Ռո՜ւհ, Պալլէթ ըլ-պահըր…(*)
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Եւրոպական խորհրդարանը, ձայներու յստակ առաւելութեամբ, քանի մը օր առաջ բանաձեւ մը որդեգրեց, որուն մէջ խտացուցած է Ադրբեջանը գրեթէ ամէն բանի մէջ դատապարտող, Արցախի եւ արցախցիին իրաւունքները անգա՛մ մը եւս ամրագրող, Միջազգային ատեանի (եւ բազում այլ) որոշումներու եւ վճիռներու կենսագործման պահանջը (քննարկումերուն ընդմէջէն, չմոռցւեցան Ադրբեջանի «խաւիարի քաղաքականութենէն» օգտւող կաշառակերները…):
Երկրորդական է – թէեւ ոչ՝ անկարեւոր – այն, որ այս բանաձեւը կորդեգրւի անմիջականօրէն կենսոլորտի հարցերու յատկացւելիք՝ Բաքւի ժողովին (COP29) նախօրեակին: Կարեւորը այն է, որ Եւրոպական խորհրդարանը, առանց բառերը ծամծմելու, խարանի նոր կնիք մը կը դնէ ոճրագործ պետութեան ճակատին:
Խօսքը ծովուն յատակը սալաքարելու մասին չէ, այլ մակերեսը…
Ադրբեջանի պատասխա՞նը. «Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր»: Ան կը շարունակէ հայ պատանդները պահել ու կապիկային դատավարութիւններ սարքել, գրաւման տակ պահել Արցախը, կը փճացնէ ու կը խեղաթիւրէ հայութեան հետքերը (աննախընթաց չէ. նոյնը ըրած է Նախիջեւանի մէջ, նոյնը ըրած է ու կընէ Թուրքիա՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ), մի՛շտ նորանոր «պարտամուրհակներ» կը դնէ Հայաստանի իշխանութիւններուն սեղանին, եւ այդ իշխանաւորները մրցումի ելած են, թէ ո՞վ աւելի առատօրէն եւ շուտ կրնայ իրականացնել այդ պահանջները…:
Ադրբեջանի այս յոխորտանքին համահունչ են Եւրոպական խորհրդարանի անդամ երկիրներու ԳՈՐԾԱԴԻՐ իշխանութիւնները, որոնք կը շարունակեն գործակցիլ բռնատիրական իշխանութեան հետ: Քարիւղ ներածելը կաշառք չէ…
***
Գազայի եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան ոճրային յարձակումները գրեթէ ամէն օր դատապարտանքի, առ նւազն քննադատութեան կենթարկուին ՄԱԿ-ի թէ անհատ պետութիւններու կողմէ, որոնց շարքին՝ Իսրայէլի բարեկամ հռչակւածներ: Նեթանիահու եւ իր վարչախումբը բոլորին կը պատասխանեն. «Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր»: Անոնք «ՀԱՄԱՍ»-ին եւ «Հեզբօլլահ»-ին փակցուցած են «ահաբեկիչ»-ի պիտակը, ««ահաբեկիչ կը հետապնդենք» նշանախօսքով», բազմահազար քաղաքայիններ, մեծ մասամբ մանուկներ ու կիներ կը սպանեն ու կը վիրաւորեն, նոր Ստալինկրատներ կամ Հիրոշիմա-Նակազաքիներ կը սարքեն կորիզային ռումբի հզօրութեամբ հրթիռներով, ու մինչեւ անգամ դատապարտողները կուլ կու տան այս այլանդակ ինքարդարացումները:
***
Աշխարհին ու դաշնակիցներուն՝ «Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր» կըսէ Թուրքիա, եւ «ահաբեկիչ կը հետապնդեմ»-ի դիմակ հագած, մահ ու աւեր կը տարածէ Սիրիոյ ու Իրաքի մէջ, մոռնալով, որ նման ոճիրներու համար, դեռ երէկ մեղադրանքներ կարձակէր… Իսրայէլի դէմ: Էրդողան ու գործակիցներ կը փորձեն ստեղծել այն պատրանքը, թէ Նեթանիահուն իրենց խրամատակիցը չէ: Իսկ խօսիլ՝ «Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր» խորագրով Ադրբեջան եւ Թուրքիա զուգերգին մասին, աւելորդ է: Գոնէ մենք՝ հայրենիք ու ազգ պահպանելու կոչւած հայերս շա՜տ լսած ենք այն երգը («Պտտւի՜ր, պտտւի՜ր կարուսէլ, ես քո երգը…») :
(Չենք ուզեր անդրադառնալ նոյն յոխորտանքին կրկնութիւններուն՝ Ուկրաինիոյ ճակատներուն վրայ թէ այլուր: Մեզի ի՜նչ. անոնք մեզմէ հեռու են):
***
«Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր» նշանախօսքը որդեգրած է նաեւ Հայաստանի ՔՊ-ական իշխանութիւնը, եւ զայն ամէն քայլափոխի կը նետէ ընդդիմադիրներուն ու բոլոր անոնց երեսին, որոնք հայրենիքն ու պետութիւնը կորուստի տանող ուղիէն ետ կանգնելու կոչերով հրապարակ կու գան ամէն օր:
««Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր» աղաղակեց Փաշինեան, երբ Արցախը ճանչցաւ իբրեւ Ադրբեջանի մաս եւ զայն մաս առ մաս յանձնեց Ալիեւի, ճամբայ հարթեց հայկական հողամասի ամբողջական հայաթափման (յիշեցէք Նախիջեւանի նախընթացը՝ խորհրդայիններու օրերուն, Արեւմտեան Հայաստանը՝ Ցեղասպանութեան հետեւանքով. Տարբերութիւնը այն է, որ այդ փուլերուն, լիիրաւօրէն ճանչցւած անկախ պետութիւն չէինք): Նոյնը՝ հազարաւոր նահատակներ տւած ընտանիքներու երեսի: Նոյնը՝ Արցախն ու արցախցիները Հայաստանի մասնիկ դաւանողներուն (ցանկը չկրկնենք):
«Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր» աղաղակեցին ՔՊ-ապետն ու գործակիցները, երբ առանց հիմունքի՝ Տաւուշէն հողեր աւելցուցին Ադրբեջանի արդէն իսկ խլած հողերուն վրայ:
«Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր» ըսին դեռ երէկ, երբ վաւերացուցին սահմանազատման օրէնքը, յայտնապէս նոր ապացոյց մը փաստագրելով, որ ընդհանրապէս Փաշինեան ու Ալիեւ եւ անոնց ներկայացուցիչները ժողովուրդէն գաղտնի ինչե՜ր կը սարքեն՝ մի՛շտ ի վնաս Հայաստանի: Եւ թող ո՛չ ոք փորձէ մեր ժողովուրդը համոզել, թէ առնւած իւրաքանչիւր վնասարար քայլ համապատասխան չէ Ադրբեջանի պահանջներուն ու ծրագիրներուն, վաղն ալ նոր հողամասերու յանձնումը պիտի չըլլայ նոյն այդ պահանջներուն համապատասխանաբար, թէ՝ 2020-էն ասդին, Հայաստան ո՛չ իսկ մէկ կորուստ վերականգնած է: Աչք ունեցողը կը տեսնէ, սակայն կայ զանգւած մը, որ կը նախընտրէ լուռ հանդիսատես ձեւանալ, մտածելով. «Ինչո՜ւս պէտք, դանակը ի՛մ ոսկորիս չէ հասած…»:
Վերջապէս, ՔՊ-ականները «Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր» կըսեն նոյնինքն Եւրոպական խորհրդարանին եւ բոլոր անոնց՝ որոնք առաւել կամ նւազ չափով պաշտպան կը կանգնին Արցախի իրաւունքներուն, կը պահանջեն մեր գերիներուն ու պատանդներուն վերադարձը (մէկ խօսքով՝ կը պաշտպանեն մեր իրաւունքները): Հայաստանի իշխանութիւններէն դատապարտանքի կամ քննադատութեան որեւէ խօսք չի հնչեր ընդդէմ Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ, այլ կրկին ու կրկին կը հնչեցնեն «մենք խաղաղութիւն կուզենք»-ի, «սահմանները բանանք»-ի եւ նման՝ աւրւած-մաշած ձայնապնակները, հոգ չէ թէ մերթ ընդ մերթ կը խոստովանին, որ Թուրքիան ու Ադրբեջանը ունին 1915-ի (եւ ակնէ առաջ սկսած) Ցեղասպանութիւնը ամբողջացնելու ծրագիրներ, դիտաւորութիւններ, կը գործադրեն զայն:
***
«Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր» բացագանչելու կոչւած է հայրենասէր ու հայրենապաշտպան զանգւածը՝ թշնամիին գործակատարը դարձած իշխանաւոր խմբակին երեսին: Ահա թէ ինչո՛ւ անհետաձգելի է իշխանափոխութեան օր առաջ իրականացումը, որովհետեւ այս իշխանութիւնը, իր իւրաքանչիւր յաջորդ քայլէն ետք, ո՛չ միայն քաղաքական-հայրենապաշտպանութեան գետիններու, այլ նաեւ տնտեսական ու այլ որորտներու մէջ, ժողովորդին երեսին պիտի շպրտէ. «Ռո՜ւհ, պալլէթ ըլ-պահըր»:
————————
(*) Արաբերէնով շատ տարածուն եւ բազմիմաստ խօսք: Բառացիօրէն կը նշանակէ «Գնա՛, ծովը սալարկէ», այսինքն՝ ինքզինքդ լծէ անիմաստ, անկարելի եւ արդիւնք չտւող գործի: Խորքին մէջ, այս խօսքը ըսողը դիմացինին հանդէպ արհամարհանք ունի, սեփական սխալներով կը յոխորտայ, քիչ մըն ալ դիմացինին վրայ կը խնդայ: