Դաշնակցական Բեմ

«Կանաչ լոյս» պետական ոճիր գործողներու

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Մաժտալ Շամս աւանին վրայ անցեալ շաբաթավերջի հրթիռային մահսփիւռ յարձակումը իր դիմաց գտաւ հակաճառութիւններ, մեղադրանքներու եւ սպառնալիքներու փոխանակման ալիքներ, որոնք պահ մը «խառնաշփոթ պատկեր» մը ստեղծեցին: Սակայն մէկ բան յստակ է. Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու Վաշինգտոնէն վերադարձած է նոր «կանաչ լոյս»-ով մը, որպէսզի անխափան հարստացնէ պետական ոճիրներու իր վաստակը:

1967-ին Սիրիայէն գրաււած Գոլանի արեւելեան ծայրամասին գտնւող Մաժտալ Շամս աւանը, որ տիւրզիաբնակ է, ակնթարթի մը մէջ դարձաւ միջազգային լրատու աղբիւրներու եւ մեկնաբաններու մեկնաբանութիւններուն ու արձագանգներուն մէկ կիզակէտը: Իսրայէլի մեղադրող մատը ուղղւեցաւ «Հեզբօլլահ»-ին դէմ եւ ահա, արեւմտեան աշխարհը միաձայնութեամբ քւէարկեց Նեթանիահուի կողքին (ինչպէս կընեն ՔՊ-ականներ եւ համակիրներ՝ Փաշինեանի բոլոր ցնդաբանութիւններուն ի լուր): «Հեզբօլլահ» մերժեց ընդունիլ մեղադրանքը, եւ իրաւունք ալ ունի (այս տողերը «Հեզբօլլահ»-ին պաշտպանելու նպատակ չեն հետապնդեր, որովհետեւ այս ռազմաքաղաքական կուսակցութիւնը ինքզինք քաղաքականապէս ու զինւորապէս պաշտպանելու ձեւերը գիտէ): Փաստօրէն, ամենէն ծանծաղամիտ մօտեցումն ալ պիտի հաստատէ, որ Իսրայէլի դէմ պատերազմող այս կազմակերպութիւնը ո՛չ մէկ շահ ունի Մաժտալ Շամսը կամ նման շրջաններ ռմբակոծելու մէջ, Մաժտալ Շամսը չի գտնւիր Հարաւային Լիբանանով պատկերւող ճակատումի «աւանդական դաշտ»-ին մէջ, մինչդեռ Իսրայէլի վաղեմի վարքագիծին մաս կը կազմէ ստեղծել թակարդներ, որոնք հակադրութիւն, մինչեւ իսկ թշնամանք ստեղծեն դրացի երկիրներու ներքին ճակատներու վրայ, ու երբեմն ալ յաջողած է: Կարելի է բազմաթիւ օրինակներ յիշատակել, բաւականանանք մէկով. 1983-ին, երբ Իսրայէլեան բանակը քաշւեցաւ Լեռնալիբանանէն, ահաւոր բախումներ տարածւեցան Ալէյէն դէպի հարաւ ու արեւելք (եւ այլ) գօտիներու մէջ: Արեւմտեան մամուլի թղթակիցներ իսկ վկայեցին, որ քաշւող ուժերը հաւասարապէս ռմբակոծած էին լիբանանեան հակադիր ուժերու դիրքերը եւ նոր վառելանիւթ հասցուցած՝ 1975-ին պայթած եղբայրասպան պատերազմի հնոցին (պատմութիւնը անկէ ետք ալ բաւական երկարեցաւ ու ծանօթ է բոլորին):

Դրական կէտ մըն էր այն, որ լիբանանեան գրեթէ բոլոր առնչակից կողմերը միաձայնութեամբ հակազդեցին իսրայէլեան մեղադրանքներուն, շեշտեցին լարւած թակարդին մէջ չիյնալու հրամայականը եւ մասնաւորապէս Իսրայէլի հովանաւորներուն կոչ ուղղեցին հակակշիռի տակ պահելու կացութիւնը, չարտօնել յաւելեալ վատթարացում:

Իսրայէլեան մեղադրանքները կարելի է դիտել աւելի լայն օղակներու մէջ. Իսրայէլ յաճախ կը ռմբակոծէ սուրիական քաղաքներ, կը հասնի Հալէպ ու անդին եւ կը մնայ անպատիժ-անարձագանգ. Իսրաէյի օդուժը կը հասնի մինչեւ Իրան կը կը գտնէ քաջալերանք: Պէտք ունի՞նք օղակները տարածելու մինչեւ Եմէն ու այլուր…

ԹՈՒՐՔԻԱ՝ «ՁԿՆՈՐՍ»

Ուշագրաւ էր Թուրքիոյ արձագանգը: Համաձայն վերջին տարիներու իր խաբեպատիր աւանդութեան, Թուրքիոյ նախագահը դարձեալ հրապարակ եկաւ Իսրայէլը քննադատողի պատմուճանով, մինչեւ իսկ սպառնաց յարձակում գործել Իսրայէլի վրայ, այնպէս՝ ինչպէս «մուտք գործած էր Լիբիա ու Լեռնային Ղարաբաղ»: Այդ ինչպէ՜ս եղաւ, որ Էրդողան մոռցած է Կիպրոսը (50 տարի առաջ էր), Սիրիան, Իրաքը եւ այլ երկիրներ…:

Չարժեր երկար կանգ առնել Էրդողանի յայտարարութեան վրայ, այլ կը բաւականանանք նշելով, որ իր կարգին Արեւմուտքի դաշնակից Էրդողան՝ Իսրայէլն ու հիթլէրական Գերմանիան կանխած է ցեղասպանական իր փաստւած ոճիրներով, իսկ «Ղարաբաղ մտանք»-ը նորագոյն խոստովանութիւն մըն է, թէ 44-օրեայ պատերազմին ղեկավարը ի՛նք էր (վայելելով իր դաշնակիցներուն համամտութիւնն ու լուռ մեղսակցութիւնը): Մէկ խօսքով, կարելի չէ ու պէտք չէ հաւատք ու արժէք տալ մէկ կողմէ՝ Իսրայէլի հակադրւելու կամ բառակոյտերով սպառնալու, իսկ միւս կողմէ (իբրեւ թէ) Ադրբեջանը զայրացնելու անոր ընթացքին (իմացա՜նք, որ Ադրբեջան վրդովեր է Էրդողանի յայտարարութենէն եւ պնդեր է, որ Թուրքիոյ աջակցութիւնը չէր այն՝ ինչ որ կը խոստովանի Էրդողան):

ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՊԱՀԸ

Ինչպէս ուշագրաւ այս կամ այն դէպք-զարգացում՝ նոյնպէս ալ Մաժտալ Շամսի արիւնալի դէպքը ընտրեալ պահու մը իրականացաւ: Վերը նաեւ ակնարկեցինք, որ արձագանգները «աղոտ պատկեր» ստեղծեցին:

Բառերը չակերտեցինք, որովհետեւ պատկերին մէջ աղոտ ոչինչ կայ, եթէ պարզ աչքերով դիտենք եւ բաց ուղեղով-ականջներով լսենք արձագանգները: Երբ Արեւմուտքն ու իր քարոզչական մեքենան միաձայնութեամբ կը ձայնակցին Իսրայէլի, կը ստեղծւի ինքզինք մատնող պատկեր: Աւելին, որեւէ մէկուն ուշադրութենէն չի վրիպիր, որ Նեթանիահու յարմար պահը ընտրած էր Վաշինգտոն այցելելու, երբ նախագահական ընտրապայքարը մեծ ցնցումներ մը կապրէր. (ընտրապայքարէն արդէն իսկ դուրս եկած) Բայդէնի վարչամեքենան վերջին շրջանին (իբրեւ թէ) ճնշումներու տակ կառնէր Նեթանիահուն, պահանջելով, որ սանձէ Գազայի վրայ յարձակումները, որոշ սահմաններ չանցնի, կասեցնէ ջարդը: Եւ ի՞նչ պատահեցաւ Վաշինգտոնի մէջ ու այլուր: Ամերիկեան խորհրդարանին մէջ, պետական ոճրագործը (սա Միջազգային Ատեանին գրեթէ բառացիկ որակումն է) դիմաւորւեցաւ յոտնկայս եւ կրկնւող ծափահարութիւններով, հոգ չէ թէ դեմոկրատները փորձեցին (իբրեւ թէ, կրկնենք) հեռաւորութիւն պահել ցնծագին արտայայտութիւններէն: Փաստը կը մնայ փաստ: Թէ՛ հանրապետականները, թէ՛ դեմոկրատները «նրբերանգային տարբերութեամբ» հրապարակ եկան նոյն կեցւածքներով, թէ՝ Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան (հոգ չէ թէ շուրջ 40 հազար գազացի, մեծ մասամբ մանուկներ, կիներ եւ պարզ քաղաքայիններ ջարդւած են ու ամբողջ քաղաքներ աւերւած), Վաշինգտոն անվերապահ կերպով պիտի կանգնի Իսրայէլի կողքին, պիտի շարունակէ զինել զայն (նաեւ ուրիշ բաներ): Ամերիկացիք նաեւ շարունակեցին ու կը շարունակեն թութակել, որ «Հեզբօլլահ»-ն ու «Համաս»-ը ահաբեկիչներ են (անոնց բառամթերքին մէջ հայրենիք պաշտպանողը կարճ-կտրուկ ահաբեկիչ է), Սիրիան ու Իրանն ալ պէտք է խորտակել եւ այլն:

Մէկ խօսքով, նախագահական ընտրապայքարները պարզապէս աշխարհին աչքին փոշի ցանելու կը ծառայեն, որովհետեւ այդ փոշիի պատէն անդին, Վաշինգտոնի – եւ այլոց – ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ՎԱՐՔԱԳԻԾԸ ԷԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ԿՐԵՐ, այնքան ատեն, որ ռազմավարական շահերն ու հաշիւները ըստ ամենայնի կը մնան անփոփոխ:

Ահա թէ ինչո՛ւ Նեթանիահուի Վաշինգտոն այցելութիւնը կը դիտենք իբրեւ «կանաչ լոյս»-ի սատացման նոր առիթ: Այլ խօսքով, Վաշինգտոնի եւ անոր հլու կամակատարներուն աչքին, պետական ոճիրներ գործող Իսրայէլը, Թուքիան, Ադրբեջանը եւ նմաններ ահաբեկիչ չեն. անոնք մինչեւ այսօր ալ չեն ուզեր լսել-տեսնել այն փաստերը, թէ Թուրքիա ահաբեկչական խմբաւորումներ զինեց ու ղրկեց Արցախ, նոյնը կընէ Սիրիոյ մէջ եւ այլուր, իսկ իրենց պապենական հողը պաշտպանող պաղեստինցիները, լիբանանցիները, հայերը, քուրդերն ու արաբական այլ երկիրներ «չարագործներ» են…

ՀԱՅ-ԹՈՒՐՔ «ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ»

Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի այս հոգեհարազատութիւնն ու ոճրածին իրերանման վարմունքը չեն ուզեր տեսնել Երեւանի իշխանաւորները, որոնք ոգի ի բռին կը վազեն Թուրքիոյ հետ բարեկամութիւն հաստատելու երազին ետեւէն, կը յայտարարեն, որ յանձնառու կը մնան խաղաղութիւն հաստատելու խոստումին: Արցախի մասին Էրդողանի աղաղակող խոստովանութիւնն իսկ չի սթափեցներ ՔՊ-ականները, որպէսզի առիթը օգտագործեն՝ այդ խոստովանութիւնը գործի լծելու նոր օրերու «սուլթան»-ին դէմ…

Որո՞ւ հոգը, թէ Էրդողան կը յոխորտայ թէ «Լեռնային Ղարաբաղ մտանք» (բայց չէ՞ որ Փաշինեան եւ «քալողները» պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ Արցախը եւ Հայաստանէն մասնիկներ Ադրբեջանի կը պատկանին), խանգարւած ձայնապնակի պէս կը կրկնէ, թէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան ճամբան կանցնի Բաքուէն, այսինքն՝ անոր ամենայետին պահանջներուն իրականացումէն (իսկ ամենայետինը… Հայաստանի վրայ «Արեւմտեան Ադրբեջան» կնիքը զարնելն է): Իշխանապետը ունի նոր կարգախօս՝ «կեցցէ հեծիկը»*): Եթէ նո՛յն պարզ աչքով դիտենք Էրդողանի ու Նեթանիահուի ըրածներն ու յոխորտանքները, որեւէ շփոթ չի մնար, այլ յստակ կըլլայ, որ երկուքն ալ հաւասարապէս «կանաչ լոյս» ունին Արեւմուտքէն եւ այլ ուժերէ, այնքան ատեն, որ լծակից են անոնց շահերուն, իսկ Երեւանի իշխանաւորները յամառօրէն կը շարունակեն բարեկամ-դաշնակից վանելու եւ օդի արժէք իսկ չունեցող չւաններէ կախւելու «քաղաքականութեան»:

…Իսկ թէ պետական ոճիրներէն վնասուողները ինչո՞ւ անկարող կը մնան ձեռքերը միացնելու եւ հակակշումի ճիգ ընելու, որպէսզի ոճրագործ իշխանութիւններուն դէմ այլեւս կարմիր լոյս վառող ըլլայ՝ ատիկա բոլորովին այլ հարց է, լացնելու չափ խորունկ հարց…

——

(*) Կըսւի, թէ Եւրոպա շրջապտոյտին՝ Փաշինեան  հեծիկը հետը տարեր էր, որպէսզի Ֆրանսայի շրջավազքին կամ Ողիմպիականներուն մասնակցի, սակայն հոն զինք ծափահարող ՔՊ-ամիտներ չէ գտէր:

Related Articles

Back to top button