Սփիւռք

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի յղած ցաւակցագիրը Առաքելեան ընտանիքին

Անթիլիաս, 10 հոկտեմբեր 2026

 

Ազնւափայլ

Տիկին Օժիկ Առաքելեան

Թեհրան

 

Սիրելի՛ Տիկին Առաքելեան,

Խոր ցաւով իմացանք Ձեր սիրելի ամուսնոյն Վարուժան Առաքելեանի մահւան գոյժը: Այս տխուր առիթով Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ձեզի, եւ Ձեր զաւակներուն:

Մօտէն ճանչցած ենք Վարուժան Առաքելեանը, եւ յաճախակի հանդիպումներ ունեցած իր հետ, Թեհրանի թեմին տւած Հովւապետական մեր այցելութիւններու ընթացքին: Արդարեւ, իր ողջ կեանքի ընթացքին ան յատուկ սէր եւ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերած է միշտ մեր սուրբ եկեղեցւոյ ու ազգին նկատմամբ: Որպէս ճարտարապետ ան անգնահատելի աշխատանք է կատարած յուշարձաններու ու հնամենի վանքերու պահպանման ծիրէն ներս, ոչ միայն իր կատարած աշխատանքով այլ նաեւ նիւթական ներդրումով: Յատուկ գնահատանքի արժանի է Ծոր-Ծորի Ս. Աստւածածին եկեղեցւոյ վերանորոգման մէջ իր կատարած կարեւոր աշխատանքը: Գոհունակութեամբ կը յիշենք նաեւ որ Մենք անձնապէս կատարեցինք յիշեալ եկեղեցւոյ վերաօծումը:

Վարուժան Առաքելեան եղած է սիրւած ու յարգւած անձնաւորութիւն ինչպէս մեր երջանկայիշատակ նախորդներուն, նոյնպէս եւ Մեր կողմէ: Որպէս գործնական արտայայտութիւն իր վաստակին նկատմամբ Մեր ունեցած գնահատանքին, իրեն շնորհած ենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ասպետի կարգի շքանշան:

Վերջին հրաժեշտի այս ամենատխուր հանգրւանին, միակ սփոփանքն ու մխիթարանքը քրիստոնէական հաւատքին մեզի տւած յարութեան յոյսն է: Այդ յոյսով գօտեպնդւած, կը հայցենք Ամենաբարին Աստուծմէ, որ Վարուժան Առաքելեանի հոգին ընդունի երկնային երանական խաղաղութեան մէջ: Կաղօթենք, որ Ամենաբարին Աստւած Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ մխիթարէ Ձեզ եւ Առաքելեան ընտանիքի համայն անդամները: Թող Աստւած Ձեզի եւ Ձեր հարազատներուն պարգեւէ երկար ու քաջառողջ տարիներ:

Հայրական սիրոյ ջերմ ողջունիւ:

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Related Articles

Back to top button