(Ազերի) Փաշինեանը ո՛չ մէկ զիջում ըրած է…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հայաստանի քաղաքական բեմը քանի մը օրէ ի վեր ինկած է նոր փոթորիկի մը գիրկը:
Ուրկէ՞ ծնունդ առին նորագոյն փոթորկաբեր հովերը:
Չէ՛, Թուրքիոյ ներքին հակամարտութիւններէն չեկան անոնք, պարզապէս անոնց զուգադիպեցան: Երազատես Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ առաւօտ մը արթնցաւ եւ որոշեց հանրային պատկերասփիւռի կայանի մէկ լրագրողը կանչել, հարցազրոյց մը շնորհե՜ց եւ, ըստ սովորութեան, հազար ու մէկ սուտով ու խեղաթիւրումներով փորձեց ինքնարդարացումներ հրամցնել ժողովուրդին: Եւ ահա, բանիմաց մարդիկ՝ քաղաքական պատասխանատուներ, մասնագէտներ՝ քանի մը օրէ ի վեր կը հակադարձեն եղածին, վեր կառնեն ըսւածին սա կամ նա կէտը եւ փաստացի՛ նշումներով ցոյց կու տան, որ սուտերու շղթան ուրկէ՞ սկսած է եւ ո՛ւր… չի վերջանար:
***
Մեր կարծիքով, հակազդեցութիւնները, թէեւ արդար եւ ո՛չ անտեղի, պարզապէս ճիգի ու շունչի վատնում են:
Եթէ պահ մը կանգ առնենք Փաշինեանի միայն մէկ նշումին վրայ, թէ՝ այդ ի՞նչ զիջում ըրած են ինք ու կողքին քալողները՝ իրենց իսկ բնութագրումով՝ «ուսապարկեր»-ը, կրնանք որոշ դիտանկիւնէ վստա՛հօրէն ըսել, որ պատասխանը շատ յստակ է ու պարզ (նման հայեցակէտ՝ նաեւ միւս ըսածներուն մասին): Փաշինեան ճի՛շտ կըսէ. ինք ո՛չ մէկ զիջում ըրած է, միայն ու միայն խաղաղութեա՛ն ձգտած է եւ հայրենիքին շահե՛րը պաշտպանած:
Մի՜ զարմանար, սիրելի՜ ընթերցող: Դուն ալ, ոեւէ բանիմաց հայու պէս, Փաշինեանի հարցումին իրական պատասխանը շա՜տ ալ լաւ գիտես, մինչեւ իսկ եթէ «փաշինեանապաշտ» ես: Սակայն եկո՛ւր, պահ մը մեզի պէս դիտէ հարցումն ու մեր՝ «ճի՛շտ կըսէ» պատասխանը, թէ՝ մարդուկը ո՛չ մէկ զիջում ըրած է: Եւ գիտէ՞ք թէ ինչպէ՜ս կը հիմնաւորւի «չզիջող»-ին ճշմարտախօսութիւնը: Կը հաստատւի ու կարդարանայ՝ եթէ ընդունինք ու տեսնենք, որ ան եղածները կը դիտէ… թուրքին ու ազերիին դիրքերէն: Ու եթէ ընդունինք այս պարզ (եւ բազմիցս ապացուցւած) իրականութիւնը, կը հիմաւորւին նաեւ անոր շա՜տ մը նախընթաց հաստատումները. այո՛, ինք չէ զիջած, չէ՛ պարտւած (պարտւողն ու կորսնցնողը հա՛յն է), այո՛, Արցախ ու այլ հողեր չէ նւիրած, գերիշխանութիւն չէ նօսրացուցած, տակաւին՝ կը պատրաստւի նոր յաղթանակներո՛ւ, այսինքն՝ (մի՛շտ ազերիական դիտանկիւնէ) «գրաւելու» Տիգրանաշէնը, «նւաճելու» Վրաստանի սահմանէն սկսեալ ու մինչեւ Սիւնիք այլ հողամասեր, Հայաստանին պարտադրելու նոր սահմանադրութիւն, զինաթափում, բազմահազար ազերիներով Հայաստանի ողողումը (շարունակե՞նք…):
***
Երբ կը մտածես ազերիի՛ պէս, հաշիւներդ կընես ազերիակա՛ն շահերու դիտանկիւնէն, անշո՛ւշտ որ զիջողի դիրքի վրայ չես ըլլար, այլ՝ շահողի՛ եւ նոր նւաճումներու պատրաստւողի՛:
…Ու մեր ազգը կը շարունակէ խաբւիլ, լծւած մնալ աղաղակող մոլորեցումներու սայլին, սպասելով որ փաշինեանական «անզիջողութիւնը» նոր նւաճումներ բերէ: