ՀՅԴ Մամուլ

Խմբագրական. Ապօրինի, փակ եւ կեղծւած դատավարութիւն

Արցախի Ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դատավարութեան մեկնարկին առիթով

Արցախի գերեվարւածներուն Բաքւի մէջ սկսւած դատական բեմականացումը անակնկալներ չի խոստանար հետեւողներուն: Ապօրինաբար գերեվարւած, նոյնքան հակաօրինական միջոցներով պահւող, բանտարկութեան դատապարտւածներուն բեմական դատավարութիւնը սկսաւ երէկ (յունւարի 17-ին, ԽՄԲ.) փակ դռներու ետին, զինւորական ատեանի առջեւ:

Կեղծւած թուղթեր, շինծու ցուցմունքներ, յօրինւած դրւագներ, սարքովի ինքնախոստովանանքներ կը կազմեն արտադրւած թղթածրարներու բովանդակութիւնը, որոնց հիման վրայ ձեւական դատական արարներէ ետք պիտի տրւին վճիռներ:

Ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւն, ռազմագերիներ, առեւանգւածներ, պահւող անձեր` Ադրբեջանի յայտարարած թիւերը չեն համապատասխաներ իրականութեան: Նպատակը այս բոլորին ծածկելն է Ադրբեջանի նախայարձակ ըլլալը, ռազմական յանցագործութիւնները, ցեղային զտում իրականացուցած ըլլալն ու ցեղասպանական արարքներ գործադրած ըլլալու բազմաթիւ փաստերը:

Այս հանգամանքներով ալ կը բացատրւի դատական նիստի զինւորական ատեանի մէջ կայացումը, անոր փակ ըլլալը, ապօրինի ընթացակարգն ու թղթածրարի կեղծ էութիւնը:

Այս նենգափոխումը միայն դատավարութեան չի վերաբերիր: Կը վերաբերի մշակութային ժառանգութեան ներկայացման, ոչնչացման, այլափոխման: Պատմութեան նենգափոխման եւ ընդհանրապէս Արցախի հակամարտութեան էութեան առումով ապակողմնորոշման:

Դատավարական նիստերը պարզապէս մէկ օղակն են ընդհանուր այս քաղաքականութեան: Քաղաքականութիւն, որ կուզէ ընդմիշտ թաղել Արցախի հարցը, փորձելով համոզել, որ Ադրբեջանի մէջ ապրող հայերը անջատողականներ են, որոնք խախտած են Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնահռչակած են հանրապետութիւն եւ ահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնելով ազերիաթափած են Արցախը:

Միջազգային ընտանիքին եւ հանրային կարծիքին համոզիչ դառնալու համար է, որ Արցախի վերջին պատերազմը անոնք որակեցին հակաահաբեկչական գործողութիւններ, իսկ ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը դատեն իբրեւ ահաբեկիչներ:

Պատահական չէ, որ այս բոլորին առընթեր եւ պահու ճշտումով Բաքուն կը պահանջէ Երեւանէն դիմել համապատասխան մարմիններ չեղեալ յայտարարելու համար ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակը: Թէ՛ դատավարութիւնները, թէ՛ այս դիմումը կը հետապնդեն Արցախի հակամարտութեան էութեան նենգափոխումն ու ընդմիշտ փակումը:

Ահա թէ ինչո՛ւ կակնկալւին, փակ դատավարութիւններու ընթացքին, կեղծ ինքնախոստովանանքներ, որոնք իբրեւ թէ պիտի ստանձնեն նախայարձակ ըլլալու, տարածքային ամբողջականութիւն խախտելու ահաբեկչական կամ անջատողական գործողութիւն իրականացուցած ըլլալու «փաստեր»:

Մինչ, բանտէն դուրս հասած տեղեկութիւններ կը վկայեն թղթածրարներու կեղծ ըլլալու մասին: Ոչ մէկ բան կարգելակէ Բաքւին փակ նիստերու արդիւնքները ներկայացնելու այն բեմագրութեամբ, որ ինք գծած է արդէն եւ որ իբրեւ եզրակացութիւն եւ վճիռ կը տանի այն բոլորին, որոնք որոշւած են արդէն քաղաքական իշխանութիւններուն կողմէ:

Փաստաբաններ ճշտելու իրաւազրկումը, բաց դատավարութեան պահանջի ոտնակոխումը, ապօրինի իրաւակարգը բաւարար են այս բոլոր նիստերն ու կայանալիք (արդէն կայացւած) վճիռները անհիմն եւ ապօրինի համարելու համար:

Հասարակական եւ տեղեկատւական հարթութիւններու վրայ հայկական կողմը պիտի աշխատի ներկայ փուլին այս բոլորին ապօրինութիւնը ընդգծելու եւ Ադրբեջանի հետապնդած նպատակները բացայայտելու ուղղութեամբ:

Ընտանեկան բռնապետութիւն, մարդու իրաւունքներու ոտնակոխում, բազմակարծութեան արգելք, ցոյցերու ճնշում, հակակենսոլորտային գործողութիւններ, քաղաքական բանտարկեալներ, փակ դատավարութիւններ եւ յօրինւած ամբաստանութիւններ ու կեղծւած ցուցմունքներ` ահա Ադրբեջանի իսկական դէմքը, որ հերթական անգամ կը պարզւի այս դատավարութեան ընթացքին:

Ադրբեջանէն դուրս ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն ուրեմն այս բեմագրութիւններն ու անոնց հետեւելիք որոշումները:

Այս փուլին բոլորիս պարտականութիւնն է արտաքին-ներքին մակարդակներու վրայ տարածել այս ճշմարտութիւնը: Ռազմական յանցագործութիւններու, ցեղասպանական արարքներու ստւար թղթածրարը համալրել ապօրինաբար պահւող հայ քաղաքական բանտարկեալներու եւ ռազմագերիներու փակ դատավարութիւններու ընթացքին կատարւած կեղծ ամբաստանութիւններով:

Ուրեմն, բացայայտե՛լ ահաբեկչական պետութեան կողմէ բեմադրւող դատավարութեան բուն նպատակները:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button