Սփիւռք

Համաերիտասարդական հսկում՝ Պիքֆայայի Ս. Աստւածածին վանքի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ

Կազմակերպութեամբ ՍԴՀԿ ՏՈԵՄ-ի, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի, ՀՅԴ ԶՈՄ-ի, ՌԱԿ «Փ. Փորթուգալեան» ակումբի, ՀԵՀՈՄ-ի, ՀԿՀՄ-ի, ՀԿԵՄ-ի եւ Քրիստոնէական Ջանից միութեան, հինգշաբթի, 24 ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին Պիքֆայայի Ս. Աստւածածին վանքի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ համաերիտասարդական հսկում:

Լիբանանահայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքները ներկայացնող կղերականներու կողմէ կատարւեցաւ բարեխօսական կարգ, որմէ ետք իւրաքանչիւր միութեան անունով զետեղւեցան ծաղկեպսակներ:

Ապա կազմակերպիչ միութիւններուն անունով միացեալ խօսքը արտասանեց ՀԵՀՈՄ-ի ատենապետ Կալի Աւագեան, որ անդրադարձաւ համաթուրանական ծրագիրին, որուն իրականացման ուղին կը պահանջէր հայ ազգի Ցեղասպանութիւնը՝ լուսարձակի տակ առնելով Ցեղասպանութեան ընթացքը, հայութեան կոտորածը, հայկական պապենական հողերէն հայ անւան ու հայկական շունչի անհետացումը:

«Այո՛, հողային իմաստով թուրքին երազը իրականացաւ 1915-ին, եւ ներկայիս հայկական ճակատին վրայ ան իր նպատակը կիրականացնէ իր եղբօր՝ ազերիին միջոցով: Ազերին այսօր ընկերային ցանցերու վրայ քարոզչական հսկայ աշխատանքներ տանելով եւ երկրին պաշտօնական էջերուն վրայ համաշխարհային ատեաններուն ընդառաջ տեղադրելով, այսպէս կոչւած, պատմական կեղծ տւեալներով կը շարունակէ օսմանցի թուրքին սկսած աշխատանքը՝ համաթուրանական ծրագիրին իրականացման համար: Նաւթային մուտքերով սնանած ազերիական իշխանութիւնը միջազգային ընտանիքէն որոշ հատւածներ գնելով ու վաճառելով կը շարունակէ իր հրէշային գործը:

«Այսօր Թալէաթին փոխարինած է Էրդողանը, Պեհպութ Խան Ջիւանշիրին՝ Ալիեւը, իսկ Օսմանեան կայսրութեան՝ Թուրքիան եւ Ադրբեջանը», ըսաւ ան:

Աւագեան դիտել տւաւ, որ, հակառակ այս բոլորին, 110 տարիներ ետք իսկ չէ իրականացած անոնց գլխաւոր նպատակը, որովհետեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հայորդիներ կը հաւաքւին եւ կոգեկոչեն Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը:

«Արցախի հայաթափումը ինքնին փաստ է, որ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակւի: Այս իմաստով ապրիլը այլեւս բաւարար չէ: Իրավիճակը կը սպասէ յեղաշրջման: Երիտասարդութիւնը, իր կարգին, կը փորձէ ըլլալ այդ յեղաշրջումը կատարողը: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը պէտք է մնայ, այնքան ատեն որ Թուրքիան չէ ճանչցած իր ոճիրը՝ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Ոգեկոչումի այս հաւաքներով հայ երիտասարդները, որոնք սերած են Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներէն, վառ կը պահեն մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը: Անոնք նաեւ կը պահանջեն Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ արդար հատուցում:

«Իբրեւ սփիւռքահայ երիտասարդներ՝ մենք ունինք շատ կարեւոր պարտականութիւն մը: Անիկա միասնականութիւն ապահովելն է: Եթէ չկայ միասնականութիւն, չկայ Հայ Դատ, չկայ իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ չկայ ազգի արժանապատւութիւն:

«Առանց հայութեան միասնական ուժին՝ թուրքը շատ դիւրութեամբ իր նորօրեայ զէնքերով՝ անոնք ըլլան երկաթ կամ թուղթ-ընկերային ցանցեր, կը հասնի Երիտասարդ թուրքերու կողմէ մշակւած նպատակի իրագործման: Կոչնչանան Հայաստան երկիրը եւ ապա հայ անունը: Իսկ սպիտակ ցեղասպանութիւնն ալ մնացած հայութիւնը կը ձուլէ, եւ հայ անունը կը մնայ լոկ բառ մը: Մենք կը մերժենք այս ճակատագիրը, վստահ ենք, որ հայ ժողովուրդը պիտի չհամակերպի այս վիճակին հետ, եւ պայքարը պիտի շարունակւի», եզրափակեց Կալի Աւագեան:

Միացեալ խօսքէն ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անդամ Սարին Նալբանդեան ասմունքեց Արմէն Աւետիսեանի «Ժամն է հատուցման» եւ «Արեան կանչով» երկու կտորներու համադրւած բանաստեղծութիւնը: ՌԱԿ «Մ. Փորթուգալեան» ակումբի «ԹՄՄ» պարախումբէն Մելիսա Արմաղանեան «Երգ Կիլիկիա» երգով ունեցաւ ելոյթ մը: Քրիստոնէական Ջանից միութեան անդամ Նայիրի Պարսումեան, ընկերակցութեամբ միութեան նւագախումբին, ելոյթ ունեցաւ երգով մը: ՀՅԴ ԶՈՄ-ի անդամ Սէրլի Նեմշէհիրլեան դուդուկով ներկայացուց «Տուն իմ հայրենի» երգին երաժշտութիւնը:

Հսկումը փակւեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Related Articles

Back to top button