Դաշնակցական Բեմ

Ո՞վ է տիրական ուժը ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններուն

Ընկեր Կարօ Արմենեանի օգտաշատ եւ հետաքրքիր այս յօդւածը գրւել է մայիսի 12-ին, երբ աւարտւել էր Թրամփի՝ համաձայնութեան հասնելու համար Իրանի համար սահմանւած վերջնաժամկէտը եւ չէր սկսւել նրա մերձաւորարեւելեան ուղեւորութիւնը:

Հաշւի առնելով յօդւածի խոր վերլուծական բնոյթը եւ դրանում առաջ քաշւած արդիական հարցադրումները, այն ներկայացնում ենք Ձեզ ամբողջութեամբ՝ մեր այսօրւայ համարում:

ԽՄԲ.

 

 ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

 

Թրամփեան վերջնագրի պայմանաժամը կաւարտի այսօր, մարտի 12-ին։

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ-ի նախագահը պաշտօնապէս կըսպառնար ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկել Իրանի միջուկային կառոյցներուն դէմ, եթէ Իրան մինչեւ այս թւականը համաձայնագիր ստորագրած չըլլար հաւանութիւն տալով  ԱՄՆ-ի նախապայմաններուն։ Փաստը այն է, որ այդ մէկը տեղի չունեցաւ։ Եւ բանակցութիւնները կը մնան իրենց ընթացքին մէջ։ Իրան շատ հեռու է ամբողջական համաձայնութիւն տւած ըլլալէ ԱՄՆ-ի նախապայմաններուն, իսկ ԱՄՆ, իր կարգին, շատ հեռու է նման պատերազմական գործողութիւններու ձեռնարկելէ։

Ընդհակառակն, երէկ, Մասխաթի խօսակցութիւններու աւարտին, թէ՛ Իրանեան, եւ թէ՛ ամերիկեան կողմերու ներկայացուցիչները լաւատեսութեամբ եզրափակեցին աշխատանքային գործընթացը զայն պահելով դիւանագիտական խօսոյթի սահմաններուն մէջ։

Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ կողմերէն իւրաքանչիւրը իրական եւ շատ սուր ակնկալութիւններ կապած է բանակցութիւններու յաջորդ փուլին։ Անոնք արդէն շատ կը «սիրեն» դիւանագիտական այս գործընթացը եւ անոնցմէ ամէն մէկը համոզւած կը թւի ըլլալ, թէ գործընթացը ներկայիս կը գործէ ի նպաստ իրեն… Յամենայն դէպս պէտք է արձանագրել, որ Թրամփի նախաձեռնած բանակցային այլընտրանքը կը շարունակէ իր «յաղթարշաւ»-ը գետնի վրայ յստակ առաւելութիւն մը ապահովելով ԱՄՆ-ի դիւանագիտութեան։

Զուգադիպաբար այսօր իսկ կը սկսի նախ. Թրամփի առաքելութիւնը դէպի Արաբական Թերակղզիի երկիրներ։ Թրամփ պիտի այցելէ Սաուդական Արաբիա, Կատար եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Առայժմ չի խօսւիր Իսրայէլ հանդիպելու հաւանականութեան մը մասին։

Մինչ այդ կողմերու դիւանագիտական թիմերը պէտք է պատրաստւին բանակցութիւններու յաջորդ փուլին։ Բանակցութիւնները աւարտեցան մեծ հարցականի մը վրայ։ Իրան պիտի կրնա՞յ պահել ուրանիումի վերամշակման իր իրաւունքը եւ, եթէ այո՝ ի՞նչ չափանշային արտօնութիւններով։ Իրան կը շարունակէ պնդել NPT միջազգային դաշնագրով ապահովւած իր սկզբունքային իրաւունքին վրայ, իսկ ԱՄՆ կը պահանջէ նման իրաւունքի ամբողջական լուծարումը։ Հարցո՛ւմ. արդեօ՞ք կողմերը մտած են փակուղի եւ հետեւաբար Թրամփի նոր սպառնալիքը ռազմական գործողութիւններու դիմելու՝ արդեօ՞ք կրնայ շուտով իրականութիւն դառնալ։ Մեծագոյն հաւանականութեամբ՝ ո՛չ։

Նախ անոր համար, որ Իրան յստակօրէն տրամադրութիւն յայտնած է բանակցութեան նստելու վերամշակման կարողականութեան իր նորմերը վերանայելու։ Միւս կողմէ ԱՄՆ-ի բանագնացը՝ Վիտկոֆ տրամադրութիւն ցոյց կու տայ ճկունութեամբ քննելու Իրանի առաջարկը, թէեւ առանց առայժմ զիջելու ԱՄՆ-ի կարմիր գիծերէն։

Ի՞նչ է հարցը եւ ո՞ւր պէտք է փնտռել «շան գլուխը»։

Իրականութեան մէջ, ԱՄՆ-ի դիւանագէտները մեծ հարցի մը առջեւ կը գտնւին։ Հա՛րց՝ որուն համար պատասխանատու է նաեւ նախ. Թրամփի նախորդ շրջանի կառավարութիւնը։ Պէտք չէ մոռնալ, որ դեռ 2015-ին Իրան համաձայնագիր ստորագրած էր Արեւմուտքի երկիրներուն հետ (ներառեա՛լ ԱՄՆ-ի) ընդունելով վերամշակման շատ խիստ մէկ կանոնակարգ (ուրանիումի վերամշակման ոչ աւելի քան 3.79% զտութեան եւ ոչ աւելի քան 300 քիլոկրամի պահեստաւորման իրաւունքով)։ Կանոնակա՛րգ՝ որ հակառակ Իսրայէլի ժխտական վերաբերմունքին, Արեւմուտքի աչքին, կապահովէր Իրանեան ծրագրի ապառազմական բնոյթը։ 2018-ին, սակայն, Թրամփի որոշումով ԱՄՆ դուրս եկաւ այս դաշնագրէն, որմէ ետք դաշնագիրը արագօրէն լուծարւեցաւ Իրանին տալով ոսկեայ պատեհութիւն մը ազատօրէն հետապնդելու ուրանիումի վերամշակման իր գործունէութիւնը…

Այսօր, կը խօսւի այն մասին, որ դաշնագրի լուծարումէն ետք Իրան մեծ թափով ձեռնարկեց վերամշակման ծաւալուն ծրագրի մը իրագործման ամբարելով մեծ պահեստ մը վերամշակւած ուրանիումի (ըստ ոմանց) 60 %-ի զտութեան որակներով։ Մե՜ծ ոստիւն մը իրաւամբ, Իրանի միջուկային ծրագրի կենսագործաման համար։ IAEA-ի մասնագէտները այսօր համոզւած են, որ Իրանի այժմու շտեմարանը կրնայ դիւրաւ հնարաւոր դարձնել Իրանի միջուկային ծրագրի շուտափոյթ ռազմականացումը, նոյնիսկ եթէ այսօր Իրան նման դիտաւորութիւն չունի…

Այս պայմաններով, կարելի է պատկերացնել, թէ ինչպիսի՞ խաղաքարտեր կը գործեն ներկայիս բանակցութիւններու սեղանին վրայ եւ թէ որքա՞ն մեծ է ճնշումը կողմերուն վրայ ԱՄՆ-ի հաստատած պայմանաժամերու դիրքերէն։

Աւելի՛ն։ ԱՄՆ-ի գործադիր իշխանութեան ներքին ոլորտի տարակարծութիւնները երբեք չեն դիւրացներ ԱՄՆ-ի դիւանագիտութեան յառաջընթացը Օմանի մէջ։ Բանակցային գործընթացը փաստօրէն քաղաքականացած է իսրայէլամէտ լաբիի բանեցուցած ուժեղ ճնշումներով։ Նեթանիահուի համակրական շրջանակը շատ լայն է։ Իրանեան հարցը արդէն վերածւած է երկրէն ներս Թրամփեան ճակատի վարկազրկման գործիքի։ Իրականութեան մէջ, Թրամփ եւ Նեթանիահու կը գտնւին շատ բարդ յարաբերութեան մը մէջ։ Անոնք միաժամանակ սերտ գործակիցներ եւ բուռն — թէկուզ խուլ — հակառակորդներ են իրարու (love-hate relationship)։ Նեթանիահու չի կրնար ընդունիլ ստորադաս դիրքերէ գործելու կարգավիճակը, երբ հարցը կը վերաբերի Իրանի։ Իսկ Թրամփ չի կրնար ընդունիլ Նեթանիահուի յաւակնութիւնները Իրանի նկատմամբ։ Ոչ ալ՝ Նեթանիահուի գերիշխող դիրքը տարածաշրջանի քաղաքականութեան ռազմաբեմերուն վրայ։ Ասոնք անհամատեղելի առաջադրութիւններ են։ Այս ռազմաբեմին վրայ՝ երկու ախոյեանի տեղ չկայ եւ չի կրնար ըլլալ։

Թրամփի վերջին ելոյթներէն մէկը կը շեշտէր, թէ ԱՄՆ կը շարունակէր սպառնալիքի տակ պահել Իրանը եւ բանակցութիւններու ձախողութեան պարագային պատրաստ էր ռազմական գործողութիւններու դիմելու իր կողքին ունենալով… Իսրայէլը։ Երեւութապէս իսրայէլամէտ այս արտայայտութիւնը արագ հակադարձութեան տեղի տւաւ Իսրայէլի մէջ։ Նեթանիահու աճապարեց ըսելու, որ Իսրայէլ պատրաստ է անկախաբար դիմելու ռազմական գործողութիւններու… Շեշտելով որ ան կախւած չէ ոչ ոքէ նման քայլի դիմելու համար։

Այս բոլորէն կը հետեւի այն պարզ իրողութիւնը, որ ԱՄՆ-Իրան բանակցային գործընթացը այժմ ենթակայ է բուռն «յարձակման» եւ առեւանգման… Թէ՛ Վաշինգտոնի ներքին ոլորտի կտրւածքով եւ թէ տարածաշրջանային քաղաքականութեան խաղատախտակին վրայ, Նեթանիահու կը գործածէ ուժեղ խաղաքարտեր ինքզինք դնելու տիրապետող դիրքերուն վրայ։ Եւ ինքնաբերաբար վարկաբեկել փորձելով Թրամփի ղեկավար հանգամանքն ու հեղինակութիւնը Իրանի բանակցութիւններու բեմին եւ տարածաշրջանի թէժ կէտերուն վրայ։

ԵՒ ԽԻՍՏ ԿԱՐԵՒՈ՛Ր։ ԱՅՍ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ, ԲԱՆԱԼԻ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՅԱՆԿԱՐԾ ՎԻՃԱԿՒԱԾ Է ԻՐԱՆԻՆ… ՀԱՐՑՈ՛ՒՄ. ԻՐԱՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ՈՐՈ՞ՒՆ ՁԵՌՔՆ Է, ՈՐ ԿՈՒԶԵՆ ԶՕՐԱՑՆԵԼ ԱՅՍՕՐ։ Ո՞Վ Է ԻՐԱՆԻ ԴԻՐՔԵՐԷՆ ՍՈՂՈՄՈՆ ԻՄԱՍՏՈՒՆԻ ԱՌԱԿԻՆ ՀԱՐԱԶԱՏ ՄԱՅՐԸ… Ո՞Վ Է ԻՐԱՆԻ ԲՆԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿԻՑԸ ԱՅՍ ԲԱՐԴ ԱՂԻՒՍԱԿԻՆ ՄԷՋ։

Չմոռնանք, որ Նեթանիահուի ետին կը գործէ նաեւ Ալիեւ եւ իր համաշխարհային մեքենան։ Կը գործեն նաեւ այլ ուժեր այլեւայլ լծակներու օգտագործումով։  Թրամփ եւ իր թիմը պիտի կրնա՞ն հետեւողականօրէն պահպանել իրենց թաթը այս ճակատագրական գործընթացներուն վրայ։

Իսկ ո՞ւր կրնան յանգիլ փաշինեանական համակարգն ու իր «խաղաղութեան օրակարգ»-ը…

Մայիս 12, 2025

Related Articles

Back to top button