Հերոսացողը իրաւունք ունի՞ գանգատելու…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Երկար ատենէ ի վեր, բայց ահա ամանորի նախօրեակէն սկսեալ, Հայաստանի մէջ ապրուստի սղութեան եւ մասնաւորապէս հարկային նոր «հնարքներու» մարմնաւորւելուն ճամբով, դժգոհութեան եւ բողոքի ալիքները դարձեալ բարձրացած են:
Որքա՞ն արդար են հարկերը, որքա՞ն տեղին են բողոքները՝ կը կարօտին մասնագիտական քննութեան եւ վերլուծումներու. շատ բան կը կատարւի ամէն օր, սակայն ստեղծւած մթնոլորտին մէջ, հասարակ մահկանացուներուն համար շատ դժւար է յստակօրէն դատելն ու կողմորոշւիլը (թէեւ իսկապէս դժւար բան չկայ):
Նախ ընենք կարեւոր հաստատում մը. որեւէ երկրի մէջ, տուրքերու, հարկային դրութիւնը անխուսափելի բան է, կը կազմէ տնտեսութեան ողնասիւնին մէկ քանի «ոսկորը»: Տարբեր երկիրներու մէջ կը կիրարկւին տարբեր ձեւի հարկային-տուրքերու դրութիւններ, տախտակներ, ընդհանրապէս հաշւի կառնւին իրողական դասակարգերը (մեծ ու սահմանափակ եկամուտով մարդիկ): Կար ժամանակ, երբ մեծ եկանուտ ունեցողներ համեմատաբար աւելի տուրք կը վճարէին, հիմա, երբ «շուկայական» եւ գլխագիր դրամատիրութեան դարաշրջանը ինքզինք կը պարտադրէ, հոն ալ շատ բան գլխիվայր շրջւած է:
***
Աշխարհը ձգենք իր տարբեր դրութիւններուն եւ անոնցմէ բխող հին-նոր տագնապներուն (տնտեսական եւ ընկերային), վերադառնանք Հայաստան եւ փորձենք աչքի առջեւ ունենալ քանի մը աղաղակող իրականութիւն, որոնք անվիճելի են, հետեւանք՝ իշխանաւորներու նոյնպէս անվիճելի ապիկարութեան, եւ այդ իրականութիւնները չտեսնելն ու «ընտրեալներուն» պաշտպանողականին կառչիլը կը յիշեցնէ ծակ-փաստաբան խօսքը:
Պետական պարտքը կտրած է քանի մը կարմիր գիծ (հապա՞, կարմիր գիծերն ալ թիւեր ունին…). յառաջիկայ ամիսները կը խոստանան աւելի եւս ուռեցնել-ծանրացնել պարտքերու տոպրակը: Պետութեան մը կարեւոր յենասիւներէն մէկը՝ տնտեսական բարօրութիւնն է, որ սակայն արագավազ նահանջի մէջ է մեր հայրենիքին մէջ, որքան ալ լաւատեսական ըլլան իշխանաւորներուն քարոզները: Չոր իրականութիւնները անժխտելի, անհերքելի են:
Ասոր դիմաց, բազմաթիւ ոլորտներու մէջ պետութեան-երկրին եկամուտները նահանջի մէջ են (առեւտուր, երկրագործութիւն, արտադրողականութիւն եւ այլն): Ասոնք ալ ապացուցւած են փաստերով, ներառեալ պաշտօնական տեղեկագիրներով եւ վիճակագրութիւններով: Ուրե՞մն…
Իշխանութեան պարտականութիւնն է պիւտճէ հաւասարակշռել, ու «երբ չի մնում ելք ու ճար…» (հազար ներողութիւն Պարոյր Սեւակին), իշխանաւորներուն կը մնայ հնարքներու դիմել: Եւ ահա, ամէնէն դիւրին ձեւը՝ ժողովուրդին, աշխատողին տուրքերն եւ հարկերը բարձրացնելն է: Ոսկերիչները կը գանգատին, կալւածատէրերը կը գանգատին, տարբեր մարզերու մէջ աշխատողները կը գանգատին, փոխադրամիջոցներէն օգտւողներ կը գանգատին, փաստաբաններ կը գանգատին, այլ երկիրներ գտնւող հարազատներէ օժանդակութիւն ստացողները կը գանգատին, ու շարքը երկար է, կը տարածւի գրեթէ ամբողջ ժողովուրդին վրայ: Չգանգատողներ ալ կան. անոնք՝ որոնք մտած են իշխանութեան վարչամեքենային մէջ եւ կը խնկարկեն իշխանապետին ու մանկլաւիկներուն (մինչեւ այդ օղակէն դուրս իյնան եւ մէկ օրէն միւսը դառնան քննադատներ, խաղքութիւններ բացայայտողներ…): Դժգոհութեան, գանգատներու պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ աշխատողներուն՝ մեծամասնութիւն կազմող զանգւածներուն եկամուտները վերածւած են ուղտի պոչի, չեն երկարիր (կենսաբանները կրնան ըսել, թէ իշուն կամ ձիուն պոչը որքա՞ն արագ կերկարի, սակայն ամէն մարդ գիտէ, որ սուտին պոչը չի կրնար շատ երկարիլ…):
***
Գանգատողները իրաւունք ունի՞ն:
Ո՛չ, կը պատասխանեն իշխանապետն ու իր մատներուն շարժումներուն ենթարկւող պաշտօնեաները՝ նախարար եւ այլ: «Եթէ աղքատ էք, ուրեմն ծոյլ էք», կը մեղադրէ ՔՊ-ապետը, «պէտք է վերավարկաւորւիք», կը յորդորէ գործազուրկերուն եւ վաստակաւոր ուսուցիչներուն, որոնցմէ մաս մը գործէ արձակւած է, որովհետեւ չուզեր ենթակայ մնալ իրողական բռնատէրին ու իր կարգադրութիւններուն:
Հարցը հոն է, որ բողոքի այս ալիքը հրապարակ եկած է այն ատեն, երբ իշխանութիւնը սկսած է իր դանակը հասցնել մարդոց մորթին ու ոսկորին, ինչպէս սովոր են ըսելու՝ «ժողովուրդին գրպանը կը մտնէ»:
Բա՜յց… ո՛չ ոք իրաւունք ունի գանգատելու կամ բողոքելու: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ նախ՝ նոյն այս ժողովուրդէն զանգւած մըն էր որ այս մարդոց տւաւ «մանտաթ», յետոյ, իշխանապետը ոգի ի բռին լծւած է վսեմ առաքելութեան մը. ան կաշխատի իւրաքանչիւր քաղաքացիէ… հերոս մը սարքել: Չէ՞ որ քանիցս յայտարարեց, թէ Հայաստանի մէջ հերոսները տուրք վճարողներն են…:
Ուրեմն, ժողովուրդ, մի՜ տրտնջար, քանզի քու հերոսացումդ ծրագրող-իրականացնողներ կան: Հերոսացումը ձրի չըլլար: Վճարելիք ունիս: Որքա՛ն բարձրանան տուրքերն ու հարկերը, այնքան կը մեծնայ հերոսութիւնդ: Կարեւոր է նաեւ, որ աչքերդ փակ պահես եւ չտեսնես, չտեսնել ձեւանաս, որ քու վճարած հարկերդ կը հոսին իշխանաորներու գրպանները, պարգեւավճար կը հասցնես գործ չընողներու, անոնց կընծայես ամէն տեսակի վայելք ու պերճանք: Չըլլա՛յ որ նման բաներ մատնացոյց ընես: Կրնաս հետապնդւիլ ու արգելարան տարւիլ:
***
Քու ի՞նչ հոգդ է, որ իրական հերոսները կը նսեմացւին ու կը վարկաբեկւին, երէկ ազգային հերոսի շքանշանի արժանացողներ այսօր կը հալածւին, բանտ կը նետւին, դատարանէ դատարան կը քաշքշւին: Անո՞նք՝ ի՜նչ հերոս: Հերոսը դո՛ւն ես, հարկ վճարող քաղաքացի՛, հոգ չէ թէ ուսիդ դրւած բեռը օրէ օր կը ծանրանայ եւ շուտով կրնայ կոտրել ողնասիւնդ, անոր հետ ալ քանդել քու եւ զաւակներուդ ապագա՛ն…: Իրական հերոսներ կան նաեւ… Բաքւի բանտերուն մէջ, կենթարկւին այլանդակ դատավարութիւններու, վարկաբեկումի, որ նոյնինքն Հայաստանի, Արցախի՛ վարկաբեկումն է: Եւ թող ո՛չ ոք ժպրհի մտածել, թէ այս ու այլ գետիններու վրայ Երեւանի ու Բաքւի իշխանաւորներուն միջեւ համակարգում, լուռ համաձայնութիւն չկայ: Հերոսացո՛ղ քաղաքացի, դուն շարունակէ կեանքդ ու ապրուստդ մաշեցնող իրական տագնապներով տառապիլ, անդին, քեզ «ցաւազրկող» իշխանութիւնդ արդէն ձեռքով-ոտքով լծւած է հայրենիքէն նոր պատառներ նւիրելու թշնամիին. Եթէ քու վնասդ, կորուստներդ ձեւով մը վերականգնելի են, հայրենիքի հողերուն կորուստը կրնայ անվերականգնելի ըլլալ:
… Շիւղը կրնայ անհատներու կամ որոշ հաւաքականութեան մը կռնակը կոտրել, իսկ երբ բաժակը լեցւի՝ վերջին կաթիլը գիտե՛ս թէ ինչ դեր կը խաղայ: Մի՛ ձգեր, որ բաժակը յորդեցնող վերջին կաթիլները անընդհատ շոգիացումի մատնւին: