Սփիւռք

Արցախի հարցից մինչեւ միջեկեղեցական համագործակցութիւն

Արամ Ա Վեհափառը մամուլի ասուլիս է տւել Վատիկանում

«Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան աւարտին, չորեքշաբթի, մայիսի 20-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Սրբազնագոյն Հայրապետը մամլոյ ասուլիս մը ունեցաւ Վատիկանի տեղեկատւականի կենտրոնին մէջ: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Հռոմի լրատւական զանազան ցանցերու ներկայացուցիչները: Ռադիօ Վատիկանի ներկայացուցիչը ասուլիսին բացումը կատարելով՝ նախ ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետը իբրեւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց միջազգային դէմք, ապա շեշտեց անոր Վատիկան այցելութեան իւրայատուկ կարեւորութիւնը, մանաւանդ անոր ունեցած քննարկումները Լեւոն ԺԴ Պապին եւ պատասխանատու քարդինալներուն հետ:

Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով իր այցելութեան պատմական կարեւորութեան եւ Պապին ու ընդհանրապէս Վատիկանի պատասխանատուներուն ցուցաբերած ջերմ հիւրընկալութեան՝ նախ ներկայացուց ցանկը այն նիւթերուն, որոնք քննարկւած էին հանդիպումներու ընթացքին: Ապա, ան մատնանշեց այն բնագաւառները, ուր կենտրոնացած էին քննարկումները` Լիբանան, Միջին Արեւելք, Արցախ, միջեկեղեցական շարժում եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն-Վատիկան գործակցութիւն: Յիշեալ իւրաքանչիւր բնագաւառին մասին Նորին Սուրբ Օծութիւնը անհրաժեշտ բացատրութիւններ տւաւ:

Իր խօսքէն ետք, Արամ Ա Կաթողիկոս պատասխանեց լրագրողներու կողմէ իրեն ուղղւած հարցումներուն: Աւարտին, ան առանձին հարցազրոյց ունեցաւ Ռադիօ Վատիկանի եւ այլ տեղեկատւական ցանցերու ներկայացուցիչներուն հետ»:

Related Articles

Back to top button