Գաղափարական

Տերեւաթափ. Ժիրայր Յովհաննէսեան (1934-2025)

ԱՐՇՕ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

 

Իւրաքանչիւր անգամ որ հիմնադիր ընկեր կամ ընկերուհի մը կորսնցնենք, կափսոսանք եւ կը ցնցւինք, որովհետեւ իւրաքանչիւրը ունի իր տեսիլքը, որ հաւաքական աշխատանքով, անվախ ու աննկուն կամքով ծրագրեց եւ գործադրեց՝ կազմելու, հաստատելու եւ հիմնելու մշակութային, կուսակցական, բարեսիրական, հոգեւորական կենտրոն, միութիւն, մասնաճիւղ կամ ընկերակցութիւն։ Վերջերս կորսնցուցինք շատ մը նւիրեալներ, իսկ 3 յունւարին՝ ընկեր Ժիրայր Յովհաննէսեանը, որ մեր Թորոնթոյի գաղութին սիւներէն էր։

Թաղման կարգը տեղի ունեցաւ Սուրբ Աստւածածին եկեղեցւոյ մէջ, որուն կազմաւորման մէջ ալ մեծ եւ կարեւոր ներդրում ունեցած էր ընկերը։ Դագաղը ծածկւած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) եւ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան դրօշակներով։ Երկուքին ալ արդարօրէն արժանի էր, ինչպէս տ. Տաթեւ աւ. քհն. Միքայէլեան արտայայտւեցաւ․ «Այս դրօշները յաղթանակի դափնեպսակներն են»։

Ժիրայր Յովհաննէսեանը ծնած է Հալէպ։ Վերապրող բալուցիներու զաւակ է։ Արհեստով մեքենագէտ, ինքնազարգացման վկայականով, կեանքի դժւարութիւնները դիմագրաւած՝ իր երգիծական ոգիով եւ աւելի լաւին ձգտելու աննահանջ կամքով։ Քաջաբար ճաշակած է 60-ական թւականներու Սիրիական կառավարութեան հալածանքները։ Ամուսնացած է Սոնա Խումայեանի հետ եւ 1966-ին, իր առաջին զաւկին՝ փոքրիկ Քրիսին հետ գաղթած են Կանադա, Սէնթ Քաթրինզ քաղաքը, ուր վարած է ՀՅԴ գործադիր մարմինի քարտուղարի պաշտօնը, ապա վերջնական կայք հաստատած է Տորոնտօ, 1968-ին։ Յաջորդ տարին Աբգարին, Շուշիկին, Վահէին, Ներսէսին հետ սկսած է ծրագրել, ապա հիմնել «Համազգային»-ի Տորոնտոյի մասնաճիւղը։ Ստանձնած է վարչական պատասխանատւութիւններ եւ ընտրւած Կանադայի շրջանայինի ներկայացուցիչ։

Առաջին թատերական ներկայացումին՝ Շիրւանզադէի «Պատւոյ համար»-ին մէջ Սաղաթէլի կարեւոր դերը ստանձնած է, ապա բեմադրւած են Պարոնեանի «Բաղդասար աղբար», Մուշեղ Իշխանի «Մեռնիլը որքա՜ն դժւար է», Ժագ Յակոբեանի «Կռունկը կը կանչէ» եւ այլ հետաքրքրական թատերգութիւններ։ Անկարելի է վաթսուն տարիներու գործունէութիւնը տեղաւորել սեղմ տողերու մէջ։ Այս բոլորին ընթացքին Ժիրայրը իր սրամիտ եւ զւարթ քերթուածներով մեզի դրական մթնոլորտի մէջ պահած է, ըլլայ ատիկա ուղղւած յանձնախումբերուն կամ Կանադայի կեանքին։ Չենք մոռնար, իր անգլերէն սորված ժամանակ, համր բաղաձայններուն մարտահրաւէրներու պատմութիւնը (knife & knee) կամ երթեւեկի ոստիկանին շւարցնելը՝ իր իսկ շւարած վիճակով։ Ընկերական հաւաքոյթներուն հանդիսավարն էր։

Իր գրաւիչ ձայնով՝ երկար տարիներ մասնակցած է «Համազգային»-ի «Գուսան» երգչախումբին։

Իր զաւակները՝ Քրիսը եւ Սալբին, հարսը՝ Քրիստինը, փեսան՝ Թորսթընը, թոռները՝ Միան եւ Իննան ներկայացուցին իրենց հայրը եւ մեծ հայրը՝ հոգածու եւ սիրալիր բնաւորութեամբ։ Բացայայտ էր փոխադարձ սէրը։ Կեանքի խոհեմ դասերը, ոգեւոր հոգին միշտ իրենց հետ պիտի մնայ։

Ընկերուհի Թամար Տօնապետեան Գուզուեան՝ «Համազգային»-ի կենտրոնական վարչութեան անդամը, յուզիչ եւ տպաւորիչ կերպով երկլեզու ներկայացուց ընկեր Ժիրայրը եւ անոր ներդրումը։ «Տորոնտոհայ»-ը ամբողջութեամբ պիտի հրատարակէ զայն։

Սեւան Հաճիարթինեան փոխանցեց հետեւեալը․ «Թարգմանը հանդիսանալով ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան շարքերու զգացումներուն՝ կը հաստատեմ, որ մեր շրջանը կորսնցուց կուսակցական, գաղափարական հաւատամքին, քաղաքական ուղիին հաւատարիմ եւ ջատագովը հանդիսացող ուղղամիտ կուսակցական մը։» Սեւան Հաճիարթինեան իր խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնեց տիկնոջը՝ ընկերուհի Սոնային, զաւակներուն եւ թոռներուն, հանգուցեալ ընկերոջ ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն, նաեւ մեր բոլոր ընկերներուն եւ համակիրներուն, որոնք մօտէն ծանօթացած, յարաբերած եւ գործակցած են ընկ․ Ժիրայրին հետ։ Ընկերուհին աւարտին հրաժեշտի խօսքով ըսաւ․ «Երթդ բարի, ընկե՛ր Ժիրայր։ Հոգիիդ ճախրանքը յաւերժանայ, ընկե՛ր»։

Ընկեր Յովհաննէսեանի ընտանիքի անդամները եւ հարազատները շատ լաւ կազմակերպած էին թաղումը եւ հոգեճաշը։ Դուստրը՝ Սալբին, նախապէս տեսերիզի վրայ արձանագրած էր հօրը կեանքին կարեւոր անդրադարձները, ինչպէս իր ծանօթացումը Սոնային հետ, առաջին գործը Կանադայի մէջ եւ այլ զւարթ ու հաճելի կեանքի փորձառութենէն դրւագներ։

Իր ընտանիքը «կեանքի տօնախմբութիւն» անւանած էր հոգեճաշը։ Արդարեւ բոլոր լուսանկարները եւ մեր յիշատակները այդ ցոյց կու տան։

Երեսուն տարիներ առաջ Ժիրայրը շատ լուրջ գործողութեան մը ենթարկւեցաւ։ Այդ ժամանակ բժիշկները առաւելագոյնը տասը տարի կեանք տւին, բայց ապրեցաւ երեսուն տարի։ Ատիկա կը պարտինք իր կնոջը՝ Սոնային, որ աչալուրջօրէն հսկեց Ժիրայրին առողջութեան։ Իսկ ինքը՝ Ժիրայրը, ամբողջ կեանքի ընթացքին մեծ համարում, յարգանք եւ սէր ունէր իր կնոջ հանդէպ։ Երբեք արգելք չեղաւ Սոնային գրական տաղանդներուն, այլ քաջալերեց եւ գովեց։

Ընկեր Ժիրայրը Սուրբ Աստւածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերէն եւ հոգաբարձութեան անդամներէն ստացած եկեղեցւոյ քառասունամեակին կազմակերպւած «Մտերմիկ երեկոյ»-ի մը հրաւէրին առթիւ կըսէ․ «Ամէն սերունդի չի վիճակւիր գաղութ հիմնել զերոյէն։ Վաթսուն տարիներ առաջ այսօրւան Թորոնթոյի գաղութը «չհերկւած արտ» էր, մենք ալ Միջին Արեւելքէն ներգաղթած բուռ մը անփորձ երիտասարդներ, որոնց վիճակւեցաւ հերկել, ցանել, ջրել, բերք աճեցնել, հոգեւոր հաց թխել եւ ազգային սովէ փրկել…։ Ինչ որ կայ այսօր, արդիւնքն է անցեալի անգնահատելի Զոհողութեան, անմնացորդ Նւիրումին եւ անշեղ Հաւատքին։ Փառք Աստուծոյ, որ նւիրական դրօշարշաւը կանգ չէ առած եւ կը շարունակէ իր մարոթանական վազքը»։

Արդարեւ, մենք շատ բան կը պարտինք մեր հիմնադիր սերունդին, որ առանց գործի, եկամուտի եւ բնակարան ունենալու ապահովութեան, նետւեցաւ գաղութաշինութեան, եւ այժմ նոր սերունդը ստանձնած է իրեն յանձւած յանձնառութիւնը։

Այո՛, երթդ բարի, ընկե՛ր Ժիրայր Յովհաննէսեան։

Related Articles

Back to top button