Առաջնագծին կանգնած բանաստեղծը
«Բանաստեղծութեամբ իրազեկւող մարդը իրաւունք չունի չէզոք դիրքերէ գործելու: Բանաստեղծութիւնը կարեւոր է բոլոր անոնց համար, որոնք առաջնագծին վրայ են»
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Մօտ մէկուկէս ամիս առաջ հրաւիրւած էի խօսք առնելու մէկ այլ շնորհահանդէսի բեմէն: Թէեւ հեղինակի գործին ծանօթ էի, բայց եւ այնպէս, բաղդատած միւս ելոյթ ունեցողներուն, անպատրաստ կը զգայի, քանի որ, ի տարբերութիւն միւս խօսողներուն, անձամբ չէի ճանչցած օրւան հեղինակը:
Այսօր ունիմ ճիշտ հակառակ խնդիրը: Կարօ Արմենեանը իմ 45 տարւան ընկերս է: Շատ ճամբայ կտրած ենք մենք միասին (եւ դեռ կը կտրենք)` գրական, գեղարւեստական, քաղաքական-վերլուծական եւ ազգային հարցերու ոլորտներուն մէջ: Միասին ճամբորդած ենք` սկսեալ հայրենիք իմ առաջին այցելութենէս, որ տեղի ունեցաւ 35 տարի առաջ` Հայաստանի տնտեսական զարգացման ծրագիրին հետ առնչւած: Բայց հիմա կը հասկնամ, որ հեղինակը մօտէն ճանչնալը անպայման առաւելութիւն չի տար իր գրական վաստակը գնահատելու գործին: Ընդհակառա՛կը, այդպիսի ծանօթութիւն գործը կը խանգարէ եւ կը բարդացնէ, որովհետեւ գրեթէ ամէն տողի հետ հեղինակէն դրւագ մը կը ներխուժէ մտքիդ մէջ եւ կը ցրւէ ուշադրութիւնդ:
Այսօր քանի մը խօսք պիտի ըսեմ այն խոր գիտակցութեամբ, որ Կարօն ի՛նք համոզուած չէր, որ այս մէկը պատեհ ժամանակն էր նախ իր գիրքը հրատարակելու ու նաեւ` շնորհանդէս կազմակերպելու: Խօսքը կը վերաբերի այն իրողութեան, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը այսօր կը գտնւին ծայրայեղ ճգնաժամի մէջ: Լրիւ կը հասկնամ եւ կը բաժնեմ այդ հոգեվիճակը: Բայց ի վերջոյ մարդ կու գայ այն եզրակացութեան, որ եթէ թոյլ տանք, որ մեր գեղարւեստական եւ մշակութային աշխուժութիւնը այդ աստիճան տուժէ, ճգնաժամը աւելի սրած կըլլանք, ոչ թէ` փարատած:
Նկատի առած ժամանակի սղութիւնը` պիտի չփորձեմ Կարոյին ստեղծագործ միտքին անսահման ովկիանոսին մէջ մխրճւիլ: Պայմաններու բերումով, շատ սահմանափակ է մեզմէ ամէն մէկուն յատկացւած ժամանակը: Հետեւաբար այս կարճ ժամանակը պիտի յատկացնեմ Կարոյի քերթողութեան քանի մը յատկանիշները մատնանիշ ընելու նպատակին:
Առաջին` առաջնագիծին կանգնած յանձնառու բանաստե՛ղծը: Խօսքս կը վերաբերի` մեր ազգային հրատապ հարցերուն, ճնշող քաղաքական իրավիճակին, լինելիութեան եզրին կախւած պետականութեան, հակասական գաղափարախօսութիւններուն եւ ընդհանրապէս մեր ազգային ճգնաժամի խօսոյթը շարադրելու գաղափարական առաջնագիծին: Ճիշտ հո՛ն է Կարօն, եւ հո՛ն է իր գրական վաստակին առանցքը:
Կարոյին բանաստեղծութիւնը կարելի չէ կարդալ իբրեւ ժամանց: Կարօն ճիշտ կը հասկնան եւ կը գնահատեն միայն անոնք, որոնք գտնւած են այդ առաջնագիծին վրայ: Իսկ անոնք, որոնք չեն գտնւած, համոզւած եմ, որ պիտի գտնւին պայքարի այդ առաջնագիծի մարտահրաւէրին առջեւ` Կարոյի տողերը կարդալով:
Առաջնագիծին կանգնած յանձնառու բանաստեղծ ըլլալ` կը նշանակէ միախառնել անձնական եւ ազգային ներաշխարհները, ինչ որ Կարոյին երկրորդ իւրայատկութիւնն է: Կարոյին մօտ այդ երկու ներաշխարհները ամբողջութեամբ ձուլւած են իրարու մէջ: Իր յօդւածներուն եւ բանաստեղծութիւններուն մեծ մասին հիմնական բովանդակութիւնը նոյնն է: Առաջինը մեզի կը հրամցւի վերլուծաբանի եւ հրապարակախօսի բառերով եւ ոճով, իսկ երկրորդը` բանաստեղծի գեղարւեստական եւ քերթողական մտատեսիլով: Իբրեւ օրինակ` կը հրաւիրեմ ներկաները կարդալու Կարոյին «Հարցաքննութիւն» խորագիրը կրող քերթւածը (էջ 257) եւ զայն համեմատել վերջին քանի մը տարիներուն մեր մամուլին մէջ լոյս տեսած իր յօդւածներուն հետ:
Հոս կը փութամ աւելցնել, որ գրող-քաղաքական գործիչ-հրապարակախօս համախմբումը ինքնին չէ, որ իւրայատուկ է Կարոյին մօտ: Շատեր անցած են այդ ճամբով թէ՛ միջազգային եւ թէ՛ հայ գրականութեան մէջ (Փապլօ Ներուտա, Նիզար Քաբբանի, Տէրեան, Ահարոնեան, Իսահակեան, Շանթ եւ շատ ուրիշներ): Կարոյին իւրայատկութիւնը այն է, որ ան վաղուց իր զուտ քնարերգական միտումները (եւ տաղանդը) մէկ կողմ թողած` մերժած է «առաջնագիծը» լքել: Ես դեռ յոյս ունիմ, որ օր մը կը հաւաքէ իր կարգ մը աւելի վաղ գրւած քնարական բանաստեղծութիւնները, որոնք կը մնան անտիպ, եւ անոնք ալ կը հրատարակէ:
Երրորդ` իր չափազանց սուր տեսողութիւնը: Ուշադիր դիտորդ ըլլալը կարեւոր նախապայման է որեւէ գրողի համար: Բայց Կարօն պատահական դիտորդ չէ: Իր առջեւ յայտնւած ֆիզիկապէս տեսանելի առարկայէն անդին` ան կը տեսնէ խլրտացող միւս կեանքը: Կարոյին աչքէն բան չի վրիպիր: Որեւէ երեւոյթ` ըլլայ բնութիւն, գիւղական կեանք, քաղաքի ժխոր, զգացական երեւոյթ, ազգային տագնապ, իր մօտ վերջ ի վերջոյ կը վերածւի մարդկային պատմութեան եւ կը դառնայ կեա՛նք:
Չորրորդ յատկութիւնը, որուն կուզեմ անդրադառնալ, հօր եւ հայրութեան գաղափարի գերակայ եւ լայնատարած ներկայութիւնն է Կարոյի բանաստեղծութեան մէջ: «Երրորդ նւագին» չորս գլուխներէն մէկը կը կոչւի «Հայր», եւ այդ գլուխին մէջ կան երկու բանաստեղծութիւններ «Հայր» խորագիրով: Բայց ատկէ դուրս, հօր եւ հայրութեան գաղափարը` իր բոլոր երանգներով, դրսեւորումներով ու ծանրութեամբ, տարածւած է ամէնուր: Հոն կը հանդիպինք մեր առօրեայ երկրաւոր հօր, ինչպէս նաեւ երկնաւոր, տիեզերական Հօր գաղափարին: Հայրութիւնը պատմութի՛ւն է Կարոյի տողերուն մէջ: Հայրը պատմութեան շղթային մէջ օղակ մըն է, որմէ սերունդէ սերունդ փոխանցում տեղի կունենայ: Հայրը կը պաշտպանէ այդ օղակը, կը կրէ ծանր բեռը այդ պատասխանատւութեան, գէթ մինչեւ փոխանցումը աւարտի:
Ինչպէս նշմարած էք, ես խուսափած եմ Կարոյին գործէն մէջբերումներ ընելէ: Կը դժւարանամ իր բանաստեղծութիւններէն ընտրել մէկ կարճ հատւած, որովհետեւ իր բանաստեղծութիւնները սեղմօրէն շաղախւած, շաղկապւած պոռթկումներ են, ուր մէկ հատւած առանձնացնելը կը նմանի ապրող մարմինի մը մէկ մասը անդամահատելու: Բայց պիտի ընեմ մէկ բացառութիւն` կենտրոնանալով «Որդիք որոտման» բանաստեղծութենէն մէկ տունի վրայ:
երբ մենք ծնանք
մեր հայրերը տխուր էին
եւ գին ունի հօրմէ որդի ճամբայ կտրող
տխրութիւնը
Եթէ պահ մը հոս կանգ առնենք, գիրքը դնենք վար եւ մտածենք, թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ «գին»-ը հօրմէ որդի ճամբայ կտրած այդ տխրութեան, կը փշաքաղւինք: Քանի մը վէպ կայ այդ «գին» բառին ետին: Հօր վճարած գինը, որդւոյն վճարած գինը… եւ այդ բոլորին ետին քանի մը սերունդի խառնիճաղանճ կը վխտայ: Այդ տխրութիւնը պարզ ճամբայ մը չէ, որ կտրած է: Ամբողջ ոդիսակա՛ն մը ապրած է այդ ճամբան կտրած մարդը: Փոխանցւած տխրութիւն կա՛յ, որովհետեւ չկայ պատմութեան շարունակութիւն, որովհետեւ պատմութիւնը ընդհատւա՛ծ է: Եթէ պատմութիւնը չընդհատւէր, չկտրւած շղթա՛ն էր, որ պիտի փոխանցւէր, եւ ո՛չ թէ` տխրութիւնը: Նոր սերունդը պիտի ժառանգէր իր չընդհատւած պատմութիւնը շարունակելու օրհնութիւնը, եւ ո՛չ թէ` իր հօրմէն փոխանցւած տխրութեան շալակը:
Կարելի է այսպէս կանգ առնել եւ խորանալ Կարոյի տուներէն շա՜տ շատերու մէջ: Բայց գիտեմ, որ ինծի յատկացւած ժամանակը արդէն վաղուց սպառած եմ: Պիտի աւարտեմ մէկ ցանկութեամբ: Կը մաղթեմ, որ Կարօն երբեմն, թէկուզ` ժամանակաւորապէս, ոչ թէ լքէ, այլ քիչ մը հեռանայ առաջնագիծէն եւ թոյլ տայ, որ իր քնարական քերթողի ներուժը անսանձ թեւ առնէ իր գրիչին տակ:
Շնորհակալութի՛ւն:
ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ
7 նոյեմբեր 2024
Երեւան
«Ազդակ»
Կարօ Արմենեանի «Մարմին եւ արիւն, երրորդ նւագ» հատորին շնորհանդէսի առիթով: