Հպանցիկ ակնարկ՝ մեր եկեղեցւոյ դէմ սադրանքներու պատմութեան վրայ – Բ.

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոն՝ ուր Աստւած եկեղեցի մը կը կառուցէ, սատանան ալ կրնայ հոն տաճար մը կառուցել:
ՄԱՐԹԻՆ ԼՈՒԹԸՐ ՔԻՆԿ
Մեր նախորդ սիւնակով, պատմական շատ արագ եւ ոչ ամբողջական ակնարկ մը ներկայացուցինք մեր Եկեղեցւոյ ուղղւած ԱՐՏԱՔԻՆ հարւածներուն եւ միջամտութիւններուն մասին, մասնաւորեցինք այն 70 տարիները, երբ Հայաստան ինկաւ համայնավար կայսութեան իշխանութեան տակ: Նշեցինք նաեւ, որ այդ «դարաշրջան»ը միագոյն չէր, որովհետեւ սկզբնական՝ շեշտւած հակակրօն ու հակաեկեղեցի քաղաքականութեան յաջորդեցին աւելի մեղմ ու հանդուրժողականութիւն ցուցաբերող տարիներ:
Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին տասնամեակները ամենէն դաժան եւ աղէտալի շրջանն էր. աւելորդ չենք նկատեր անգամ մը եւս ընդգծել, որ մեր Եկեղեցին ազգային հաստատութիւն է, աղօթքի, պաշտամունքի վայր ըլլալու կողքին՝ կը մարմնաւորէ մեր ժողովուրդի էութիւնը, անոր հասած որեւէ հարւած՝ նոյնքան ուղղւած է մեր ազգին: Աւելցնենք նաեւ, որ հայուն պետականազուրկ դարաշրջաններուն, Եկեղեցին բնական կարգով իր ուսերուն վերցուցած է նա՛եւ քաղաքական կեանքի տնօրինման գործեր, որոնցմէ ամենէն ակներեւը՝ մեր Դատին հետապնդման նախաձեռնութիւններն ու մասնակցութիւնը:
Քննարկումը սկսինք քանի մը հարցումներով. ի՞նչ վիճակ ստեղծւեցաւ խորհրդայնացման առաջին տարիներուն, ինչպիսի՞ պետական որոշումներ հրապարակւեցան, որոնք Եկեղեցին եւ ընդհանրապէս կրօնքը դարձուցին հալածանքի թիրախ, զայն տարին կործանումի կամ հասցուցին ոչնչացման սեմին: Որդեգրւած որոշումներուն կիրարկումը համաչա՞փ էր ներքին եւ արտաքին դաշտերու մէջ (մենք առաւելաբար պիտի կենտրոնանաք հայ աշխարհին վրայ), ինչպիսի՞ մեքենայութիւններ իրականացան: Կրնանք հարցումներու շարքը շարունակել, սակայն բաւականանանք այս մէկ քանիով: Նշենք նաեւ, որ լուսարձակի տակ բերւելիք պատմական իրականութիւնները չենք ըներ միայն անցեալի տեղեկութիւնները քաղւածաբար վերարտադրելու միտումով, այլ ցոյց տալու՝ որ Հայաստանի այսօրւան իշխանութիւնները ուրկէ՞ կառնեն իրենց հակաեկեղեցական եւ հակահոգեւորական(ներ) ներշնչումը: Ընթերցողը կրնայ ի՛նք յստակօրէն տեսնել եւ դիտարկել նմանութիւններն ու տարբերութիւնները: Ի վերջոյ, պատմութիւնը կէտ առ կէտ չի կրկներ ինքզինք, անցեալի կարգ մը իրադարձութիւններ կրնան ունենալ տարբեր կամ տարբերակւող նոր կիրարկումներ:
Կարեւոր կէտ մըն ալ. մեր տեղեկութիւնները մեծ մասամբ քաղած ենք պատմական նշանակութիւն ունեցող հատորէ մը, որ լոյս տեսած է «ծանրագոյն տարիներուն», 1936-ին, Բոստոն, «Հայրենիք» հրատարակչատունէն: Խորագիրն է «Հայ եկեղեցւոյ տագնապը եւ անոր պատասխանատուները», հեղինակ՝ Ա. Պարտիզեան: Այդ ժամանակաշրջանի դէպքերուն եւ արձագանքներուն մէկ մանր հանրագիտարանը կարելի է սեպել այս հատորը, որոշ չափով կարտայայտէ այդ օրերու մթնոլորտն ու զգայնութիւնները, որոնց մնացորդացը մինչեւ այսօր ալ երբեմն շահարկման կը դրւին որոշ շրջանակներու կողմէ: Մեր քաղւածքը հազիւ թէ պիտի հպի այդ օրերու արտասահմանեան (հիմնականին մէջ Ամերիկայի) ցնցիչ դէպքերու, որոնք առանցքը կը կազմեն հատորին խորագիրի «տագնապը» եզրին:
«Կրօնը թմրեցուցիչ է»
Խորհրդային միութեան մարմնաւորումէն շատ առաջ, Համայնավար վարդապետութեան հիմնադիրներուն՝ Մարքսի եւ Էնկէլսի տեսութիւններուն մէջ, կրօնքը կը ներկայացւի իբրեւ թոյն, թմրեցուցիչ, որ դրամատէր դասուն կողմէ կօգտագործւի ժողովուրդները թմրեցնելու, մոլորեցնելու եւ իրենց շահերուն լծելու գործին: Լենին եւ գործակիցները որդեգրած էին այդ տեսութիւնները եւ զայն կիրարկման դրին վերաձեւաւորւող եւ կարմիր պատմուճան հագած կայսրութեան մէջ: Նախապէս ակնարկեցինք, որ թիրախը լոկ մեր եկեղեցին չէր (Ռուսիոյ մէջ եկեղեցւոյ դէմ միջոցառումները ծայր առած էին 1919-ին), սակայն մեզ շահագրգռողը՝ մեր Եկեղեցւոյ դէմ որդեգրւած քայլերն են, քաղաքականութի՛ւնը, որուն գործակատարներն էին Հայաստանի համայնավար ղեկավարները (բոլորովին այլ հարց, թէ անոնցմէ շատեր աւելի ուշ իրենց կեանքով վճարեցին ստրկական վարքին գինը…):
1922-էն սկսեալ, ու տարւէ տարի, կրօնքի եւ Եկեղեցիին դէմ պայքարը, զայն ոչնչացնելու քաղաքականութիւնը ստացան տարբեր կիրարկումներ: Մշակւեցաւ հնգամեայ ծրագիր մը (խորհրդային տարիները յատկանշւած են «հնգամեայ պլան»ներով, որոնք ընդհանրապէս… կը գերակատարւէին: Հոս ալ գերակատարումի ձգտում կար): Յաջորդական փուլերն էին դադարեցում կրօնական դասաւանդութեանց, փակում եկեղեցիներու եւ Ճեմարանին ու տպարանին (հրատարակութիւններուն), արտաքսում եւ հալածանք՝ բոլոր հոգեւոր ծառայողներու դէմ, եկեղեցական կառոյցներու բռնագրաւում եւ վերածում՝ ակումբներու, զբօսավայրերու եւ խաղավայրերու: Այս բոլորին թագադրումը պիտի ըլլար երկրին ու ժողովուրդին կեանքէն կրօնքի ու եկեղեցւոյ վերջնական հեռացումը, արմատախիլ ըլլալը: Մանրամասնութիւն մը. Հայաստանէն արտաքսւեցաւ մինչեւ իսկ Հայր Ներսէս Ակինեանի նման մտաւորական մը, որ գացեր էր Մատենադարանին մէջ օգտակար գործ ընելու…
Եւ որովհետեւ այս բոլորը կարելի չէր կատարելապէս իրականացնել նախատեսւած ժամանակին մէջ, կիրարկւեցան հանգրւանային այլ քայլեր: Բանիմաց եկեղեցականներ, տարբեր աստիճանի կրօնաւորներ հալածանքի ենթարկւեցան, շատեր Սիպերիա ղրկւեցան (անշուշտ նոյն ճամբան բռնեցին զինւորականներ, քաղաքական գործիչներ, մշակոյթի մարդիկ), սպանւեցան, քաջալենաք գտան՝ սկզբնական շրջանին՝ համբակ ու իշխանաւորներուն կամակատարը դառնալու պատրաստ քահանաներ, մինչեւ իսկ բարձրաստիճան կրօնաւորներ: Եկեղեցիները դատարկւեցան եւ յաճախողներու թիւը գրեթէ չքացաւ: Բացայայտ այս հալածանքներուն դիմաց, քարոզչութիւնը կըսէր, որ ինչպէս այլ բարգաւաճ երկիրներու՝ նոյնպէս ալ Խորհրդային Միութեան – հետեւաբար նաեւ Հայաստանի ու այլ երկիրներու – մէջ պետութիւնը եւ եկեղեցին անջատւած են: Ինքզինք պետութիւն դաւանող իշխանութիւնը հարցեր չէր դիմագրաւեր, թէ այդ ինչպէ՞ս կըլլայ, որ իշխանաւորը ամենաբիրտ հալածանքները եւ բնաջնջումի քաղաքականութիւն կը կիրարկէ, իսկ «անջատ» հռչակւածը ո՛չ միայն պետութեան գործերուն միջամտելու իրաւունք չունի, այլ չի կրնար պաշտպանել, տէր կանգնիլ իր նիւթական ու բարոյական իրաւունքներուն, գոյութեա՛ն:
Հայաստանի մէջ գործադրութեան դրւած «վարչական միջոցառումներու» շարքին, եկեղեցիներու եւ անոնց ծառայողներու ինչքերուն գրաւումէն անդին, կար ամբողջ համակարգին «վերաձեւաւորումը»: Էջմիածինը դադրեցաւ ըլլալէ բոլոր եկեղեցիները հովանաւորող ու կառավարող կենտրոնական հաստատութիւն (Սփիւռքի երեսը՝ բոլորովին այլ զարգացումներով), գործելու առիթ ունեցող եկեղեցիները (անոնք՝ որ կամակատար դարձան) հռչակւեցան առաձին միաւորներ, Էջմիածինին ալ «շնորհւեցաւ» առանձին միաւորի վիճակ: Սա դարաւոր հաստատութիւնը, ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆԸ կազմաքանդելու միտող քայլերէն մէկն էր:
«Ազատ եկեղեցի»
Կարմիրները շուտով զգացեր էին, որ եկեղեցին ու ժողովուրդին հետ անոր կապը կարելի չէ մէկ օրէն միւսը միանգամընդմիշտ քանդել: Կազմաքանդելու այլ հնարքներ ալ հրապարակ եկան: Ինքզինք հակակրօն եւ անաստւած հռչակած երկրին մէջ, հրապարակ եկաւ «Ազատ եկեղեցի» անունով շարժում մը (լրիւ անունը՝ «Հայաստանի ազատ եկեղեցական եղբայրութիւն»), որ փորձեց իր շուրջ համախմբել իբրեւ թէ Էջմիածինէն դժգոհ, անոր հակադրւող կրօնաւորներ եւ աշխարհականներ: (Նշենք, որ Ռուսիոյ մէջ ալ ստեղծւած էր «Կենդանի եկեղեցի» մը): Երբ Էջմիածինին կարգիլւէր հրատարակչական-դաստիարակչական աշխատանք, «Ազատ եկեղեցի»ն կունենար թերթ հրատարակելու արտօնութիւն, եւ այդ տպարանի արտադրութիւնները շուտով պիտի հասնէին նաեւ արտերկրի գաղութներ (այդ օրերուն «Սփիւռքի գործակատար»ը տարբեր զգեստ ու դիմակ ունէր…): Միջանկեալ նշենք, որ հիմա ալ Էջմիածինը նման կաշկանդումներու կենթարկւի (պատկերասփիւռի կայանի փակում, «դժգոհ» եւ կարգալոյծ եկեղեցականները քաջալերանք եւ այլ), սակայն անիկա չըլլար անաստւածութեան անունով (առայժմ), այլ անիկա հագած է «եկեղեցին կը պաշտպանենք», «եկեղեցին կը բարեփոխենք», «եկեղեցականները կարգի կը հրաւիրենք» պատճառաբանութիւններով, կը մոռցւի, որ հիմա ալ Եկեղեցի-պետութիւն բաժանում կայ, սակայն Եկեղեցին, իբրեւ Ազգային կառոյց, ունի իրաւունքներ, որոնք արձանագրւած են սահմադարական յօդւածներով (սահմանադրական փոփոխութեան իշխանականներու ծրագիրը հաւանաբար ա՛յս կէտն ալ ի մտի ունի…):
Օրին, հայ մամուլը, առանց գաղափարական խտրութեան, սուր քննադատութեան ենթարկած է այս վիճակը, եւ հարց տւած է, թէ ինքզինք անաստւած դաւանող պետութեան մէջ, ինչպէ՞ս կըլլայ, որ եկեղեցական նման հրատարակութիւն ո՛չ միայն կարտօնւի, այլ աւելին՝ քաջալերանք կը գտնէ: Ձեւով մը, «հակաթոռ» այս շարժումը ունեցաւ իր արտերկրեայ ճիւղաւորումները: Հայաստանի սահմաններէն անդին, Պարսկաստանի, Իրաքի, Յունաստանի, Ամերիկայի մէջ եւ այլուր, գտնւեցան այս հոսանքի ոլորապտոյտին մէջ ներգրաււող հոգեւորականներ, խորքին մէջ՝ ՉԵԿԱի գործակատարներ, որոնք յանձն առին նաեւ լրտեսական եւ «թափանցումի» առաքելութիւններ: Եւ ինչպէս Հայաստանի, նոյնպէս ալ սփիւռքեան գաղութներու մէջ, ազգային կուսակցութիւնները, մասնաւորաբար Դաշնակցութիւնը, թիրախ դարձան իբրեւ հակայեղափոխական, յետադիմական, կայսերապաշտներու գործակից եւ մասամբ նորին (պէտք ունի՞նք մատնացոյց ընելու այսօրւան իշխանաւորներուն քարոզչութիւնը, ուր, կրկնենք, Դաշնակցութիւնը եւ Եկեղեցին միայնակ թիրախներ չեն, այլ ԲՈԼՈՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՄԻԱՒՈՐՆԵՐԸ):
«Ազատ եկեղեցի»ին զուգահեռ, քաջալենաք եւ որոշ հովանաւորութիւն կը վայելէին… աղանդաւորականները: Ակներեւ է, հոս ալ, այսօրւան զարգացումներուն զուգորդութիւնը: Այդ տարիներուն շատ չէ խօսւած ԸՆՏԱՆԻՔԻ քայքայման գործօններուն մասին, մինչդեռ այսօր, անիկա աւելի շեշտակի ներկայութիւն է:
«Անաստւածներ»
Առաջին այդ փորձը սպասւած արդիւնքը չտւաւ, աւելին, եկեղեցի անւան տակ նման գործունէութիւն մինչեւ իսկ քննադատութեան թիրախ եղաւ մաքրակրօն համայնավարներու կողմէ, որոնք չէին կրնար հանդուրժել ԵԿԵՂԵՑԻ բառը: Այդ մաքրակրօնները նկատած էին, որ «Ազատ եկեղեցի»ի հովանիին տակ սկսած էր ձեւաւորւիլ նոր դաս մը, մինչդեռ անոնք եկեղեցին կը նկատէին թշնամի եւ արտաքին ուժերու գործակալ…: Ուրեմն, պէտք էր «եկեղեցական»ի դիմակը վերջնականապէս վար առնել եւ հրապարակ գալ «Անաստւածներու միութիւն» անունով եւ համապատասխան հրատարակութիւններու զգեստներով: Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւնները պիտի ծանրացնեն այսօրւան սիւնակը: Բաւականանաք աւելցնելով, որ այս քաղաքականութեան հրահանգը, «ճամբու քարտէզ»ը կու գար Մոսկւայէն, սակայն կար անոնց հոգւով-սրտով ենթարկւելու, խղճի ամենայն հանգստութեամբ իրականացնելու պատրաստ դաս մը: (Հիմա՞):
Այս իրականութիւններուն լոյսին տակ, դիպուկ կը դառնայ ամերիկացի Մարթին Լութըր Քինկի այն ակնարկութիւնը, թէ սատանան Աստուծոյ մրցակից է «եկեղեցի» կառուցելու մէջ: Երկար չմեկնաբանենք:
Կառավարութեան «քաղաքականութիւն»ը
Էջմիածինի կազմակերպական եւ բարոյական կարողութիւնները ջլատելու մէջ, կար, անշուշտ, ժողովուրդը իր պատմութենէն եւ մշակոյթէն խզելու յստակ դիտաւորութիւնը: Կարժէ քանի մը տողով կանգ առնել իշխանաւորներու քաղաքական ուղղութեան կարգ մը գիծերուն վրայ, որոնք կը կազմէին եկեղեցականէն անդին դաշտերու մէջ անցեալէն խզումի ծրագիրներուն, եւ որոնց լծակցութեան պիտի հրաւիրւէին եկեղեցին, իր կաթողիկոսով, հոգեւորականներու դասով ու արտերկրի առաջնորդարաններով:
Հայաստանի համայնավար իշխանութեան քաղաքական կեցւածքներուն մաս կը կազմէին հետեւեալները (ընթերցողին կը թողունք այսօրւան կեցւածքներու հետ զուգահեռներ գտնելը):
Կառավարութիւնը կը յայտարարէր, որ ինք ամբողջ հայութեան կառավարութիւնը չէ, այլ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը (հիմա կայ «Նոր Հայաստան»ը): Այս կառավարութեան համար, ազգային հարց, Հայ Դատ գոյութիւն չունին: Հայ-թուրքական թշնամութիւնը շինծու բան է (ա՛յդ օրերուն, երբ Հայաստան ողողւած էր Ցեղասպանութենէ փրկւած բիւրաւոր գաղթականներով), Հայաստանի մէջ գործելու, գոյութեան իրաւունք չունին որեւէ այլ կուսակցութիւն՝ դաշնակցական, հնչակեան, ռամկավար եւ այլ, հետեւաբար նաեւ… Եկեղեցին: Յիշեալ շարքը ունէր մէկ հասարակ յայտարար. ԱԶԳԱՅԻՆ-ը, մինչդեռ համայնավարները միջազգայնական էին…
Մէկ խօսքով, եւ հաւատարիմ մնալով ազգային ինքնութիւն մերժող համայնավարական սկզբունքներուն, վարդապետութեան՝ համայնավար իշխանութիւնները կըսէին. «Կառավարութիւնը՝ իշխանութիւնը մենք ենք, մեզմէ զատ աստւած պիտի չունենաք» (Փաշինեան ալ տարբեր առիթներով յոխորտացած է, թէ կառավարութիւնը ինք է, չկայ իր կամքին հակառակ շարժող դատաւոր եւ այլն):
Երկրի ներքին տարածքին վրայ ստեղծւած այս իրականութեան դիմաց, արտերկի մէջ կար այլ տեսակի ողբերգութիւն, որուն կարգ մը մանրամասնութիւններուն վրայ լուսարձակ պիտի բերենք յառաջիկային, առանձին սիւնակով մը: Հոս բաւականանաք միայն արձանագրելով, որ Հայաստանի մէջ եկեղեցին խորտակող, քայքայող իշխանութիւնը, լաւ ըմբռնելով ժողովուրդին կապը՝ իր եկեղեցիին հետ, բոլորովին տարբեր մօտեցումով մշակեց եւ իրագործման դրաւ քանի մը իմաստով պառակտիչ քաղաքականութիւն մը, ՇԻՆԾՈՒ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐՈՒ առջեւ ընդարձակ դաշտ բանալով: Նշենք նաեւ, որ այդ ծրագիրները «ներշնչում» առած են դուրսէն՝ Մոսկւայէն, իսկ գլխաւոր դերակատարն ու հրահանգողը՝ գործադի՛րը, եղած է ՉԵԿԱն ու անոր կառքին լծւած հայանուններ՝ աշխարհական ու հոգեւորական: Եւ ճի՛շտ անոնց գործունէութեան հետեւանքով ալ, ստեղծւեցաւ «ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱԳՆԱՊ» մը, որուն կարգ մը հետքերը արդարօրէն եւ բարեբախտաբար ջնջւած են վերջին տասնամեակներուն, սակայն մասնիկներ կը զգացնեն իրենց ներկայութիւնը, ներշնչումի աղբիւր են… այսօրւան իշխանաւորներուն, կը վերամարմնաւորւին անոնց որդեգրած քաղաքականութեան մէջ:






