Միաբեւեռ աշխարհի վտանգները
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Նիկոլ Փաշինեան վերադարձաւ իր արձակուրդէն ու անմիջապէս լծւեցաւ իր նախասիրած գործին: Մարզեր այցելութիւններ, տեղ մը շատրւանի մը բացում, այլ տեղ՝ մասնակցութիւն երգահանդէսի մը: Քաղաքի օրւան առիթով Գիւմրիի մէջ կազմակերպւած էր տօնահանդէս, որուն գլխաւոր դէպքը Միացեալ Նահանգներէն եկած երգիչ Թաթայի մենահամերգն էր: Գիւմրիի մէջ մթնոլորտը իրողապէս տօնական էր. մօտակայ ու հեռաւոր վայրերէ հաւաքւած հսկայ բազմութիւն մը լեցուցած էր քաղաքին հրապարակը: Սրճարաններն ու ճաշարանները լեցւած էին ուտող եւ խմող բազմութիւններով: Մշակութային քաղաք հանդիսացող Գիւմրին իր օրը կը նշէր մշակութային կասկածելի արժէքով ձեռնարկներով, անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ «իրական Հայաստան»-ի մէջ մշակոյթ, արւեստ, պատմութիւն, ազգային սովորութիւններ ու ֆոլքլոր երկրորդական են. ժողովուրդը երջանիկ է ուտելով ու խմելով, խմած երգելով ու պարելով:
Ճշմարտապէս իրական Հայաստանին չառնչւած այս եղելութեան դիմաց Սրբազան պայքարը կը շարունակէ իր հանդարտ ու կշռադատւած երթը: Այցելութիւնները մարզեր, քաղաքներ ու թաղամասեր, փոքր հանրահաւաքները կը շարունակւին ստեղծելու համար ինքնագիտակցութեան, արթնութեան եւ վտանգները դիմագրաւելու վճռակամութեան մթնոլորտը, որ անհրաժեշտ է Հայաստանին՝ դէպքերուն ընթացքը շրջելու համար:
Լիբանանի մէջ կրկին կը հնչեն պատերազմի փողերը: Գոլանի վրայ կասկածելի ծագումով հրթիռակոծում մը խլեց այնտեղ բնակող տիւրզի համայնքէն զոհեր ու պատճառեց վիրաւորներ: Իսրայէլ ու Միացեալ Նահանգներ անմիջապէս ամբաստանեցին «Հեզբօլլահ»-ն այդ հրթիռակոծութեան համար: Տարակուսելի է, թէ «Հեզբօլլահ»-ն ինչո՞ւ պիտի թիրախաւորէր տիւրզիներով բնակւած գիւղ մը՝ Իսրայէլին շնորհելով Լիբանանի դէմ պատերազմ սկսելու շատոնց ծրագրւած շարժառիթը: Պատերազմ հրահրելու համար առիթ պէտք էր, ինչ որ ուժ կամ կողմ ստեղծեց այդ առիթը:
Օդանաւային ընկերութիւններ մէկը միւսին յետեւէն կառկախեն, ժամանակաւորապէս, իրենց թռիչքները դէպի Բէյրութ: Պետութիւններ իրենց քաղաքացիներուն կոչ կուղղեն՝ հեռանալու Լիբանանէն: Միաժամանակ կոչ կուղղեն՝ սահմանափակ տարողութեամբ զինական գործողութիւններու դիմելու, ինչպէս ամիսներէ ի վեր ապարդիւն կընեն Գազայի պարագային: Իսրայէլի իշխանութիւնները չեն ուզեր լսել. փոխարէնը՝ Իսրայէլի վարչապետին մարտաշունչ ու այլատեաց ճառը Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանին մէջ կը լսեն ու յոտնկայս կը ծափահարեն:
Մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան, ազատութեան կարգախօսներով իշխանութիւններ կը տապալին, պետութիւններ կապակայունանան, ժողովուրդներ կը դժբախտանան: Միաբեւեռ եւ համաշխարհային կառավարում ստեղծելու մոլուցքը մեր ժամանակներու կայսերապաշտութիւնն է, որ առաջ կը տարւի տարբեր միջոցներով. տեղ մը խաղաղ յեղաշրջումով, իսկ եթէ հարկ ըլլայ՝ ուրիշ տեղ մը զինու ուժով:
Ազատութեան ու մարդու իրաւունքներու ժամանակակից սահմանումը կապ չունի ժողովուրդներու ու ազգերու ազատ ինքնորոշման հետ: Համաշխարհայնացումը կենթադրէ բոլորին ենթակայութիւնը արեւմտեան վերանորոգ արժէքներուն, որուն մարմնաւորումը տեսանք Օլիմպիական խաղերու բացման արարողութեան «մշակութային» մատուցման ընթացքին:
Առաջիկայ օրերը ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ սահմանւած է բազմաչարչար Լիբանանի համար: Հայաստանի մէջ ամառնային դադար հռչակւած է՝ սպասելով աշնանային թէժ բռնկումին: Լիբանանի պարագային վտանգը հրատապ է. մեզի կը մնայ յուսալ, որ անոր սահմանափակումը փոքր տարողութեամբ բախումով մը կիրականանայ, ու փորձանքը կը հեռանայ:
Ազդակ