ՀՅԴ Մամուլ

Ակնարկ. Խառնածին գրոհ՝ ներքին կարգով

Արդի քաղաքագիտութիւնը խառնածին (հիպրիտային) գրոհ բնութագրումով կը բնորոշէ բազմաշերտ յարձակումները, ուր միաժամանակ կօգտագործւին տարբեր միջոցներ եւ տարբեր եղանակներ, ռազմականին առընթեր:

Խառնածին յարձակումները կրնան ներառել ռազմական գործողութիւններ, համացանցային յարձակումներ, ապատեղեկատւութիւն, տնտեսական ճնշում, քաղաքական ազդեցութիւն, ընկերային անկայունութեան հրահրում, յատուկ ծառայութիւններու գաղտնի գործողութիւններ:

Այս ձեւակերպումը ընդհանրապէս կօգտագործւի այլ պետութեան մը կողմէ իրականացւած գործողութիւններուն համար: Սակայն, գործողութիւններու բնութագրումը կարելի է ընկալել նաեւ ներքին կարգով՝ այս պարագային գործող իշխանութիւններուն կողմէ ուղղւած ընդդիմադիր ուժերուն դէմ: Յատկապէս նախընտրական ժամանակաշրջանին:

Յայտնաբար գործող իշխանութիւնները իրենց խաղաթղթային շտեմարանին մէջ պահած են նախագիծ մը այնպիսի գործողութիւններու, որոնք կրնան ազդել հասարակութեան եւ անոր ընտրական կողմնորոշումներուն վրայ:

Հռետորաբանական սպառնալիքները, օգտագործւող անպատշաճ բառապաշարը, քննադատութեամբ հանդէս եկողները բերման ենթարկելն ու կալանաւորելը եւ բոլոր կարմիր գիծերը անցած հրապարակային ածականները, հայհոյանքն ու վախի մթնոլորտի ստեղծումը ծրագրաւորւած են եւ ունին յստակ նպատակ: Բազմացնել քւէարկութեան չմասնակցելու որոշում կայացուցածներու զանգւածը: Իսկ չմասնակցողներու քանակի բազմապատկումը, քւէներու փոշիացման երեւոյթը տարածելով նպաստած կըլլայ տւեալ ուժին, որ առաջադրած է ապահովել մասնակցութեան նւազագոյն համեմատութիւն:

Եկեղեցւոյ, ընդդիմադիր գործիչներու նկատմամբ վարկաբեկման հոլովակներ, արհեստական բանականութեամբ յօրինւած պատումներ, վիրաւորական ծաղրանկարներ եւ նման արտադրութիւններ կը վխտան ընկերային ցանցերու ամէն տիպի հարթակներուն վրայ՝ հասարակութիւնը ապակողմնորոշելու առումով:

Շարունակենք խառնածին գրոհի այլ բաղադրիչներու նշումը: Համապատասխան ծառայութիւնները յանկարծ, ընտրութիւններէն քանի մը շաբաթ առաջ կը գաղտնազերծեն «տւեալներ», պետական դաւաճանութեան ամէնէն ծանր մեղադրանքներով ամբաստանելու համար ընդդիմադիր ուժերէն մէկուն ընտրացուցակին առաջին տեղերը գրաւած գործիչ մը: Մինչ, կը խոստանան խլել եւ պետականացնել աշխատաշուկայի կարեւորագոյն գործարաններ, որոնց սեփականատէրը ընդդիմադիր դաշտին մաս կազմող եւ ըստ հարցախոյզերուն նկատառելի ուժ ներկայացնող կուսակցութեան նախագահն է:

Կառավարական այս գրաւումները, խստացւող՝ ընտրութիւններու նախաշեմին, խառնածին գրոհին ներառւած կէտեր են՝ ընկերային անկայունութիւն յառաջացնելու տեսակէտէն: Իսկ եթէ թիրախաւորւած գործարանը, հարկերու հետ կապւած լուրջ խնդիրներ ունէր, ապա մինչեւ ընտրութիւններ պիտի բացայայտւէին այդ բոլորը եւ ենթարկւէին համապատասխան իրաւական դասաւորումներուն:

Ընդդիմադիր այլ ուժի առաջնորդին նկատմամբ գործող վարչապետը, որ սկզբունքով համահաւասար թեկնածուի կարգավիճակ պիտի ունենար, կը խոստանայ երկարաժամկէտ բանտարկութեան ենթարկել գլխաւոր մրցակիցը: Այդպէս. վճռօրէն, ստանձնելով իրաւապահ մարմիններու եւ արդարադատութեան պատասխանատու հիմնարկներու դերը: Քաղաքական ճնշում, ըստ խառնածին գրոհի սահմանումին:

Այս բոլոր կանոնազանցումներուն, հակասահմանադրական յայտարարութիւններուն, սպառնալիքներուն եւ վախի մթնոլորտի ձեւաւորումով մասնակիցներուն քանակը նւազեցնելու խառնածին գրոհին, ո՛չ իրաւապահ մարմինները, ո՛չ սահմանադրական դատարանը եւ ո՛չ ալ միջազգային համապատասխան կառոյցները գնահատական տալ չեն ուզեր:

Բացակայող գնահատականները կրնան խստագոյն գնահատականի եւ վերաբերումի Վերածւիլ 7 յունիսին, եթէ ժողովուրդը գիտակցութիւնը ունենայ եւ կամք դրսեւորէ իր դէմ կիրարկւող խառնածին գրոհը կասեցնելու:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button