Դաշնակցական Բեմ

Յարատեւ կռւի պատգամը առաւել քան այժմէական է այսօր

«ԱԼԻՔ» – Ստորեւ ներկայացնւմ ենք ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ ՏէրԳէորգեանի արտասանած խօսքը՝ Բէյրութում կայացած ՀՅԴ 134-ամեակի միջոցառմանը:

Ներկայ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը կը յատկանշւի համաշխարհային եւ տարածաշրջանային ուժերու միջեւ աճող լարւածութեամբ եւ թշնամական յարաբերութիւններով: Մարդկային իրաւունքի ոտնակոխում, ռազմական եւ ցեղասպանական գործողութիւններ, տեղահանութիւններ տեղի կունենան միջազգային ընտանիքին մեղսակցութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը իշխող ուժի վարած սխալ ու արկածախնդիր արտաքին քաղաքականութեան պատճառով յայտնւած է աշխարհաքաղաքական բարդ իրադրութեան մը մէջ, եւ գէրտերութիւններու հակադրութեան կիզակէտին է:

Այս համապատկերին մէջ հայ ժողովուրդը կարձանագրէ իր պատմութեան ամենէն ողբերգական էջերէն մին:

Արցախի յանձնումէն ետք, 2025 թւականին Նիկոլ Փաշինեան շարունակեց իր ապազգային, յանձնւողական քաղաքականութիւնը՝ սպասարկելով թուրք-ադրբեջանական շահերուն։

Հակառակ կատարւած բոլոր զիջումներուն, որոնցմէ վերջինը քանի մը օր առաջ Ցեղասպանութեան ուրացումն էր, Փաշինեանի խոստացած «խաղաղութիւնը» չկայ ու պիտի չըլլայ: Իսկ այն, ինչ որ կը պատրաստւի, «խաղաղութիւն» չէ, այլ՝ «Հայաստանի լիակատար անձնատւութիւն»:

Բոլորին ծանօթ են այն հակադիր սկզբունքային համոզումները, որոնք կը բնորոշեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ու Հայաստանի իշխանութիւնը։ Այստեղ անոնք մէկ առ մէկ մանրամասնելը ժամանակի կորուստ եւ միեւնոյն ժամանակ շռայլութիւն պիտի ըլլար իշխանութեան հասցէին։

Մեր համոզումները ո՛չ մէկ տեղ, ո՛չ մէկ պարագայի համընկնեցան, եւ համընկնելու ո՛չ մէկ հաւանականութիւն կայ։

ՀՅԴ-ի համար խաղաղութիւնը չենթադրեր ինքնութեան ուրացում։ Խաղաղութիւնը չենթադրեր ոչնչացում եւ ինքնասպանութիւն։ Այո՛, խաղաղութեան այլընտրանք չկայ, բայց խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ ՅԱՂԹԱՆԱԿԱԾ խաղաղութիւն։ Չկայ յաղթանակ, չկայ խաղաղութիւն:

Արձանագրենք, որ հայ ժողովուրդը կանգնած է խնդիրներու առջեւ, որոնց զգալի մասը ենթակայ է լուծումի՝առաւելապէս պետական եւ ռազմական միջոցներու, պաշտօնական դիւանագիտութեան ճամբով:

Հրաշք լուծումներ չկան. հետեւողական եւ ծրագրւած աշխատանքի շնորհիւ՝ հզօր, ազգային, ընկերային արդարութիւն վայելող պետութեան կերտումն է միակ գրաւականը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր ամբողջական կարողութիւնները ի գործ պիտի դնէ՝ հիմնելու իր պատկերացումներուն համահունչ պետութիւն: Որպէս անկախ եւ բացառապէս հայկական շահեր հետապնդող կազմակերպութիւն, պիտի լարենք մեր ուժերը՝ ժողովրդային ամուր յենարանով հասնելու այս նպատակին:

Հայկական իրականութեան մէջ ոչ մէկ ուժ աւելի լաւ կը ճանչնայ հայութիւնը բնաջնջելու թուրքին երազը, տարածաշրջանին մէջ մեր ազգի գոյատեւումը ապահովելու միակ ելքը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնն ու քաղաքական փորձն են:

Հզօր ազգային պետութեան մեր պատկերացումը ունի հետեւեալ կարեւորագոյն բաղադրիչները։

Առաջին՝ արտաքին քաղաքականութիւն

Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առանցքը պէտք է ըլլայ Հայաստանի պետական շահը, հայկական օրակարգը:

Հայատանը կը գտնւի տարածաշրջանի մը մէջ, ուր հետեւեալ երեք պետութիւնները, երկարաժամկէտ առումով, ունին որոշիչ դերակատարութիւն՝ Ռուսիան, Իրանը եւ Թուրքիան. վերջինիս նպատակն է բնաջնջել հայոց պետականութիւնը: Հետեւաբար ճիշտ արտաքին քաղաքականութեան հրամայականն է աշխատիլ այնպէս, որ Ռուսիան եւ Իրանը հայանպաստ դիրքորոշում ունենան՝ առանց զոհելու մեր պետութեան ինքնիշխանութիւնը որեւէ երկրի եւ առանց վտանգելու մեր յարաբերութիւնները Արեւմուտքի հետ:

Երկրորդ՝ ներքին

Ազգը պէտք է թօթափէ իր կաթւածը եւ դուրս գայ պատերազմի յաւերժական վախէն, պէտք է շարունակել աշխատանքը՝ սթափեցնելու մեր ժողովուրդը, վանելու անտարբերութիւնը, յուսալքութիւնը եւ յարմարւողականութիւնը: Ժողովուրդը պէտք է անդրադառնայ, որ մեծ խաբէութեան մը թիրախը դարձած է վերջին տարիներուն: Իսկական փրկութիւնը պիտի չգայ այլ պետութիւններէն, այլ՝ մեր ժողովուրդէն:

Ներկայիս դժբախտաբար հայութեան թշնամիները կրցած են լրջօրէն պառակտել հայութիւնը: Հայ քաղաքական, եկեղեցական, միութենական, հաւաքական կամ անհատ ուժերը, մէկդի ձգելով հատւածական շահերը եւ վնասակար զգուշաւորութիւնը, պէտք է միանան եւ համարձակութեամբ գործեն՝ յանուն փրկութեան եւ ազգային, ուժեղ իշխանութեան մը կազմաւորման:

2024 թւականին մեկնարկած «Սրբազան պայքար» շարժումը փաստեց, որ հայ ազգի մէջ կայ կորիզ մը, որ չէ յարմարած իր ինքնաոչնչացման գաղափարին: Պէտք է հետեւողական կազմակերպւած աշխատանք տանիլ՝ ընդլայնելու այս շրջանակը:

Ինչ կը վերաբերի Արցախի եւ արցահայութեան մարտահրաւէրներուն, ներկայիս հայկական իրականութեան մէջ յանուն Արցախի պայքարող ուժերու թիւը կը թւի նօսրացած ըլլալ։ Ամօ՛թ բոլոր անոնց, որոնք յուսալքւած կամ յանձնւած են թշնամիին: Կը յայտարարենք, որ Դաշնակցութիւնը պիտի չհաշտւի կատարւած իրականութեան հետ, Դաշնակցութիւնը Արցախի հարցը պիտի պահէ հայկական օրակարգի վրայ ի գին ամէն տեսակի զոհողութիւններու եւ պիտի խանգարէ հաշիւներն ու հանգիստը բոլոր անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ յաջողեցան փակել Արցախի էջը:

Մեր ուշադրութեան կիզակէտին են հետեւեալ հարցերը.

1.- Գերիներու ազատագրում

Բաքւի բռնապետական վարչակազմի խամաճիկ դատական համակարգին կողմէ արդարացի լուծում սպասելը ցնորք է։ Այս ուղղութեամբ Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ճամբով Ադրբեջանի վրայ միջազգային քաղաքական, քարոզչական ճնշում կը բանեցնենք։ Կը նեղացնենք Ալիեւը, եւ ան դժգոհելով՝ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն կը յայտարարէ, թէ Դաշնակցութեան լաբբինգին պատճառով Եւրոխորհրդարանը աւելի խիստ դիրքորոշում ունի Ադրբեջանի նկատմամբ, քան՝ Հայաստանի խորհրդարանը:

2.- Արցախահայութեան օժանդակութիւնը

Արցախահայերուն բազմաբնոյթ օժանդակութեան տրամադրումը, անոնց արժանապատիւ կեցութեան ապահովումը Հայաստանի տարածքին եւս առաջնահերթութիւն է։ Կարելի բոլոր միջոցներով պէտք է կանխենք արցախցիներու արտագաղթը Հայաստանէն։

3.- Արցախի պետական օղակներու գործունէութիւնը

Պիտի պաշտպանենք Արցախի Հանրապետութեան պետականութեան հիմերը եւ օժանդակենք, որ Արցախի պետական մարմինները շարունակեն իրենց գործունէութիւնը։ Կը հաւատանք, որ Արցախի հարցը այժմէական պահելու նախադրեալը այդ կառոյցներու պահպանումն է։

4.- Վերադարձ դէպի Արցախ

Արցախ վերադարձի իրաւունքը մնայուն կերպով վառ կը պահենք եւ համապատասխան աշխատանքներ կը տանինք այդ ուղղութեամբ: Մինչեւ ամբողջական ազատագրում՝ միջազգային յստակ երաշխիքներու կիրարկումով պէտք է վերականգնենք ազատ, ինքնիշխան ու ապահով կեանք մը ապրելու հնարաւորութիւնը Արցախի մէջ։

Այս բոլորը իրագործելու համար հայութեան առջեւ կը ծառանան բազմաթիւ հարցեր: Իբրեւ ժողովուրդի ծոցէն ծնած կուսակցութիւն՝ Դաշնակցութիւնն ալ դէմ յանդիման կը գտնւի զանազան մարտահրաւէրներու, որոնք պէտք է անյապաղ դառնան մեր աշխատանքներու խնդրոյ առարկան։

Իբրեւ հայ ժողովուրդի ազգային գաղափարախօսութեան դաւանող հիմնական քաղաքական ուժ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ կը տարւի մոլեգին պայքար Հայաստանի իշխանութիւններու եւ այլեւայլ ուժերու կողմէ: Նպատակը մէկ է՝ տկարացնել կառոյցը, թերահաւատութիւն եւ կասկածամութիւն սերմանել Դաշնակցութեան նկատմամբ, հեռացնել համակիրները կուսակցութենէն, խախտել մեր ինքնավստահութիւնը: Կը յայտարարենք, թէ ինչպէս հեռու կամ մօտիկ անցեալին, շնորհիւ այս կուսակցութեան ներուժին եւ միասնականութեան, այդ փորձերը դատապարտւած են կատարեալ ձախողութեան:

Քաղաքական առումով, հակառակ Հայաստանի իշխանութիւններուն ստեղծած խոչընդոտներուն, սփիւռքի մէջ պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ճամբով ու արհեստավարժ մօտեցումով:

Հետեւաբար մեր աշխատելաոճին մէջ յաւելեալ թափ պիտի տանք արդիականացման, պիտի աշխատինք հզօրացնելու մեր կազմակերպական ցանցը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի տարածքին: Պիտի պատրաստենք մարտունակ երիտասարդութիւն եւ նորարական ծրագիրներով պիտի համախմբենք երիտասարդութիւնը մեր նպատակներուն շուրջ:

Կուսակցութեան կարեւոր մարտահրաւէրներէն է քայլ պահել սփիւռքին հետ՝ իբրեւ ապրող եւ փոփոխւող մարմին։ Պիտի շարունակենք կազմակերպել սփիւռքը, պայքարիլ ներքին ախտերուն, լճացումին դէմ։ Ժամանակը կանցնի, խնդիրները կը բարդանան, կը բազմանան՝ մղելով, որ մենք ալ մեր ուղեկից միութիւններուն հետ յանձն առնենք սփիւռքը յուզող խնդիրները, ինչպէս՝ լեզուն, կրթութիւնը եւ ընկերային հարցերը։

Միւս կողմէ՝ պարտինք ըստ արժանւոյն գնահատել սփիւռքեան մեր վիճակը։ Ի՞նչ են մեր գոյատեւումի գրաւականները։ Ի՞նչ յոյսեր ունի նոր սերունդը։ Ի՞նչ վիճակի է մեր մշակութային ենթահողը։ Հետեւաբար մենք եւ մեր կառոյցները ի՞նչ միջոցներու կը դիմենք՝ դիմակայելու այս մարտահրաւէրները։ Գիտելիքի, երիտասարդ մարդուժի եւ արհեստավարժ աշխատանքի նախապայմանները կը ստեղծե՞նք։

Սփիւռքը պէտք ունի նոր աւիշի մը՝ թարմացնելու իր ինքնութիւնը եւ իր հաւատքը նոյնինքն իր ապագային հանդէպ։ Նոր աւիշը կրնայ շրջագայիլ մեր արեան մէջ միմիայն վերանորոգելով մեր ուխտը առ մեր մշակոյթը, մեր դատը, մեր իրաւունքները եւ մեր ամբողջական հայրենիքը։

Սփիւռքը անհատական, ինչպէս նաեւ միութենական մակարդակի վրայ պէտք է անընդհատ եւ անդադար զարգացնէ իր օրգանական կապը Հայաստանի հետ։ Մերթ ընդ մերթ լսւող սփիւռքակեդրոն մօտեցումերը, սփիւռքը Հայաստանէն կամ Հայաստանը սփիւռքէն կտրելու բոլոր ջանքերը անընդունելի են։

Անդրադառնալով լիբանանահայութեան յատուկ պարագային, 2019-ի հոկտեմբերէն սկսեալ երկրի տագնապը կը շարունակւի զանազան դրսեւորումներով, որոնք, կը յուսանք, շուտով կաւարտին: Յարգա՛նք բոլոր անոնց, որոնք այս դժւար պայմաններուն մէջ քաղաքական, բարեսիրական, ընկերային, կրթական եւ այլ մակարդակներու վրայ կը գործեն ամրապնդելու համար գաղութի անվտանգութիւնը, կրթական եւ այլ համայնքային հաստատութիւններու գործունէութիւնը, կարիքաւորներուն օժանդակութիւնը: Վա՛րձքը կատար դաշնակցական ընտանիքին, որ իր ակումբներով, գրասենեակներով եւ կառոյցներով, ուղեկից միութիւններով (ՀՕՄ-ԼՕԽ, ՀՄԸՄ եւ «Համազգային»), հակառակ բազում դժւարութիւններու, ոտքի կը մնայ եւ կը ծառայէ գաղութին: Լիբանանի գաղութը սփիւռքի բաբախող սիրտն է, եւ ներկայ այս դժնդակ պայմաններուն մէջ լիբանանահայութեան օժանդակութեան ձեռք մեկնելը համազգային առաքելութիւն է:

Հասած ենք այնպիսի օրհասական օրերու, երբ ելքեր գտնելու եւ վերոնշեալ ծրագիրները իրագործելու համար իւրաքանչիւրէս կը սպասւի հաւատք, գիտելիք եւ հետեւողական աշխատանք։

Երկարաժամկէտ առումով, հայ ժողովուրդի պայքարելու կամքն ու վճռակամութիւնն են, որոնք պիտի ստեղծեն քաղաքական, տնտեսական ու զինւորական կարելիութիւններ, որպէսզի ժամանակաւոր պարտութիւնները վերածենք մնայուն յաղթանակներու:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, 134-ամեայ իր փորձառութեամբ, իր առաւելագոյնը ի սպաս պիտի դնէ համահայկական վերելքի նախապայմաններու ստեղծումին եւ իրագործման։

Յարատեւ կռւի պատգամը առաւել քան այժմէական է այսօր։

31 յունւարի 2025 թ., Բէյրութ

Related Articles

Back to top button