Կրկնւող եւ շարունակւող ցաւը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Այս հայուն ցաւն է՝ Ցեղասպանութիւնը, որ հայը իր էութեան եւ ինքնութեան մէջ շալկած է 110 տարիներէ ի վեր: Բայց ցաւը այսօր դարձած է համատարած: Եթէ մէկ կողմէ սա հայուն ցաւն է, բայց նաեւ՝ ամբողջ աշխարհինը: Այս ցաւը կը կրկնւի եւ կը շարունակւի համաշխարհային ընտանիքին առջեւ, բայց՝ առանց հաշւետւութեան կանչելու եւ դատապարտելու զայն գործադրող կողմերը: Եթէ նոյնիսկ ըլլայ դատապարտում, այդ մէկը խօսքի սահմաններէն անդին չանցնիր: Ահա թէ ինչո՛ւ պատմաբաններ եւ գիտնականներ ընդգծած են այն իրականութիւնը, որ եթէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը՝ հայոցը, դատապարտւէր, այդ պիտի կանխէր ու արգելք հանդիսանար հետագայի ցեղասպանական բոլոր գործողութիւններուն, ներառեալ՝ Արցախի ցեղասպանութիւնը:
Մարտ 2025, Սքոփիէ, Հիւսիսային Մակեդոնիա: Աշխատանքի այցելութեանս ծիրին մէջ հանդիպում մը ունեցայ պատրիարք Սթեֆան արքեպիսկոպոսին հետ, որ գերագոյն եկեղեցական պետն է Մակեդոնիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ: Մեր հանդիպման խօսակցութեան առանցքները կազմեցին Աստւածաշունչը եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւնները, բայց նաեւ առիթը ունեցայ պատրիարքին ներկայացնելու հայուն պատմութիւնը: Խօսեցանք շարունակւող ցեղասպանութիւններու պատմութեան մասին, երբ հայուն ցաւը կրկնւեցաւ Արցախի մէջ, ինչ որ պատճառ եղաւ աւելի քան 120.000 հայորդիներու տեղահանութեան:
Սթեֆան պատրիարքը տեղեակ էր հայուն պատմութեան եւ կը զգար անոր ցաւը: Կը զգար, քանի ինք ալ բաժնեկցեցաւ իր ժողովուրդին ցաւը: «1946-1949 տարիներուն 100.000-է աւելի մակեդոնացիներ, որոնց շարքին՝ աւելի քան 30.000 երեխաներ, տեղահան եղան հիւսիսային Յունաստանէն եւ ղրկւեցան արեւելեան Եւրոպայի համայնավար երկիրները: Այս 30.000 երեխաները խլւեցան եւ անջատւեցան ոչ միայն իրենց հողէն եւ հայրենիքէն, այլ նաեւ՝ իրենց ընտանիքներէն», ըսաւ պատրիարքը, որուն դէմքին վրայ կար այդ ցաւին ձգած վիշտը: «Այս երեխաները չկրցան տեսնել իրենց ծնողները եւ ընտանիքը, քանի արգիլւած էր անոնց վերադառնալ իրենց հայրենի տունը»:
Սթեֆան պատրիարքը կամրջեց իր ցաւը հայու ցաւին հետ: Ես ալ կրցայ կամրջել հայուն ցաւը մակեդոնացի երեխաներուն հետ: Չէ՞ որ Արցախի 30.000 երեխաները աւելի քան տասը ամիս մնացին շրջափակման մէջ եւ զրկւեցան կենսական սնունդէ: Տակաւին ինչ խօսք, որ այդ տասը ամիսներու վրայ երկարած շրջափակումը կարգ մը միջազգային դիտորդներ յանդգնեցան անւանել «ցեղային զտում», իմա՛՝ ցեղասպանութիւն: Այս դատապարտումը սակայն չանցաւ խօսքի սահմաններէն անդին:
Եթէ հայուն կրկնւող ցեղասպանութիւնը այսօր Արցախի կորուստն է եւ հայուն բռնի տեղահանումը, բայց նոյնքան նաեւ մշակութային ցեղասպանութիւնն է եւ՝ պատմութեան ու անոր արժանահաւատութեան խեղաթիւրումը: Այս բոլորը կը պատահին միջազգային ընտանիքի ներկայութեան, ան ականատես է հայուն պատմական արժէքներուն վտանգումին եւ ոչնչացման: Ճիշտ է, որ այս արժէքները հայկական են, բայց մշակութային կոթող մը պէտք չէ դիտարկել իր ազգային պարունակին մէջ միայն: Անիկա ունի միջազգային արժէք, որ համաշխարհային քաղաքակրթութիւնը կը հարստացնէ: Վերջապէս, միջազգային քաղաքակրթութեան հիմքը ազգային մշակոյթներու համախմբումն է, որ մարդկային արժէքներու գիտակցութեան բնօրրանն է: Ազգային եւ մշակութային կոթողի մը ոչնչացումը նոյնքան կորուստ է համաշխարհային քաղաքակրթութեան համար:
Այսօր դարձեալ ականատես կըլլանք պատմութեան եւ անոր արժէքներու խեղաթիւրումին, երբ Վատիկանի Գրիգորեան համալսարանին մէջ կը փորձւի Արցախի քրիստոնէական պատմական ներկայութիւնը յեղաշրջել կամ կասկածիլ անոր հայկական ինքնութեան վրայ: Այս բոլորը՝ դարձեալ միջազգային ընտանիքի հովանիին ներքեւ: Միջազգային հանրութիւնը պիտի կարենա՞յ գիտակցիլ, թէ պատմութեան ոտնահարումը երբեք չի նպաստեր աշխարհի մէջ համերաշխ հաւաքականութիւններու ստեղծման:
Ցեղասպանութիւնը համայն հայութեան ցաւն է: Եթէ սփիւռքահայերը, յատկապէս՝ դասական սփիւռքի ներկայացուցիչները, զրկւած են իրենց հայրենի հողին վրայ ապրելու իրաւունքէն, այդ երբեք չի նշանակեր, թէ Ցեղասպանութիւնը միայն իրենց վիճակւած է: Ցեղասպանութիւնը համայն հայութեան պատմական իրողականութիւնը յիշելու եւ պահանջելու ներկայ ու ապագայ օրերու մարտահրաւէրն է: Այս այն ցաւն է, որ հայը կը կրէ իր ծիներուն մէջ, եւ որ՝ դարձած է հայուն ինքնութիւնն ու պատկանելիութեան գիտակցութիւնը:
Այս իմաստով պէտք է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ սփիւռքահայը կը նայի Հայաստանին՝ իբրեւ մայր հայրենիք: Հայաստանը հայը ապրեցնող բազկերակն է, որ հայուն կեանքը պիտի տանի իր պատմութեան շարունակականութեան գործընթացին մէջ: Սփիւռքահայը, անկախ իր ապրած երկրէն եւ այդ երկրէն ստացած քաղաքացիութենէն, որոնց նկատմամբ կը տածէ յարգանք եւ սէր, կը նայի Հայաստանին՝ իբրեւ ԱԶԳԱՅԻՆ պետութեան եւ հայրենիքի: Ազգային, որ հայուն պիտի տայ իր պատկանելիութեան գիտակցութեան ամրացումը: Այս պատկանելիութիւնը եւ անոր գիտակցութիւնն է, որոնցմով հայը՝ իր ցաւը շալկած, պիտի շարունակէ ապրիլ իր անհատական եւ հաւաքական կեանքը:
Հայուն ցաւը կը կրկնւի եւ կը շարունակւի: Եթէ մէկ կողմէ առկայ են ներկայ օրերու քաղաքական, պատմական եւ ռազմավարական ենթահողերն ու անոնց հաշւարկները, բայց նաեւ մարդկային կեանքը, արժէքները, իրաւունքը եւ արդարութիւնը տակաւին կը սակարկւին: Այս իմաստով կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս երբ ժողովուրդներու մարդկային արժէքները եւ իրաւունքները նժարի վրայ դրւին, «շահ»-ն է, որ կը դասւի առաջնահերթ՝ պետութիւններու ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական օրակարգերուն մէջ:
Ներկայ օրերու ռազմաքաղաքական ու տնտեսական երեւոյթները ցոյց կու տան, որ հայը եւ մարդկութիւնը երեւի պիտի շարունակեն իրենց կեանքերը ապրիլ այս ցաւի իրականութեան մէջ: Եթէ սկսինք «ինչո՞ւ»-ներու մէջ գլորւիլ, պիտի կորսնցնենք մեր ուշադրութիւնը ու կենտրոնացումը, եւ այս պիտի առաջնորդէ ներքին կեանքի պառակտումի: Իսկ «ի՞նչ պիտի ընենք» հարցումը հայուն առջեւ կը բանայ լայն ու գործնական աշխատանքային եւ համագործակցութեան տեսադաշտ:
«Ի՞նչ պիտի ընենք»-ը ոչ միայն անհատական, այլ նաեւ՝ համահայկական իմաստով: Համահայկականը՝ Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք եռամիասնութիւնը: Ցաւ շալկող ժողովուրդ մը չի կրնար գործել առանձին: Ցաւը պիտի ստիպէ, որ հայը մէկտեղէ իր միտքը եւ կարողականութիւնը, որպէսզի դիմագրաւէ իր ազգային ու հաւաքական կեանքի առաջնահերթութիւնները:
Սփիւռքը պէտք ունի Հայաստանին, իսկ Հայաստանը՝ սփիւռքին: Ու տակաւին, Արցախը՝ մեր բոլորին: Ինչո՞ւ չմէկտեղել եւ չներմուծել մեր համահայկական կարողականութիւնները՝ մարդկային, մասնագիտական ու տնտեսական՝ ի սպաս մեր համահայկական օրակարգերուն:
Հայուն ցաւը, որ կը կրկնւի եւ կը շարունակւի 110 տարիներէ ի վեր: Այս պիտի նշանակէ, որ հայուն կրկնւող եւ շարունակւող ցաւը իրարու հետ շաղկապւած եւ ընդելուզւած է: Վերջապէս, հայուն ցաւերը՝ անցեալի պատմութենէն սկսած մինչեւ ներկայի օրերը, օղակի մը անբաժանելի մասերն են, որոնք կը կրկնւին եւ կը շարունակւին: Եթէ տարբեր բնոյթով, բայց նոյն ցաւին շարունակականութեան գործընթացն է տեղի ունեցածը: Պատմութեան մէջ սկսած եւ տակաւին շարունակւող ու կրկնւող ցաւն է, որ կարելի չէ անջատել մէկը միւսէն: Հայը պարտի նաւարկել այս ցաւերուն մէջ՝ համահայկական կեցւածքով եւ ռազմավարութեամբ:
«Ի՞նչ պիտի ընենք»:
Եթէ Հայաստանի շուրջ աշխարհաքաղաքական եւ շրջանային զարգացումները շատ կնճռոտ եւ բարդ են, եւ այդպէ՛ս են, այս պիտի նշանակէ, որ շատ աւելի պէտք է ապաւինիլ ներքին համահայկական ուժին, որպէսզի դիմագրաւենք խնդրայարոյց եւ անլոյծ թւացող իրավիճակները: Հայուն ներքին ամուր պատւանդանը հայուն պիտի տայ աւելի զօրեղ կեցւածք:
Հասկնալի է, որ քաղաքական ու դիւանագիտական բանակցութիւններու եւ հաշւարկներու մէջ կան գերզգայուն ոլորտներ, որոնք կրնան ունենալ իրենց յատուկ խաղի կանոնները: Բայց այդ ոլորտներուն եւ կանոններուն մէջ զգուշ պէտք է ըլլալ, որպէսզի չսակարկւի հայուն արժէքի գիտակցութիւնը:
Հայը կը շարունակէ շալկել իր այս կրկնւող եւ շարունակւող ցաւը աւելի քան 110 տարիներէ ի վեր: Այս 110 տարիներուն վրայ երկարած ցաւը ունի նաեւ իր կանչը, որ այսօր շատ ուժեղ կը հնչէ: Այս զգաստութեան կանչն է: Հայուն զգաստութիւնը՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք: Զգաստութիւն, որ հայը աւելի կառչի իր եռամիասնութեան գրաւականին: Այս եռամիասնութիւնը ուժ է, որ կրնայ հրաշքներ գործել: Պէտք է հաւատալ այս եռամիասնութեան ստեղծած ուժին:
Յարգա՛նք՝ մեր անցեալի եւ ներկայի բոլոր նահատակներուն: Յարգա՛նք՝ բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին եւ չուզեցին սակարկել հայուն ցաւը եւ անոր իրողականութիւնը: Մեր նահատակները մահացան, որպէսզի մենք այսօր այս կրկնւող եւ շարունակւող ցաւը միասին շալկենք:
ՄԻԱՍԻՆ: Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք:
Հայուն ցաւը՝ շարունակւող եւ կրկնւող, վերածենք ապրող եւ վկայող կեանքի:
Ապրիլ 2025