Սփիւռք

Արամ Ա-ն վերահաստատել է աջակցութիւնը Երուսաղէմի եկեղեցիներին

Արամ Ա Վեեհափառը ընդունել է Երուսաղէմի Ղպտի առաջնորդին

«Երեքշաբթի, յունիսի 16-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին է այցելել Երուսաղէմի ղպտի առաջնորդ Անթոնիոս արքեպիսկոպոսը՝ ընկերակցութեամբ ղպտի համայնքի հոգեւորականներու։

Արքեպիսկոպոսը Վեհափառ Հայրապետին է փոխանցել Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Թաուատրոս Բ. Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները։ Ապա, ան Նորին Սրբութիւնը տեղեակ է պահել Երուսաղէմի եկեղեցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ ներկայ մտահոգութիւններուն մասին։

Հայրապետը ողջունելով արքեպիսկոպոսին այցելութիւնը՝ շեշտել է Հայ եկեղեցւոյ եւ Ղպտի եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող մտերիմ յարաբերութիւնը՝ իբրեւ դաւանակից եկեղեցիներ։ Ան իր ամբողջական զօրակցութիւնն է յայտնել Երուսաղէմի եկեղեցիներուն, միաժամանակ իր գնահատանքը արտայայտելով Հայ Պատրիարքութեան եւ Ղպտի եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութեան համար։

Յայտնենք, որ հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան պատասխանատու Տ. Սարգիս վրդ. Աբրահամեան»:

Related Articles

Back to top button