Դաշնակցական Բեմ

Ո՞վ կը վախնայ ՀՅԴ-էն

Սիրիոյ հիւսիսը ու Հայաստանի արեւմուտքը գտնւող մեր դարաւոր ոսոխին՝ Թուրքիոյ մէջ 1980 թւականին, տեղի ունեցաւ զինւորական պետական յեղաշրջում, ու նախագահ դարձաւ զօր. Քենաան Էւրեն (1980-1989): Անոր օրով վարչապետութեան աթոռը զբաղեցուց Թուրգութ Էօզալ (1982-1989), ապա ան նախագահ դարձաւ (1989-1993):

Թուրգութ Էօզալ այն մարդն էր, որ իր կատարած պատմական այցելութենէն՝ դէպի արեւելքի թուրքախօս երկիր, վերադարձին յայտարարութիւն մը կատարեց՝ ըսելով. «Հայերը պատմութենէն դաս չեն քաղած»: «Արցախի գոյապայքարի, ապա ազատագրական պայքարի օրերն էին, եւ Էօզալի յայտարարութիւնը կը զուգադիպէր ու կառնչւէր Արցախի պայքարին:

1. Քեսապի ժողովրդային տունը՝ «Գրադարանը» 1951-ին:   2. Քեսապի ժողովրդային տունը՝ «Գրադարանը» ներկայիս:

Մեր ազատամարտիկներու յաղթանակները սկսան այդ օրերէն, այդ յայտարարութենէն ետք, երբ փոխւեցաւ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ հանդէպ: Թէ ինչո՞ւ. հարցումը պէտք է ուղղել թերեւս Մոսկւային, մանաւանդ անոր այդ օրերու պաշտպանութեան նախարար զօր. Շափոշնիքովին:

Զօր. Էւրենի յեղաշրջումը յաջորդած էր 1970-ականներէն ետք, Բուլենթ Էջեւիթ-Սուլէյման Դեմիրէլ վարչապետներուն մրցավազքերուն, երբ արդէն սկսած էին քրդական ազատագրական շարժումները ուժեղանալ, ինչ որ աւելի լուսարձակ կը սփռէր Թուրքիոյ քաղաքական բեմին վրայ:

Աւելորդ նշում պիտի չըլլայ աւելցնել, որ Էօզալի ժամանակաշրջանին իրարու յաջորդեցին՝ Մեսուդ Եըլմազ, Նեջմեդդին Էրբաքան ու Թանսու Չիլլեր, մինչեւ 1999, երբ սկսաւ Աբդուլլա Գիւլ – Էրդողան ժամակաշրջանը:

Զօր. Քենաան Էւրենի օրերուն Սիրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանային իրավիճակը շատ անհանգիստ էր: Անցեալ դարու 50-ական թւականներուն սահմանային ապահովութեան համաձայնագիր մը կնքւած էր Սիրիոյ (Էդիբ Չիչեքլիի օրերուն) եւ Թուրքիոյ միջեւ, որով Թուրքիա յաձնառութիւն ստանձնած էր իր բանակով հսկելու եւ ապահով դարձնելու սահմանը, որուն դիմաց Սիրիա յանձն կառնէր միայն ոստիկանատուներ կառուցել ու ոստիկաններով կատարել սահմանային հսկողութիւնը:

Վերոյիշեալ համաձայնագրին պատճառով, Էւրենի օրերուն, սահմանին հաստատւած թուրք զինւորները դարձած էին շփացած ու յարձակողապաշտ: Ամենօրեայ ոտնձգութիւնները անպակաս էին նոյնիսկ ծննդավայրիս՝ Քեսապի սահմանային հատւածին վրայ:

Զօր. Էւրենի իշխանութեան վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մէջ սկսան փչել «թրքավարի» ժողովրդավարութեան հովեր:

Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները համեմատական մեղմացում ապրեցան, որուն յաջորդեց սահմանային վայրերու վրայ գտնւող բնակավայրերու բնակչութեան փոխադարձ հանդիպումներ՝ երկուստեք: Այս հանդիպումները անոնք «կէօրըշմա» (տեսակցութիւն՝ թուրքերէն) կը կոչէին: Քեսապ ալ «բախտը» ունեցաւ «վայելելու» կէօրըշմաներ:

Այսօր անկարող եմ վերյիշելու ճշգրիտ թւականը, սակայն պայծառօրէն կը յիշեմ, որ «կէօրըշմայի» մը ընթացքին Քեսապ ժամանած էր Քեսապի հանդիպակաց կողմը գտնւող թուրքական Եայլադաղ քաղաքին քաղաքապետը: Կարճ ու սատանայածին ծերուկ աղւէս մըն էր ու ման կու գար հրապարակին վրայ՝ դիտելով վաճառատուներու ցուցափեղկերը:

Այստեղ շունչ մը քաշելով՝ ըսեմ, որ Եայլադաղը, նախքան Ալեքսանդրետի նահանգը (Սանճագը), Սիրիայէն խլւելով եւ Թուրքիոյ նւէր տրւելով՝ «հոգատար» ասպետական ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ, կը կոչւէր Օրդու, որուն բնակիչները միայն թուրքեր չէին, այլ հոն կը բնակէին յոյներ, քրիստոնեայ եւ ալեւի արաբներ:

Եայլադաղի վերածւած Օրդուն Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն քեսապահայութեան տարագրութեան առաջին հանգրւանն էր: Անկասկած որ գայմագանիստ Օրդւի եւ մերձակայ բնակավայրերուն թուրքերը ձիթենիի ոստերով չէին դիմաւորած տարագրեալները, ընդհակառակը, գործած էին ամէն տեսակի խժդժութիւններ ու վայրագութիւններ, ապա նաեւ կողոպտած էին Քեսապը իր գիւղերով, միայն թէ հրդեհի չէին տւած, ինչպէս կատարած էին Ադանայի կոտորածներուն ժամանակ (1909-ին):

Ա Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, նախքան ֆրանսական բանակային ուժերու Քեսապ եւ աւելի անդին հասնիլը, շրջանին մէջ կը տիրէր անիշխանութիւն եւ անապահովութիւն: Թուրքական հրոսակախումբերու ասպատականութիւնները անպակաս էին վերստին ապրելու համար մաքառող Քեսապին մէջ:

Այդ ժամանակաշրջանին (1918-1922) քեսապցիք կազմած էին Ազգային միութեան իշխանութիւնը, որուն ողնաշարը ՀՅԴ-ն էր, եւ որուն բազուկի ուժը հանդիսացած էին դաշնակից բանակներուն մէջ ծառայած ու անկէ հեռացած քեսապցի կամաւորները, մարտիկները (տե՛ս Հայկազ Թռթռեանի «Քեսապի փոքրիկ հանրապետութիւնը» գիրքը):

Ազգային միութեան իշխանութիւնը յանձնառու կըլլայ իր կամաւորներով վնասազերծելու շրջանը այդ հրոսակախումբերէն, որոնց գլխաւոր որջը դարձած էր Եայլադաղ-Օրդուն, ուստի ան ալ կը ստանայ իր բաժինը այդ վնասազերծումէն: Այդ մէկը ապահովութիւն կու տայ նոյնիսկ Քեսապէն դուրս յոյն ու արաբ բնակչութեան:

«Կէօրըշմայի» եկած աղւէս քաղաքապետը, ըստ երեւոյթին, քաջատեղեակ էր վերոյիշեալ պատմութենէն, ու երբ մենք մեր անճոռնի ու կոտրած թուրքերէնով հետը որպէս թէ «մտերմիկ ու անկեղծ» զրոյցի բռնւեցանք, ան յանկարծ հարց տւաւ.

– Ո՞ւր կը գտնւի Քեսապի «գրադխանան»:

Իր փնտրածը Քեսապի Ժողովրդային տունն էր, որուն մէջ գտնւող հինաւուրց գրադարանին պատճառով քեսապցիք զայն ակումբ անւանելու փոխարէն «Գրադարան» կը կոչէին:

«Գրադխանա»՝ գրադարանը ՀՅԴ-ի ակումբն էր: Ու ծերունի քաղաքապետին փնտրածը Դաշնակցութեան ակումբն էր, Ազգային միութեան իշխանութեան գոյատեւութենէն 80-85 տարիներ ետք:

Անոր սրտին ու մտքին մէջ առկայ էր Դաշնակցութեան առթած վախը:

Վերոյիշեալ երկար յառաջաբանէն ետք, որպէս մէկը, որ քաջածանօթ է հայոց թէ Դաշնակցութեան պատմութեանց, ու ակնարկս միշտ սեւեռած՝ (նոյնիսկ Քեսապէն) մերօրեայ ժամանակներուն ու ելեւէջներուն վրայ, ես ինծի հարց կու տամ.

– Ո՞վ կը վախնայ ՀՅԴ-էն:

Անկասկած որ 133-ամեայ Դաշնակցութիւնը նոյնը չէ ու չի կրնար ըլլալ մէկ ու քառորդ դարու տասնամեակներէ ի վեր: Հայ կեանքի դրական թէ ժխտական յարափոփոխ իրավիճակէն անջատւած ու անցեալին մէջ խրած չի կրնար ըլլալ ՀՅԴ-ն:

Հիմա մենք կապրինք 21-րդ դարուն մէջ՝ իր միջազգային թէ ազգային, քաղաքական, տնտեսական ու հասարակական պայմաններով, ու չենք կրնար մենք մեզ տեղաւորել տասնամեակի մը մէջ:

Սակայն 133-ամեայ Դաշնակցութեան ազգային գաղափարախօսութիւնը նո՛յնն է. ան միայն բարեփոխւած ու պարզեցւած է, անոր ազգային խորքն ու բովանդակութիւնը նո՛յնն է:

Եթէ ազգութեան էութիւնը ունի հիմնաքարեր, անոնք են՝ լեզուն, պատմութիւնը, դարաւոր կեանքի պատմական հողաշերտը, հոգեղէն հարստութիւնները, կրօնը, հաւատալիքներն ու ապագայի համար անոր տեսիլքները, եթէ ասոնք հայ ազգին ինքնութիւնը կազմող բաղադրիչներն են, ապա ՀՅԴ-ն զանոնք դարձուցած է իր գաղափարախօսութեան առանցքը, հիմքն ու յանձնառու եղած է պահելու, պահպանելու ու գործադրութեան դնելու զանոնք: Եւ այդ յանձնառութիւնն է, որ զինք պահած-պահպանած է ու առաջնորդած, անցնող 133 տարիներուն:

Այդ ազգային գաղափարախօսութիւնն է, ուժն է, որ զայն՝ ՀՅԴ-ն, միշտ պահած է ազգային պատնէշին վրայ՝ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի տարածքներուն:

Այդ գաղափարախօսութիւնն էր, որ զինք առաջնորդեց արցախեան գոյապայքարին, ազգային ազատագրական պայքարին:

Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը զինք առաջնորդեց հանդիսանալու հայութեան պաշտպանը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն թէ այլ վտանգւած բնակավայրերուն մէջ:

Նոյն յանձնառութեամբ ան պաշտպանը դարձաւ 1970-ական թւականներէն ետք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին դիմաց քաշւած լռութեան պատ քանդելու սփիւռքեան զինական պայքարի՝ ցեղասպանութեան արդարութեան եւ հատուցման պայքարի ելած հայորդիներուն եւ յաճախ ալ իր գաղափարներով սնուցած է զանոնք:

Դաշնակցութիւնը այդպէս եղած է ու կը շարունակէ այդպէս մնալ ցայսօր:

Արեամբ հաստատւած ու փաստւած իրողութիւն է, որ Դաշնակցութեան ազգային, անարատ ու անսակարկ գաղափարախօսութիւնը ուժ է, որքան ալ իր աշխարհացրիւ կառոյցները ազդւին համաշխարհային մակընթացութիւններէն թէ տեղատւութիւններէն:

Իր ազգային գաղափարախօսութիւնը ուժ է՝ պահելու ու պահպանելու, ապա նաեւ հզօրացնելու մեր ազգային ինքնութիւնը, որքան ալ դաժան ըլլան մեր ազգին գլխուն տեղացող ամէնօրեայ հարւածները:

Դաշնակցութեան ազգային գաղափարախօսութիւնը անառարկելի պաշտպան ուժն է իսկական ազգային դաստիարակութեան ու կրթութեան հայեցակարգին, որ ահ ու սարսափ կը պատճառէ արտաքին ու մանաւանդ ներքին ապազգային ուժերուն՝ սկսած աւատատիրական, դրամատիրական, ազատական, համայնավարական ու նոր-համայնավարական ուժերուն՝ թշնամիներուն:

Արցախի դժբախտ հայաթափման իրականութեան դիմաց, հայութեան մռայլ իրականութեան դիմաց, մերօրեայ ապազգային իշխանութիւնները խորքին մէջ Դաշնակցութեան հոգեղէն ուժերէն, ազգային գաղափարախօսութենէն է, որ կը վախնան, կը վախնան իսկական ազատ, անկախ ու միացեալ (Արցախը ներառեալ) Հայաստանի մը տեսիլքէն, որուն կը ձգտի ՀՅԴ-ն:

Ցեղասպանութեան հատուցման, պահանջատիրութեան հոգեղէն ուժն է անոնց վախի աղբիւրը:

Ինծի համար անհասկնալի է ու այդպէս կը մնայ հայրենի իշխանութիւններուն քաղաքական վարքագիծը, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս կը յանդգնին քանդել մեր հոգեղէն ազգային բերդը:

Երբ «ազգային» գաղափարը կընդգծեմ, միշտ հեռու կը մնամ նացիական-ֆաշական իմաստներէն:

Վերջերս ականջալուր եղանք, որ Հայաստանի վարժարաններուն 7-րդ կարգերուն համար պատրաստւած հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջէն վերցւած ու խեղաթիւրւած են այնպիսի իրողութիւններ, որոնք կու գան ջուր լեցնելու թշնամիին ձգտումներուն, որոնք կաշխատին կասկածի տակ առնել հայկականն ու հայութիւնը: Թշնամին գիշեր ու ցերեկ, հետեւողականօրէն կաշխատի խեղաթիւրել հայոց պատմութեան իրողութիւնները, աւելի՛ն. կաշխատի վերացնել հայութիւնն ու Հայաստանը: Իսկ մենք ասոր դիմաց, փոխանակ ամրապնդելու մեր հոգե-մտաւոր բերդը, զայն մաս առ մաս կը փլուզենք:

Այսպէս, թշնամին մեր կրթական համակարգը ողողած է հակահայ շինծու գաղափարներով: Օր ու գիշեր կը քանդէ մեր ազգային հարստութիւնները, եկեղեցիները, խաչքարերը, պատմական կոթողները: Պատմութիւնը խեղաթիւրելով՝ Երեւանը կանւանափոխէ Էրիւան (կամ Իրիւան) ու կոչ կընէ զայն բռնագրաւելով իւրացնելու, ա՛լ ինչ խօսք բարձրիկ Սեւանին մասին: Թշնամին կիւրացնէ մեր երգը, պարը՝ հասնելով մինչեւ մեր խոհանոցը: Իսկ մենք ի՞նչ կընենք մեր ինքնութեան միջնաբերդը՝ հայոց պատմութիւնը, մեր պաշտպանողական հզօրագոյն աշտարակը կանգուն պահելու:

Գրութիւնս չեմ ուզեր ծանրաբեռնել քաղաքական վերլուծումներով. զանոնք իմս չեմ սեպեր, այլ կը թողում քաղաքագէտներուն:

Սակայն, որպէս հայ, որպէս ազգային ու դաշնակցական հայեցակարգի տէր անձ, հաւատացած եմ, որ մեր ազգային գաղափարախօսութիւնն է, որ ահ ու սարսափ կը պատճառէ ներսի թէ դուրսի թշնամիներուն: Եւ անոր համար է, որ անոնց հարւածները կուղղւին այդ գաղափարախօսութեան: Անոր համար է, որ անոնք կը վախնան «հոգեղէն» Դաշնակցութենէն:

Երբ «հայեր ենք», կըսենք, ալ ի՞նչ գաղափարախօսութեան պարտինք ծառայել, «կեր, արբ ու լեր» գաղափարախօսութեա՞ն, թէ՞ «Ույ աման, ույ աման, թագաւոր լինելուց լաւ բան, կեր-խմի քէֆ արա շարունակ, աշխարհը խալի է, ոտքիդ տակ»:

Այստեղ աւելորդ չեմ նկատեր մէջբերել Միացեալ Նահանգներու նախագահներէն Ռոլանդ Ռիգընի մէկ նշանաւոր ճառը:

Ճշգրիտ թւականը չեմ կրնար մտաբերել, սակայն Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի բռնագրաւումի տարիներուն էր, երբ Լիբանանեան դիմադրութիւնը, որուն մէջ գերակշիռ տեղ գրաւած էին շիի դաւանանքին պատկանող մարտիկներ, եւ անոնք անձնասպանական արարքներով կը պայքարէին Լիբանանէն հեռացնելու Իսրայէլի բանակը: Այդ ժամանակահատւածին կը զուգադիպէր իր ճառը:

Ան մօտաւորապէս այսպէս կարտայայտւէր.

-Մենք ամէն ինչ կընենք, որ մեր զինւորներուն կեանք ապահովենք՝ զանոնք լաւապէս սպառազինելով, մինչ անոնք մահը առած են որպէս ռազմավարական, դաշնակից՝ իրենց նպատակին հասնելու համար, որուն դէմ մենք համարեա՛ անզօր ենք:

Այսինքն ան կակնարկէր, որ անոնք գաղափարի մարտիկներ էին՝ հայրենիքի թէ կրօնի գաղափարախօսութեամբ տոգորւած: Ու անոնք յաղթեցին. մահւամբ զմահ կոխելով՝ Լիբանանէն դուրս շպրտեցին թշնամին ու ցայսօր կը պայքարին գուցէ նւազ քան 200 քառ. քմ. գրաււած տարածքները ազատագրելու: Տեսէք անցնող օրերուն անոնց կատարած հերոսութիւններն ու սխրանքները՝ ի զօրակցութիւն Պաղեստինի իրենց եղբայրներուն: Այլ խօսքով, իրենց որդեգրած գաղափարախօսութիւնը (1980-ական թւականներէն) զանոնք մղեց հասնելու յաղթանակի, ու թշնամին ցայսօր կը պահեն սարսափի մէջ:

Իրենց ազգային-կրօնական-հայրենասիրական գաղափարախօսութիւնը ոչ միայն անառիկ բերդի վերածեց զիրենք, այլ նաեւ մղեց, որ ստանան կամ ստեղծեն այն մոգական զէնքերը, միջոցները, որպէսզի երէկւան հեքիաթային-յաղթական թշնամին այսօր բռնէ եթէ ոչ պարտութեան, այլ գոնէ ինքնապաշտպանութեան ճանապարհը:

Զարտուղի հարցադրում մըն ալ աւելցնելով՝ Լիբանանի այդ թշնամին (եւ պաղեստինցիներուն թշնամին) ան չէ՞ր, որ զինեց մեր արեւելեան ոսոխը, որ ոտնատակ ըրաւ մեր Արցախ հայրենիքը:

Հասունցած չէ՞ պահը հաւաքւելու, բոլորւելու մեր ազգային գաղափարախօսութեան շուրջ, թէկուզ՝ իւրաքանչիւրը իր երանգներով, հայութեան անխորտակելի միջնաբերդին շուրջ:

Նորէն հարց կու տամ.

«Ո՞վ կը վախնայ ՀՅԴ-էն»:

* * *

Որպէս վերջաբան. վերոյիշեալ խորագիրը տեսնողը պահ մը կրնայ հարց տալ, թէ այս օրերուն ինչո՞ւ այս վերնագիրը:

Գուցէ գտնւին մարդիկ, որոնք քմծիծաղով կարդան, թերեւս զայրացողներ ըլլան, ծիծաղողներ ու հեգնողներ ալ, կամ՝ պարսաւողներ:

Բայց անպայման պիտի ըլլան յարգելիներ, որոնք նոյն ցաւով կը տառապին:

Սակայն կը մնայ մեր միջնաբերդը՝ ազգային գաղափարախօսութիւնը, Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը:

Այդ մէկն ալ՝ ահ ու վախ պատճառողը:

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քեսապ, 15 նոյեմբերի 2023

Related Articles

Back to top button