Կէս պրաւօ՜, Միրզոյեան…

Ս.ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Պրաւօ»-ին կէսը… «ՊՐԱ՞» է:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան կէս պրաւօ մը շահեցաւ երկուշաբթի, 24 փետրւարին, երբ Ժնեւի մէջ, ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնախումբի նիստին, բացէ ի բաց Ադրբեջանը մեղադրեց հայ քաղաքական եւ զինւորական անձնաւորութիւններ Բաքւի մէջ շինծու դատավարութեան ենթարկելու եւ խաղաղութեան երթը խափալելու յանցանքով: Յաջորդ օրը, ՔՊ-ական մըն ալ Երեւանէն կրկնեց մեղադրանքը:
Այս ի՜նչ յանդգնութիւն… այս ի՜նչ ճշմարտախօսութիւն…: Իսկ եթէ պահ մը հաշւի առնենք, որ սա 180 աստիճանի տարբերութիւն ունի ՔՊ-ապետին ու այլոց ծանօթ կեցւածքներէն, կրնանք արաբներուն պէս ըսել. «Ըհթար-նա եա գարաա մըն-ուէյն պատնա-ն-պուսէք» (որ թարգմանի՝ «Շւարած ենք անմազ գլուխ, թէ քեզ ո՞ր կողմէդ պէտք է համբուրենք»):
Բայց դիւանագիտութեան պետը չի՞ վախնար, որ պոսը դարձեալ զինք ստախօս հանէ, ինչպէս ըրած էր Արցախի վերջնական բռնագրաւման օրերուն. կը յիշէ՞ք. Միրզոյեան ՄԱԿ-ի բեմէն Ադրբեջանի իշխանութիւնները մեղադրած էր հայաջինջ ընթացքի համար, իսկ իր պոսը անմիջապէս փութացած էր ձայնակցելու Ադրբեջանի արտաքին գործոց նախարարին ու յայտարարած՝ թէ Արցախի մէջ ամէն բան լաւ է, ո՛չ մէկ վտանգ:
Արդեօք Միրզոյեա՞նն ալ շուտով իր բջիջային հեռաձայնին վրայ պիտի ստանայ հրաժարականի պահանջի… հրահանգ մը: Չէ՜, նման վախ չունի, որովհետեւ նման մեղադրանքներ կիյնան մարդիկ մոլորեցնելու «մարտավարութեան» ծիրին մէջ, որպէսզի վաղը ընդդիմադիրներուն եւ առհասարակ ազգի շահերուն հաւատարիմ քաղաքացիներուն ըսեն. «Տեսէ՞ք, որքա՛ն ամուր կը պաշտպանենք մեր գերիներուն ու պատանդներուն շահերը…»
***
Միրզոյեանի շահած «պրաւօ»-ին կէսը պիտի չզեղչէինք, եթէ ան բաւականանար անվիճելի եւ բոլորիս քւէն վայելող մեղադրանքով: Բայց ո՜չ… Այս մարդուկն ալ ՔՊ-ական է ի վերջոյ, ու չի կրնար ծուռ բան ընելէ խուսափիլ: Հայկական առածը գիտէ՛ք կաթնտու ծուռ կովուն մասին… Եւ ահա, մեղադրանքէն ետք, ան պայուսակէն հանած է ծանօթ սկաւառակը եւ սկսած է գեղգեղել. «Ալմա Աթայի հռչակագիր… Հայաստան խաղաղութիւն կը ցանկայ… պատրաստ է ճամբաներ բանալու… Պէտք է ետ կենանք սպառազինումէ…»: Եւ ճիշտ հո՛ս է որ արդէն, ան դարձեալ գործնապէս կը վկայէ, թէ մեր դիւանագիտութիւնը բացարձակապէս կտրւած է իրական աշխարհէն, մոռցած է որ Ադրբեջան անընդհատ կը զինւի ու զինավարժութիւններ կընէ (պակսողն ալ կամբողջացնէ՝ Փակիստանէն օդանաւեր գնելով), կը պահանջէ Հայաստանի Սահմանադրութեան վերախմբագրումը (մէկը դեռ կասկած ունի՞ թէ ինչո՛ւ), որքան ալ ՔՊ-ականներ երդում-պատառ ըլլան, թէ նման հարց չկայ:
Մոռացկոտ եւ կոյր ձեւացող Միրզոյեանին՝ անմիջպէս յիշեցումներ ըրաւ Ադրբեջանի փոխ արտաքին գործոց նախարար Էլնուր Մամեդով: Ան հաւանաբար մտածեց. «Մեր լուռ համաձայնութիւններուն մէջ ձեզի իրաւունք չէինք տւած մեզ ամբաստանեալի աթոռին նստեցնելու… Եթէ դուք մոռացկոտ էք, մենք այդպէս չենք, հող-հաշիւ ունիք տալիք…»
Իսկ եթէ ազերիական նախորդ պահանջները (նոր հողերու պահանջ, ազերիներու Հայաստան բնակեցում, բանակի կազմալուծում եւ մասամբ նորին) իբրեւ թէ անպատասխան ձգելը կամ ուրիշ կողմ նայիլը դիւանագիտական «վարպետի հարւած» է, վերը կէս մնացած «պրաւօ»-ն ալ կը հալի-կը մաշի, տակը կը մնայ (դո՛ւք ըսէք ինչ):