ՀՅԴ հիմնադրութեան 134-ամեակին նւիրւած տօնակատարութիւն Լոս Անջելէսում

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական կոմիտէին կազմակերպութեամբ՝ 29 մարտին, Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ հիմնադրութեան 134-ամեակին նւիրւած տօնակատարութիւնը՝ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակին շուրջ համախմբելով համայնքը։
Տօնակատարութեան ներկայ էին առաւել քան 600 անձեր, որոնց շարքին՝ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Ազգային վարչութեան անդամներ, Կենտրոնական Ազգային վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի Կենտրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչները ու Հայ Մշակութային հիմնարկութեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի, ՀԵԴ-ի, ՀԵԴ Կրտսերներու, Համազգային վարչութիւններու եւ ՀՅԴ կոմիտէներու անդամներ։
ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն կողմէ կատարւած դրօշակի արարողութենէն ետք, հանդիսավար Նորա Չափարեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց ՀՅԴ-ի նւիրւածութիւնը Հայկական Հարցին եւ հայութեան նեցուկին շնորհիւ անոր արձանագրած յաջողութիւնները նշեց։
Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր օրհնութիւնը փոխանցեց եւ դրւատեց ՀՅԴ-ի մատուցած ծառայութիւնները եւ իրագործումները, յաջողութիւն մաղթելով անոր ապագայ նախաձեռնութիւններուն մէջ։
Այնուհետեւ, օրւան գլխաւոր բանախօսը՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեան, նախ կանգ առաւ կուսակցութեան պատմութեան ընթացքին արձանագրած իրագործումներուն վրայ՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին, որմէ ետք ան խօսեցաւ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին՝ շեշտելով համակարգւած եւ համախմբւած ձեւով անոնց դէմ դնելու կարեւորութիւնը, յատկապէս երբ Հայաստան կը դիմագրաւէ Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի շարունակւող սպառնալիքները, որոնք գոյութենական վտանգի տակ կը դնեն մեր հայրենիքը։
Ան յոյժ կարեւոր նկատեց Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու քայլերը, Արցախի հայութեան վերադարձի եւ ինքնորոշման իրաւունքներուն ապահովումը, Բաքւի մէջ պահւող հայ գերիներու ազատ արձակման երաշխաւորումը եւ մեր համայնքին համախմբումը, բոլորը հրաւիրելով՝ միանալու հայութեան իրաւունքներուն տիրանալու ՀՅԴ-ի յառաջ մղած այս պայքարին։
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ-ի երկրամեայ անդամ Յովիկ Սալիպա, որ խօսելէ ետք Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ու յատկապէս Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ ՀՅԴ-ի ժառանգութեան մասին՝ բեմ հրաւիրեց յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանը՝ խանդավառելու ներկաները, որոնք կանուխ առաւօտեան ժամը 3-ին հեռացան սրահէն։
Մթնոլորտէն խանդավառւած՝ շարք մը համակիրներ առատաձեռն նւիրատւութիւններ կատարեցին։ Տեղի ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ-ի հիմնադիրներու դիմանկարներով պատրաստւած մետաղադրամներու վիճակահանութիւնը. աճուրդի համար դրւած էին Նազանի Նուրեան Նազանեանի երկու ստեղծգործութիւնները եւ Ջասիկ Ջարահեանի նւիրած Արցախի տարբեր շրջաններու նկարներու մետաղադրամներու հաւաքածոն։
ՀՅԴ հիմնադրութեան 134-ամեակին նւիրւած երեկոն անգամ մը եկաւ փաստելու կուսակցութեան ունեցած կենսական դերակատարութիւնը հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու եւ ազգային նպատակներուն հասնելու պայքարին մէջ։