաթնակէտեր նւաճեցին վերջին այս ամիս, երբ ան ուղղակի բանավէճի անցաւ Իսրայէլի ամենազօ՜ր վարչապետին՝ Նեթանիահուի հետ, որ մեկուսի զրոյցի մը պահուն, եւ առանց անդրադառնալու՝ որ բարձրախօսը կը բանի, վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ արձակած էր Թրաորէի հասցէին (զայն որակած է զինւորական տարազով կապիկ): Թրաորէի հակադարձութիւնը եկաւ քանի մը օր ուշ: Ան նախ յայտարարեց, որ «առիւծները ճանճորսութեամբ չեն զբաղիր», սուր կերպով դատապարտեց գազացիներու դէմ Նեթանիահուի իշխանութեան ոճիրները եւ ընդհանրապէս տիրակալութեան ձգտումները (ի դէպ, ոճիրները կը շարունակւին Գազայի մէջ, «նոր շրջան»ի զոհերուն թիւը անցած է հազարը, մեծ մասամբ՝ սննդաբաշխումի սպասող սովահարներ, որոնց վրայ ամէն օր կուրօրէն կը կրակեն իսրայէլեան բանակի զինւորները…), այլ նաեւ անոր նւաստացուցիչ խօսքերը ընկալեց, անձնականէ անդին՝ նոյնինքն Սեւ Աֆրիկէին ուղղւած վարկաբեկում, 72 ժամ պայմանաժամ ճշտեց, որպէսզի Նեթանիահու սրբագրէ կեցւածքը, իսկ երբ Նեթանիահու իրողապէս անպատասխան թողուց զինք եւ ՄԱԿի մէկ ժողովին, փորձեց լղրճուկ արտայայտութիւններով դարմանել եղածը, Պուրքինա-ֆասոցի նախագահը օդին մէջ թողուց իրեն երկարած անոր ձեռքը: Յետոյ, Թրաորէ պատժական քայլերու անցաւ իսրայէլացիներու դէմ. առկախեց Պուրքինա Ֆասոյի մէջ իսրայէլացիներու դրամատնային գործառութիւնները, աֆրիկեան 15 երկիրներու գերաստիճան մը հրաւիրեց, դէմ դնելու համար նոր գաղթատէրերու ճնշումներուն եւ միջամտութիւններուն, վերջապէս՝ կոչ ուղղեց աֆրիկեան երկիրներու, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկեն Իսրայէլի հետ իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Անմիջական արձագանգը եկաւ Մալիէն ու Չատէն, որոնք Թէլ Աւիւէն տուն կանչեցին իրենց դեսպանները:

Նորագոյն այս իրադարձութիւնները զուգադիպեցան այն օրերուն, երբ Նեթանիահուի կառավարութեան հիմերը աւելի՛ խախուտ դարձան (կրկնենք՝ զուգադիպեցան): Ծանօթ է, որ ծայրայեղ աջակողմեան կրօնամոլ կուսակցութիւն մը քաշւեցաւ կառավարութենէն եւ Նեթանիահու կորսնցուց խորհրդարանի մեծամասնութեան յենարանը…

Եթէ շարունակենք պեղել Թրաորէի նմանօրինակ՝ յանդուգն եւ ընկալեալ դրոյթները վերիվայր շրջող արարքները, կրնանք յիշատակել նաեւ գոնէ մէկ քանին. ան բուռն կերպով հակադարձած է զինք «անկիւնը դնել փորձող» լրագրողներու եւ պետական անձնաւորութիւններու, իր խօսքերը խեղաթիւրող ՄԱԿի թարգմանի մը, եւ լռութեան մատնած է զանոնք (ինչպէս ըրած էր յիշեալ դասախօսին), չէ խնայած նախագահ Թրամփի, անոր բանբերին եւ եւրոպացի այլ պաշտօնատարներու:

Այս հակամարտութիւն(ներ)ը – որ,  կրկնենք, ընդհանրապէս եւ ո՛չ զարմանալիօրէն հեռու կը պահւի միջազգային ծանօթ լրատու աղբիւրներու լուսարձակներէն -, կրնայ նոր զարգացումներ ապրիլ: Դէտերը կըսեն, որ սա պարզ ու ժամանակաւոր «գզւըրտոց» չէ, այլ նախանշանն է աւելի լայն շարժումի մը, եթէ անշուշտ… հակահարւածները ի վերջոյ չկասեցնեն զայն: Իսկ հակահարւածները բազմաթիւ են ու բազմակողմանի:

ՄԱՀԱՓՈՐՁԵՐ

Զարմանալի պիտի թւի՞, եթէ արձանագրենք, որ այս երիտասարդ զինւորականին եւ ընտանիքի անդամներու դէմ կատարւած են բազմաթիւ մահափորձեր, վերջինը՝ 22-րդը՝ 16 յուլիս 2025-ին: Դաւադիրներուն շարքին եղած եւ իսրայէլեան Մոսատի գործակալ մը, իր կողքին կանգնած զինւորականներ, ծայրայեղական ահաբեկիչներ եւ այլն: Կարգ մը դիտողներ կը տեսնեն, որ նման փորձեր աւելի՛ կը բարձրացնեն անոր վարկը, ո՛չ միայն իր երկրին՝ Պուրքիան Ֆասոյի, այլ նաեւ ամբողջ Աֆրիկէի տարածքին, արձագանգներ կը գտնեն ինքնիշխանութեան, սեփական ճակատագիրի եւ հայրենիքի հարստութեանց տէր կանգնելու համար պայքարողներու աչքին:

Ո՞ւր են այս երիտասարդ զինւրականին հմայքին աղբիւրները:

Նախ հոն, որ ան որոշած է չլռել Աֆրիկէն եւ ընդհանրապէս ճնշւածները, հարստահարւողները նւաստացնող խօսքերու եւ արարքներու դէմ, բարձրացուցած է աֆրիկեան միասնութեան դրօշը եւ կը գտնէ համակիրներ (ծանօթ է, որ աֆրիկեան բազմաթիւ երկիրներու իշխանութիւններ իրողական կապանքներու տակ են նոր-գաղութարարներու կողմէ՝ Սպիտակ Տուն եւ Եւրոպա), կը պահանջէ, որ օտար երկիրներ իրենց զօրակայանները հեռացնեն աֆրիկեան երկիրներէ, վերջ տան բնական հարստութեանց սանձարձակ շահագործման, որոնց հետեւանքով, իսկապէս հարուստ երկիրներու մէջ աղքատութեան համեմատութիւնը մրցանիշներ կը կոտրէ: Ան քաջածանօթ է Աֆրիկէի պատմութեան եւ բազմադարեան մշակոյթին, նւաճումներուն, տեղին կը ցուցահանէ պատմութեան պայծառ էջերը (չմոռնանք, որ հայերուս մէջ ալ կան «գիտուններ», որոնք արհամարհանքով կը խօսին Աֆրիկէի մասին. օրինակ՝ երբ մեր հայրենիքի այլանդակ իշխանութիւններու կամ անոր քարոզչութեան գերի դարձած զանգւածին մասին կը խօսին քննադատաբար՝ կըսեն. «աֆրիկեան երկիրներու մէջ իսկ նման բան չէք տեսներ», մինչդեռ Աֆրիկէն կրնայ դասեր տալ աշխարհին), գիտէ, որ իրենք ժառանգորդներն են թագաւորներու եւ թագուհիներու, որոնց երկիրները, կայսրութիւնները փառք, հզօրանք եւ մշակոյթ ու գիտութիւն կերտած են, եւ օր մըն ալ ստրակացւեցան, եւ ստրկացնողներու գծաքաշերով քարտէզներ կազմւեցան (ասոնք բան մը կըսե՞ն արդեօք մեզի՝ հայերուս, երբ մեր հայրենիքին սահմաններն ալ կը կծկւին օտարներու, թշնամիներո՛ւ գործակատարը դարձած իշխանախումբին ձեռքով):

ՄԵՆՔ Ո՞ՒՐ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻՆՔ

Այս հպանցիկ ակնարկով, նպատակ չունինք իդէալականացնելու ԱՆՁ մը, որ կրնայ նաեւ իր թերութիւնները ունենալ, այլ փորձեցինք ուշադրութիւն հրաւիրել լուսարձակներէ հեռու պահւող ձայնի մը, շարժումի մը ուղղութեամբ, որ հաճոյ չէ մեծապետական եւ նոր-կայսերական շահերու դիտանկիւնէն: Ուշագրաւ է, որ Պուրքիան Ֆասոն եւ դրացի-դաշնակիցները կը հետապնդեն ինքնիշխանութեան ամրապնդում, սեփական ճակատագիրի տիրութիւն եւ չարաշահողներէ ձերբազատում: Ասոնք «սովորական» բաներ չեն այսօրւան ԴՐԱՄԱՏԻՐԱԿԱՆ աշխարհին մէջ, մարդիկ կը տարւին թերահաւատութեամբ լսելու նման ձայներ, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ նոյն այս – ու նման – երկիրները անցեալին յաջողութեամբ իրականացուցած են իրենց անկախական շարժումները, եւ հիմա, շահած են իրենց անկախութիւնները եւ հայրենատիրութիւնը այս կամ այն ձեւով ոտնատակ ընելու միտող ճնշումներուն դէմ ելլելու փորձառութիւնը: Ուշագրաւ է նաեւ, որ այս յեղափոխական շարժումին դրօշակիրը, զայն մարմնաւորողը՝ պարզ գնդապետ մըն է, եւ ո՛չ թէ բարձրաստիճան բանակային մը…

Իսկ այդ հեռու ինկած հորիզոնները մեզի ըսելիք ունի՞ն:

20 յուլիս 2025

(*) 1. https://youtu.be/hzA4921NKwU?si=98-0rvRDvBVV8-KK

  1. https://youtu.be/7pTDQ18-_o8?si=YPIQfbD40pV90G08
  2. https://youtu.be/Xkg0TK9U_RU?si=jtiQb3AAxZN9t44n
  3. https://youtu.be/OZ0PUUJ2yXA?si=IEAN2n0htkEvxdtj

Related Articles

Back to top button