ԳաղափարականԴաշնակցական Բեմ

Սարգիս Զէյթլեան հայրենապաշտ էր եւ կ՚ուզէր ազգային մտածողութիւն ներարկել հայկական իրականութեան մէջ

«Հորիզոն»-ի Հարցազրոյցը «Ամենաղեկավարը` Սարգիս Զէյթլեան» գիրքի հեղինակ Կարօ Յովհաննէսեանի հետ

Այս տարի կը նշւի Հայկական արեւելումի գաղափարախօս, դաշնակցական սերունդներու դաստիարակ, աննկուն առաջնորդ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ նահատակութեան 40-ամեակը։ Այս առթիւ «Հորիզոն»-ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան հարցազրոյց մը ունեցաւ «Ամենաղեկավարը` Սարգիս Զէյթլեան» գիրքի հեղինակ, ազգային գործիչ եւ կրթական մշակ Կարօ Յովհաննէսեանի հետ: Ստորեւ այդ հարցազրոյցը.

Հ.- Ձեր հրատարակած «Ամենաղեկավարը` Սարգիս Զէյթլեան» գիրքին կողքին վրայ կը նշւի Ա հատոր եւ այս հատորին մէջ պարփակւած են Ս. Զէյթլեանի կեանքը, ուսուցչական եւ տնօրէնութեան ժամանակահատւածը եւ «Յուսաբեր»-ի ու «Ազդակ շաբաթօրեակ»-ի մէջ լոյս տեսած իր հրապարակագրական էջերը։ Վստահաբար աշխատանք կը տանիք Բ հատորին վրայ. ի՞նչ են Բ հատորի ենթաբաժանումները։

Կ. Յ.- Նախ յայտնեմ, որ այս գործին գաղափարը 2015-ին ծնունդ առած է մէջս, բայց որովհետեւ ուսուցչական ասպարէզի մէջ էի, բանասիրական աշխատանքը չէի կրնար անհրաժեշտ չափով կատարել: Մինչեւ 2020 թւական խմբագրական աշխատանքի առումով գրեթէ բան չեմ ըրած, այլ իր հետ իմ ունեցած յուշերս գրի առած եմ եւ կարգ մը տեղեկութիւններ հաւաքած:

Նշեմ, որ իր յօդուածները գտնելը բաւական դժւար եղաւ, որովհետեւ խմբագրականները ստորագրւած չեն, ինչպէս բոլոր մեր միւս թերթերու խմբագրականները, բայց ես ցանկ մը պատրաստած էի, ապա իր կողակիցին՝ Սոնա Զէյթլեանի ունեցած ցանկին հետ բաղդատելով գործի լծւեցայ:

Պէտք է ըսել, որ իր յօդւածները շատ շատ են, մանաւանդ որ Զէյթլեան այնպիսի շրջանի մը խմբագիր եղած էր, որ կը զուգադիպէր 1961-ի թեմական ընտրութիւններուն տեղի ունեցած սուր ընտրապայքարին, եւ այն ատեն ո՛չ Նաւասարդեանը ողջ էր, ո՛չ Գաբրիէլ Լազեանը եւ ո՛չ ալ Բենիամին Թաշեանը գործի վրայ էր: Հետեւաբար Սարգիս Զէյթլեանն էր, որ դէմ պիտի դնէր հակադաշնակցական բոլոր գրութիւններուն:

Բուն աշխատանքս սկսած է 2020-էն ետք, տեղեկութիւնները հաւաքելէ ետք, որովհետեւ որեւէ ուսումնասիրութեան պարագային տեղեկութիւնները հաւաքելը գործին մեծ մասը կը կազմէ: Չորս անգամ Շիքակօ աղջկաս մօտ գալով եւ առանձնանալով ու նւիրւելով այս աշխատանքին, անցեալ տարի՝ 2024 թւականին, աւարտեցի գործը:

Սկիզբը իմ նպատակս էր մէկ հատորի մէջ իր ամբողջ գործունէութիւնը եւ իր տաղանդին բոլոր կողմերը ներկայացնել: Բայց գործը այնպիսի ընթացք առաւ, որ երբ խմբագրականներն ու հրապարակագրական էջերը թէ՛ «Յուսաբեր»-ի, եւ թէ՛ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած, զանազան գլուխներու մէջ ժողվեցի, անդրադարձայ, որ կարելի չէ մէկ հատորով այս բոլորը ներկայացնել:

1955-էն սկսեալ իր գործերը 816 էջի հասաւ, իսկ եթէ կիսէի, համաչափ պիտի չըլլար աշխատանքը. այսինքն կար կեանքը, տնօրէն-ուսուցիչը, որոնք այդ 816 էջին 200-225 էջը կը կազմէին, մնացեալ մօտ 600 էջը պիտի ըլլար զուտ հրապարակագրական իր գործերը երկու թերթերուն պարագային, հետեւաբար առաջին հատորը ընդգրկեց 1955-1966-ի ժամանակաշրջանը, ապա 1966-էն ետք իր գործունէութիւնը պիտի հրատարակւին յաջորդ հատորներուն մէջ:

Պատկերացումս այն է, որ 1967-1972-ի իր գործունէութիւնը, որպէս Կենտրոնական կոմիտէի անդամ, եթէ կրցայ ամփոփ կերպով տալ (թէեւ պիտի չուզէի ամփոփել որեւէ ձեւով), որովհետեւ այդ տարիներուն բազմաբեղուն գործունէութիւն ունեցած է, եւ ինչպէս բանախօսութեանս մէջ ըսի, Դաշնակցութեան գործունէութիւնը Լիբանանի մէջ իր ոսկեդարը ապրած է 1969-1972 թւականներուն, անկէ ետք՝ 1973-էն մինչեւ 1985 թւականներու Բիւրոյի իր գործունէութիւնը պիտի ամփոփեմ երրորդ հատորին մէջ:

Հատորի նախաբանին մէջ նշած եմ, որ եթէ ոմանք Զէյթլեանի մասին որեւէ արխիւային նիւթեր կամ լուսանկարներ ունին, կապւին հետս, որովհետեւ ես լուրջ դժւարութիւն ունեցայ թէ՛ արխիւներէ, եւ թէ՛ զանազան բարեկամներէ հարկ եղած տեղեկութիւնները հաւաքելու: Օրինակ Ժառանգաւորացի իր դասընկերներն էին իր կենսագիրները՝ պարոն Մովսէս Այնթէպեանն ու Տէր Արսէն Քհն. Քէշիշեանը: Պօղոս Սնապեան աւելի բարձր դասարան եղած է եւ աւելի կանուխ շրջանաւարտ եղած: Ասոնք ինծի տւին իրապէս հարստացնող տեղեկութիւններ եւ լուսանկարներ, զորս օգտագործեցի գիրքին մէջ:

Գահիրէի մէջ իր գործունէութեան պարագային ջանացած եմ գտնել իր աշակերտները եւ անոնցմէ տեղեկութիւններ քաղել անոր դասաւանդութեան ձեւին եւ թողած տպաւորութիւններուն մասին, նոյնը նաեւ Այնճարի պարագային: Աղէկ որ հաւաքած եմ, որովհետեւ անոնցմէ ոմանք մահացան:

Ես նոյնիսկ իր դասընկերուհիները գտած եմ, օրինակ տիկին Գարմէն Տէր Կարապեստեանը որ Լոս Անճելէս է, Ֆիմի Աղասարգիսեանը, որ նոյնպէս մահացաւ, Մարի Պագգալեան Արեւեանը, որ առաջին շրջանաւարտներէն եղած է, առաւել Վարուժան Մանճեանը, որ այժմ Աւստրալիա է:

Այս բոլորէն վկայութիւններ հաւաքագրած եմ, որպէսզի տեղեկութիւններ ունենամ իր դասաւանդման եղանակին եւ անոր բերած նորութիւններուն մասին: Այն ուսուցիչները, որոնք իր հետ գործած են, կը վկայեն, որ իր դպրոցավարութիւնը եղած է շատ ժողովրդավար. բոլոր որոշումները ուսուցչական ժողովներուն ընթացքին առնւած են. ան ունեցած է իր տեսակէտը, սակայն միշտ ուսուցիչներուն տեսակէտները լսելէ ետք առած է որոշումները:

1963-1965 թւականներուն, երբ Այնճարի տնօրէնը եղած է, անոր կողքին եղած է նաեւ ՀՅԴ-ի «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի հերթապահը, եւ իբրեւ հերթապահ իր մասին վկայութիւնները հրաշալի են: Ան երկաթի պէս ղեկավարած է Այնճարը, դէմ եղած է բոլոր անարդարութիւններուն, կաշառքին, գողութիւններուն եւ հաստատած է արդարութեամբ հաւասարակշւած դրութիւն:

Հ.- Այս տարի 50-ամեակն է Լիբանանի եղբայրասպան քաղաքացիական պատերազմին։ Սփիւռքի սրտերակը հանդիսացող լիբանանահայութեան համար այդ արիւնալի պատերազմը եղաւ անկիւնադարձային փորձաքար մը։ Լիբանանի հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու առաքելութիւնը ստանձնած էր Դաշնակցութիւնը։ Յետադարձ ակնարկով մը, ի՞նչ ուսանելի դասեր քաղեց սփիւռքահայութիւնը այդ փորձառութենէն։

Կ. Յ.- 1958-ի դէպքերը ներքին հայկական հարցեր չէին, որքան արտաքին, որովհետեւ պաղ պատերազմի ատեն աշխարհը բեւեռացած էր երկու ծայրամասերու. կար արեւմտեան թեւը, որ կը ղեկավարւէր ԱՄՆ-ի կողմէ, եւ արեւելեան թեւը, որ կը ղեկավարւէր Խորհրդային միութեան կողմէ: Շատեր կը կարծեն, թէ 1933 թւականէն ասդին եկեղեցական տագնապ ունեցած ենք մենք, բայց ես ճիշտ չեմ տեսներ ատիկա, որովհետեւ Զէյթլեան կը բացատրէ, որ եկեղեցական տագնապը 1920-էն ետք ստեղծւած է, եւ իբրեւ նոր տարր՝ համայնավար վարչակարգը պատճառ եղած է մեր եկեղեցական պառակտումին:

Նախ հիմնաւորում մը պէտք է ընել. Էջմիածնայ Կաթողիկոսութիւնը սելճուք, թուրք, թաթար արշաւանքներուն ատեն տեղափոխւեցաւ հոն, ուր որ թագաւորութիւն կար, այսինքն Ռուբինեան շրջան: 1375-ին Ռուբինեան թագաւորութեան տապալումէն ետք մինչեւ 1441 հոն գործեց իբրեւ Սիսի կաթողիկոսութիւն: Անկէ ետք կարգ մը կղերականներ Էջմիածին վերադարձան, բայց Սիսի կաթողիկոսութիւնը մնաց այնտեղ մինչեւ 1915:

1441-1920 թւականներուն որեւէ հարց չկար մեր եկեղեցւոյ մէջ: 1920-էն ետք, Զէյթլեան կըսէ, որ տւեալ մը աւելցաւ, որն էր համայնավարութիւնը: Յստակ է անշուշտ, որ համայնավարութիւնը չէր ընդուներ կրօնքի գոյութիւն, որովհետեւ Գարլ Մարքսի տեսութիւնը այն էր, որ կրօնքը ժողովուրդի թմրեցուցիչ է, եւ Հայաստանի մեր եկեղեցիները վերածւեցան մթերանոցներու կամ գիշերային զբօսավայրերու: Անով հանդերձ Էջմիածինը պահւեցաւ՝ սփիւռքը ամբողջութեամբ անոր ենթարկելու հեռանկարով, եւ որով համայնավարութիւնը կարենայ տիրութիւն ընել ամբողջ սփիւռքին:

1958-ի այս խնդիրները մեծ դաս եղան մեզի համար, որովհետեւ մենք տուրք տւինք օտարներուն՝ թէ՛ լիբանանեան կառավարութեան, թէ՛ արտաքին գործակալութիւններուն: Ապա, երբ 1975-ին քաղաքացիական կռիւները սկսան, Զէյթլեանի աշխատանքը եղաւ, այլ պատասխանատուներու հետ անշուշտ, ստեղծել միասնական ճակատ, եւ բոլոր կուսակցութիւնները՝ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, քով-քովի գալով որդեգրեցին դրական չէզոքութիւն:

Յայտնեմ, որ այդպիսով մենք 1975-ին ծուղակի մէջ չինկանք, որքան ալ լիբանանեան զանազան կողմեր աշխատեցան որ մեր դրական չէզոքութիւնը քանդւի: Բնականաբար մենք վնասներ ունեցանք, բայց գոնէ հայը հայուն դէմ որեւէ ձեւով չլարւեցաւ: Ասիկա ինծի համար մեծագոյն բարիքն էր, որուն պարագային պէտք է ըսել նաեւ որ 1965-ը՝ ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակը, առաւել 1963-ը՝ երկու վեհափառներուն հանդիպումը Եթովպիոյ մէջ, բարենպաստ պայմաններ ստեղծեցին:

Հ.- Տարիներով եղած էք կրթական մշակ եւ տնօրէն։ Ձեր տեսակէտով, Լիբանանի եւ ինչու ոչ սփիւռքհայ նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան թափ տալու համար ի՞նչ միջոցներ անհրաժեշտ կը նկատէք։

Կ. Յ.- Այս առնչութեամբ ըսեմ, որ 1975-էն առաջ լիբանանեան մեր իրականութեան մէջ գոյութիւն ունէին կարգ մը հայագիտական հիմնարկներ, որոնց շնորհիւ Լիբանանը իրապէս եղած էր մարդուժ պատրաստելու կեդրոն: Կար Ֆրանսական համալսարանը, որուն Արեւելագիտութեան բաժանմունքին մէջ ունէր Հայագիտական դասընթացք, Բարեգործականը ունէր իր Երւանդ Հիւսիսեան Հայագիտական հիմնարկը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած եմ AUB-ի կողքին, եւ Համազգայինի Հայագիտականը, առաւել Համազգայինի Ճեմարանի վերջին 2 տարիները, լսարանական դասարաններու պարագային, ունէին հայագիտական դասընթացք, որմէ շրջանաւարտ էր նաեւ ընկեր Սարգիս Զէյթլեանը: Գոյութիւն ունէր նաեւ Հայկազեան Քոլէժը (այժմ համալսարան), որ բացառիկ ուսուցիչներով եւ դասախօսներով օժտւած էր, ինչպէս՝ Վահէ Օշական, Գրիգոր Շահինեան եւ այլք: Այս առումով բազմաթիւ գրագէտներ, խմբագիրներ, գործիչներ եւ կրթական մշակներ պատրաստւեցան այդ ժամանակաշրջանին:

1975-էն ասդին շատ հաստատութիւններ փակւեցան, մնացին միայն «Հայկազեան»-ի եւ «Համազգային»-ի հայագիտականները, որոնք որոշ կասեցումներով շարունակւեցան: Կարելի է ըսել, որ միայն «Համազգային»-ի հայագիտականէն պատրաստւեցան 160 ուսանող-ուսանողուհիներ, որոնք սփիւռքի զանազան շրջաններ երթալով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայկական դպրոցներուն սնունդ տւին:

2004-ին, ցաւ ի սիրտ, դադրեցաւ «Համազգային»-ի հայագիտականը: Հակառակ անոր որ ես միշտ կըսեմ, թէ նոյնիսկ եթէ 1 ուսանող ունենայինք, պէտք էր պահւէր Համազգայինի հիմնարկը, որովհետեւ իւրաքանչիւր տարին մէկ ուսանող ունենալով, 10 տարւան ընթացքին 10 հոգի պատրաստած կըլլայինք:

Կեանքի զանազան երեւոյթները, առաւել ուսուցչական ասպարէզի անհրապոյր ըլլալը, նկատի առած որ շատ քիչ ամսաթոշակ կը ստանան, առաւել նաեւ որ հայագիտական ուսուցիչները ժամանակին BA-ի մակարդակով կը վարձատրւէին, բիւջէական խախտումներու պատճառով սկսան նւազ վարձատրւիլ, այս բոլորը պատճառ դարձան, որ հայերէնագիտական դասերը անկում կրեն: Բայց միայն ասիկա չէ հարցը, յայտնեմ նաեւ որ մեր դպրոցական պատասխանատուներն ու տնօրէնները պէտք է ազգային գաղափարախօսութիւն ունենան, եւ ոչ թէ իրենց միակ մտահոգութիւնը ըլլայ պետական քննութիւններուն առաւելագոյն յաջողութիւն ապահովել:

Իմ տեսակէտովս իւրաքանչիւր գաղութ իր մարդուժի պատրաստութեան բաժինը պէտք է ունենայ, որպէսզի հայ ուսուցիչին, հայ հրապարակագիրին, հայ մշակութային գործիչին աթոռը թափուր չմնայ:

Հ.-Սարգիս Զէյթլեան մեր արդի պատմութեան ազգային քաղաքականութեան հայկական արեւելումի ռահվիրան էր։ Այսօր, ի՞նչ նժարի վրայ կը գտնւի հայկական արեւելումը։

Կ. Յ.- Այս հարցը կարելի է բաժնել երկու մասի: Առաջինը՝ Հայաստանի պարագան է, եւ երկրորդը՝ սփիւռքի պարագան:

Հայաստանի մէջ պետական կառոյցը հայկական առեւելումի հետ կապ չունի, որովհետեւ այնքան ատեն որ Ցեղասպանութիւնը կուրանայ, այնքան ատեն որ հայ քաղաքացի չի պատրաստւիր այլ՝ պարզապէս քաղաքացի կը պատրաստւի, այնքան ատեն որ Արցախը հայկական հող չեն նկատեր, այլ՝ ադրբեջանական, այնքան ատեն որ Զանգեզուրի անցքը կուզեն յանձնել, նաեւ ներքին կեանքին առնչութեամբ կուզեն Հայոց պատմութիւնը ամբողջութեամբ խեղաթիւրել կամ սահմանափակել միայն Հայաստանի Հանրապետութեամբ, այս կը նշանակէ, որ հայկական արեւելումի հետ կապ չունին, ազգային գաղափարախօսութեան հետ կապ չունին:

Այս առումով Սարգիս Զէյթլեանը չափազանց այժմէական կը դառնայ: Հիմա միակ կուսակցութիւնը, որ ազգային գաղափարախօսութիւն կը քարոզէ եւ կ’ուզէ, որ իշխանափոխութիւն տեղի ունենայ՝ Դաշնակցութիւնն է. ոչ թէ որ անպայման Դաշնակցութիւնը ինքը իշխանութիւն ստանձնէ, այլ որպէսզի ունենանք իշխանութիւն մը, որ ազգային գաղափարախօսութիւն ունենայ: Ասիկա կը թւի թէ բաւական դժւար գործ է, որովհետեւ Նիկոլ Փաշինեան կրցած է թուրքերուն եւ ադրբեջանցիներուն օժանդակութեամբ իր քաղաքականութիւնը, կամ աւելի ճիշտ՝ թուրքերուն քաղաքականութիւնը առաջ մղել:

Սփիւռքի պարագային՝ մենք շատ աշխատանք ունինք ազգային գաղափարախօսութիւնը զարգացնելու իմաստով: Հայկական արեւելումը մեծ նշանակութիւն ունի մեզի համար, մեր գործունէութեան բոլոր ասպարէզներէն ներս. դպրոցի պարագային, հրապարակագրութեան կամ մշակոյթի պահպանման պարագային՝ անհրաժեշտ է որ ազգային գործօնը միշտ առկայ ըլլայ:

Սարգիս Զէյթլեան այս հարցին մէջ նոյնիսկ ծայրայեղ էր, հայրենամոլ, հայրենապաշտ ու ազգայնամոլ ըլլալու չափ: Ան կուզէր ազգային մտածողութիւն ներարկել հայկական իրականութեան մէջ.

Կրկին կը շեշտեմ, հայկական արեւելումը սփիւռքի պարագային մեծ նշանակութիւն ունի, եւ իւրաքանչիւր գաղութ այս գաղափարախօսութիւնը պէտք է ունենայ իր աշխատանքի իւրաքանչիւր ծիրէ ներս: Կարեւոր չէ կուսակցութեան պարագան, այլ բոլո՛ր կուսակցութիւնները պէտք է արեւելումի՛ հասկացողութիւնը իբր քաղաքականութիւն եւ գործելակերպ որդեգրեն իրենց բոլոր աշխատանքներուն մէջ:

Related Articles

Back to top button