Վտանգին դիմաց մնանք միասնական
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Հայաստանի մէջ մթնոլորտը արձակուրդային է, մինչ Լիբանանի մէջ՝ անձկալի: Թեհրանի ու Բէյրութի հարաւային արւարձաններու զոյգ սպանութիւններէն ետք, Իրանի ու «Հեզբօլլահ»-ի կողմէ խոստացւած հակադարձութիւնները ստեղծած են տագնապալի վիճակ, Իսրայէլ եւս լարած է իր մարտական ողջ միջոցները՝ «նախազգուշական» հարւածներ հասցնելու համար իր հակառակորդներուն: Գազայի պատերազմը կը շարունակւի եւ Իսրայէլ ահաբեկիչներ ոչնչացնելու պատրւակով կը շարունակէ բացայայտ ոճիրներ գործել:
Օդանաւային բազմաթիւ ընկերութիւններ առկախեցին իրենց թռիչքները դէպի Բէյրութ: Ոմանք՝ նաեւ Թել Աւիւ: Արտաքին գործոց նախարարութիւններ իրենց երկիրներու Լիբանան գտնւող քաղաքացիներուն թելադրեցին, ոմանք զգուշանալ վտանգաւոր վայրեր գտնւելէ, ուրիշներ՝ պարզապէս հեռանալ Լիբանանէն: Դժբախտաբար անոնց միացաւ նաեւ Հայաստանը՝ անձնասիրաբար մոռնալով, որ Լիբանանի մէջ կապրին հայեր, ոմանք՝ գործնապէս Հայաստանի քաղաքացի (երկքաղաքացի), ուրիշներ՝ բարոյապէս քաղաքացի:
Ստեղծւած մթնոլորտին մէջ շատեր հարց կու տան, թէ ի՞նչ պիտի պատահի, ի՞նչ կրնայ պատահիլ: Անորոշութիւնը կաւելցնէ արդար մտահոգութեան քանակը: Միջոցներ ձեռնարկւած են պաշտպանելու համար հայ համայնքը, առաջքը առնելու համար խուճապային տրամադրութիւններուն եւ կազմակերպելու ինքնապաշտպանութիւնը:
Առաջին հերթին, հայկական երեք կուսակցութիւնները՝ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, ՍԴ Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը, միասնաբար որոշեցին գործակցիլ՝ պաշտպանելու համար հայ համայնքի շահերը: Յաջորդեց բարեսիրական եւ ընկերային ծառայութիւններ մատուցող կառոյցներու համատեղ ժողովը՝ մշակելու համար վտանգը դիմագրաւելու կոչւած նախապատրաստական աշխատանքներու ծրագիր մը:
Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ արաբական աշխարհին ու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կատարւած կեղծ յեղափոխութիւններէն, խառնակչութիւններէն, ահաբեկչական խմբաւորումներու ստեղծումէն ու անոնց հովանաւորումէն ետք, եկած է ժամանակը վերջնական լուծում մը տալու արաբ-իսրայէլեան թնճուկին: Արցախեան տագնապի «լուծման» ոճով: Արաբական աշխարհը պառակտւած է, տկարացած, պաղեստինեան ինքնիշխանութիւնը՝ անշքացած: Կը մնայ հասցնել վերջին հարւած մը ու պարտադրել, այնտեղ եւս, «խաղաղութեան խաչմերուկ մը»: Այս թւացեալ ծրագիրը խանգարողը Իրանն է՝ իր լիբանանեան, իրաքեան եւ եմէնական արբանեակներով: Իրանի սրտին մէջ Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկումը ցոյց տալու համար էր, որ Իսրայէլ ու Միացեալ Նահանգներ կրնան գործել նաեւ այնտեղ: Վստահաբար իր գերիշխանութեան նման ոտնակոխումին Իրան չի կրնար համապատասխանօրէն չհակադարձել, կատարւեցաւ այդ արարքը: Իրանի հակադարձութեան պիտի յաջորդէր Իսրայէլի եւ զայն պաշտպանողներու պատասխանը՝ Իրանը ներքաշելով մաշեցնող ու թերեւս վարչակարգին համար ճակատագրական ընդհարումի մը մէջ: Տասը օրեր անցած են Թեհրանի ահաբեկումէն ի վեր, սակայն Իրան, յայտարարելով հանդերձ, որ անտարբեր պիտի չմնայ, չի հակադարձեր: Իրանի իշխանութիւնները կը տատամսի՞ն, թէ՞ մանրակրկիտ նախապատրաստութիւններ կը տեսնեն՝ ամերիկեան մարտանաւերու շրջանի մէջ բազմացման առկայութեամբ, պատշաճ հարւած մը հասցնելու անդադար յոխորտացող Իսրայէլին: Ժամանակը ցոյց պիտի տայ:
Վտանգներով ու անորոշութիւններով յատկանշւող մեր տարածաշրջանին մէջ, մենք՝ հայերս, պէտք է մնանք զգաստ ու միասնական: Մերձաւոր Արեւելքի համայնքներու տկարացումը կառաջնորդէ ամբողջ սփիւռքի տկարացման, նաեւ՝ Հայաստանի մեկուսացման ու տկարացման: Պահպանենք մեր գաղութները եւ անոնց համահայկական նշանակութիւն ունեցող կառոյցները:
Ազդակ