Գաղափարական

ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովի ընդառաջ. Կազմակերպական կառոյցի արդիականացում ի խնդիր 21-րդ դարուն համահայկական զօրաշարժի վերաշխուժացման

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

«ԱԼԻՔ» – ՀՅԴ 24-րդ Ընդհանուր ժողովի (ԸԺ) (1988) Դէպի Երկիր որոշումը ծնունդ տւաւ կուսակցութեան գործունէութեան նոր պատմական հանգրւանի մը, որուն յաջորդական ժամանակաշրջաններու գնահատականները տւած են ՀՅԴ 24-րդ ԸԺ-ի յաջորդած տասը ԸԺ-ները -վերջինը՝ 34-րդ (2022): Այս շաբաթ (փետրւարի 26-ին-ԽՄԲ.) ընթացք առնող 35-րդ ԸԺ-ը նոյնը պիտի ընէ անցնող եռամեակին վերաբերեալ: Այդ գնահատականներէն անկախ, կուսակցութեան 34-ամեայ գործունէութեան տարբեր ժամանակահատւածները իրենց ամենայետին մանրամասնութիւններով սպասելիօրէն տեղի տւած են քաղաքականացած քննարկումներու, զուսպ եւ առարկայական երբեմն, դրականօրէն քննադատական տարբեր առիթներու, բայց նաեւ յաճախ յետին նպատակներով, անձնական շահախնդրութեան եւ մինչեւ իսկ ոխակալութեան մղումով:

Ներկուսակցական ոլորտին մէջ սակայն, մինչ կարգապահութեան աւանդական հասկացողութեան յարգանքով ԸԺ-ներու գնահատականները հարցականի տակ չեն դրւած եւ չեն կրնար դրւիլ, բայց նաեւ ճիշտ է որ Դէպի Երկիր պատմական հանգրւանը որպէս ամբողջութիւն քննարկելու նախանձախնդրութիւն չէ եղած: Պատմական հանգրւան մը կարելի է որպէս ամբողջութիւն քննարկել՝ ձեռքբերումներուն, բացթողումներուն եւ ձախողութիւններու բանականացման իմաստով երբ նոյն այդ հանգրւանի լրումի ազդանշանները կընկալւին: Այդ ազդանշաններու ընկալումն ինքնին քննարկման նախասկիզբն է:

Այս իմաստով, Դէպի Երկիր հանգրւանի լրումն ու նորի մը սկիզբ տալու անհրաժեշտութիւնը կը զգացւի հետեւեալ պատճառներով.

Ա) Կուսակցութեան Հայաստան վերադարձը եւ քաղաքական գործընթացի մէջ ինքնահաստատման փաստը արդարացուցած են ՀՅԴ 24-րդ ԸԺ-ի Դէպի Երկիր բեկումնային որոշումը:

Բ) Քսանմէկերորդ դարու առաջին քառորդի աւարտին աշխարհակարգը, ուժերու հաւասարակշռութենէն մինչեւ հարստութեան ստեղծման եւ վերաբաշխումի համաշխարհին տնտեսութեան ենթակառոյց, փոխւած է Պաղ Պատերազմի աւարտին եւ անոր անմիջապէս յաջորդած տասը կամ քսան տարիները յատկանշած միաբեւեռ համակարգէն:

Գ) Սփիւռքը, ուր ՀՅԴ-ն դեռեւս ամենէն աւելի կազմակերպւած եւ զօրաշարժի ատակ քաղաքական կառոյցն է, չէ վերածւած Հայաստանի ռազմավարական գործընկերին, որով եւ չէ իրականացած համահայկական համախմբումի եւ զօրաշարժի կառուցային հայեցակարգը որ համաշխարհային քաղաքական թէ քաղաքակրթական գործընթացներուն մէջ պիտի ապահովէր Հայաստանի եւ հայութեան տեղը:

Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ իր եզակի ներկայութեամբ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կրնայ համահայկական համախմբւածութեան եւ զօրաշարժի օրինակ, խթան եւ գործօն հանդիսանալ: Սակայն, հարցախոյզերը, անցնող երեք տասնամեակներու քաղաքական գործի ձեռքբերումներու, բացթողումներու թէ ձախողութիւններու համեմատական վերլուծումը եւ կուսակցական առօրեայի կոնկրետ փորձառութեան օրինակները Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ կը յուշեն, որ Դաշնակցութեան այդ կարողականութիւնը անցնող երեք տասնամեակներուն չէ յաջողած ինքզինք լիովին փաստել: Համահայկական համախմբւածութիւն ստեղծելու Դաշնակցութեան կարողականութիւնն ու պատմական փորձառութիւնը կը մնան անխախտ: Բայց այդ կարողականութեան գործնականացումը կենթադրէ կուսակցութեան համաշխարհային կառոյցին, կազմակերպական տինամիքին, եւ մարմիններու եւ շրջաններու փոխյարաբերութեանց կարգուկանոնին տալ համակարգումի մեծ ճկունութիւն, որուն համար ալ կուսակցութեան ծննդոցին մաս կազմած է կազմակերպական ապակենտրոնացման սկզբունքը:

Կը մնայ որ ապակեդրոնացումը պիտի դուրս բերել իր սկբունքայնութեան վերացականութենէն եւ ընկալել պատմական տարբեր հանգրւաններու ոլորտին մէջ: Այսպէս, ՀՅԴ 24-րդ ԸԺ-ի (1988) Դէպի Երկիր որոշումը կուսակցութեան պատմական զարգացման մէջ բերած է ծրագրային առաջադրանքներու եւ կազմակերպական կանոններու այնպիսի բեկում մը ինչպէս նախապէս բերած էին 20-րդ (1972), 9-րդ (1919) եւ 4-րդ (1907) ԸԺ-ները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կուսակցութեան գործունէութեան մէջ բացած է նոր հանգրւան մը, եւ պատմական ամբողջ ժամանակաշրջանի մը վրայ դրած իր խոր կնիքը. Կովկասեան Նախագիծ (1907), Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայաստան (1919) եւ Յեղափոխական Արմատներու Վերադարձ (1972): Այդ բեկումնային ԸԺ-ները միաժամանակ կուսակցութեան կազմակերպական կառոյցին մէջ բերած են յատկանշական բարեփոխումներ եւ վերանայման ենթարկած են կազմակերպական կանոնները: Այսինքն՝ ապակեդրոնացումը կոնկրետացուցած են պատմական նոր հանգրւանի մը ոլորտին մէջ, ի խնդիր այդ հանգրւանի մարտահրաւէրներուն լաւագոյնս դիմագրաւման:

Ի տարբերութիւն անցեալի այդ բեկումնային որոշումներուն որոնք արձանագրած են պատմական հանգրւանի մը աւարտն ու սահմանած նորը, այսօր դժւար է յետ-Դէպի Երկիր հանգրւանի յստակ սահմանումը: Դէպի Երկիրը հանգրւան մըն է որ իր լրումին հասած է, բայց նորին սահմանումը տակաւին չէ բանաձեււած: Անհրաժեշտ է շարքային լայն մակարդակով մտքերու պատրաստութիւն, քննական-քննադատական բանավէճ, իրավիճակի գնահատական վերլուծում, կառուցային, կազմակերպական թէ այլ բարեփոխութիւններու ծրագրում, եւ մինչեւ իսկ բաց քննարկում, որովհետեւ հայ հանրային կարծիքը, հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի, պէտք է իմանայ որ վերանայման գործընթացը ինքնանպատակ չէ, այլ ի խնդիր հայ ժողովուրդին: Յստակ է միայն որ 21-րդ դարուն Հայաստանի եւ հայութեան գոյատեւման եւ զարգացման համար համահայկական համախմբումի եւ զօրաշարժի վերարժեւորման, վերանայումի եւ վերաշխուժացման կարիքը կենսական է:

Պատմական նոր հանգրւանի մը սահմանման անհրաժեշտութեան դէմ յանդիման, ՀՅԴ 35-րդ ԸԺ-ի մեծ մարտահրաւէրը կուսակցութեան կառոյցի, կազմապերպական կանոններու եւ ներկուսակցական տինամիքի վերանայման եւ արդիականացման նախապատրաստութեան ընթացք տալն է, որպէս նպատակ ճշդելով բարեփոխումներու բեկումնային որոշումի քննարկման թղթածրարները դնել ՀՅԴ 36-րդ ԸԺ-ի տրամադրութեան տակ: Այս մէկը անշուշտ չի՛ նշանակեր որ կուսակցութեան քաղաքական, համայնքային թէ Հայ Դատի գործունէութիւնը դադար կառնէ: Սակայն, կուսակցութեան, եւ յատկապէս նորընտիր Բիւրոյի համար առաջնահերթային կըլլայ յաջորդ ԸԺ-ի ներկայացւելիք բարեփոխումներու թղթածրարի պատրաստութիւնը, եւ այդ գործին կուսակցական մարմիններու եւ, ընդհանրապէս, կուսակցական շարքերու լայն մասնակցութեան ապահովումը:

Հորիզոն

Related Articles

Back to top button