Դաշնակցական Բեմ

Մեր առաջնահերթութիւնները. Սփիւռքը պէտք է ընկալել իբրեւ ռազմավարական լծակ

Մեր առաջնահերթութիւններու հիմնաքարը կը հանդիսանայ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ճիշտ ընկալումը, որ ինքնին կիսատ ու անբովանդակ կը դառնայ, եթէ Սփիւռքը չդիտւի իբրեւ ռազմավարական լծակ ու գործակից: Ուստի, անհրաժեշտ է ամրապնդել Սփիւռքի ոչ-ինքնանպատակ ռազմավարական նշանակութիւնն ու ներուժը եւ հրաժարիլ Սփիւռքը իբրեւ կցորդ դիտարկելու ցարդ վնասակար ու անարդիւնաւէտ մօտեցումներէն:

Աշխարհի մէջ սփիւռքներու կազմութեան պատմութիւնը կարելի է բաժնել երկու մասի. հայրենազրկումի հետեւանքով յառաջացած սփիւռք եւ հայրենալքումի հետեւանքով յառաջացած սփիւռք: Հակառակ այն իրողութեան, որ Հայաստանի անկախացումէն ետք աւելցած է հայրենալքումի հետեւանքով գոյացած շերտ մը, բայց մեծ հաշւով, հայկական Սփիւռքը յառաջացած է հայրենազրկումի, Ցեղասպանութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւման հետեւանքով: Այս փաստը անտեսելու արդիւնք է այն թիւր պնդումը, թէ չկայ համասփիւռքեան օրակարգ: Իր կազմաւորման օրերէն ի վեր, Սփիւռքը կրցած է ոչ միայն ձեւաւորել իր օրակարգը, այլ, անկախ հայրենիք չունենալու պայմաններու տակ, համասփիւռքեան տարողութիւն ունեցող կառոյցներով, նոյնիսկ ազդու եւ արդիւնաւէտ ձեւով հետապնդած է զայն: Ուրեմն, Սփիւռքը ե՛ւ օրակարգ, ե՛ւ զինք ներկայացնող կառոյցներ ունի: Համասփիւռքեան տարողութիւն ունեցող բոլոր քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական, երիտասարդական, եկեղեցական եւ այլ կազմակերպութիւններն ու կառոյցները հայրենազրկումի հետեւանքով կազմաւորւած Սփիւռքի ներկայացուցիչներն են: Այդ կառոյցները ժամանակի պահանջին համաձայն եւ յատուկ առաքելութիւն ստանձնելով հիմնւեցան, բարեփոխւեցան, ընդարձակւեցան ու գործեցին եւ դեռ կը շարունակեն գործել: Այս կամ այն գաղութին մէջ ծնունդ առած տեղական խմբաւորումները կրնան իրենց համայնքին մէջ ինչ որ դեր ունենալ, բայց չեն կրնար դիտւիլ հայրենազրկումի հետեւանքով յառաջացած ամբողջական Սփիւռքի մը օրակարգ թելադրող մասնիկ, կամ անկախ Հայաստանին մեծ նշանակութիւն ունեցող ներդրում կատարող միաւոր, եթէ Սփիւռքը կընկալենք իբրեւ ռազմավարական լծակ:

Բնականաբար, վերանկախացած պետութեան առկայութիւնը չէր կրնար ազդեցութիւն չունենալ սփիւռքեան օրակարգին վրայ: Բայց, այդ ազդեցութիւնը միայն խթանիչ դերակատարութիւն կրնար ըլլալ, եթէ տարիներ շարունակ Սփիւռքը չդիտւէր իբրեւ կցորդ, այլ դիտւէր իբրեւ փոխլրացնող ռազմավարական լծակ:

Ներկայ կացութեան մէջ, աւելի կամ նւազ չափով, դեր ունեցած են Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւնները, բայց նաեւ Սփիւռքը: Ռազմավարական իր նշանակութիւնը ընդգծելու համար Սփիւռքը պէտք է կարենար իր համասփիւռքեան օրակարգին վրայ աւելցնել Արցախի ազատագրումը եւ անկախ Հայաստանի հզօրացումը, իբրեւ մեկնակէտ եւ անցումային հանգրւան՝ դէպի հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերման ու ամբողջական Հայաստանի ստեղծման գերնպատակին տանող ճանապարհ: Սփիւռքը նաեւ պէտք է շարունակէր, ստեղծւած նոր կացութեան համահունչ ընթացքով մը, արդիականացնել իր կազմակերպական դրւածքը, գործելակերպը եւ տեսլականի այժմէական ձեւակերպումը ու Հայաստանի անկախացումը չդիտէր իբրեւ մեր պահանջատիրութեան վերջնարդիւնք:

Ահա թէ ինչու, այսօր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար անհրաժեշտ նշանակութիւն ունի Սփիւռքի ոչ-ինքնանպատակ ռազմավարական նշանակութեան եւ ներուժի ամրապնդման խնդիրը: Ռազմավարական այս գերխնդիրը մարտավարական ու գործնական ծրագրի վերածելու հարցը ծաւալուն քննարկումի ու վերլուծումի կը կարօտի, որովհետեւ անցած տարիներու կարճատես մօտեցումները բազմազան կարծիքներու ու մօտեցումներու առիթ տւած են: Պէտք չէ խուսափիլ կամ զգուշանալ այս հարցին շուրջ համարձակ ու ոչ-աւանդական տեսակէտներ արտայայտելէ, եթէ կուզենք ի վերջոյ հասնիլ Հայաստանին լծակից ռազմավարական ներուժ ունեցող, վերաքաղաքականացած ու վերաձեւաւորւած Սփիւռքի մը կազմութեան: Միաժամանակ, առողջ ու արդիւնաւէտ քննարկման համար, հեռու պէտք է մնալ սեփական տեսակէտը իբրեւ բացարձակ ճշմարտութիւն ընդունելու յաւակնութենէն: Իրենց կարգին, եւ եթէ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները այս գծով անյոյս են, ապա Հայաստանի յառաջիկայ իշխանութիւնները պարտաւոր են Սփիւռքը ընկալել ոչ թէ իրենց իշխանական նեղ քաղաքական հաշւարկներու կցորդ, այլ Հայաստան-Արցախ եւ Սփիւռք եռամիասնութեան ռազմավարական լծակ, իբրեւ համազգային գերխնդիրներու ճամբուն վրայ զիրար լրացնող ռազմավարական գործակից:

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ

Related Articles

Back to top button