Ոչ եւս է հայ մամուլի նւիրեալ Սարգիս Մահսէրէճեանը

Լոս Անջելեսի մէջ կեանքին հրաժեշտ տւաւ հայ մամուլին եւ յատկապէս «Ազդակ» օրաթերթին հետ իր անունը նոյնացուցած Սարգիս Մահսէրէճեան: Մահսէրէճեան ամբողջական իմաստով նւիրւած էր «Ազդակ»-ին` վարելով պատասխանատու խմբագիրի, խմբագրապետի եւ տնօրէնի պաշտօններ:
Տասնամեակներ շարունակ ան ձեռնհասօրէն վարեց «Ազդակ»-ի խմբագրական պատասխանատու պաշտօններ, քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն դաժան օրերուն «Ազդակ»-ը դարձնելով իր առաջին տունը, ապահովելով անոր անխափան երթը եւ անփոխարինելիօրէն ներդրում ունենալով «Ազդակ»-ի խմբագրական մարդուժի պատրաստութեան:
«Ազդակ»-ի էջերը հարուստ են Սարգիս Մահսէրէճեանի խմբագրած մեկնաբանական լրատւութիւններով, առաջնորդող յօդւածներով, խմբագրականներով, ինչպէս նաեւ հայկական քաղաքական, մշակութային եւ հասարակական երեւոյթներու վերաբերող յօդւածներով:
Վաստակաշատ խմբագրապետը կը մեկնի այս աշխարհէն` ձգելով հրապարակագրական հարուստ ժառանգութիւն:
Սարգիս Մահսէրէճեանի մահով «Ազդակ»-ի ընտանիքը եւ հայ հրապարակագրական համայնքը կը կորսնցնեն նւիրեալ, անխոնջ եւ բառացիօրէն մինչեւ իր մահը գաղափարական մեր մամուլին ծառայած գործիչ մը:
«Ազդակ»



