Դաշնակցական Բեմ

ԵԼՑԻՆԷՆ ԹՐԱՄՓ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Օր չ’անցնիր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Դոնալդ Թրամփ իր երկրին ու աշխարհը չզարմացնէ, ցնցումներու չենթարկէ այլանդակ եւ տրամաբանութիւն չճանչցող քայլերով, ինքզինք հակասող դատարկաբանութիւններով, կամայական հրամանագրերով, որոնց հետեւանքով, պահ մը սակարանները վեր-վար կը ցատկեն, յետոյ, բարեկամներու եւ գործակիցներու հետ յարաբերութիւնները հարւած կը ստանան: Սպիտակ Տուն վերադարձէն հազիւ վեց ամիս ետք, բանը հասած է հոն, որ իր ամէնէն սերտ գործակիցներն անգամ կը հեռանան-կը հեռացւին պաշտօնէ, մէկը միւսին ետեւէ գայթակղութիւններ կը պայթին եւ հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն – նաեւ կատակաբաններու կողմէ – իրարու հետ մրցումի ելած են: Մարդիկ գիտեն, իրենց մորթին վրայ կը զգան, թէ անոր խոստումներն ու գործերը շատ ալ կապ չունին իրարու հետ, պետական պարքը «սքանչելի թռիչքներ» կը խոստանայ, մինչեւ իսկ կուսակիցները կը մերժեն իր կարգ մը հրամանագրերը, այսուհանդերձ, մարդը «իր էշը յառաջ կը տանի», հաւաստելով, որ Ամերիկան կը հզօրացնէ, ժողովուրդին բարօրութիւն կը բերէ (Աստւած հոգի՛դ լուսաւորէ՜, ընկե՛ր Փամջունի), հակառակորդ ու բարեկամ իր կամքին կ’ենթարկէ:

Պահ մը մէկդի ձգենք Թրամփի ըրածին ու չըրածին մասին ողջունող ու քննադատական մեկնաբանութիւնները, հետեւանքներու մասին նախատեսութիւնները, եւ փորձենք եղածը դիտել տարբեր անկիւնէ՝ աշխարհի հզօր երկիրներու գլխուն փաթթւող նման պատուհասներու համայնապատկերին մէջ: Եւ որովհետեւ օրինակներով խօսիլը աւելի փաստացի կ’ըլլայ, վերցնենք գոնէ մէկ օրինակ, վերադառնանք 25-30 տարի ետք եւ մեր յիշողութեան օդանաւը հասցնենք… Մոսկւայի օդակայանը:

Խորհրդային Միութիւնը նոր փուլ եկած էր. Արեւմուտքը թմբկահարած ու ողջունած էր Միխայէլ Գորբաչովի «սխրանքները», որոնցմէ մէկն ալ արդիւնաւորւեցաւ Պերլինի Պատին քանդումով: Մոսկւայի մէջ իշխանութեան հասաւ Պորիս Ելցին անունով սպիտակահեր մը, որ նախորդէն աւելի՛ ուժեղ ծափողջոյններ շահեցաւ (բնականաբար յաճախ գինով ըլլալուն համար չէին ծափերը), որովհետեւ հռչակւեցաւ իբրեւ ժողովրդավարութեան դրօշակիր եւ տնտեսութեան փրկարար, աջակցութեան… փշրանքներ շահեցաւ Արեւմուտքէն: Ելցինի պաշտօնավարութեան երկու շրջաններուն մասին մանրամասնութիւններու յիշատակումը՝ պատմական «դարաշրջան»ի մը վերաքաղը պիտի ըլլայ, սակայն կ’արժէ քանի մը գիծ առանձնացնել եւ կատարել որոշ դիտարկումներ, գծել… զուգահեռներ:

Ելցինը, շատ մը բաներու կողքին, կը յիշւի իբրեւ տնտեսական արմատական բարեփոխումներ նախաձեռնող, խորհրդարանին հետ ճակատամարտ մղող (բառացի. կը յիշէ՞ք, խորհրդարանի շէնքը ռմբակոծել տւաւ) եւ մանաւանդ նախագահական հրամանագրերով կառավարող: Թէ անոր այդ քայլերը ի՞նչ արդիւնք ու հետեւանք ունեցան՝ արդէն պատմութեան անցած են. ընդհանուր գնահատականը այն է, որ Ելցին յետ-խորհրդային Ռուսիոյ շատ աւելի վնաս պատճառեց ու սասանումի տարաւ, քան ինչ որ բարելաւում կ’առաջադրէր իր հրամանագրերով: Հակադարձութիւնը եղաւ Պուտինի դարաշրջանին բացումը. Ան գործակից-զինակիցներուն հետ բարձրացուց Ռուսիան արտաքին ազդեցութիւններէ ազատ պահելու եւ հզօրանքը վերականգնելու դրօշը: Որքա՞ն յաջողեցաւ, բարեկամներու եւ հակառակորդներու հետ յարաբերութիւնները ինչպիսի՞ փուլերէ անցան եւ կը շարունակւին մինչեւ այսօր ալ՝ այդ ալ ուրիշ պատմութիւն է:

***

Ելցինի իշխանութենէն հեռացումէն շուրջ 20 տարի ետք, Սպիտակ Տունը ունեցաւ Թրամփ մը, որ Ելցին պէս պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջան մը շահեցաւ (շահիլ տւին չորս տարւան ընդմիջումով): Ոեւէ մէկը ցարդ չէ խօսած այն մասին, թէ Թրամփ յայտնապէս Միացեալ Նահանգներու համար կը խաղայ այն դերը, որ ունեցաւ Ելցին՝ Ռուսիոյ համար: Ան ալ տնտեսութիւն զարգացնելու նպատակով կ’առնէ այլատեսակ քայլեր՝ ներածումներու տուրքերու բարձրացում, պաշտպանութեան պիւտճէի մտրակահարում ու ՆԱՏՕ-ին հետ գործակցութեան իբրեւ թէ կրճատում, ներքին կեանքին մէջ այլանդակ վերատեսութիւններ (իբրեւ թէ վարչամեքենայի մաքրազտում, մենաշնորհներու անուղղակի ընդարձակում, մինչեւ իսկ առողջապահութեան եւ ընկերային համակարգերու սասանում…): Մէկ խօսքով, եթէ մէկը նստի եւ քիչ մը ուշադիր կերպով քննարկէ Թրամփի (ըսել կ’ուզենք՝ զինք իշխանութեան բերող-պահողներուն) քայլերը, դժւար պիտի չըլլայ տեսնել, որ Ելցինի ըրածներուն բաղդատրելու բազմաթիւ գիծեր կարելի է գտնել: Բնականաբար ամէն բան բաղդատելի, համեմատելի չէ: Հետեւաբար, հարց կը ծագի. արդեօք հիմա կարգը եկած է Միացեալ Նահանգներո՞ւ, որպէսզի ներքին եւ արտաքին գետիններու վրայ սասանումներու ենթարկւի եւ նման ընթացքէ շահ ապահովեն… գերհզօր դասւած երկիրներու մէջ այս կամ այն «հերոսը» եւ խմբակը իշխանութեան բերողները: Ակներեւ է նաեւ, որ Թրամփի հրամանագիրները առատ կարագ ու մեղր կը քսեն դրամատէրերու դասակարգի մը, որուն ռուսական եւ այլ աշխարհներու մէջ կու տան «օլիկարք» որակումը…

Հարցը նաեւ հոն է, որ Թրամփի աղաղակող վնասարարութիւնները ամէն օր քննադատութեան եւ արդար վերլուծումներու կ’ենթարկւին, մինչեւ իսկ համախոհներ կը միանան քննադատողներուն եւ սրբագրում պահանջողներուն (երեւակայե՜լ, որ Թրամփ եւ Իլան Մասք երկու օրւան մէջ դարձան կծու հակառակորդներ, Մասք դարձաւ Թրամփի տնտեսական քաղաքականութիւնը պատէ-պատ զարնող մը), սակայն կառապանն ու կառքը կը շարունակեն արշաւել դէպի… ելցինացում, ահազանգերը կը մնան ապարդիւն: Որոշ տնտեսագէտներու դատողութեամբ, երկրի տնտեսութիւնը բռնած է վայրէջքի ճամբան, պետական պարտքը կ’աճի՜ ու կ’աճի… միջին քաղաքացիին ու ապագային հաշւոյն, զինւորական հզօրանքն է որ կը մնայ «կայունութեան» յենարանը: 

***

Թրամփի խաղքութիւնները կը մտահոգեն ո՛չ միայն ամերիկացիներն ու անմիջական դրացիները, գործակիցները, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհը, որովհետեւ երկիրներու տնտեսութիւնները այնքա՛ն սերտաճած են միաձուլման ճամբով, որ այլեւս կարելի չէ նախկին տրամաբանութեամբ խօսիլ «ազգային տնտեսութեան» մասին. մասնաւո՛րաբար ամերիկեան տնտեսութեան մէջ արձանագրւող որեւէ երկրաշարժ՝ ցունամիի ալիքներ կը տարածէ աշխարհով մէկ:

Ելցինով Ռուսիոյ վիճակւած սասանումներուն ալիքը եթէ կը թւի վարակած ըլլալ Միացեալ Նահանգները (նաեւ, ինչպէս նշեցինք՝ ամբողջ աշխարհը), մեր հայրենիքն ալ անմասն չէ նման պատուհասէ: Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, պարզ աչքով կը տեսնւի (մեր խօսքը աչք ունեցողին եւ տեսնելու կարողութիւնը չկորսնցնողն մասին է), որ ՔՊ-ական իշխանութիւնը «բարգաւաճում եւ ապագայ կ’ապահովենք» նշանախօսքերով կը սասանէ Հայաստանը: Մերթ հերթաբար, յաճախ միաժամանակ՝ երկրաշարժի կ’ենթարկւին բանակն ու ապահովութիւնը, ժողովրդավարութիւնն ու տնտեսութիւնը, երկրի ամբողջականութիւնն ու պատմութիւնը, չի մոռցւիր մշակոյթն ու Եկեղեցին: Հայաստանի մէջ ալ, օրէ օր աւելի՛ ուժեղ կը հնչեն արդար քննադատութիւնները, մասնագիտական եւ ճիշդ ախտաճանաչումները, ահազանգե՛րը, սակայն «էշը քշողը» կը շարունակէ իր կործանարար ուղին, կրաւորականներու զանգւածը կը նախընտէր դիտողի պատնէշին ետին մնալ, առանց անդրադառնալու, որ կան ցունամիներ, որոնք կրնան քանդել ամէն տեսակի պատւար եւ ծովամոյն ընել երկիրն ու բնակիչները:

…Ռուսիա ինքզինք որոշ չափով փրկեց ելցինեան դարաշրջանի հետեւանքներէն, Միացեալ Նահանգներ եւ այլ երկիրներ ալ կրնան նոյնը ընել, որովհետեւ անոնց հողային ամբողջականութիւնն ու գոյատեւումը չէին գտնւէր – չեն գտնւիր – Հայաստանի կացութեան մէջ: Կար ժամանակ, որ մարդիկ թերահաւատութեամբ կը լսէին «Արցախը կը կորսնցնենք» նախազգուշացումները, որոնք դժբախտաբար իրականութիւն դարձան: Հայաստանէն պատառներ ձեռքէ ելած են, ուրիշներու կորուստը վերահաս կը թւի ու ահազանգերը կը յաջորդեն իրարու, թշնամիներուն խօսքն ու գործերը ամէն օր նոր վկայութիւն մը կը բերեն…

Մեր հայրենիքը չունի Ելցիներ ու Թրամփներ հանդուրժելու պերճանքը:         

5 Յունիս 2025

Related Articles

Back to top button