Գաղափարական

Լեւիկ Բաբայեանի մահւան առիթով՝ ո՛չ ուղղափառ սրտի խօսք

Ազգի դատը կեանքի անխառն նպատակ դարձուցած հաւատաւոր «Լեւիկ»-ի մահը գուժեցին: Հայրենիքէ դուրս տեղ մը ծնած եւ այլ տեղ կեանքէն հեռացած բիւր բիւրաւորներէն մէկը:

Լեւիկ. այդքա՛ն: Ազգանունը անգամ յիշելու կարիք չէր զգացւէր: Խունկ պիտի ծխեն: Դամբանական պիտի խօսւի, ինչպէս կարգն է: Դաշնակցական մամուլին մէջ յօդւածներ լոյս պիտի տեսնեն: Աւանդութիւնը պիտի յարգւի:

Ցեղասպանութեան 50-ԱՄԵԱԿ-ին յաջորդած տարիներու քաղաքական-գաղափարական զարթօնքի եւ յանձնառութեան ալիքին վրայ յայտնւած սերունդէն էր Լեւիկ: Հայկական եւ միջազգային յիշողութիւնը թմբիրէ դուրս բերելու պարտականութեան ինքզինք կոչած հաւատաւոր անուսադիրներու ազատագրական բանակ, որ ուզեց ըլլալ, եղաւ շարունակութիւն: Ուսադիրները թիկունքի զարդարանք են: Հոն չենք գտներ անհաւասասար պայքարի մէջ զոհւած հայ երիտասարդի կիլիկեցի գիւղացի հօր թերթերու վերտառութիւն եւ խօսափողի աղմուկ չեղող խօսքը, որ «Աստւած տւաւ, ազգը առաւ»:

Մեր ժողովուրդը պատմութեան լուսանցքին վրայ չմնալու իրաւունքը երիտասարդ կեանքերու զոհաբերութեամբ շահեցաւ:

Լեւիկի համար հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը ամբողջական տեսիլք էր, ան ազգային եւ ընկերային արդար իրաւունքի տիրացման հետապնդում էր, ընդդէմ ցեղապաշտական, տիրակալական, տնտեսական չարաշահումներու:

Փարիզ եկած էր Իրանէն, բայց երբեմն անվարան կը յիշեցնէր, որ իր արմատները Երեւանէն էին: Այդ գիտակցութիւնը հաւանօրէն կը բացատրէր իր յանձնառութիւնը:

Այդ ամեակներուն ծաւալած ազատագրական պայքարներու հունով խմորւած էին իր քաղաքական միտքերը, ո՛չ թէ շատերու պէս նորոյթի հետեւելու համար, ինչպէս կընէին եւ կընեն գրքունակներ, այլ այն համոզումով, որ Հայկական Հարցը ժողովուրդներու ազատագրական պայքարներու մէկ օղակն էր: Անոնք մէկ եւ նոյն էին: Այդ ժառանգած էր իր պատկանած կուսակցութեան աւանդութենէն: Լեւիկի յանձնառութիւնը էսթէբշլիշմընտային-քաղքենիական շաբաթավերջի զարդարանք չէր: Այս երեւոյթը սովորութիւն է կոչել սկզբունքայնութիւն: Այս ըմբռնումին հետեւանքը եղաւ այն, որ անձնական կեանք եւ բարօրութիւն չհետապնդեց, այդ ընելու համար անհրաժեշտ դասական գործնապաշտութիւնը չունէր:

Հայ ժողուրդի ազատագրական պայքարի թէժ օրերուն, Կովկասէն ընտրեալ պայծառ երիտասարդներ «Երկիր» կերթային: Հայ հայրենահանւած եւ հայրենազուրկ զանգւածները դարձած էին ՍՓԻՒՌՔ(ներ), որ հայրենիք չէր, պիտի չըլլար, եւ ինչպէս սովորութիւն է ըսել, ճողոպրածները եւ անոնց յաջորդները, դատապարտւած էին անհետացման, հակառակ այս կամ այն ձեւի գոյապահպանական նկրտումներու:

«Մեր հողերը» կանչը բարձրացած էր Հայաստանի Հանրապետութենէն:

Ո՛չ մէկ նւաճող, ազնուութեամբ բռնագրաււած հող կը վերադարձնէ:

Անհող մնացած զանգւածները, ո՛չ միայն բանիւ, այլ իրա՛ւ ժառանգորդ եւ տէր պէտք էր ըլլային, կամ պէտք էր դադրէին ազգ ըլլալէ: Ցեղասպանութիւն գործելով հայու հայրենիքին տէր դարձած ՑԵՂԱՍՊԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆը անհրաժեշտ էր որ ընդունէր իր գործած ՄԵԾ ՈՃԻՐԸ, ՀՈՂԸ վերադարձնէր իրաւատիրոջ եւ հատուցում ընէր, որպէսզի հայու հողին վրայ հայ կեանքը շարունակւէր: Առանց այս գիտակցութեան եւ անոր հետեւող յանձնառութեան, ՍՓԻՒՌՔ դարձած ԱՆՀՈՂ ԱՐԵՒՄՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ կարձանագրւէր պատմութեան շահ-վնասի տոմարներուն մէջ: Կըլլար վերջ: Պատմութիւնը նախկինի շարունակութիւն չէր ըլլար:

Լեւիկ այն սերունդէն, էր որ մերժեց պատմութեան այդ անարգ վճիռը, Սփիւռք կոչւած անորոշութեան մէջ ապրող հայը, երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը ուզեց առաջնագիծ տանիլ:

Իւրաքանչիւր ժողովուրդ կը պայքարի իր ունեցած միջոցներով, կամ չի պայքարիր եւ կը դառնայ մեղսակից իր իրաւազրկման:

Ցեղասպանութեան 50-ԱՄԵԱԿ-ի եւ անոր յաջորդող ամեակներու սերունդը մերժեց տապանաքար դնել ազգի անիրաւման վրայ: Զոհեր եղան, ինչպէս զոհւած էին Երկիր գացողնրը, փաստելով որ Ազգը ապրելու տենչ եւ կամք ունի:

Առանց մանր քաղքենիական սովորական տւայտանքի, Հայաստան եւ յարաճող Սփիւռք, տէր կը մնա՞նք Ցեղասպանութեան 50-ԱՄԵԱԿ-ին պայթած նոր «խրախոյս»-ին, շարունակելով անուսադիրներու ինքնապաշտպանութեան «յարատեւ կռիւ»-ը: Կռիւը՝ եսական փառք եւ բարօրութիւն չհետապնդողներու անանձնական կռիւը: 50, 100, վաղը՝ 200 ԱՄԵԱԿՆԵՐ: Ի՞նչ պիտի ըսէ եւ ընէ նոր ամեակներու սերունդը: Ինքնամոռացումով պիտի ընդունի՞ որ ՍՓԻՒՌՔԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔ Է ԵՒ ՎԵՐՋ, մոռնալով հայ գրող Վիգէն Խեչումեանի մեր ներկային եւ գալիքին ճակտին դաջւած խօսքը, որ «ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ», կեղծ իմաստուններ կըսեն՝ «համաշխարհային ազգ», հէքիաթի հազարան բլբուլի պէս:

Անհայրենիքները ազգ չեն: Ինչպէս սովորութիւն է ըսել «ծագում»-ով այս կամ այն են, տարաշխարհիկ բոյսեր են, նոյնիսկ եթէ տիտղոսներ եւ շքանշաններ ունենան, կամ «ժագուզի»-ով բաղնիք:

Սէրեր ունեցող Լեւիկի մասին չխօսեցայ: Ինչպէս ըսած է յոյն գրողը, անոր ալ պիտի զլացուի իր հայրերու եւ անոնց հողին վրայ հանգչելու ԻՐԱՒՈՒՆՔ-ը:

Այդ իրաւունքի ձեռքբերման հաւատացողներուն յիշատակը յարգելու միակ եղանակը այն անկասելի պայքարն է, զոր, հայը ինքզինք յարգելու համար պէտք է մղէ, որպէսզի ինք եւ գալիք սերունդները իրենց հայրերու կողքին թաղուին եւ ԱԶԳը ըլլայ հաստ իրաւութիւն, ո՛չ յիշատակ, ո՛չ առասպել:

Միշտ նախանձած եմ անոնց, որոնք նման միտքերով իրենք զիրենք չեն չարչարեր, այլ զանոնք կը համարեն «պարապ վախտի խաղալիք»:

Եւ յետոյ ի՞նչ , որո՞ւ հետ, որո՞ւ համար:

Հայ մըն ալ պիտի թաղուի օտար հողի մէջ:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

22 յուլիսի 2024, Փարիզ

Related Articles

Back to top button