Բագրատունի. «Կը շարունակենք մեր պայքարը, որ յանուն աշխարհի վրայ մարդուն գոյութեան է եւ յանուն արդարութեան իրականացման»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական բլոկի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի 23 ապրիլին Բէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման ընթացքին «Էլ.Բի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ արդեօք Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը բաւարա՞ր է, յայտնեց.
«Ճանաչումը բաւարար չէ: Այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչումը կը կատարենք 6 մայիսի նահատակներուն յուշարձանին առջեւ: Մենք այսօր կապրինք Գազայէն Լիբանան, Սիրիա, Իրաք եւ երկու տարի առաջ մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղ երկարող ցեղասպանութիւններու ժամանակաշրջանին մէջ: Եթէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ոճրագործը պատժւած ըլլար, թերեւս այլ ցեղասպանութիւններ չէինք տեսներ:
«Աշխարհի լռութեան առջեւ, երբ ոճիրին նկատմամբ լռութիւնն ու զայն հերքելը անոր մեղսակցութեամբ է, այո՛, կը պահանջենք, որ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ եւ Լեռնալիբանանի բնակչութեան մէկ երրորդին մահւան պատճառ դարձած սովի հեղինակ Թուրքիան ճանչնայ, ներում հայցէ, սակայն նաեւ փոխհատուցում եւ իրաւունքներու վերականգնում կատարէ:
«Այսօր մենք կը շարունակենք մեր պայքարը, որ յանուն աշխարհի վրայ մարդուն գոյութեան է եւ յանուն արդարութեան իրականացման, որովհետեւ հիմնարար արժէքները մարդն ու արդարութիւնն են, եւ ոչ թէ պետութիւններու շահերը, քարիւղն ու գազը»:
Arfd.am