Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Քանի՜ ձեռքից եմ վառւել,
Վառւել ու հուր եմ դառել,
Հուր եմ դառել` լոյս տւել,
Յոյս տալով եմ սպառւել։
Յ. Թումանեան
Մամուլի ծառայող ընկեր մը, իրեն սովորական լակոնական ոճով, երկու օր առաջ մօտաւորապէս հետեւեալ բառերը յղած էր հեռաձայնիս պատգամներու տփիկին. «Պիտի չուզէի գուժական ըլլալ, սակայն ընկ. Յարութ Քիւրքճեանն ալ…»: Անհաւատալի երեւցող բառերուն պատասխանեցի հարցումով մը. «Ինչպէ՞ս»: Պատասխան՝ «Քովիտ…»:
Անմիջական մտածումս եղաւ. հայութիւնը, մասնաւորաբար Սփիւռքը կորսնցուց պատւական մարդ մը, որ ողն ու ծուծով գլխագիր դաստիարակ մըն էր, նաեւ ուրիշ շատ բան:
***
Կասկած չունիմ, որ ընկեր Յարութ Քիւրքճեանը մօտէն կամ հեռւէն ճանչցողներ, ընկեր, աշակերտ, գործակից-պաշտօնակից եւ տարբեր գիտաժողովներու մասնակիցներ՝ հաւասար կերպով ահաւոր ցնցում ապրեցան, մամուլի էջերէն իմանալով Ընկեր Յարութին անժամանակ մեկնումին գոյժը: Սրտակից ու գաղափարակից ընկերներ, գործակիցներ, գրչակիցներ արդէն իսկ արդար գնահատականներով գրառումներ կատարած են մեկնող ընկերոջ մասին, վեր առնելով անոր դաստիարակի, կուսակցական գործիչի, փիլիսոփայ-մտաւորականի եւ ուսումնասիրողի արժանիքները, վաղը ուրիշներ ալ պիտի միանան գնահատականներուն եւ յարգանքի արտայայտութիւններուն: Եւ որովհետեւ այս գոյժը երկրաշարժի ենթարկեց նա՛եւ յիշողութեանս շտեմարանը, այստեղ պիտի փորձեմ քանի մը «անձնական» գիծեր դուրս բերել այդ շտեմարանէն, միանալու երախտապարտներու փաղանգին եւ ձայնակցելու «Ամենայն հայոց բանաստեղծ»ին, որ ըսած է.
«Մահը մերն է, մենք մահինը,
Մարդու գործն է միշտ անմահ»:
***
Յիշողութեանս շտեմարանին յատակէն առաջին դուրս եկողը, բնականաբար, Ընկեր Յարութին հետ առաջին ծանօթացումս էր, որ ձեւով մը ի սկզբանէ կնիքը դրաւ իր արժանիքներուն մասին իմ (եւ ընկերներուս) իրազեկման:
1969-ին էր, երբ «Հայկազեան» կոլէջի (այժմ համալսարան) դասընկերներս եւ աւելի երէց ընկերներ ինծի եւ քանի մը հասակակիցներու ըսին, որ պէտք է մտածենք անձնականէ անդին՝ հաւաքականին, հայութեան ընդհանրական կեանքին մասնակից դառնալու մասին: Իբրեւ դաշտ՝ ցոյց տւին «Համազգային»-ի եւ ՀՅԴ «Զաւարեան» Ուսանողական միութեան դուռները: Քանի մը ընկերներով բախեցինք երկուքին ալ դուռները, դիմաւորւեցանք ջերմօրէն:
«Զաւարեան»-ի մէջ, ըսին որ մեզ նախ պիտի արձանագրեն իբրեւ «օժանդակ ընկերներ», պիտի մասնակցինք հերթական ժողովներու, զուգահեռաբար մեզի պիտի մատուցւի դաստիարակչական ծրագիր մը, որմէ ետք, եթէ փափագինք՝ կրնանք մեր ազատ կամքով միանալ կուսակցութեան շարքերուն, այլապէս, ազատ ենք դուս գալու միութենէն (երբ տարիքի ճշտւած սահմանը անցնինք):
Դաստիարակչական ծրագիրը ունէր քանի մը բաժին. Պատմութիւն, ներառեալ ՀՅԴ պատմութիւն եւ Հայ Դատ, գաղափարաբանութիւն, կազմակերպական կառոյց… Իւրաքանչիւր նիւթի համար, ճշտւած էին մեզմէ տարեց «զաւարեանական» ընկերներ, որոնցմէ մէկն էր Յարութ Քիւրքճեանը:
Առաջին հանդիպումին, երկու տպաւորիչ բան տեսանք Ընկեր Յարութին մէջ. ունէր խիտ ու առատ ու բաւական երկար սեւ մազեր, որոնք կը տարածւէին թաւ յօնքերուն վերեւ, կը ծածկէին ճակատը, ամպհովանի մը կը տարածէին մեղրագոյն թւացող եւ խորհրդաւորութիւն մը բուրող աչքերուն վերեւ, իսկ մազերուն կայսրութիւնը կը տարածւէր դէպի դէմքն ու ծնօտը՝ նոյնքան խիտ ու թաւ մօրուքով: Մեր դարաւոր մամուլի էջերէն դուրս եկած մտաւորականի պատկերը միս-ոսկորով նստած էր մեր դիմաց: Երկրորդ տպաւորիչը՝ իր հանդարտ, խորունկ եւ հեղինակաւոր ձայնն էր, որուն միջոցով, իր անհուն գիտելիքներու պաշարը կարտահոսէր դէպի մեր ունկերն ու ուղեղները: Ունէր բացատրելու այնպիսի՛ տպաւորիչ եւ վարպետ ոճ մը, որ մէկ ըսածը երկրորդ անգամ ըսելու պէտք չունէր, անոնք կու գային ու կարմատաւորւէին մեր գիտակիցին մէջ, միաժամանակ թափանցելով դէպի ենթագիտակից, ուրկէ կարելի էր զանոնք դուրս բերել արագ պեղումով:
Աւելի ուշ պիտի իմանայինք, որ ունէր համալսարանական բարձր ուսում, այդ օրերուն հազւադէպ կալւածներու՝ փիլիսոփայութեան եւ մանկավարժութեան մէջ (լեզւագիտութիւնն ու պատմագիտութիւնը անոնց ածանցեալներն էին…): Ինչ կը վերաբերի մօրուքին, անիկա տարիներ շարունակ մնաց զինք յատկանշող ընկերակից մը: (Օր մը կատակով ըսի իրեն, որ առանց մօրուքին՝ ունինք նոր Յարութ մը, որուն ժպիտն ու պայծառութիւնը աւելի՛ շեշտւած էին…)
Դաստիարակչական ծրագիրին մեր հանդիպումները, որոնք երկարեցան ամիսներու վրայ (բոլոր նիւթերուն դասախօսութիւնները կը տեւէին աւելի քան տարի մը), նետեցին մտերմութեան առաջին կամուրջները, որոնք յաջորդող տարիներուն պիտի լայննային եւ նոր սիւներով պիտի ամրանային:
***
Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ»-ի առաջին տարին զիս խլեց ուսուցչական ասպարէզէ եւ նետեց «Ազդակի նկուղը» (այդպէս կը կոչէինք «Արեւմտեան Բէյրութ»-ի մէջ գտնւող տպարանի գետնայարկ յարկաբաժինը), որմէ քիչ անդին կային խմբագրատունը, «Արա Երեւանեան» ժողովրդային տունը, «Բագին»ի խմբագրատուն-«մեհեան»-ը: Ընկեր Յարութը, որ ուսուցիչ էր Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ, յաճախ ներկայութիւն էր «Արա Երեւանեան» ակումբ, ուր վերականգնեցաւ «զաւարեանական»-ի օրերէն ետք պահ մը հազւադէպ դարձած մեր բարեկամութիւնը: Ան միաժամանակ աշխատակից էր «Դրօշակ»-ին եւ ՀՅԴ մամլոյ դիւանին, որոնք կը գործէին նոյն Ժողովրդային տան մէջ:
Ընկեր Յարութին մօր բնակարանը կը գտնւէր «Ազդակ»-ի տպարանին վերին յարկերէն մէկուն վրայ: Ան յաճախ կայցելէր մօրը, ու եթէ ժամանակը – եւ ապահովութեան պայմանները – թոյլատու ըլլային (թաղային բախումներն ու ռմբակոծումները գլխաւոր արգելքներն էին), անպայման կայցելէր «նկուղ»: Այցելութեան նպատակներէն մէկը կըլլար… դաստիարակչական գործը: Արդէն գիտէի, թէ ան հմուտ լեզւագէտ է, կը տիրապետէ հայերէնին, Ֆրանսերէնին, պատրաստած է բառարան (լեզւի նկատմամբ իր բացառիկ բծախնդրութիւնը պատճառ դարձած էր, որ բաւարարող չգտնէր ըրած գործը): «Նկուղ»-ին մէջ, իր նուրբ նկատողութիւններով մատնացոյց պիտի ընէր թերթի էջերուն սպրդած լեզւական սխալները, մեծ մասամբ հետեւանք՝ թարգմանական աշխատանքին եւ օտարաբանութիւններու «միջամտութեան»: Նշումները ընդհանրապէս լիցքաւորւած կըլլային նուրբ զւարթախոհութեամբ: Հոգիին խորքերէն արտահոսող ձայնը մի՛շտ ալ յիշողութեանս մէջ կը վերականգնէր «զաւարեանական»-ի օրերու դաստիարակիս ստեղծած տպաւորութիւնը:
Բազում են այդ օրերէն յամեցող դրւագները, որոնցմէ յիշատակելի է գոնէ մէկը:
80-ականներու սկիզբը (կարծեմ թէ 1981-ին), կազմւեցաւ մեր մամուլի լեզւական հարցերուն դարման եւ միաձեւութիւն բերելու (մինչեւ այսօր ալ կարգ մը բառեր կը գրւին տարբեր ուղղագրութեամբ), ինչպէս նաեւ լեզւի բարելաւման, օրինակ՝ օտարաբանութիւնները հեռացնելու եւ համազօր հայերէն բառեր «հնարելու», տառադարձութիւնը միասնականացնելու կոչւած յանձնախումբ մը, որուն անդամներուն շարքին էինք Ընկեր Յարութը եւ ես: Այդ յանձնախմբին մէջ մեր գործակցութիւնը մեզի ծանօթացուց հմուտ լեզւագէտին ամենէն լայն պատկերը: «Նկուղ» իր այցելութիւնները յաճախ առիթ կընծայէին տառադարձութեան միաձեւութիւն եւ անոր որոշ գիտական հիմք ընծայելու իր ճիգերուն համեստ մասնակցութեանս: Օտար բառեր կային, որոնց համարժէք հայերէնները չկային կամ եղածները լիարժէքօրէն չէին ցոլացներ միտքը, երբեմն կը թւէին շինծու, հետեւաբար, ընկալում ու տարածում չէին գտներ: Մեծ էր Ընկեր Յարութին ներդրումը այս կալւածին մէջ. ափսոս, որ իր միտքին առաջնորդութեամբ արարւած նոր եզրերուն ցանկը չեմ պահած (պահած եմ տառադարձութեան ցուցակը, որ սակայն ընդհանրապէս մնաց ու կը մնայ… ձայն բարբառոյ յանապատի): Աւելի բախտաւոր էին նոր եզրերը: Պատմութեան համար պէտք է արձանագրեմ, որ այդ օրերուն, առաւելաբար Ընկեր Յարութին յղացքով մեր բառապաշարին մէջ մտաւ «սղաճ» բառը (սա լիբանանցիները, նաեւ ամբողջ աշխահը տագնապեցնող վիճակ մըն էր. մեր մամուլին մէջ մինչ այն կը գործածւէին անգլերէն կամ ֆրանսերէն եզրերը՝ ինֆլէյշըն կամ էնֆլասիոն): Հմուտ լեզւագէտ մեր ընկերը նախ առաջարկեց քանի մը այլ եզր (դրամաշատութիւն, դրամակուտակում եւ այլն), որոնք գիտէ՛ր, որ դիւրամատչելի, դիւրին ընկալելի պիտի չըլլային: Ու երբ հասանք կարճ ու կտրուկ սղաճ-ին, բաւարարւածի ժպիտ մը փայլեցաւ դէմքին: «Որոշ ատեն մը, քանի մը շաբաթ կամ քանի մը ամիս, թերթին մէջ սկսինք գործածել այս նոր բառը, կողքին, փակագիծի մէջ դնելով օտար բառը: Տեսնենք պիտի ընկալւի՞ եւ գործածութեան մէջ պիտի մտնէ՞», ըսաւ գիտականի տրամաբանութեամբ: Գիտնականին համար, փորձարկումը յաճախ ամենէն լաւ ճամբան է տեղ հասնելու համար: Այդպէս ալ ըրինք: Կարճ ատեն ետք նկատեցինք, որ մեր մամուլը որդեգրած է այդ եզրը, բոլորին կողմէ դարձած է հասկնալի ՀԱՅԵՐԷՆ: Օրը հասաւ, երբ փակագիծի մէջ ընկերացող օտար բառը ջնջւեցաւ ու ՍՂԱՃ-ը առօք-փառօք մտաւ մեր բառամթերքին մէջ: Ուրեմն, երբ այդ բառին հանդիպիք, յիշեցէ՛ք Ընկեր Յարութը:
***
Եթէ բառարաններու աշխարհին մէջ Ընկեր Յարութին վաստակը նախ եւ առաջ բաւարարութիւն չբերաւ իրեն, նոյնը չպատահեցաւ այլ կալւածներու մէջ:
Նախ պէտք է արձանագրել ֆրանսախօս կամ անգլիախօս հայերու՝ հայերէնի ուսուցման իր դասագիրքերը: Աւելի ուշ, գրական դէմքերու նւիրւած մենագրութիւններ ու գրական ծաղկաքաղեր:
Աւելի կոթողական եւ ներկայութիւն եղող գործերը ունին այլ տարածք. Ընկեր Յարութը պատրաստեց հայերէնի եւ հայ գրականութեան դասագիրքեր: Տաժանակիր աշխատանք, որ գլուխ հանեց առանձինն, իբրեւ անմիջական գործակից ունենալով իր տիկինը՝ Մարօն: Անոնք, որ ծանօթ են «Հայրենի աղբիւր» դասագիրքերու շարքին (եւ անկէ բխած արւակներուն), գիտեն, որ անոնք աշակերտական մակարդակի մանր հանրագիտարաններու տարողութիւնը ունին: Ընթերցումի էջերու կողքին, կան լեզւական գիտելիքներու եւ վարժութիւններու բաժիններ, ապա նաեւ ընդհանուր գիտելիքներ հաղորդող դրւագներ: Նոյն յղացքով ալ լոյս աշխարհ եկան, աւելի ուշ, հայ գրականութեան իր դասագիրքերը, որոնք նախատեսւած են բարձրագոյն կարգի աշակերտներու համար: Նոյնպէս՝ քերականութեան եւ ուղղագրութեան դասագիրքերը: Այդ դասագիրքերուն մէջ տեսանելի են ո՛չ միայն գիտեալիքներու շտեմարանի՝ հեղինակին արժանիքը, այլ մեր դասագիրքերը աւելի՛ արդիական ու ժամանակակից դարձնելու տենդը (գրականութեան դասագիրքերու արդիականացման նախընթաց նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Ընկեր Յարութի ուսուցիչներէն Մուշեղ Իշխանի): Արագ ակնարկ մը ի յայտ կը բերէ, թէ ան ո՛չ միայն որդեգրած է, այլ նաեւ հայացուցած է այլոց արդի դասագիրքերու յղացքն ու մատուցման ձեւերը:
Լեզւի դասագիրքերը արձագանգ գտան նաեւ արեւմտեան կողմն աշխարհի: Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանին մէջ, նկատւած էր, որ անոնք «աւելի բարձր մակարդակի» դասագիրքեր էին (միջին արեւելեան երկիրներու մէջ լեզւի մակարդակը աւելի լաւ էր այդ փուլին եւ նոր դասագիրքերը՝ ընկալելի): Պէտք էր դասագիրքերը պատշաճեցնել օտար երկինքներու տակ հասակ առնող աշակերտին քիմքին: Եւ Ընկեր Յարութը հրաւիրւեցաւ Լոս Անջելէս, լսեց մտահոգութիւնները, առարկութիւնները, ուսուցիչներու հետ ունեցաւ գիտաժողովային բնոյթով հանդիպումներ եւ աշխատանքի ձեռնարկելով, քանի մը տարիէն պատրաստեց դասագիրքերուն աւելի պարզացւած եւ որոշ նիւթեր ալ ամերիկեան կեանքին պատշաճեցւած տարբերակ-շարքը, որ մինչեւ այսօր կօգտագործւի բազմաթիւ դպրոցներու մէջ, ըլլայ Միացեալ Նահանգներու, ըլլայ սփիւռքեան այլ օջախներու մէջ: (Ցաւալի է, որ սկզբնապէս դիւամատչելիի ընկալումով դիմաւորւած դասագիրքերը տարիներ ետք սկսան հռչակւիլ… դժւար: Ատիկա Ընկեր Յարութին յանցանքը չէր, այլ մեր լեզուն «պարտադրւած» նահանջը: Բայց սա արդէն բոլորովին այլ տագնապ է):
Դաստիարակ-ուսուցիչը ունի զուգահեռ վաստակ մըն ալ: Անկուշտ ընթերցող մը ըլլալով եւ խորապէս ըմբռնած ըլլալով մեր գրողներուն վաստակին արժէքը, անոնցմէ բխող պատգամներն ու հայացնող ոգին, ան ձեռնարկեց նշանաւոր գրողներու կոթողական եւ հաստափոր գործերուն պարզացման աշխատանքին (դասագիրքերն ալ հարուստ են հայացնող պատառիկներով): Արեւելահայ թէ արեւմտահայ գրողներու՝ քանի մը հարիւր էջերու վրայ տարածւող գործերը սկսած էին հռչակւիլ «անմատչելի»: Իրմէ առաջ եւ իրեն զուգահեռ, «Համազգային»-ն ու այլ գրական խմբակներ, անհատներ ալ ձեռնարկած են «Աշակերտական գիրքերու» հրատարակման:
Ընկեր Յարութին ձեռնարկին մէջ տիրապետողը՝ մանկավարժական մօտեցումն է, յաճախ «բարձր» որակւած հայերէնը (բառեր, արտայայտչական յղացքներ եւ այլն) աւելի պարզ ու դիւրահաղորդ կերպով մատուցելու ճիգ մը: Բաւական հարուստ է այս կալւածին մէջ անոր մատուցած գրադարանը:
***
Յաճախ կը մոռցւի, որ Ընկեր Յարութը նաեւ իր գրիչը թաթխած է գեղարւեստական գրականութեան աղբիւրը եղող կաղամարին մէջ եւ մաս կը կազմէ նորարար արձակագիրներու փաղանգին: Անոր արձակը ունի ծննդավայրին՝ Բուրջ Համուդի բնօրրանային բոյրերը, նաեւ այլ երանգներ: Այս գիծը կը պատկանի կանուխ երիտասարդութեան տարիներուն, ծանօթ չեմ, թէ արդեօք աւելի ուշ տարիներուն ունեցա՞ծ է գրական ստեղծագործութիւններ (թերեւս անտիպներ…): Այս գիծը չշարունակելու մէջ, եզակի չէ ընկեր Յարութը:
Այլապէս, իր գրիչի վաստակին մաս կը կազմեն խոհական-վերլուծական էջեր, որոնցմէ մաս մը առանձնացւած են հատորներով:
***
Այս սիւնակը սկսայ՝ արձանագրելով, որ Ընկեր Յարութը ամենէն լայն ու խոր առումով դաստիարակ էր – ու պիտի մնայ -, եւ իբրեւ ապացոյց՝ յիշատակեցի «զաւարեանական»-ի յիշատակներէս՝ իրմէ ստացածս:
Աւելի ուշ, Ընկեր Յարութի ազգային դաստիարակչական գործը (եթէ պահ մը սեպենք, որ դասագիրք ու մատենաշար այդ առաքելութեան ուղեկից են) ընդգրկեց նաեւ մեր պատմութիւնը: Հաւաքագրեց ու որոշ վերամշակումով հրատարակեց մեր նորագոյն պատմութեան, յատկապէս ՀՅԴ-ի գործունէութեան եւ պատմակերտ դէմքերուն էջերը (քանի մը հատոր), իսկ մամուլին մէջ ներկայացաւ պատմական վերլուծումներով ու գաղափարական քննարկում կատարող սիւնակներով: Ասոնք ի՞նչ են, եթէ ոչ՝ հանրութիւնը, երիտասարդութիւնը դաստիարակելու լայն պաստառի գործ:
Այս սեղմ վերյուշին ծիրին մէջ, պէտք է արձանագրել նաեւ աշխատանքի այլ մարզեր: Վերջին տասնամեակներուն, Ընկեր Յարութը յաճախ ներկայութիւն եղաւ – եւ հեղինակաւոր, խօսք ունեցող ներկայութիւն – հայութեան այժմէական հարցերն ու տագնապները պեղող գիտաժողովներու, հայկական աշխարհի չորս ծագերուն: Մէկ անդամն էր Արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման այն յանձնաժողովին, որ աւելի քան տասնամեակ մը առաջ կազմւեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ: Վերականգնեց «Բագին»-ին հետ կապը եւ դարձաւ խմբագրական կազմի անդամ: (Իր գործի դաշտերուն եւ արժանիքներուն այսպէս՝ լոկ թւումն իսկ զիս պիտի տանի երկար սիւնակներ գրելու):
***
Կարելի՞ է շուրջ 60 տարիներու հարուստ վաստակ մը սեղմել քանի մը տողի մէջ: Որքան ալ երկարեմ այս սիւնակը, պիտի չկարենամ արդարութիւն ընել ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ-ին, որ եղաւ նաեւ իմ դաստիարակներէս մէկը, գործակից եւ գաղափարակից, կը սիրէինք ըսել նաեւ… տարտակից:
Անաւարտելի սիւնակս փակեմ խոստովանութեամբ մը.
Ընկե՛ր Յարութ, մտքիս ծայրէն իսկ չէր անցներ, որ օր մը ասանկ տողեր պիտի արձանագրեմ քու յիշատակիդ, այսպէս անակնկալ կերպով պիտի կորսնցնէինք քեզ, կասկած չունիմ, որ նոյնը կը մտածեն գրչակիցներդ ու գաղափարի ընկերներդ, որովհետեւ գիտէինք, որ առողջական լուրջ հարցեր չունէիր, գիտէինք՝ որ գործիդ մէջ ընդմիշտ յառաջապահի պատնէշին կանգնած էիր երիտասարդի՛ պէս, դուն քեզ երիտասարդ պահելով: Այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ նոր օրերու պատուհասը՝ «Պսակաւոր»-ը ծաղկեպսակ բերաւ քեզի: ԱՓՍՈՍ բառը շատ տկար է…: Քու մեկնումդ վիշտի կը մատնէ ո՛չ միայն ազնիւ տիկինդ ու հարազատներդ, այլ քու շուքդ վայելողներու հսկայական բանակ մը:
Բայց եկո՛ւր, անջնջելի յիշատակներդ պահելով՝ վերջակէտ մը դնեմ այս «շատախօսութեան» եւ արձանագրեմ հեռաձայնային խօսակցութիւններդ ու էլ-նամակներդ կնքող՝ զւարթախոհութիւնդ արտայայտող մէկ բառով. «Նայիսէ…» (ինչ եւ իցէ):